Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ... ԵՒ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ


Կովկասահայ մտաւորականութիւնը այս պահուս Թիֆլիսի մէջ իրագործած է արդէն Ժողովրդական Համալսարանի մը հաստատութիւնը։ Կարգ մը հրապարակախօսներ եւ հանրային գործիչներ պարտականութիւն ստանձնած են շաբթուան մէջ մէկ քանի ժամ զոհելու հայ արհեստաւորներուն, բանուորներուն, մէկ խօսքով խոնարհագոյն խաւերուն անոնց դասախօսելու համար ընկերական, գիտական, քաղաքատնտեսական ու գեղարուեստական նիւթերու վրայ, որոնք սորվելու, որոնցմէ տեղեակ ըլլալու բախտը ունեցած չեն, իրենց ժամանակին, ժողովրդական այդ ստուարաթիւ տարրերը։

Հասարակութիւն մը կազմող իրաւազուրկ դասերը որպէս զի գիտակից ըլլան թէ՛ իրենց ընկերական, թէ՛ իրենց անհատական եւ թէ քաղաքական իրաւունքներուն ու շահերուն, որպէս զի մտաւորապէս բարձրանան ու հոգեէս ազնուանան՝ անհրաժեշտ է որ կրթուին, անհրաժեշտ է որ դաստիարակուին ։

Բայց ի՞նչպէս կ՚ուզէք որ նոր գաղափարներ ու նոր մտածումներ տեղ բռնեն անոնց մտքին մէջ, նոր ու ազնիւ զգացումներ լուան անոնց հոգին եւ ընդունակ դարձնեն զայն գեղեցիկ յուզումներու, ստեղծագործ սարսուռներու՝ երբ ցեղը յօրինող, ցեղը մշտնջենաւորող եւ ցեղին խարիսխն ու ամբողջութիւնը եղող այդ զանգուածները ոչ միայն հեռու եւ օտար մնացած են գրքէ, գրականութենէ, ինքնազարգացումէ եւ դատողութենէ, այլ մէկ կողմէն տեւականապէս ոտնահարուած են իրենց բազմատեսակ հակառակորդներէն եւ միւս կողմէն, արհամարւոած՝ իրենց բարեկամներէն իսկ։ Այո՛, այդ հակառակորդները նկատած են զանոնք իբրեւ ստրուկներ եւ ջանացած են պահել ստրկութեան մէջ, մինչ բարեկամ ճանչցուածներէն շատերն ալ նկատած են զանոնք իբրեւ ոչխարներ ու կ’անուանեն այդպէս ալ մինչեւ այսօր։

Բռնապետներ, կեղեքիչներ եւ ժողովրդական արիւնով ու արիւնի քրտինքով սնանող անհատներ ու դասակարգեր չէին գտնուիր այսօր եւ պիտի չի գտնուէին՝ եթէ հասարակութեան բոլոր խաւերը հաւասարապէս կարողացած ըլլային օգտուիլ ընկերական զարգացման ու յառաջդիմութեան անունով գոյութիւն ունեցող հաստատութիւններէն եւ միջոցներէն։

Հետեւաբար, ամէն անգամ որ ճիգ մը, աշխատութիւն մը եւ ուժ մը կը վատնուի հասարակութեան ժառանգազուրկ տարրերուն գիտակցութեանն ու բարձրացմանը համար՝ կռիւ մըն է որ կը մղուի ի հաշիւ ազտաութեան, բռնութեան ամրոցներէն զօրաւոր դիրք մըն է որ կ’անցնի աշխատաւորութեան կողմը, մէկ խօսքով՝ յաղթանակ մըն է որ գերութիւնը կը խլէ իր տէրերուն ճիրաններէն։

Յեղափոխական-մարտական կազմակերպութեանց պայքացը պէտք չէ ընդունիլ միմիայն եւ տարամերժօրէն այն՝ որ կ’արտայայտուի զէնքով, սուրով եւ ռազմական այլեւայլ մահուան գործիքներու միջոցով արդի ընկերութիւնը կաշկանդող, զայն ստրկացնող եւ անոր երջանկութիւնն ու բարօրութիւնը խափանող լուծերը այնքան բարդ եւ այնքան բազմաձեւ են որ՝ անոնց դէմ կռուելու, զանոնք ոչնչացնելու կոչուած նոյն յեղափոխական կազմակերպութիւնները անհրաժեշտաբար պէտք է ընդգրկեն համապատասխան պայքարի միջոցներ, համապատասխան տակտիկա ։

