Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍԱՏԱՆԱՆ»
Ա


Վերջերս, Պժօրնսթէրն Պժօրնսօն իր գեղեցիկ մէկ յօդուածը հետեւեալ տողերով կը նախաբանէր.

«Միջին Դարու ամէնախոր աղջամուղջին մէջ երբ սատանային երկիւղը կը տիրապետէր մարդկային կեանքին վրայ՝ մարդիկ ելան հաւտալու թէ ընտրելագոյն այրերն ու կիները իրենց գիտութիւնը կամ երջանկութիւնը պարտաւոր էին Սատանային հետ կնքուած դաշինքի մը։ Իրենց բոլոր բաղձանքները պիտի կատարուէին աշխարհի մէջ՝ եթէ հաճէին գերագոյն վայրկեանին Սատանային յանձնելու իրենց անմահ հոգին»։

Պժօրնսօն ապա յայտնելով թէ այս հաւատքը ի՛նչպէս պատճառ դարձաւ որ Եկեղեցին հզօրանայ ի վնաս ժողովուրդին բարօրութեան, վայելքին ու երջանկութեան, թէ ի՛նչպէս Եկեղեցականները սկսան շահագործել տգէտ եւ սնապաշտ ժողովուրդը՝ մինչեւ այն աստիճան որ գեղեցկութիւն, ուրախութիւն ու տաղանդ նկատուեցան իբրեւ չարիքներ, իբրեւ մեղք, կուգայ այն եզրակացութեան թէ տակաւին ներկայ օրերուն, ներկայ քաղաքակրթութեան մէջ ալ բան մը կայ, կոյր ու անիմանալի ուժ մը՝ որ ազգերու եւ ժողովուրդներու դժբախտութիւնը կը ստեղծէ.

«... Ի՞նչն է ուրեմն որ կը թունաւորէ մեր պայքարը այսօր ալ. ի՞նչն է որ ատեն ատեն քաղաքակրթութեան մէջ իսկ նորէն կը ճայթի Միջին Դարու նման աւերման կոյր կատաղութեամբ մը, որմէ մարդ զգուշութիւն չըներ։ Կարելի չէ ստուգիւ գործածել հոս ժողովրդական վաղնջական պատկերը եւ ըսել Սատանան տակաւին մեր մէջ է»։

Եթէ անդառնալիօրէն ճշմարիտ է որ ամէն դար, ամէն քաղաքակրթութիւն ու ամէն ժողովուրդ իրեն յատուկ Սատանայ մը ունեցած է եւ ունի տակաւին, եթէ այսօրուան ամէնէն աւելի զարգացած ազգերն իսկ Սատանայի մը տիրապետութենէն չեն կրնար ճողոպրիլ իրենց անհատական ու ընկերական կեանքին ազատութիւնը, աւելի քան հարկեցուցիչ է մեզի համար՝ փնտռել հայ ժողովուրդին ժամանակակից Սատանան։

Գուցէ ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ մէկ կեանք այնքան առատ է սատանաներու թիւով՝ որքան հայ իրականութիւնը այս պահուն։ Գուցէ ո՛չ մէկ ժամանակակից պատմութիւն այնքան անհաւասար պայքար մղած չէ Սատանային, Պժօրնսօնի Սատանային հետ՝ որքան հայ ժողովուրդը, ու, այս իսկ օրերուն այդ կռիւը դարձեալ կը մղուի յամառաբար, մինչեւ Սատանան ու Սատանաները որքան ալ վիրաւոր, որքան ալ ուժասպառ՝ կը շարունակեն սակայն նմալ իրենց յաղթական դիրքին մէջ եւ կը վարեն ժողովուրդին բաղդն ու բարօրութեան ղեկը։

