Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՂԱՊԱՐՏ ՅԱԿՈԲԻ ԱՆՁԸ

Ո՞վ էր Մեղապարտ Յակոբ։ Ճշգրիտ ո՛չ մէկ տեղեկութիւն իր մասին։ Եթէ չունենայինք Պատարագատետր ի յիշատակութիւնը, նոյնիսկ իր անունը անյայտ պիտի մնար։ Առ ի չգոյէ ստոյգ տեղեկութիւններու, հայ բանասէրներ առաջարկած են զանազան վարկածներ, որոնք բոլորն ալ տրամաբանական եւ ճշմարիտ կը թուին, եւ նոյնիսկ այդ պատճառով ահաւասիկ կը բարդացնեն խնդիրը։

Կ՚անցնինք տեսնելու առաջարկուած վարկածները։

Հայր Գ. Գալէմքեարեան՝ մեկնելով տպուած գիրքերու սեռէն Պարզատումար, Խորհրդատետր, Տաղարան Մեղապարտ Յակոբը կը նկատէ քահանայ կամ վարդապետ։ [1] Աղթարքի եւ Ուրբաթագիրք ի գոյութիւնը պէտք չէ մեզ գայթակղեցնէ կ՚ըսէ ան, որովհետեւ առ ի չգոյէ գիտութեան եւ բժշկութեան, սնոտիապաշտ նախապաշարումները պէտք մըն էին եւ շատ անգամ եկեղեցականներն էին այս ծանօթութիւնները օտար լեզուներէ թարգմանողները եւ նման հաւաքածոյ կազմողները։ [2] Ըստ մեզի անպայման եկեղեցական դասու պատկանելու պէտք չկար նման հրատարակութիւններ կատարելու համար։ Դարուն ընդհանուր ոգին կրօնական էր ու մարդոց հետաքրքրութիւնները ընդհանուր առմամբ կեդրոնացած էին հոգեւոր երեւոյթներու վրայ։ Մեղապարտ Յակոբ, ի՛նչ նպատակով ալ լոյս ընծայած ըլլայ իր գիրքերը լուսաւորութեա՞ն թէ ոչ վաճառականական հեռանկարով լաւագոյն «շուկան» կը գտնէր գոհացնելով օրուան պահանջքը։

Հայր Գալէմքեարեան նոյնիսկ կը ճշդէ դաւանանքը կ՚ընդունի կաթողիկէ ըլլալը, մեկնելով այն իրողութենէն, որ՝ այդ օրերուն, կաթոլիկ երկրի մը մէջ ինչպիսին էր Իտալիան ոչ-կաթողիկէի մը արտօնութիւն չէր տրուեր տպագրութիւն ընել։ Առաւել՝ որ տպուած գիրքերուն մէջ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հակառակ ոչինչ կայ։ [3]

Ընդհանրապէս ընդունուած վարկածը այն եղած է, որ Մեղապարտ Յակոբ անձնական տպարան չունէր։ Այս հիման վրայ կանգնելով՝ կրնանք ըսել որ տպագրութեան արտօնութիւնը ունէր կաթողիկէ մը, որ այս պարագային D. I. Z. A. գաղտնագիրին ետեւ կեցող անձն է։ Իսկ հակակաթողիկէ գիրքերու տպագրութիւնը արգիլուած էր բոլորին անխտիր, ըլլային անոնք կաթողիկէ կամ ոչ-կաթողիկէ։

Վահան Զարդարեան կը ջանայ ճշդել Մեղապարտ Յակոբի ծննդավայրը։ Առաջին տպագրութիւններու հազուագիւտ օրինակներէն ոմանք Կեսարիոյ շրջանին մէջ գտնուած ըլլալով, նաեւ յենելով Ալիշանի այն վկայութեան վրայ թէ «Փոքր Հայքէն աւելի կեսարացիներ գաղթած են Վենետիկ», կ՚եզրակացնէ՝ «թէ հաւանական է որ Յակոբ ալ կեսարացի ըլլայ, ուր ծաղկարարութեան արհեստը աւելի ընդհանրացած եւ զարգացած էր եւ Յակոբ գրքերը տպելէն ետք Կեսարիա գացած եւ հետը տարած ըլլայ եւ հոն մեռած»։ [4]

Իսկ ըստ Գարեգին Լեւոնեանի՝ Մեղապարտ Յակոբը պէտք է ըլլայ ջուղայեցի վաճառական մը, [5] մեկնելով այն իրողութենէն որ ջուղայեցի, ագուլեցի եւ շոռոթեցի վաճառականներ կային, Վենետիկի մէջ՝ Մեղապարտ Յակոբի գործունէութեան շրջանին։

