ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատասխան
Իշխան
Սապահէտտինի
Ա
Իշխան
Սապահէտտինը՝
իբրեւ
պետ
«Երիտասարդ
Թուրքիա»
կոչուած
հէքիաթունակ
մարմինի
մը՝
ահա
նորէն
կը
հազայ,
քանի
որ
Հայկական
խնդիրը
նորէն
մէջտեղ
դրուած
է
ու
եւրոպական
միջամտութեան
մը
վրայ
կը
խօսուի։
Իր
կրկնած
եղանակը
բաւական
հին
է,
որովհետեւ
Ահմէտ
Րիզան
Փարիզի
պուլվառներու
վրայ
սօլօ
երգած
է
այդ
շարգին
երկար
տարիներէ
ի
վեր։
Հիմա
կարգը
Սապահէտտինի
եկած
է,
որ
իբրեւ
ճշմարիտ
Օսմանցի
հայրենասէր
՝
ինք
ալ
փորձէ
քանի
մը
քար
նետելու
հայանպաստ
շարժումի
մը
հետեւելիք
ճամբուն
վրայ։
Հայկական
բարենորոգումներ
ու
հարցը
խեղդել՝
ընդհանուր
Թուրքիոյ
Բարեկարգութեան
առաջարկով
մը,
ինչպէս
ըսինք,
մաքիավէլական
մեթոտ
մըն
է,
Եըլտըզի
կողմնակի
տաղաւարներէն
մոլորած
կարգ
մը
թուրք
պէկերու
եւ
էֆէնտիներու
նենգ
դիւանագիտութիւնը՝
որուն
կը
ձգտին
դիմակաւոր
ասպետութեամբ
մը։
Բայց
Իշխանը
շատ
շուտ
կը
մոռնայ
իր
դիւրին
նամակագրութեանց
շարքին
մէջ
նախապէս
յայտնած
մտքերն
ու
քարոզած
վարդապետութիւնը։
Ասկէ
մէկ
երկու
ամիս
առաջ
Հայերուն
ուղղած
իր
մէկ
նամակին
մէջ
կը
մեղադրէր
մեզ
որ
մեր
շարժումներով,
մեր
դիմումներով
օտարին
միջամտութիւնը
կը
հարկադրենք
Թուրքիոյ
գործերուն
համար։
Այս
անգամ
ինք
եւս
համակերպած
կը
թուի
այդ
գաղափարին՝
պայմանով
որ
Եւրոպացիք
ստիպեն
Թուրքիոյ,
բարենորոգումները
իր
ձեռքով
ընելու։
Ահա
ճամբան՝
ուրկէ
զուգահեռաբար
Հայերը
կը
բաժնուին
Իշխանէն
ու
իրեններէն։
Հայերը՝
ազատ
ըլլալով
կանխակալ
կարծիքներէ
եւ
մութ
հաշիւներէ,
Հայերը՝
կրելով
պատմական
փորձառութիւններու
դառն
վէրքը
իրենց
սրտին
վրայ,
մանաւանդ
խորապէս
ճանչցած
ըլլալով
Թուրքիոյ
ընկերական
ու
վարչական
բոլոր
բարոյական
արժէքը՝
համոզուած
են
թէ
առանց
ՕՏԱՐԻՆ
ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ,
առանց
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ
ՔՕՆԹՐՕԼԻ
ՄԸ
հսկողութեան՝
Թուրքիան
ոչ
միայն
չպիտի
ուզէ,
այլ
կարող
չէ
արմատական,
արդար
ու
խելացի
բարեկարգութեամբ
մը
օժտել
երկիրը։
Կարող
չէ,
որովհետեւ
անցեալին
ու
ներկային
ծանր
փաստերը
չեն
հպատակիր
լաւատես
հաւաստումներու։
Յունաստանը,
Սերպիան,
Գարատաղը,
Պուլկարիան,
Հէրսէկ-Պօսնիան,
Կրէտէն
բաժնուեցան
Թուրքիայէն,
որովհետեւ
չի
կրցան
բարեկարգուիլ
թուրքերու
ձեռքով.
ո՞վ
կը
բռնէր
սուլթաններու,
պայազատներու,
փաշաներու
եւ
պէկերու
թեւը՝
որպէսզի
գոհացում
տային
այդ
հարստահարուած
եւ
բողոքող
ցեղերուն,
ու
եթէ
փորձառութիւնն
էր
պակսածը,
ինչո՞ւ
գոնէ
մէկուն,
երկուքին,
երեքին
օրինակը
վարչական
իմաստութիւն
եւ
արդարամտութիւն
չի
ներշնչեց
իրենց
որ
կամաց
կամաց
ուղղութեան
ճամբուն
մէջ
մտնեն։
Թուրքիան
չուզեց,
չի
կրցաւ,
ուստի
եղաւ
այն՝
ինչ
որ
անխուսափելի
էր.
