Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՐՑԸ


Վերին աստիճանի ուշագրաւ էին այն արտատպումները՝ որ ըրաւ Ռազմիկ իր 29րդ. թիւով՝ Կովկասի Յառաջ էն։

Յառաջ ի Խմբագրութիւնը՝ խօսելով Կովկասեան ցաւալի արիւնայեղութեանց եւ հայ-թաթարական միջադէպերուն վրայ, յոյս կը յայտնէր որ՝ անոնք ժամանակաւոր կեանք ունէին միայն մեր Կովկասահայ եղբայրներու մտահոգութեանց մէջ, եւ թէ՝ իրերու կարգաւորութիւնը վերահաստատուելէ ետք Արարատի շուրջը ու Կուրի, Երասխի ափերը՝ Կովկասահայը նորէն իր բոլոր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէր Թրքահայկական Հարցին վրայ։

Արդէն ուրիշ մտածում կամ տարբեր վերաբերութիւն անկարելի էր որ ունենար Կովկասահայը։ Հայկական խնդիրը՝ իբրեւ որոշագրուած, միջազգային դաշնագրերով նուիրագործուած ու քաղաքական հարց՝ կապուած միայն ու միայն Թրքահայաստանի անուան։ Թերեւս Կովկասեան ներկայ հանգամանքները շատ մը մտքերու մէջ այն կասկածը արթնցուցին թէ՝ մի՞ գուցէ Ռուսահայը իր առանձին ցաւը ունեցած, ասկէ ետք ամփոփուէր ինք իր պէտքերուն բոլորտիքը ու Թրքահայաստանը իր աչքերէն, իր սրտէն հեռու պահէր։ Կը կարծենք թէ այս կարգի մտածում մը կամ կասկածի շուք մը անգամ ներելի պիտի չըլլար ո՛չ մէկ հայու, որովհետեւ ատիկա անարգել պիտի ըլլար Կովկասեան հայութեան ազգային գիտակցութիւնն ու իմաստութիւնը։

Կեանքը կարող է նոր նոր անակնկալներ, նոր նոր մտահոգութիւններ ու մտքէ չանցած դժուարութիւններ յարուցանել մեր ամէն մէկ քայլին, սակային անոնք ի՜նչ ձեւով, ի՜նչ պարագայի տակ եւ ի՜նչ ուժով ալ բաղխին մեզի, անկարող են Հայը՝ ըլլայ Կովկասի մէջ, ըլլայ Պարսկաստան, Ամերիկա կամ Եգիպտոս՝ շեղեցնել իր քաղաքական որոշ նպատակէն, այսքան արիւններով ու այսքան զոհերով բիւր անգամ սրբագործուած միակ գաղափարէն Թրքահայաստանի փրկութեան գործէն։

Հայը այսօր Եւրոպական դահլիճներուն, դիւանագիտական թուղթերուն մէջ, սեղանի վրայ մէկ ԴԱՏ մը ունի, որ իր սեփական նուիագործութիւնն ունեցած է արդէն եւ որուն արդար լուծումը կը թախանձենք ոչ միայն մենք, այլ նաեւ մեզի հետ քաղաքակիրթ աշխարհի բոլոր արժանի զաւակները։

Հայ-թաթարական այս վայրագ ծրագիրը յղացողները ու զայն շարժման մէջ դնողները անվրէպ հասած պիտի ըլլային իրենց նպատակին, սուրի անգութ հարուածով մը հայութեան մէկ մասը անջատել նետելով մէկ կողմ ու միւս մասը՝ ուրիշ կողմ մը։ Ընդհակառակը, մենք շատ մը պատճառներ ունինք հաւատալու թէ մօտիկ ապագայի մը մէջ՝ երբ Կովկաս համեմատաբար իր խաղաղութիւնն ու բնականոն վիճակը գտնէ՝ արեւելեան հայութեան ուժերը՝ աւելի ստուար չափերով պիտի նուիրուի Մեծ կռիւին՝ քան ինչ որ անցեալին մէջ։

Հայ մամուլէն, հայ քարոզութիւններէն ու հայ մտաւորականներու աշխատութիւններէն շատ աւելի արդիւնաւոր, շատ աւելի ցնցող ու փրկարար վերածնութիւն մը յառաջ բերին Կովկասահայ կեանքին մէջ՝ ռուս Նենգամիտ չինովնիկներն ու դիւաբարոյ թաթարները։ Իբր թէ սահմանին անդիէն եկած ամէնօրեայ որբերը, աւերումի, հրդէհի, սպանութեան ճիչերը հետզհետէ կորսնցուած ըլլային իրենց սուր ներգործութիւնը, դառնալով սովորական համանուագ մը, կրկնուած տխուր եղանակ մը. եւ ահա ամէնաքանդ Ձեռքը՝ գետնէն վեր վերցուց Թրքահայաստանի բոլոր սարսափները ու բերաւ ցանելու զանոնք Կովկասի հայութեան գլխուն վրայ, աչքերուն առջեւ։ Շնորհիւ այդ եղեռնագործ Ձեռքին, Կովկասի ամէնէն անտարբեր, ամէնէն օտարացած կամ օտարանալու ենթակայ Հայն անգամ դիւրութեամբ կրնայ ըմբռնել հիմա թէ ի՜նչ ըսել են թրքական հալածանքները, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ իսլամին բարբարոս կատաղութիւնը ու աննպատակ յիմարութիւնը։ Շնորհիւ այդ Ձեռքին՝ Հայութեան երկու ստուար հատուածները ալ հիմա ոչ միայն կը զգան, այլ կը տեսնեն տարածութիւններու վրայէն մէկ մէկու վէրքերը, տանջանքը ու սարսափը։

Աղէտները չպիտի բաժնեն մեզ, այլ աւելի պիտի եղբայրացեն։

Ռուսճուգ

Թիւ 32, 1906, Փետուար 8