Մասնաւորաբար կ՚ուզէ նոյնացնել Վենետիկի Մխիթարեան վանքին մէջ պահուող Ոսկեփորիկի մը յիշատակարանին մէջ յիշատակուած Ջուղայեցի Մահդասի Յակոբ վաճառականին հետ, որ ձեռագիր տոմարին աշխատողն է։ [6] Տոմարի սէրը զայն մղած է նաեւ տպագրելու։

1912-13 թուականին երբ կը տօնուէր հայ գրերու գիւտի 1500-րդ տարեդարձը եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակը, հայ հնատիպ գիրքերն ու Մեղապարտ Յակոբը նոր քննութեան առարկայ կը դառնային։ Նորութիւն չկար, բացի հայր Կարապետ Տէր Սահակեանի յօդուածէն, որուն մէջ կ՚ուզէր լուծել հայկական առաջին տպարանի հիմնադիրին հարցը։ Ըստ իր հաւաքած վաւերաթուղթերուն Դեմոկրիտոս Թերրաչինա անունով անձ մըն էր, որ արտօնագիր ստացած էր 1489-1513 տարիներուն համար տպել որոշ գիրքեր։ Կը մէջ- բերենք կարեւոր մասը. «1489 տարւոյն՝ Դեմոկրիտոս Թէրրաչինա անուամբ մէկը, քաղաքացի Վենետկոյ եւ բնակիչ Վենետկոյ, ժողովէն խնդրեց մենավաճառութեան իրաւունք, քսանհինգ տարուան համար, բոլոր այն գրքերուն՝ որ կը տպագրուին արաբերէն, մաւրիտաներէն, ասորերէն, հայերէն, հնդկերէն եւ Պէրպէրիստանի լեզուով։ Իր խնդիրքը ընդունուեցաւ, բայց ինք մեռաւ 1513-ի Մայիսէն առաջ, առանց այս լեզուներով ո՛եւէ գործ հրատարակած ըլլալու, թէպէտ պատրաստութեանց համար շատ ստակ ծախսած ըլլար։ Իսկ Լէլիոյ եւ Փա՚օլոյ թոռները, որդիք Մաքսիմոսի՝ Դեմոկրիտոսի եղբօր, աղերսագիր մը տուին այդ առանձնաշնորհութիւնը քսանհինգ տարի շարունակելու համար, ինչ որ շնորհուեցաւ իրենց»։ [7]

Հայր Տէր Սահակեան իր այս յօդուածին մէջ կը հասնի որոշ եզրակացութիւններու, զորս անհրաժեշտ կը նկատենք հոս յիշատակել։

«1) 1489-1513՝ 25 տարուան մենաշնորհ ունենալով, պէտք է որ

Դեմոկրիտոսի տպարանէն լոյս ելլէին հայ գիրքերը։

«2) Հայերէն գիրքերը լոյս տեսած կրնան ըլլալ 1513 Մայիսէն ետք, երբ վերանորոգուած էր արտօնագիրը, որովհետեւ ըստ երկրորդ աղերսագիրին Դեմոկրիտոս ամէն ծախք ըրած էր, սակայն ո՛չ մէկ բանի սկիզբ տուաւ ։

«Կրնան փոքր հրատարակութիւններ ըրած ըլլալ, սակայն վաճառականական հաշիւներով, իրենց երկրորդ աղերսագիրէն կ՚ուզեն որ սկսի երկրորդ մենաշնորհը, իսկ եղած հրատարակութիւնները, ինչպէս Պարզատոմար ը, նկատել ո՛չ իսկ հաշուելի գործ»։ [8]

Իսկ նշանադրոշմը կը մեկնաբանէ Democrito Italiano եւ Zacomo Armeno` ընկերակցած՝ տպագրութեան գործին մէջ։



[1]            «1513-ի հայ տպագրին գիւտին պատմականը եւ նոր լուսաւորութիւններ», Հանդէս ամսօրեայ, ԻԷ. տարի, 1913, թ. 12, էջ 715։

[2]            Նոյն տեղը։

[3]            Նոյն տեղը։

[4]            Յիշատակարան (1512-1933), Զ. մաս, «Հայ Վենետիկ - Առաջին հայ տպագրութիւնը», Գահիրէ, 1933-39, էջ 6-7։

[5]            Հայոց պարբերական մամուլը (1794-1934), 1934, էջ XVII.

[6]            Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը, բ. տիպ. 1958, էջ 52։

[7]            «Հայկական առաջին տպարանի հիմնադիրը Դեմոկրիտոս Թերրաչինա», Բազմավէպ, 1913, թ. 11-12, էջ 114։

[8]            Նոյն, էջ 119։