Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ
Բ


Այո՛, հակառակ անոր որ Արտասահմանը հայկական ներկայ իրականութեան մէջ ծանր եւ գերագոյն պարտականութիւն ունի կատարելիք հանդէպ Մայր-Հողին, կը տեսնենք թէ տարուան մը ազգային բոլոր գործունէութիւնը մէկ Միութեան մը եւ այդ Միութեան դեռ շատ չնչին գործնական մէկ նպաստին շուրջը կ’ամփոփուի:

Ինչ որ ալ ըլլայ, Գահիրէի կամ այլ տեղերու Բարեգործական Միութեանց մասին մեր որոշ համոզումները մեզի վերապահելով եւ ազգային կտրուկ ու ճշմարտապէս նպատակայարմար գործունէութեան մը համար բարեգործական կազմակերպութիւնները անհամապատասխան գտնելով հանդերձ, գոհութեամբ կ’արձանագրենք ամէն շարժում, ամէն գործնական ձեռնարկ՝ որ հանրային դրոշմ կը կրէ եւ հասարակութեան մը օգտին ծառայելու սահմանուած է:

Մենք կը կենանք մեր դաւանած սկզբունքներուն եւ համոզումներուն վրայ անսասան, ամրապինդ, կը պայքարինք անոնց ծաւալման, անոնց յաջողութեան եւ յաղթանակին համար, սակայն ասիկա երբեք չ’արգիլեր մեզ գոհութիւն զգալէ՝ երբ անտարբեր, ժանգահար ու կայուն հասարակութեան մը ծոցէն մաս մը վեր կը կենայ, իրեն սեփական կենդանութիւնը ցոյց կուտայ, իր հայեացքներուն ու ըմբռնումներուն համաձայն՝ քաղաքացիական պարտականութիւն մը կը կատարէ:

Այսպես մտածելու համար դեռ շատ մը ուրիշ պատճառներ ունինք:

Նախ, տրուած ըլլալով արտասահմանի հայութէան մեծագոյն մասին ժլատ անգործութիւնը, թոյլ ու մեղկ անտրամադրութիւնը, դէպի հայ Կեանքը եւ անոր հրատապ հարցերը, ուրախութեամբ կ’ողջունենք ամէն գործ, զայն նկատելով հազար ոսկեղինիկ խօսքերէ եւ հազար շողշողուն մեծաբանութիւններէ թանկագին :

Երկրորդ, համոզուած ենք թէ յեղափոխական անունէն խորշող, յեղափոխական գործունէութիւնը չի հաւնող ամէն հայ՝ազգային հոգը վերցնելով իր ուսերուն վրայ, մօտենալով ազգային իրականութեան ու բաղխելով անոր սուր կողմերուն, վերջապէս կամաց կամաց պիտի դառնայ արմատական, անզգալաբար պիտի ըլլայ կարմիր:

Դժուարը անգամ մը ինքզինք հոսանքին ենթարկելն է, դժուարը անգամ մը հայկական իրականութիւնը լիովին, բազմակողմանի կերպով եւ իր բոլոր եզրերովը ըմբռնելն է:

Ո՞ր ժողովուրդը, ո՞ր Ազգն է որ իր քաղաքական ճակատագիրը, իր ազգային անկախութիւնը բարեգործական առաքինութիւններով եւ սովեալներու, որբերու օժանդակելով կրցած է ապահովել, կրցած է ապահովութեան մէջ դնել։ Քաղաքական, ինչպէս ընկերական հիմնական բարեփոխումները՝ յեղաշրջման հէտք ունին եւ յեղաշրջումը բարեգործական ձեռքերով կատարուած չէ ու չի կատարուիր։

Այս այսպէս է, ճակատագրական ու անխուսափելի պարտք է կռիւը՝ Ազգերու համար, որպէս զի ստրկութեան մորթին քերթեն իրենց մարմինէն ու նոր կեանքով մը վերածնին։ Այդ կռիւը կամայ ակամայ սկսած է հայ ժողովուրդը եւ այսօր ուշ է այլեւս ըսել իրեն որ բարեգործութեան հաւատայ, անոնց վրայ յոյս դնէ՝ իր փրկութեանն համար, ուշ է այլեւս խաղաղութիւն, հանգստութիւն, զինաթափութիւն քարոզել իրեն՝ երբ միսը կրակի մէջ է ու կը խորովի։

Բայց եւ այնպէս պէտք է կեանք մը ցոյց տայ Արտասահմանը եւ օտարութեան մէջ ապրող հայութիւնը պէտք է իր հայրենիքին նկատմամբ իր պարտքը կատարէ. թող հատուցանէ այդ պարտքը՝ ինչ ձեւով, ինչ կերպով որ իր խառնուածքը, իր ըմբռնումները, իր ներքին մղումը եւ իր հայեացքները լաւագոյն նկատել կուտան։ Հայը՝ քաղաքական կեանք մը կ’ապրի, ուր օգտապաշտութիւնը իբրեւ իմաստուն ուղեցոյց կը հարկադրէ ինքզինք ամէնուս։

Ի՞նչ կը ներկայացնէ արտասահմանեան ազգային կեանքին ամբողջ տարուան մը հաշուակշիռը, ի՞նչ կը ներկայացնէ անսահման պէտքերու առջեւ գտնուող եւ անմիջական ձեռնտուութեան անձկակարօտ ժողովուրդի մը դիմսաց, բորոտ անգործութիւն մը, վատասիրտ եսապաշտութիւն մը եւ լռութի՜ւն, մեռելութի՜ն, իբր թէ յեղափոխական կազմակերպութիւններէն եւ վերջապէս տա՛ Գահիրէի Բարեգործական Միութենէն դուրս՝ ա՛լ հայեր գոյութիւն չունենային ո՛չ Ռումանիոյ, ո՛չ Պուլկարիոյ, ո՛չ Եգիպտոսի, ո՛չ Փարիզի, Մանչէսթրի, եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ ո՛չ Հապէշիստանի մէջ։

Ո՛չ մէկ ձգտում, ո՛չ մէկ խռովք, ո՛չ մէկ մտահոգութիւն եւ շարժական ոգեւորութիւն. երկրի տառապող, բազմաչարչար ժողովուրդէ՜ն աւելի յուսահատ, աւելի ուժաթափ ու աւելի ջղակոտոր՝ տարաշխարհի մեր եղբայրակիցները, որոնց սակայն միայն կամէութիւն մը բաւական էր ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն յուսալից ու արդիւնաշատ ազգային գործը կատարել տալու։

Անցնող թափուր տարի մը, որ դատապարտութիւնն է անտարբեր Արտասահմանին։

Թիւ 24, 1907, Յունուար 13