Բաւական չէ ազատութեան ձգտիլը, պէտք է որ այդ ազատութեան արժանի խաւերը՝ ընդունակ ըլլան նաեւ իրագործելու զայն կեանքի մէջ եւ լիապէս օգտուելու անկէ։

Ժողովրդային ազատութեան կողմնակից եւ մտաւորական ընդունակութեանց տէր հայ երիտասարդութիւնը թող ուրեմն առաջ անցնի ինքն ալ արտասահմանի մէջ։ Թող անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր եղբայրական պարտականութիւը, իր զոհողութեան հարկը մատուցանէ հայ աշխատաւորութեան՝ ազատութեան ճամբան փակող ու դժուարացնող անհամար քարերէն, անթիւ արգելքներէն մաս մը իր ձեռքով, իր անձնական ջանքերով վերցնելու եւ մէկ կողմ նետելու։

Մեր կոչը կ’ուղղենք առանձնապէս Դաշնակցական այն երիտասարդ ընկերներուն՝ որոնք ամէն դիւրութիւն ու յարմարութիւն ունին մանաւանդ ձմեռուան այս երկար գիշերները գաղափարական գործունէութեան մը յատկացնելու։ Անհրաժեշտ է սարքել գիշերային դասախօսութիւններ, լսարաններ, վիճաբանական ժողովներ եւ անոնցմով տարածել գէթ Դաշնակցական շարքերու մէջ կրթիչ ու դաստիարակիչ գաղափարներ։ Արհեստաւորներու շրջան մը կայ, Հայաստանցի բանուորներու բազմութիւն մը կայ՝ որ ոչ իսկ գրել, ոչ իսկ կարդալ գիտէ, որ պէտք ունի լսելու, իմանալու շատ բաներ, որ պէտք ունի վերջապէս ատակ դառնալու ազատութեան կեանքի մը։

Գիտենք թէ յայտնի դժուարութիւններ կապուած են նման ձեռնարկներու հետ, որոնցմէ ամէնէն գլխաւորը եւ ցաւառիթը միանգամայն՝ նոյն այդ դժբախտ տարրերուն անսիրելութիւնը, անտարբերութիւնն է դէպի զարգացման ու ինքնակրթութեան այդ ջանքերը։ Այո՛, այդ այդպէս է եւ այդպէս ալ պէտք էր ըլլար. հակառա՛կը զարմանալի եւ տարօրինակ պիտի թուէր։ Սակայն, միթէ այդքան մը դժուարութիւն բաւակա՞ն է որ աւելի կշռէ գաղափարապաշտ եւ հանրային գործունէութեան մը գիտակցութեամբը ոգեւորուած ո՛եւէ երիտասարդի ձգտումը. այդ եւ նմանօրինակ արգելքները ուրեմն աւելի՞ զօրաւոր են՝ քան գաղափարին ուժը եւ ձգողութիւնը. ուրեմն այդքա՞ն անընդունակ պիտի ըլլայ նոր սերունդը որ չի կրնայ իրմէ բարերար ու արգասաւորող ներգործութիւն մը տարածել իր շուրջը եւ իր անմիջական միջավայրին մէջ։

Պէտք է գործի ձեռնարկել, պէտք է շարժել, ցնցել հասարակութեան լոյսի եւ գիտութեան կարօտ խաւերը, պէտք է համբերատարութեամբ եւ ամուր կամքով կռուիլ տգիտութեան, հեղգ տրամադրութեանց եւ ստրկական կամէութեանց դէմ։

Կռիւը երիտասարդութեան բաժինն է եւ անոր կեանքին բացատրիչ ու լրացուցիչ յատկութիւնը. թող ուրեմն արժանաւորները առաջ անցնին։

Թիւ 11, 1907, Նոյեմբեր 21