Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՄԱԿՆԵՐ

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Նամակներ, թիւով 15, ուղղուած Արշակ Չօպանեանին, 1895-1912-ի ընթացքին գրուած (տե՛ս Գոհար Ազնաւուրեան, Արեւմտահայ գրողների նամականի, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 227-244)։

Թ. 11 նամակը (էջ 240-241) նախապէս լոյս տեսած է Հայ միտք կիսամսեային մէջ (Փարիզ, խմբ. ՝ Պետրոս Զարոյեան, Ա. տարի, թ. 910, 15 Մարտ - 15 Ապրիլ, 1955, էջ 8)։ Հայ միտք ի լոյս ընծայածը ունի ամսաթիւի սխալ. 12 Նոյ. ի փոխարէն պէտք է ըլլայ 22 Նոյ. ։ Կը պակսի առաջին պարբերութիւնը եւ նաեւ յայտնի չէ թէ որո՛ւն ուղղուած է։

 

ԴՐՕՇԱԿԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

«Անտիպ հատուած մը Ռ. Զարդարեանէն», Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. ՝ Ս. Վրացեան, Հայրենիք ամսագիր, ԺԶ. տարի, թ. 6, Ապրիլ 1938, էջ 117-118։

Տրուած անտիպ հատուածը թղթակցութիւն մըն է, 1898, Մարտ 19/31, Խարբերդ թուակիր, ուղղուած Դրօշակ ի խմբագրութեան։ Թղթակցութեան մէջ՝ ստորագրուած Ասլան (Զարդարեանի կուսակցական ծածկանունը), կը ներկայացուի Խարբերդի ընդհանուր վիճակը 1898 թուականի Մարտին։

Ս. Վրացեան ունի կցած ծանօթութիւն մը վերոյիշեալ թղթակցութեան, որմէ կը քաղենք. «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Դիւանի թիւ 817 թղթածրարին մէջ Խարբերդ կան 15-ի չափ նամակներ, գրուած Ռուբէն Զարդարեանի ձեռքով, իբրեւ Հ. Յ. Դ. Խարբերդի նորակազմ կոմիտէի ատենադպիրը։ «Այդ նամակները բոլորը անխտիր կը վերաբերին կազմակերպական գործնական խնդիրներու, բացի մէկէն, որ Դրօշակին ուղղուած թղթակցութիւն մըն է»։

 

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Նամակ ուղղուած Արեւելեան մամուլ ի խմբագրութեան, Արեւելեան մամուլ, ԼԱ. տարի, թ. 12 (15 Յունիս, 1901), էջ 504։

Այս նամակին կ՚ընկերակցնէ Անդրէաս Կատարեան անուն անձի մը մէկ քերթուածը «Մահ Գարեգին մանկան Կատարեանց», թելադրելով որ տպուի Արեւելեան մամուլ ին մէջ։ Լոյս տեսած է այդ քերթուածը (էջ 503-504)։

 

ՌՈՒԲԷՆ ՈՐԲԵՐԵԱՆԻՆ

1904 Հոկտեմբեր 13/26 Մանիսա (տե՛ս Ռ. Որբերեան, Ովասիս (արձակ եւ քերթուած), Փարիզ, տպագր. Կ. Յ. Ներսէս, 1920, էջ 207)։ Վերհրատարակած է Գոհար Ազնաւուրեան (նոյն, էջ 244-245)։ 1905 Սեպտ. 22, Ֆիլիպէ (տե՛ս Ռ. Որբերեան, Ովասիս, էջ 208209)։ Կ. Պոլիս 6/19 Փետր. 1913 (տե՛ս Ռ. Որբերեան, նոյն, էջ 147-150)։ Ռ. Զարդարեանի նահատակութենէն տարիներ ետք, Ռ. Որբերեան իր վաղեմի գրչեղբօր կ՚ուղղէ նամակ մը՝ Ճիպութիէն, 14 Ապրիլ, 1919 (տե՛ս Ռ. Որբերեան, նոյն, էջ 209)։

 

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ

Նամակներ, թիւով 5, ուղղուած Զ. Եսայեանին (տե՛ս Գոհար Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 249-255)։

