Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՄԱՍ
ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Վերջին քսանամեակին՝ Հայաստանի մէջ մատենագիտական եռուն գործունէութիւն մը նշմարելի է հայ մշակոյթի քիչ մը բոլոր մարզերուն վերաբերեալ։ Մատենագիտական այդ աշխատանքը անհրաժեշտ հիմնաքարն է որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ արժանւոյն գնահատել տուեալ մտաւորական աշխատաւորի մը կամ տուեալ երեւոյթի մը դիմագիծը։ Արտասահմանի մէջ այդ աշխատանքը բարձի թողի եղած է։ Մեր գոյութեան պայքարով կլանուած ըլլալով՝ անհրաժեշտ ժամանակն ու տրամադրութիւնը կը պակսին մեզի։

Շահան Պէրպէրեանի մատենագիտական աշխատանքին ձեռնարկելով քանի մը նպատակ կը հետապնդենք.

1) Ներկայ Հայաստանի մէջ բծախնդիր ճիգ մը նկատելի է հայ իմաստասիրական միտքին հոլովոյթն ու զանազան փուլերը ուսումնասիրելու համար։ Շահան Պէրպէրեան իր իմաստասիրական լայն ծանօթութեամբ, իմաստասիրութեան դասախօսի եւ արուեստի տեսաբանի հանգամանքով պատուաբեր տեղ մը կը գրաւէ մեր իմաստասիրական մտածողութեան մէջ։ Բայց իր ուսումնասիրութիւններն ու յօդուածները աստ ու անդ ցրուած ըլլալով եւ մատենագիտական աշխատանքի մը բացակայութեան պատճառով՝ մնացած է ծանօթ անծանօթը թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի համար։ Մեր այս աշխատանքով կ՚ուզենք դիւրացնել Շ. Պէրպէրեանի վաստակը ուսումնասիրողներու գործը։

2) Շ. Պէրպէրեանի յիշատակին ձօնուած լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլար անշուշտ իր գործերուն մէկտեղումը եւ հատորներով լոյս ընծայումը։ Մեր նպատակներէն մէկն է նաեւ այս։ Մատենագիտական աշխատանքի պատրաստութեամբ դիւրացնել այդ ծրագիրը եւ առիթ տալ իր բազմահարիւր աշակերտներուն՝ իրագործելու այդ գեղեցիկ նպատակը։

3) Համեստ տուրք մը տալ մեր երբեմնի ուսուցիչին, որուն քաղցր դէմքը եւ անջինջ յիշատակը անմար կը մնան մեր մէջ։

* * *

Շատ դժուարութիւն ունեցած ենք կազմելու համար այս մատենագիտութիւնը։ Պէյրութը՝ հակառակ հայկական հոծ կեդրոնի մը հանգամանքին, չունի հարուստ մատենադարան՝ ուր մէկտեղուած ըլլան մեր մամուլին հաւաքածոները։ Պարագայական կերպով հաւաքուած մամուլի հաւաքածոներն իսկ ամբողջական չեն։ Շատ անգամ կը պակսին թիւեր։ Անձնական մեր հաւաքածոները եւ հայ մամուլի մեր ծանօթութիւնը դիւրացուցած են այս աշխատանքը։ Հակառակ ասոնց՝ կարգ մը յօդուածներ անկարելի եղան անձնապէս տեսնել եւ մանրամասնօրէն ցուցակագրել։

Երբ գրութեան մը վերնագիրը բաւարար եղած է բովանդակութիւնը ըմբռնելի դարձնելու համար, խուսափած ենք բացատրութիւններ տալէ. այլապէս՝ բովանդակութեան մասին տուած ենք հակիրճ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ։

Կարգ մը յօդուածներ տպուած են զանազան թերթերու մէջ։ Յարմար դատած ենք յիշատակել զանոնք, ո՛չ թէ մեր աշխատանքին ծաւալը ստուարացնելու մտադրութեամբ, այլ այն հեռանկարով որ ապագայ ուսումնասիրողներ երբեմն կրնան տուեալ թերթը ձեռքի տակ չունենալ. ուրեմն կարենան օգտագործել յիշատակուած թերթերէն որեւէ մէկը։

Ուսումնասիրութեանց եւ գրութեանց դասաւորման հիմ ունեցած ենք անոնց ընդգրկած նիւթերը եւ ժամանակագրական կարգը։

Մատենագիտական ցուցակին սկիզբը կու տանք Շ. Պէրպէրեանի  Յոբելինական Կեդրոնական Յանձնախումբին կոչին մէջ յիշուած տպուած եւ անտիպ գործերը՝ անհրաժեշտ պարագային բացատրողական տողեր աւելցնելով։ Վերոյիշեալ կոչին մէջ տրուած ցանկը կը յիշատակենք, որովհետեւ կը հաւատանք որ շատ հաւանաբար ան պատրաստուած ըլլայ նոյնինքն յոբելեար Շ. Պէրպէրեանին կողմէ։