Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՍՈՒԼԹԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ԲԱՐԵԿԱՐԳԷ (?)
Բ


Բացորոշ է թէ վերջին օրերուն Աւստրիա եւ Ռուսիա համաձայնութեան մը եկած են, աւելի ճիշտը՝ Ռուսիա անկեղծօրէն իրաւախոհութեան հասած է Աւստրիոյ հետ՝ ազդու քաղաքականութեան մը ձեռնարկելու Մակեդոնիոյ մէջ եւ արդէն հոն սկսուած դատական ու ելեւմտական բարենորոգութեանց սահմանները ընդարձակելու եւ դարձնելու զանոնք աւելի զգալի, աւելի իրական:

Կը նշանակէ թէ յառաջիկայի Մակեդոնիան պիտի ենթարկուի ուղղակի եւրոպական քօնթրօլի մը եւ թուրք իշխանութեան ծանրութիւնը պիտի թեթեւնայ, թէ ո՞րքան, այժմէն կարելի չէ վճռական բան մը ըսել, քանի որ բարենորոգչական նոր յուզումները ու նոր ընդարձակումները գաղտնի կը մնան դիւանագիտական շրջանակներու մէջ միայն:

Կարող է, եւ շատ հաւանական, որ թուրք իշխանութեան ծանրութիւնը թեթեւնա՛յ անուանական աստիճան մը առնելու չափ, այսինքն Մակեդոնիան վայելէ մօտաւորապէս ինքնօրինութիւն մը, ինչպէս ատեն մը Շարգը Րումէլին. պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՝ մանաւանդ երբ քաղաքական պայմանները նոյն ձեւով, նոյն շրջանակին մէջ եւ նոյն ստիպողականութեամբ կը ներկայանան:

Թերհաւատ ըլլալու պատճառ չունի, ան ալ Սուլթան Համիտի պէս անձնաւորութիւն մը, որ իր օրով շատ բան տեսաւ, շատ բան կորսնցուց ու շատ երկիրներու գլուխը կերաւ:

Սակայն, կարելի չէ վերջապէս որ Սուլթանը դիմադրութիւն մը չի փորձէ, ու եթէ Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ միացեալ զօրութեան դէմ իր բանակին ու նաւատորմիղին անունով սպառնալիք կարդալու բարեբախտ վիճակը չունի, գոնէ դիւանագիտական մեքենայութեանց անաչառ փորձառութիւն մը ունի, որուն կրնայ դիմել ի հարկին:

Եւ ահա անսպասելի, անհաւատալի լո՜ւրը. «Սուլթանը կը խորհի ձեռնարկել հիմնական լայն բարենորոգումներու. այս նպատակին համար՝ որոշած է իրեն օգնական առնել իր որդին՝ Պիւրհանէտտինը»:

Թէ այս նպատակաւոր, խարդախ տարաձայնութիւնը՝ Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ քաղաքական հայեացքներուն եւ մտադրութիւններուն վրայ ի՜նչ չափով ներգործելու ազդեցութիւն ունի, ատիկա չենք գիտեր եւ ի վիճակի չենք գիտնալու, իսկ թէ նոյն նենգ լուրը հրապարակ նետուած է նաեւ Մակեդոնական հարցին ալ զարնելու՝ մենք տարակոյս ունենալ չենք ուզեր:

Վաղը միւս օր ամէն բան երեւան կ’ելլէ, բայց մէկ բան մը երեւան պիտի չի գայ եւ ան ալ Սուլթանին ձեռքով կատարուելիք լայն ու հիմնական բարենորոգութիւնն է:

Միայն, հետաքրքրական էր իմանալ թէ Փարիզաբնակ թուրք հայրենասէրները եւ երիտասարդ օսմանլիները ի՛նչպէս պիտի դիմաւորեն Սուլթանին հայրախնամ այս սուտը:

Այս հաշուով, քիչ ատենէն պիտի մօտենայ այն վայրկեանը՝ ուր անհասկացողութիւնը եւ տարակարծութիւնը պիտի ջնջնուի Համիտի եւ իր սահմանադրապաշտ զաւակներուն միջեւ:

Ուզածնիդ Սահմանադրութիւնը չէ՞ր, առէ՛ք ահա, պիտի ըսէ Ղազին Սուլթան Համիտ Բ. :

Եւ ինչո՞ւ չէ, Օսմանլի հայրենասէրները՝ որդիական հարկեցուցիչ երախտագիտութիւնը տեղը տանելու համար, պիտի փութան յոտս կայսերական գահոյից, պիտի համբուրեն ««Էֆընտըմըզ»ին քղանցքներն ու հողաթափին ծայրը, տեղի պիտի ունենայ ամէնէն սրտագրաւ ու Եըլտըզի մէջ երբեք տեսնուած յուզիչ տեսարաններէն մէկը, սրտազեղում, արտասունք՝ մոլորեալ զաւակներուն կողմէ, եւ, հայրական գթառատ ներողամտութիւն ու օրհնութիւն՝ հօրը շրթունքներէն: Եւ Համիտ այն ատեն իրաւամբ պիտի ըսէ:

Ա՛րդ, արձակեա՛ ծառայս քո:

Ասոնք չըլլալիք բաներ չեն, Եըլտըզը հէքիաթներով շատ օսմանլիներ ու Մուրատ պէկեր քնացուցեր եւ անոնց գլուխը կնտեր է:

Չըլլալիքը, ինչպէս ըսինք ու կը պընդենք, Սուլթան Համիտի քաղաքական դաւանանքներուն յեղաշրջումն է, չըլլալիքը Սուլթանին արիւնախում բռնակալութենէն դէպի ազատական վեհապետի բարեշրջումն է: Այո՛, չըլլալիքը, նոյնքան եւ աւելի, թուրքին ձեռքով «Թուրքիոյ հիմնական եւ լայն բարենորոգութեան» նկատմամբ հայ եւ մակեդոնացի յեղափոխականներու դաւանած յոռետես համոզումներուն՝ դէպի լաւատես տրամադրութեան մը փոխուելու կարելիութիւնն է նաեւ:

Ո՛չ մէկ յոյս, ո՛չ մէկ վստահութիւն, ո՛չ մէկ կարելիութիւն՝ որ մինչեւ ոսկորներուն ծուծը ապականած, բռնաւոր, միահեծան ու գիշատիչ վարչութիւն մը՝ խաղաղօրէն, առանց ցնցումի, առանց սասանումի եւ առանց յեղափոխական բուռն հարուածներու՝ տեղի տայ, քայքայուի եւ ինքնիրեն վերանորոգուի:

Պատմութիւնը ո՛չ հրաշքով կը կառուցուի եւ ոչ ալ իր մեծ անցքերը տէրվիշներու տըլըսմովը կ’իրագործուին: Արեւելքցի հեշտասէր, մեղկ ու թմրած օսմանցիին մէջ հոգեկան խոր փոփոխութիւն մը, մեծ յեղաշրջութիւն մը կատարուելու է, որպեսզի կարողանայ ըմբռնել ու պահանջել քաղաքական արմատական բարենորոգութիւններ:

Առայժմ Թուրքիան բարեփոխուելու եւ բարենորոգուելու պայմաններուն տակ չի գտնուիր:

Թիւ 26, 1907, Յունուար 20