ՍՈՒԼԹԱՆԸ
ԹՈՒՐՔԻԱՆ
ԿԸ
ԲԱՐԵԿԱՐԳԷ
(?)
Ա
Հեռագրական
գործակալութիւնները
Պօլսէն
կը
լրատրեն
որ
Սուլթանը
մտադիր
է՝
գործակցութեամբ
իր
Պիւրհանէտտին
տղուն՝
հիմնական
ու
լայն
բարենորոգութիւններ
մտցնել
Թուրքիոյ
պետական
կազմին
մէջ:
Անասունը
իր
ցռուկը
նորէն
գառագեղէն
դուրս
կ’երկնցնէ
ու
երկաթէ
խաղխամներուն
ետեւ
նոր
պար
մը
կը
սկսի:
Օսմանեան
ոսկին
ծամմող
եւրոպացի
դիւանագէտներն
ու
լրագրապետները
«վերջին
մեծագործութիւնը»
պիտի
գտնեն
անշուշտ
իրենց
բարեկամ
Սուլթանին
այս
որոշումը,
եւ,
անտարակույս՝
կարd
մը
միամիտ
արեւմուտքցիներ
ալ
իրողութեան
փիլիսոփայական
հանգամանք
մը
տալու
համար
պիտի
դիմեն
«մարելու
մօտ
կանթեղը՝
ընդունակ
է
մեծ
լոյս
մը
ցոլացնելէ
ետք
խաւարիլ»
գիտական
ապացուցութեան:
Իսկ
թանձրամարմին,
ապուշ,
անվարտի
խուժանն
ալ
եթէ
երբեք
իմանայ
այս
լուրը,
բերանը
սոխ
հոտող
բանակին
հետ
լիակոկորդ
պիտի
պոռայ
Կարնոյ,
Գոնիայի
կամ
Տրապիզոնի
մէջ՝
–
Փատիշահըմ
չօգ
եաշա՜…
Բայց
մեզ
քիչ
կը
հետաքրքրէ
կատակերգական
բեմին
առջեւ
նստող
հանդիսատեսներուն
հոգեկան
խանդավառութիւնները:
Սուլթան
Համիտ
իրապէս
կարո՞ղ
է
իր
ձեռքերով
լայն
ու
հիմնական
բարենորոգումներ
մտցնել
Թուրքիոյ
պետական
կազմին
մէջ.
ահա
իսկական
հարցը
իր
պարզ
բայց
եւ
այնպէս
հատու
ձեւով:
Բոլոր
անոնք
որ
ծանօթ
են
Սուլթան
Համիտի
հետեւած
ներքին
քաղաքականութեան՝
իր
գահակալութեան
օրէն
մինչեւ
այսօր,
բոլոր
անոնք
որ
մօտէն
վկայած
են
Սուլթանին
անձնական
նկարագրին
ու
հոգեբանական
վիճակին
նկատմամբ,
որ
գիտեն
թէ
Սուլթան
Համիտի
միակ
մտահոգութիւնը
ի՛նչ
եղած
է՝
տալու
համար
պետական
ու
վարչական
իր
մեքենային
արդի
էապէս
անբարոյական,
դաւադիր
ու
էնթրիկաւոր
գործունէութիւնը,
մէկ
խօսքով՝
բոլոր
անոնք
որ
իրազեկ
են
Սուլթան
Համիտի
արիւնաշաղախ
ու
ահաւոր
վարչութեան՝
հաստատապէս
պիտի
պատասխանեն
թէ
այսօր
անհնար,
անկարելի
է
այլեւս
խաղաղ
բարենորոգչութեան
ուղիով
իրաւակարգ
հաստատել
Թուրքիոյ
մէջ,
եթէ
նոյնիսկ
Սուլթան
Համիտի
անկեղծ
ցանկութիւնն
ալ
ըլլայ
ատիկա:
Եթէ
երբեք
Թուրքիոյ
մէջ
միակ
թշնամի
մը
կայ՝
որմէ
Սուլթան
Համիտ
կը
սարսափի
ու
կը
դողայ
–
ատիկա
Արդարութիւնն
ու
Ազատութիւնն
է:
Եւ
Սուլթանը
որ
իր
գարշելի
կեանքին
բոլոր
տեւողութեանը
միջոցին
այդ
սարսափին
հալածանքէն
չարչարուած
է,
այսօր
իր
իսկ
կամեցողութեամբ
եւ
իր
իսկ
վճիռովը՝
անոր
չի
կրնար
ենթարկել
զինք.
կը
մնայ
միայն
մէկ
պարագայ.
Տօքթ.