ինչ
որ
ազգերու
իրաւունքը
կը
պահանջէր։
Եւ
այսօր,
շնորհիւ
այդ
երբեմնի
րայա
բայց
այսօր
ազատ
փոքր
Ազգերուն
քաղաքական
եւ
բարոյական
յառաջդիմութեանը,
արդարակորով
վարչութեանը,
նոյնիսկ
թուրքերը
շատ
աւելի
ազատ
ու
երջանիկ
կը
զգան
իրենքզիրենք,
շատ
աւելի
տնտեսական,
մտաւորական
առաւելութիւններ
կը
վայելեն
Թուրքիոյ
լուծէն
ազատուած
այդ
ազգերուն
հովանաւորութեանը
տակ՝
քան
ինչ
որ
չպիտի
վայելէին,
եթէ
ժամանակին
գաղթած
ըլլային
դէպի
Թուրքիա։
Իրենց
մամուլը
անկաշկանդ
է,
ունին
խօսելու,
գրելու,
ընկերակցութեան
ազատութիւն,
ոչ
ոք
կը
դպչի
իրենց
վարժարաններուն,
ոչ
ոք
կը
բռնաբարէ
իրենց
իրաւունքները
եւ
կը
որմափակէ
զարգացման
ճամբան։
Բաղդատեցէք
այս
ազատագրուած
երկիրները
եւ
անոնց
մէջ
ապրող
ժողովուրդներուն
այն
անհուն
փոփոխութիւնը՝
Թուրքիոյ
հետ
եւ
թուրք
բռնաւոր
ու
ապականած
րէժիմին
տակ
ապրող
ժողովուրդներուն
հետ.
ի՞նչ
պիտի
շահէր
մարդկութիւնը՝
եթէ
այդ
ազգերը
շարունակէին
տառապիլ
մինչեւ
հիմա
եւ
անարգուիլ.
ի՞նչ
պիտի
շահէր
Թուրքիան՝
ինք
եւս.
քանի
մը
միլիոն
զոհ
աւելի
պիտի
ունենար,
այնպէս
չէ՞։
Թող
մտածէ
Իշխան
Սապահէտտինը,
կաղաչե՜նք,
Պուլկարիոյ
մէջ
գնչուներն
անգամ
–
չինկեանէները
–
ընկերական
ու
քաղաքական
որոշ
իրաւունքներու
տէր
դառնալ
կը
սկսին,
իբրեւ
ցեղ
կամ
ժողովուրդ
կը
նուիրագործուին,
մինչդեռ
Հայը
իր
պատմական
հայրենիքին
մէջ,
դարաւոր
քաղաքակրթութեան
մը
բոլոր
ազնիւ
վկայութեամբը,
ամբողջ
աշխարհքէն
իբրեւ
Թուրքիոյ
ամէնէն
աւելի
արդիւնագործող,
յառաջդիմասէր
ու
ընդունակ
ճանչցուած
ժողովուրդը՝
ամէնավայրագ
եղանակներով
ու
անլուր
բռնութեանց
կ’ոգեւարի,
կը
սպառի՜,
կը
հատնի՜։
Բայց
հոս
չէ
խնդիրը,
Սապահէտտին
կարելի
չէ
որ
անգիտանայ
այս
բոլորը,
կարելի
չէ
նմանապէս
որ
յուսահատած
ալ
չըլլայ
Թուրքիոյ
ինքնակամ
բարեկարգութեան
գաղափարէն.
սակայն
նորէն
յայտնի
հակասութիւն
աչք
առնելով՝
կաշխատի
արգելք
ըլլալ
հայերուն
ի
նպաստ
դուրսէն
գալիք
արտաքին
աջակցութեան
մը։
Իշխան
Սապահէտտին
յուսահատած
է,
ըսինք,
թուրքին
ձեռքով
ինքնակամ
բարեկարգութեան
մը
գաղափարէն.
այո՛,
որովհետեւ,
տրուած
ըլլալով
Իշխանին
շօվինիզմը,
ժէօն
թիւրքերու
փրկարար
գործունէութեան
եւ
ընկերական
Թուրքիոյ
մասին
անդադար
իր
տարփողած
լաւատես
քարոզութիւնները՝
ինք
բաղձանք
չպիտի
յայտնէր
իր
կողմէն,
որպէսզի
Եւրոպացիք
ստիպեն
թուրքերուն՝
բարեկարգելու
իր
երկիրը։
Ասի
անհերքելի
փաստ
մըն
է
թէ
Թուրքիան
պէտք
ունի
օտար
ձեռքին,
օտար
ուժին։
Մենք
համաձայն
ենք
իր
հետ։
Երբ
իբրեւ
սկզբունք
անգամ
մը
ընդունած
ենք
այս
գաղափարը,
մնացածին
համար
կտոր
մը
առաքինութիւն
ու
քչիկ
մըն
ալ
անկեղծութիւն
բաւական
պիտի
ըլլան
խոստովանելու
իր
կողմէն
ալ
թէ՝
այդ
օտար
ձեռքը,
օտար
ուժը
մնայուն
պէտք
է
ըլլան
եւ
գործօն
դեր
ստանձնեն
Թուրքիոյ
մէջ՝
փափաքելի
արդիւնքը
յառաջ
բերելու
համար։
Մեղքը
իրենը
չէ
հարկաւ
որ
իր
կառավարութիւնը
ոճրագործներու
ընկերութիւն
մըն
է,
որ
իր
արքայական
գերդաստանը
աշխարհին
տուած
է
Համիտի
պէս
արիւնածարաւ
հրէշներ
ու
զզուելի
փատիշահներ,
մեղքը
իրենը
չէ
հարկաւ
որ
թաթար
ցեղը
ազգերու
գիրտն
է
եւ
ստեղծուած
է
գայլի
ախորժակով
եւ
բորենիի
բնազդներով.
բայց,
մեղքը
մերն
ալ
չէ
եթէ
կը
բողոքենք
ու
մեր
մարդկային
իրաւունքներուն
համար
հատուցում
եւ
արդարութիւն
կը
պահանջենք։
Վառնա
Թիւ
33,
1906,
Փետրուար
11