Միջին դարէն ի՞նչ տարբերութիւն ներկայ ժամանակի կեանքը Տաճկահայաստանի մէջ։

Եկեղեցականութիւն մը որ կը սնանի հասարակութեան իրաւունքներուն կողոպուտովը, որ կոչուած է ղեկավարը, տնօրինողն ու կարգադրողն ըլլալ ժողովուրդին ընկերական, կրթական ու նոյնիսկ ընտանեկան պահանջներուն, որ ստանձնած է քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու միջնորդն ըլլալ աւելի հզօր բռնաւորի մը կամ բռնաւորներու գարշապարին առջեւ ծնրադիր. վաճառականներու, կառավարական պաշտօնեաներու, վաշխառուներու եւ մեծատուններու համեմատաբար ապահով, մենաշնորհեալ դասակարգեր՝ որ խոտոր, թեք ճամբաներով կը ծծեն ժողովուրդին տնտեսական կենսունակութիւնը եւ անոր ձեռքէն կը խլեն իր հալալ վաստակը. եւ անոնց ամէնուն ետեւ, ամէնուն վերեւ՝ գերագոյն բռնակալութիւնը, ի՛նքը տաճիկ կառավարութիւնը՝ որ կրակ կը ցանէ ու մոխիր կը հնձէ, որ իր Սանդարամէտի գերիշխանութիւնը կը տարածէ թշուառութեան երկրին չորս ծագը, հովանաւորելով բիւրաւոր բռնակալներ ու հարստահարիչներ եւ տրորելով, հալածելով ուժակորոյս, արիւնաքամ ժողովուրդներու բազմութիւնը։

Սատանաները կ’ապրին ու պիտի ապրին այնքա՛ն ատեն՝ որքան իրենց ազդեցութիւնը, իրենց պաշտամունքը զօրաւոր է ժողովուրդին կամքին ու հասկացողութեան վրայ։

«Սատանաները» պիտի շարունակեն ընթացք տալ մեր կեանքին եւ անոր տէրը դառնալ ժամանակին համաձայն բազմաձեւ կերպարանափոխութեամբ, եթէ իր ճակատագրին ու իր երջանկութեան ղեկավարը ի՛նքը ժողովուրդը չի դառնայ. եւ նոյն ժողովուրդը պիտի մնայ միշտ թշուառ, միշտ շահագործուող ու իրաւազուրկ՝ մինչեւ որ յաղթանակէ փրկարար նշանաբանը. «ամէն ինչ ժողովուրդին համար՝ ժողովուրդին միջոցով»։

Ահա այն թիլիսմանը որ իբրեւ դրօշակ պէտք է բարձրանայ ամէն ժողովուրդի ձեռքին մէջ՝ ընդդէմ բոլոր այն անձնաւորութեանց, բոլոր այն հիմնարկութեանց եւ ընկերական բոլոր այն կարգերուն, ըմբռնումներուն որ կը խորհրդանշեն ներկայ դարուն «սատանան» եւ կը որմափակեն ազատ երջանկութեան ազատ ճանապարհը։

Ժամանակ է, եւ եթէ արդէն ուշ իսկ չէ, որպէս զի փրկագործ յեղափոխութիւնը ոչ միայն իր հարուածները ուղղէ քաղաքական շղթաներուն, այլ եւ բոլոր այն ընկերական, տնտեսական կապանքներուն, որոնցմով կաշկանդուած է հայ ժողովուրդին ամէնէն ստեղծագործ, ամէնէն ստուար բայց ամէնէն աւելի թշուառ մասը. եւ այս մասն է ահա որ նաեւ ամէնէն աւելի հպատակ է Պժօրնսօնի «Սատանային», ենթակայ անոր կախարդանքին, գերի՜ անոր քմահաճոյքներուն եւ հոգիով, մտքով ու մարմինով ծախուած անոր։

Առանց այս ազատագրութեան՝ քաղաքական ազատութիւնը պատրանք մըն է միայն, կախարդական երեւոյթ մը՝ որուն մէջ այսօրուան իրաւազուրկը դարձեա՛լ պիտի մնայ իրաւազուրկ, այսօրուան կարօտը, չքաւորը, թշուառը՝ դարձեալ պիտի մնայ նոյնը։

Անհրաժեշտ է խորտակել բոլոր հին կուռքերը, աւանդութեամբ, ժամանակի տեւողութեամբ սրբագործուած բոլոր «սատանաներու» պատուանդանները, որպէս զի ազատութիւնը տեղ գտնէ իրեն համար ամէն հոգիի ու ամէն մտքի մէջ։

Թիւ 46, 1907, Ապրիլ 28