Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ


Նախաձեռնութեան առաջին շարժումը արդէն Սօֆիայի հայ գաղութը ըրաւ, Նախագահ Պ. Ռուզվէլթի ուղղելով հեռագիր մը՝ որ արդէն հրատարակեց Ռազմիկ ՝ իր նախորդ թիւով։

Ուրախ ենք որ Պուլկարահայ գաղթականութիւնը այսպէս իր պարտականութեան որոշ ժամուն՝ գործնական ոգի մը ցոյց կուտայ եւ կ’ըմբռնէ իր դերին կարեւորութիւնը։

Շարժումը սկսած է, որուն կը մնայ միայն հետեւիլ։

Այս առաջին աղերսարկու ձայնին պէտք է միանան ոչ թէ Պուլկարիոյ միւս հայ համայնքներու ձայներն ալ, այլ նաեւ Ռումանիոյ, Եգիպտոսի եւ մանաւանդ Ամերիկայի բազմահայ կեդրոններուն դիմումները։

Նախագահ Ռուզվէլթ՝ պետական այն միակ անձնաւորութիւնն է, որուն դիրքն ու հայկական խնդիրի միջամտութիւնը քաղաքական կասկածներ չեն արթնցնէր աս ու ան եւրոպական դահլիճներու մէջ։ Ստոյգ է թէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգները՝ դպրոցական, միսիոնարական՝ ամերիկեան քաղաքացիի եւ այլ այս կարգի առկախ հարցեր ունին Թուրքիոյ հետ. բայց, նոյնքան ստոյգ է թէ Ամերիկան երբէք պէտք չունի Հայկական խնդիր մը պատրուակ ստեղծել անպատճառ՝ իր այդ առկախ հարցերուն գոհացում մը ձեռք բերելու համար։ Չենք ըսեր թէ այս մտածումները ամէնեւին տեղ չեն բռներ ամերիկացիներու մտքին մէջ. մանկական միամտութիւն մը պիտի ըլլար սպասել Տէրութիւն մը կամ Ազգ մը զուտ մարդասիրութենէ մղուէր եւ իր դիւանագիտական ու ռազմական ուժերը սպառազինէր մարդկայնական, կամ եթէ կ՚ուզէք քրիստոնէական քանի որ խնդիրը Ամերիկայի վրայ է յաղթանակներու յատկացնելու համար. դեռ քաղաքակրթութիւներն ու ազգերու իտէալները այդ վսեմ բարոյականին յառած չեն։ Աչքի առջեւ ունենալով ներկայ պայմանները՝ որոնցմով կառավարութիւնները կը բաղձան ու կը կամին՝ մենք գոհ ըլլալու ենք որ Ամերիկան իր ի՛սկ յատուկ շահերն ունի հետաքրքրուելու համար Թուրքիոյ կացութեամբն ու ներքին վիճակովը։

Ինչ որ ալ ըլլայ, Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի ունեցած շահերն ու պահանջները՝ սահմանի երկրատիրական, ռազմական դիտաւորութեանց ծանր ծրագիրներ չեն շօշափեր, եւ հետեւաբար կարելի է չէզոք անունը տալ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետութեան ներկայ դերին այդ չէզոք բառին յարաբերական ամէնալայն իմաստովը։

Այս իրողութենէն դուրս, ամէնէն նկատելի եւ ուշագրաւ մէկ պարագան ալ՝ Նախագահ Ռուզվէլթի անձնաւան դիրքն է՝ միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Ռուսօ-Ճաբօն պատերազմէն ետք, Փօրթսմաութի հաշտութեան դաշնագրի կնքումը, երկու պատերազմիկ կողմերուն՝ Ռուսիոյ եւ Ճաբոնի հաւասար գոհութեամբ, մանաւանդ Ռուսիոյ այս մասին ունեցած բաւականութիւնը՝ ազդեցութեան բարոյական շատ որոշ հեղինակութիւն մը տուին Պ. Ռուզվէլթի թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ բոլոր աշխարհի. եւ այդ ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Նախագահի մատուցած բարերար ծառայութիւնը Ռուսիոյ՝ Բեդերսպուրկի դիւանագիտութեան կողմէ չպիտի կրնայ բրտօրէն արհամարհուիլ. Պ. Վիթէն հաւանականաբար այնքան շուտ մոռցած պիտի չըլլայ Ամերիկայի մէջ վերջերս անցուցած իր օրերը։ Ու եթէ Ռուսիա դժկամակ ընդդիմութիւն մը ցոյց չի տայ Պ. Ռուզվէլթի հայանպաստ նախաձեռնութեան, մենք այդ արգելքը բնականաբար Անգլիայէն ու Ֆրանսայէն սպասելու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք. ընդհակառակը։ Հաւանական միակ լուրջ հակառակութիւնը, Սուլթանի կաթեղբայր՝ Տիար Վիլհէլմն է որ պիտի յարուցանէ. ասոր տարակոյս գրեթէ չունինք. բայց, այս վերջին օրերուն մէջ մանաւանդ՝ Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ կապերը այնքան ալ զօրեղ չեն երեւնար, որպեսզի Գերմանիա իր քաղաքական հայեացքներուն տակ ճնշէ զանոնք, եթէ միւսները արդէն տրամադիր ըլլան իրմէ այլապէս մտածել։

Բոլոր այս տողերով մենք դիտաւորութիւն չունեցանք մեզի համար լաւատեսութեան ծիծաղկոտ հեռանկար մը պարզել. ինչպէս ասկէ առաջ ալ կրկնած ենք, հեռո՛ւ են մեզմէ միամիտ խանդավառութիւնն ու լաւատեսութեան գինովութիւնները. ասով հանդերձ, կրնանք անկեղծօրէն ըսել թէ Նախագահ Ռուզվէլթի մեր խնդիրին նկատմամբ ունենալիք մէկ նախաձեռնութիւնը՝ խոստմնալից ըլլալու շատ մը պարագաներով շրջապատուած է եւ պատեհ վայրկենին է որ մէջտեղ կուգային։

Արդիւնագործելու ջանանք զայն մեր բոլոր տրամադրելի միջոցներովը, ընե՛նք՝ ինչ որ հայուն բաժին կ’իյնայ այս պատուն. որովհետեւ, հայ չէզոքներու ներկայ չէզոքութիւնը գարշելի որակումէն բան մըն ալ աւելի է։

Ռուսճուգ

Թիւ 29, 1906, Յունուար 28