Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՄԵՍՏ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԸՆԹԱՑՔ


Մեր խօսքը Պարտիզակի Համագործակցական Ընկերութեան Քօօփերաթիվի մասին է:

Երեք տարի առաջ 90 ոսկիով սկսաւ այդ ձեռնարկը, եւ այօսր, ինչպէս ցոյց կուտայ իր հաշուեկշիռը, կրցած է երեք տարուան համար 16, 334 ղրուշի զուտ շահ մը ապահովել իր բաժնելիցներուն:

Եւ բաժնեկիցները անոնք են մեծ մասով, որոնք գնորդ են միանգամայն: Ուրիշ խօսքով, հասարակութիւնը ի՛նքն է որ թէ՛ վաճառող է, թէ՛ գնորդ. եւ այն շահը, որ իր զանազան գնումներով, պիտի մտնէր խանութպաններու գրպանը, կը մտնէ հիմա ի՛ր գրպանը:

Հասարակութիւնը, կ՚ըսենք, որովհետեւ Պարտիզակի Քօփերաթիվը մասնաւորներու ձեռնարկը չէ, դրուծ շահադիտական հողի վրայ: Անոր կը մասնակցի տեղացի հասարակութիւնը, սկսեալ ամէնէն չունեւորներէն, քանի որ Ընկերութեան անդամակցելու համար որոշուած են չափազանց դիւրամատչելի պայմաններ, 20 ղրուշ առաջին միանուագ վճար մը, անկէ եւ ետք շաբաթէ շաբաթ 40 փարայի բաժնեգին մը՝ հինգ տարի շարունակաբար:

Գործը, որ սկիզբէն սկսաւ միմիայն նպարեղէնի եւ այլ մանր մունր անհրաժեշտ պիտոյքներու վաճառումով, այսօր ընդարձակած է ինքզինք եւ դեռ ընդարձակուելու վրայ է: Անցեալ տարի Քօօփերաթիվը ձեռք զարկաւ հացագործութեան, այս քանի մը օրուան մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ կօշկակարութիւնը, նպատակ ունենալով մօտիկ յառաջիկայի մը մէջ բանալու նաեւ դեղարան մը՝ աժան կերպով դեղ հայթայթելու համար հանրութեան:

Տեղական Մեղու թերթը, որմէ քաղած էինք Ընկերութեան վերաբերած անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, խօսելով հացագործական փուռին վրայ, կ՚ըսէ. «Երբ փոքր հաշիւ մը ընենք փուռի եւ խանութի բաղդատական թիւերով, կը պարզուի որ խանութը տուած է բաւարար արդիւնք, մինչեւ փուռը՝ հազիւ 20—25 ոսկիի շահ մը»: Եւ թերթը այս տարբերութեան պատճառ կը գտնէ անոր մէջ որ՝ Քօօփերաիթվը «փուռի մասին ընդունած է զոհողութիւններու եւ արտակարգ աշխատանքի սկզբունքը, իր յաճախորդներուն ամենօրեայ սնունդը՝ հացն ազնուացնելու եւ լիովին գոհացուցիչ վիճակի մը հասնելու համար»:

Արդարեւ, Քօօփերաթիվներուն նպատակը ոչ թէ դրամ դիզել եւ ամէն գնով իրենց դրամագլուխը հարստացնելն է, ինչպէս կ՚ընեն շահադիտական մասնաւոր ձեռնարկները, այլ՝ ամէնէն առաջ, աժան բայց, լաւ ապրանք հայթայթելն է իր գնորդներուն:

Իսկ հացը, այս պարագային, առաջին տեղը կը բռնէ. պէտք է ան ո՛չ թէ աժան ըլլայ՝ գեշ տեսակով, այլ աժան ըլլայ՝ լաւ տեսակով: Այնպէս որ՝ եթէ Ընկերութիւնը կարողանայ իր յաճախորդներուն տալ աժան ու լաւ հաց, առանց նոյն իսկ ո՛ եւ է շահի, իրապէս ծառայած կ՚ըլլայ իր նպատակին: Ասով ըսել չենք ուզեր հարկաւ որ վարիչները անփոյթ գտնուին եւ այդ անհրաժեշտ պայմանները լրացնելէ ետք՝ չձգտին նաեւ խնայել ճարտարութեամբ այն, ինչ որ կրնան: Ո՛չ. բայց, երբ խնդիրը կուգայ նախընտրութիւն մը ընելու դրամական շահին եւ լաւ ու աժան ապրանքի միջեւ, Ընկերութիւնը անպայման պէտք է կանգ առնէ վերջին տեսակէտին վրայ, ո՛չ թէ առաջինին: Այլապէս, կը դաւաճանէ ինք իր գոյութեան իրաւունքին դէմ:

Ամէն պարագայի տակ, Պարտիզակի Սպառողականը, ինչպէս կը կոչուի այս շատ համակրելի ձեռնարկը, բարգաւաճման ճամբուն մէջ է կ՚երթայ այդ ուղղութեամբ:

Սակայն, ինչ որ ամէնէն աւելի կը զարմացնէ մեզ, ու խորապէս, այն անհասկնալի անտարբերութիւնն է՝ որով Հայաստանի կեդրոնները կը վերաբերուին դէպի համագործակցական այս կարգի սպառողական ձեռնարկները:

Վանը, Կարինը, Մուշը, Խարբերդը եւ Սեբաստիան, ուր կան մտաւորականներ եւ ուր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր արմատները ձգած է ժողովուրդին մէջ, ինչո՞ւ պէտք չէ մասնաւոր ուշադրութիւն նուիրէին այս նպատակին եւ հիմը դնէին սպառողական միութիւններու:

Մենք կը հրաւիրենք Դաշնակցական գործիչներու առանձին հոգածութիւնը այս գործին համար, որ պէտք է ընդհանրանայ մեր ժողովուրդին մէջ եւ որուն կարօտութիւնը այնքան զգալի է:

«Ազատամարտ», 1914, 5/18 Յունիս, թիւ 1530, էջ 2