Պէրկմանի
թէ
Սուլթանը
իր
խելքին
տէրը
չէ:
Հետեւաբար
տարբեր
ենթադրութեանց,
հաւանական
այլ
պատճառներու
մէջ
փնտռելու
է
Պօլիսէն
հեռագրուած
այս
մեծադղորդ
լուրին
լուծումը:
Բայց,
նախ
հեռագիրը
որոշապէս
կուգայ
հաւաստելու
թէ
Սուլթան
Համիտ
երկիրը
պիտի
բարեկարգէ՝
գործակցութեամբ
իր
Պիւրհանէտտին
տղուն:
Պիւրհանէտտինի
անունը
բաւական
պերճախօս
է
արդէն
ինքնին՝
լրացնելու
համար
այն
ամբողջ
իմաստը,
որ
կը
ծածկուի
այս
տեղեկութեան
փայլուն
խեցիին
ետեւ:
Համիտ
իր
տղուն
գահակալութեան
վճռական
որոշումն
է
որ
կը
ծանուցանէ:
Ու
պէտք
է
խոստովանիլ
թէ
ամէնէն
յարմար
րոպէին
է
որ
մէջտեղ
կը
նետուի
այնքան
ճարտարօրէն
հիւսուած
այս
լուրը:
Այս
պահուս
Պարսիկ
Շահը
իր
արքունիքով
Սահմանադրութիւն
մը
կը
պարգեւէ
իր
միւսլիման
հպատակներուն,
միւս
կողմէն
ռուսական
յեղափոխութիւնը
Կովկասի
թաթարներուն
մէջ
ալ
ազատութեան,
ռամկավար
կառավարութեան
մը
ձգտումներն
ու
պահանջները
կ’արթնցնէ,
հետեւաբար
Սուլթանը
վստահ
է
որ
շատ
վարպետօրէն
կարելի
է
մոլորեցնել
թէ՛
եւրոպական,
թէ
իսլամ
հասարակութիւններու
կարծիքը,
ենթադրել
տալու
համար
անոնց՝
որ
ինք
իրաւցնէ
լրջօրէն
կը
մտածէ
բարեկարգել
անուղղայ
Թուրքիան:
Արտաքին
այս
երեւույթներուն
միացուցէք
նաեւ
Կարնոյ,
Տրապիզոնի
եւ
ուրիշ
մէկ
երկու
վիլայէթներու
մէջ
պատահած
աննշան
շարժումները
եւ
պիտի
տեսնէք
որ
Սուլթան
Համիտ
իր
տրամադրութեան
տակ
բաւական
նիւթ,
բաւական
ատաղձ
ունի՝
նոր
խաղ
մը
սարքելու
կամ
անոնց
փոշիովը
արտաքին
ու
ներքին
թշնամիներուն
աչքը
ներկելու:
Ու
Սուլթանը
խաբէութեան
մէջ
եփած
մարդ,
դեռ
այս
վերջին
լուրը
դէպի
Եւրոպա
ճամբայ
չի
հանած՝
տեսակցութիւն
մը
ունեցած
է
Պօլսոյ
ռուսական
դեսպանին
հետ
եւ
անոր
յայտնելով
թէ
Կովկասեան
թաթարներ
յեղափոխական
կայծ
ու
կրակ
կ’անցնեն
սահմանէն
ասդիի
իր
իսլամ
հպատակներուն
մէջ,
խնդրած
է
սահմանին
վրայ
խիստ
հսկողութեանց
արգելառիթ
միջոցներ
ձեռք
առնել:
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
Սուլթանը
դիտմամբ
կարեւորութիւն
տալ
կը
ձեւացնէ
պատրաստի
դէպքերուն,
նոյնիսկ
անոնց
ջիղ
ու
միս
կը
հագուեցնէ,
իր
պետութեան
սահմաններուն
շուրջը
եւ
անոնց
ներսը
կատարուած
անցքերուն
մէջ
դիտմամբ
կապակցութիւն
մը
հաստատել
կը
կեղծէ՝
որպէսզի
իր
ծրագիրը
յաջողցնէ:
Այդ
դիւանագիտական
ծրագիրը,
ինչպէս
ըսինք,
Պիւրհանէտտինի
գահաժառանգութեան
խնդիրն
է,
որը
այլեւս
տարակույս
չի
վերցներ
թէ
Սուլթանը
ներքնապէս
կատարուած
իրողութեան
մը
աստիճանին
հասցուցած
է
եւ
կը
ջանայ
այժմ
քաղաքական
մտքերը
անոր
նախապատրաստել:
Գահի
այս
յաջորդութեան
կարեւոր
հարցէն
զատ
ուրիշ
նոյնքան
ստիպողական
պարագայ
մըն
ալ
կը
թուի
թէ
տեղ
ունի
սուլթանական
մեծահոգի
բարենորոգութեան
կատակին
մէջ:
Անոր
ալ
կ’անդրադառնանք
մեր
յաջորդ
յոդուածով:
Թիւ
25,
1907,
Յունուար
17