Ա. նամակը, 1905, Յուն. 23 թուակիր, նախապէս լոյս տեսած է Ամսօրեակ ամսաթերթին մէջ (խմբ. կազմ, Փարիզ, Ա. տարի, թ. 4, Ապրիլ, 1958, էջ 1)։ Ունի ամսաթիւի տարբերութիւն. տրուած է Յուն. 29։ Յուն. ը կ՚ենթադրենք որ պէտք է ըլլայ Յունուար։ Զ. Եսայեան լոյս ընծայած է «Ֆաքիր» անունով գրական կտոր մը, ձօնուած Ռ. Զարդարեանին, լոյս տեսած Արամ Անտոնեանի Ծաղիկ հանդէսին մէջ (31 Դեկտ. 1904)։ Այս նամակով Զարդարեան իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ եղած գնահատանքին համար։ Բ. նամակը, 1906, Մայիս 6/19, Ֆիլիպէ, նախապէս լոյս տեսած է Կեանք եւ արուեստ տարեգիրքին մէջ (խմբ. Մերուժան եւ Մկրտիչ Պարսամեան), Փարիզ, Դ. տարի, 1934, էջ

 

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻՆ

  Նամակ ուղղուած Դանիէլ Վարուժանին։ Ֆիլիպէ, 1907, Մայիս 25 (տե՛ս Գոհար Ազնաւուրեան, «Դանիէլ Վարուժան, Նամականի», Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչատուն, 1965, էջ 251-252)։   Նամակ ուղղուած Դանիէլ Վարուժանին։ Ֆիլիպէ, 1907 Նոյ. 5/8 (նոյն, էջ 258-259)։   Նամակ ուղղուած Դանիէլ Վարուժանին։ Ֆիլիպէ, 1908, Սեպտ. 27 (նոյն, էջ 269-270)։

 

ՍԻՊԻԼԻՆ (ԶԱՊԷԼ Հ. ԱՍԱՏՈՒՐ)

Նամակներ, թիւով 3, 1902-1913-ի միջեւ գրուած (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 255-257)։ Ա. նամակը՝ Խարբերդ, 14 Նոյ., 1902 թուակիր, լոյս տեսած է նախապէս՝ Թորոս Ազատեանի Աստղաբերդ հանդէսին մէջ . տարի, թ. 2, Մայիս, 1951, էջ 39)։

 

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻՆ

Նամակներ, թիւով 3, 1910-1914-ի միջեւ գրուած (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 257-259)։

 

ՀՐԱՆԴ ԱԼԵԱՆԱՔ[ԵԱՆ]ԻՆ

Նամակներ, թիւով 3, 1905-1912-ի միջեւ։ Ա. ը 1905, Նոյ. 9/22, Ֆիլիպէ (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 261)։

Բ. ը «Ռ. Զարդարեանէն անտիպ նամակ մը», Ֆիլիպէ, 30 Մայիս, 1906։ Կեանք եւ արուեստ ամսագիր, 7-րդ տարի, թ. 6 (Յունիս-Յուլիս, 1937), էջ 125։ Լոյս տեսած է նաեւ Յուսաբեր ամսաթերթին մէջ . տարի, 1944, թ. 2, էջ 17-18)։ Թերթին խմբագրութեան ուղարկուած է Զարդարեանի որդիներէն՝ Հրաչ Զարդարեանի կողմէ։ Գ. ը՝ «Մասունք մը Ռ. Զարդարեանէն», Կ. Պոլիս, 19 Յունիս 1912։ Զուարթնոց տարեգ. խմբ. ՝ Հրանդ Բալուեան, Բ. հատոր, 1944, էջ 43։ Տե՛ս նաեւ Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 261-262։

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿՈՒՆԻԻՆ

Մէկ նամակ, 1904 Ապրիլ 9/22, Խարբերդ (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 262-265)։

 

ՆԱԶԱՐԷԹ ՄԱՆԿՈՒՆԻԻՆ

Նամակներ, թիւով 3, 1904-1912-ի միջեւ գրուած (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 265-269)։

 

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻՆ

Կը յիշատակէ Վ. Թէքէեան կարճ մէջբերում մը ընելով ( Շիրակ ամսաթերթ Ա. տարի, թ. 1 (Յունուար, 1905), էջ 312-313)։

