Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՎՍՏԱՀԻԼ


Ներկայ թիւով կը հրատարակենք Ճէյմս Պրայսի մէկ ճառը՝ որ խօսած հանրածանօթ ազատական նախարարը՝ Մակեդոնական խնդիրին պաշտպան անգլիացիներէ բաղկացած Պալքան Կօմիտէ ին առջեւ, որուն նախագահն էր, ինչպէս իրազեկ կ՚ընէ իր ճառին սկզբնաւորութեանը մէջ, իբրեւ նախարար՝ չպիտի կրնար այլեւս օգտակարապէս ծառայել մարդասիրական առաքելութեան եւ գուցէ նոյնիսկ իր ներկայութեամբը պիտի սահմանափակէր նաեւ իր ընկերակիցներուն ալ գործունէութեան ազատութիւնը։

Բայց այս ճառը՝ իր ամբողջութեանը մէջ՝ հեգնական ու կտրուկ պատասխան մըն է բոլոր անոնց, որ կը հաւտան թէ մասնակի եւ վարկպարազի բարենորոգութիւններով կարելի է գոհացում եւ ապահովութիւն ձեռք բերել Թուրքիա կոչուած դիւրակործան երկրի մը մէջ։

Ճէյմս Պրայս՝ ո՛չ միայն թրքական գործերու եւ թուրք իշխանութեանց էութեան երկարժամանակեայ փորձառութիւն մը ունի, այլ մասնաւորապէս դեռ ասկէ քանի մը ամիսներ առաջ Մակեդոնիա եւ Պուլկարիա կատարած իր քննական ճամբորդութեան միջոցին շատ բան տեսաւ աչքովը, շատ բան ալ լսեց ականջովը տեղին վրայ։

Եւ ահա ինքն է որ՝ երբ իր նախարարի պաշտօնական վերարկուն վրայէն հանելով մէկդի կը դնէ եւ կը խօսի իբրեւ անհատ ու իբրեւ մարդասէր, անկեղծ Անգլիացի՝ կը գտնէ թէ Մակեդոնիոյ Ելեւմտական Քօնթրոլը արդիւնաւոր ըլլալէ հեռու է։ Ի՛նքն է որ կը հաստատէ թէ թրքական բարձրագոյն իշխանութիւնը, հասկցէք Եըլտըզի չարագուշակ դառագեզը, ի՜նչպէս օգտուելով պաշտօնական ձեւակերպութիւններէն, մատի վրայ կը խաղցնէ Եւրոպայի կողմէ նշանակուած եւրոպացի գործակալները. որովհետեւ, եթէ եւրոպացիք մինչեւ հիմա չեն կրցած կամ չեն ուզած Թուրքիոյ նենգութիւնը ճշմարտապէս ճանչցած ըլլալ՝ Թուրքիան, ընդհակառակը, շատ լաւ կը ճանչնայ իրենց միամտութիւնը եւ թոյլ կողմերը։

Ու Ճէյմս Պրայս չի հաւատար ո՛չ իսկ դատարաններու վրայ դրուելիք վերահսկողութեան մը օգտակարութեանը։

Չի հաւատար եւ իրաւունք ունի. սանձարձակ բռնութեան, հարստահարութեան ենթակայ եղող ժողովուրդները՝ իրենց ազատ զարգացումը, իրենց կատարեալ ապահովութիւնը գտնելու համար պէտք ունին աւելի լայն պայմաններու, աւելի ազատ ինքնիշխանութեան։

Մակեդոնիան բան մը չի շահեցաւ եւ չպիտի շահի, եթէ Ելեւմտական Քօնթրոլը՝ իբրեւ վերջնական բարենորոգութիւն բաւական համարուեցաւ իր պահանջներուն բաւարարութեանը համար ու հայերը զրկանք մը չէր որ կրեցին՝ անմասն մնալով այս մարդասիրական ձեռնտուութենէն Հայաստանի մէջ ալ 95էն ետք բարենորոգումներ գործադրուեցան. օրինակ, կուսակալի, կառավարիչի քրիստոնեայ կամ հայ օգնականներ նշանակուեցան, հայ դատական քննիչներ, գօմիսէրներ, ոստիկաններ, հարկահաւաքներ արձանագրուեցան։

Արդիւնքը՞։

Արդիւնքը ա՛յն եղաւ որ Հայուն գիրտէն հաւաքուած այդ պաշտօնէութեանց մեծագոյն մասը դարձաւ եղաւ ժողովուրդին գլխուն աւելի դառն փորձանք մը, արդիւնքը այն եղաւ որ մատնիչներու, դաւաճաններու, կեղեքիչներու հայանուն վոհմակ մըն ալ աւելցաւ, քանի որ ազնուագոյն մաս մը՝ պաշտօնի կոչուելէն անմիջապէս ետքը կա՛մ սպաննուեցաւ չարաչար կերպով թուրք իշխանութեանց կողմէն, կա՛մ տեսնելով սարսափելի պատրանքն ու իրեն սպառնացող բարոյական վտանգը՝ խղճահարեցաւ ու վհատած ինքնին պաշտօնը թողուց։ Բայց, թուրք կառավարութիւնը՝ ի հարկի այդ խայտառակ բարենորոգում ըսուածները իբրեւ զէնք մը կը գործածէ մեզի դէմ եւ մեր վիճակէն հետաքրքրուող պետութեանց առջեւ։ Դեռ անցեալները՝ Սուլթանի մահափորձին դատավարութեան միջոցին, Եղեռնադատ Ատեանի թուրք նախագահը չէ՞ր որ Ժօրիսի համարձակ ու արդար քննադատութեանց եւ հայ ժողովուրդին զրկանքներուն պաշտպանութեանը նուիրուած խոստովանութիւններուն ընդդիմախօսելով՝ կը ջանար ապացուցանել թէ Հայը Թուրքիոյ մէջ ամէն իրաւունք կը վայելէ եւ բարձրագոյն ամէն պաշտօնի կը կանչուի. չէ՞ որ թուլամորթ ու պնակալէզ փաստաբանի տիպ Թընկըր Սիմոն մըն ալ իր պաշտպանողական ճառին մէջ՝ ձեռքերը երկինք վերցուցած, կ’աղօթէր Աստուծոյ եւ իր շրթունքներովը թէմ կը բռնէր թուրք նախագահի պժդալի ստախօսութիւններուն ու հայ ազգին իրաւունքները ուրացող բանաձեւերուն. ի՞նչն էր որ առիթ կուտար թուրք եւ հայ այդ երկու կաթեղբայր, Արդարութեան ստոր դաւադիրներուն։

Ո՛չ, մակերեսային եւ երեւութական բարենորոգումները չեն որ պիտի գոհացնեն Հայ եւ Մակեդոնացի ժողովուրդներուն իսկական պահանջները, եւ բրուտի կաւով չէ որ կարելի պիտի ըլլայ թուրքիային համար հաստատուն եւ բաղձալի ձեւն ու կաղապարը տալ։

Աւելի լաւ է տառապիլ եւ պայքարի վերջնական ազատագրութեան մը յոյսով, քան խաբէութեան մը կսկիծը ապաշխարհել՝ նոր արիւններով եւ նոր զոհերով։

Թիւ 24, 1906, Յունուար 11