ՓՈՐՁԵՆՔ
ԱՌԻԹՆԵՐԸ
Մեր
ազգային
ուշիմութիւնը
կը
պահանջէ
որ
փորձենք
օգտուիլ
քաղաքական
այն
բոլոր
առիթներէն,
որոնք
մօտաւոր
կամ
հեռաւոր,
հաստատուն
կամ
տկար
յոյս
մը
կը
ներշնչեն
մեր
դատին
համար։
Փորձել
առիթները,
չի
նշանակեր
լիակատար
վստահութիւն
դնել
անոնց
վրայ,
համոզուիլ
անոնց
անմիջական
արդիւնքին
եւ
տարապայման
ակնկալութիւններ
սնուցանել
–
հա՞րկ
է
ըսել
–
միշտ
նպաստաւոր՝
մեր
հարցին
ու
մեր
պահանջներուն
համար։
Դիւանագիտութիւնը՝
իր
թագուն,
իր
ծածանուտ
ու
անկայուն
հանգամանքովը,
իր
միջազգային
բազմակնճիռ
կազմութեամբը
եւ
պարագաներու
յարափոփոխ
ենթակայութեամբը,
բացարձակ
հաշիւներէ
ազատ
կը
մնայ։
Եւ
հայը
շատ
յուսախաբութիւններ,
շատ
դառնութիւններ
կրած
է
անոր
երեսէն՝
մանաւանդ
մօտիկ
անցեալի
իր
փրկութեան
շարժումներու
միջոցին։
Բայց,
որքան
ալ
արիւնոտ
ու
ու
արհաւրալից
ըլլան
մեր
յիշատակները,
որքան
ալ
ցաւագին
ու
սկսկծեցուցիչ՝
մեր
փորձառութիւնները,
դարձեալ
ստիպուած
ենք
մեր
բռունցքներովը
ծեծել
երկաթէ
դուռը,
կենալ
արդարութեան
անցքին
առջեւ
եւ
անդադար
յիշեցնել,
անդադար
պահանջել
այն
իրաւունքները,
որոնց
հատուցումը
պարտքն
է
երաշխաւոր
Տէրութիւններուն։
Անծանօթ
բան
մը
չէ
թէ
Հայաստանի
հայը
շղթայակապ՝
իր
հողին
վրայ,
համրութեան
դատապարտուած,
անկարող
է
իր
տեղէն
շարժելու,
անկարող
է
իր
ձայնը
բարձրացնելու
եւ
պաշտօնական
կամ
անպաշտօն
ճամբով
բողոք
մը
ներկայացնելու
իր
անտանելի
կացութեան,
իր
հոգեվարքի
անձկութիւններուն
նկատմամբ։
Բայց,
արտասահմանի
Հայութիւնը
թէ՛
խօսելու
եւ
թէ
գործելու
ազատ
միջոցները
կը
վայելէ։
Եւ
այս
պահուս
հրամայողական
պարտականութիւն
մը
կը
ներկայանայ
ահա
իրեն
քիչ
մը
շարժելու,
ոգեւորուելու
եւ
գործ
մը
կատարելու։
Օտար
Հայասէրներ
դիմում
ըրին
Ամերիկեան
Հանրապետութեան
Նախագահին՝
որպէսզի
նախաձեռնարկ
ըլլայ
Հայկական
խնդիրը
ներկայացնելու
Լահէի
Իրաւարարական
Ատեանին.
լաւ.
սակայն
թողուլ
որ
առաջարկը
միայն
այսքանով
բաւակա՞ն
սեպուի.
խօսք
մը,
դիմում
մը,
խնդրուածք
մըն
ալ
բուն
իսկ
դատին
տիրոջ
կողմէն
պէտք
չէ՞
որ
ըլլայ։
Գիտենք
թէ
վայրկեաններ
կան՝
ուր
օտարին
խօսքն
է
կարեւորը
եւ
մեր
կողմէն
իմաստուն
լռութիւն
մը՝
աւելի
նպաստաւոր
ու
նպատակայարմար
է.
բայց
այն
առիթը՝
որ
ունինք
հիմա
առջեւնիս՝
ուղղակի
թելադրութիւն
մը
կը
ներշնչէ
մեզի
ո՛ւժ
տալու
արդէն
եղած
Առաջարկին
եւ
զայն
լրացնալու։
Ուստի,
պէտք
է
որ
արտասահմանեան
ամէն
Հայ
գաղութ
առանձին
առանձին,
նոյնիսկ
իւրաքանչիւր
քաղաք
իր
կողմէն՝
մէկ
մէկ
հեռագիր
ուղղէ
Պ.
Ռուզվէլթի։
Այդ
հեռագրին
մէջ
Գաղութը
նախ
շնորհակալութիւն
կը
յայտնէ
Մեծանուն
Նախագահին
հայասիրական
զգացումներուն
նկատմամբ,
յետոյ
այն
յոյսը՝
թէ
ինքը
նախաձեռնութիւնը
պիտի
ունենայ
Հայկական
Հարցը
ներկայացնելու
Լահէյի
Իրաւարարական
Ատեանին։
Այս
հեռագիրները,
ինչպէս
ըսինք,
պիտի
ծառայեն
լրացնելու
եղած
առաջարկին
իմաստը
եւ
խնդիրին
տէրը
ճանչցնելու
արտասահմանի
հայութիւնը։
Անհրաժեշտ
է
որ
Հայ
գաղութները
իրենք
զիրենք
տէ՛րը
ներկայացնեն
դատին
եւ
հսկեն
անոր
շուրջը.
որովհետեւ,
անհաւանական
մտածում
մը
չէ
որ՝
վաղը
միւս
օր
Սուլթանը
այս
կամ
այն
միջոցով
նորէն
յաջողի
Պօլսոյ
Հայոց
Պատրիարքին
դիմում
մը
ընել
տալու
Լահէի
ժողովին
–
ինչպէս
տեղի
ունեցաւ
անցեալի
մէջ
–
եւ
վտանգելու,
սպաննելու
նախաձեռնութեան
մը
հաւանականութիւնը
կամ
անոր
գործադրութիւնը։
Չենք
հաւատար
թէ
Օրմանեան
Պատրիարքը
այս
անգամ
այդ
գարշելի
կամակատարութիւնը
ուզէ
յանձն
առնել,
սակայն,
միեւնոյն
ատեն
վստահ
են
թէ
Սուլթանը
չպիտի
ուշանայ
ամէն
միջոց
փորձելէ.
եւ
վասն
Աստուծոյ
անկարելի
բան
չի
կայ
Թուրքիոյ
արեւին
տակ։
Կը
սպասենք
որ
արտասահմանի
հայութիւնը
ըմբռնէ
առիթին
կարեւորութիւնը
եւ
կանխատեսէ
իր
պարտականութեան
բարոյական
արժէքը,
Հայուն
դատին
շահերը,
ինչպէս
նաեւ
վտանգները։
Սօֆիա
Թիւ
28,
1906,
Յունուար
25