Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ


Դաշնակցութեան վերաբերեալ, այլ խօսքով՝ մեր գրութեան առնչակից ակնարկներ, հաստատումներ կը գտնուին Մայիսեան ապստամբութիւն, Բաթումի դաշնագիր, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիր, Սարդարապատի ճակատամարտ եւ այլ բաժիններու մէջ։

Անոնց քննութիւնը նոր բան պիտի չաւելցնէ ցարդ մեր տեսածներուն վրայ։ Ինչո՞ւ։ Սկիզբէն ճշդորոշուած քաղաքականութիւնը կամ արժեչափի կշիռը։ Ո՛չ մէկ արժանիք տեսնել Դաշնակցութեան մէջ, ո՛չ մէկ վարկ տալ անոր։ Եթէ դրական գործ մը կատարուած է եւ Դաշնակցութիւնը մասնակից է անոր, յաջողութիւնը վերագրել ժողովուրդին, զանգուածին (մասսա)։ Եթէ ձախողութիւն կայ, ատիկա արդիւնքն է Դաշնակցութեան սխալ քաղաքականութեան, հակասովետ դիրքորոշումին, իմպերիալիստական (կայսերապաշտական) ուժերու, պետութիւններու հետ գործակցութեան եւլն. ։

Այս տպածոյ հաստատումները, ձուլածոյ կաղապարներէ դուրս եկած դատումներն են, որոնք ձրիօրէն եւ առատօրէն ցանուած են հոս ու հոն, այնքան, որ այլեւս կը ձանձրացնեն ընթերցողը եւ դդումի համ կու տան։ Կուսակցական կիրքը պէտք չէ իջնէ մինչեւ հոս, այս ուրացման, «սեւացրէք»եան աստիճանին։ Ինչպէս ասկէ առաջ ըսինք, այս ընթացքով իրենք զիրենք կը փոքրացնեն, կ՚արժեզրկեն։

Եթէ այս ժխտական վերաբերումին, ատելութեան հասնող կիրքին մէջ մեծ բաժին ունին համայնավարութիւնն ու հայրենի իշխանութիւնները, տոկոսային փոքր բաժին չունին արտասահմանի մեր միւս կուսակցութիւնները, որոնք հրահրած են այդ ատելութիւնը, իրենց համար բարի վարուց վկայական ապահովելու, հայրենիքը անձնական ագարակի վերածելու, Հայաստան ազատ մուտքի հրաւէր ձեռք բերելու, իրենց գրական գործերը հոն տպելու կամ վերահըրատարակելուհամար։ Արդարեւ ընդվզեցուցիչ եւ անմարսելի երեւոյթ է, որ Յակոբ Նորունիի (Նորաշխարհեան), Պեպօ Սիմոնեանի եւ Հայկ Նագգաշեանի գործերը հայրենի իշխանութիւններու կողմէ վերահրատարակուին, մինչ անտեսուած մնան վաւերական գրագէտներ՝ Համաստեղի եւ Մ. Իշխանի երկերը։

Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Հայաստանի մէջ ազգայնաշունչ եւ հայաշունչ հով մը սկսած է փչել վերջին երկու տարուան ընթացքին։

Այդ բարերար շունչին ազդեցութիւնը անվարան պիտի տեսնենք համայնագիտարանի երկրորդ հրատարակութեան մէջ։ Չի կրնար այլ կերպ ըլլալ։ Եւ ասիկա, ի շահ հայ արժէքներուն, ի շահ հայութեան եւ ի շահ ճշմարտութեան։