 

ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ

Նամակներ, թիւով 2, 1908-1911-ի միջեւ գրուած (տե՛ս Գ. Ազնաւուրեան, նոյն, էջ 259-260)։

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ

Երկու նամակ։ Ա. ը՝ Կ. Պոլիս, 30 Մայիս 1912 թուակիր. Բ. ը՝ Կ. Պոլիս, 18 Մայիս 1913 թուակիր։ Հայրենիք ամս. ԻԷ. տարի, թ. 1 (Յունուար 1940), էջ 17-18։ Նամակները լոյս ընծայած է Ա. Ահարոնեանի որդին՝ Վարդգէս Ահարոնեան, յառաջաբան մը կցելով, ուր տեղեկութիւններ կան նամակներուն մասին (էջ 13-15)։

 

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆԻՆ

Գրուած է Պոլիս 1912 Հոկտ. 27-ին։ (Յեղափոխական դէմքեր, Գահիրէ, տպ. Նուպար, 1945, էջ 213-214)։ Գաբրիէլ Լազեան կը մէջբերէ հատուած մը՝ առանց յիշատակելու աղբիւրը։ Զարդարեան կը խօսի Պալքանեան պատերազմին եւ Ազատամարտ օրաթերթի գտած ժողովրդականութեան մասին։

 

ՌՈՒԲԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԻՆ

Նամակ ուղղուած Ռուբէն Դարբինեանին (Պերլին)։ Կ. Պոլիս, 29 Մայիս, 1914։ Ամէնուն տարեգիրքը, խմբ. Կարօ Գէորգեան, Դ. տարի, 1957, էջ 125-127։ Կ. Գէորգեան սխալելով տպած է 9 Մայիս՝ փոխանակ 29 Մայիսի։

 

ՎԵՐՈՆԻԳԱ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻՆ

«Մասունքներ Ռ. Զարդարեանէն». (Սպանդի ճանապարհէն գրած իր երկու քարտերը), նոյն Զ. տարի, 1959, էջ 151-155։ Ա. ը՝ գրուած Այաշէն, 16 Ապրիլ 1915 թուակիր, թրքերէնով, ուղղուած իր կնոջ՝ Վերոնիգա Զարդարեանին։ Բ. ը՝ Էնկիւրիէն (Անգարա), 1915 Մայիս 28 թուակիր, հայերէնով, նոյնպէս ուղղուած իր կնոջ։

 

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՏԷՐՊԷՏԷՐԵԱՆԻՆ

Նամակ ուղղուած Մարտիրոս Տէրպէտէրեանին։ Ֆիլիպէ, 11/24 Հոկտ. 1905։ Կեանք եւ արուեստ տարեգիրք, 1932, էջ 8-9։ Նկարը։

 

ԶՕՀՐԱՊ ԿԱՐՕՆԻՆ

Նամակ՝ Հրաչ Զարդարեանէն ուղղուած Զօհրապ Կարօնին։ Փարիզ, 28 Դեկտ. 1918։ Շանթ, Դ. տարի, թ. 17 (Շաբաթ, 1 Մարտ 1919), էջ 198։ Հրաչ Զարդարեան համակրանքով կը խօսի Զօհրապ Կարօնի մասին՝ որպէս իր նահատակ հօր մտերիմներէն մէկը, կը պատմէ Զարդարեանի ընտանիքին թափառական կեանքը Պոլսէն Պուլկարիա Կովկաս Ֆրանսա եւ կը ներկայացնէ հետեւեալ առաջարկը. «Ինծի իմացնէիք թէ հնարաւորութիւն չկա՞յ ետ առնելու այն գրութիւնները, որ խուզարկութեան ատեն հօրս հետ տարին»։

* * *

Ռուբէն Զարդարեանի ստացած նամակներէն գրեթէ ո՛չ մէկ հետք։ Իր ձերբակալութեան ատեն անոնք տարուեցան ոստիկանութեան կողմէ եւ զինադադարէն ետք, երբ կաշառքի միջոցաւ կարելի էր փրկել զանոնք, Զարդարեանի ընտանիքը Պոլիս չէր գտնուեր։

Ինչպէս անդրադարձանք, Հրաչ Զարդարեան՝ Փարիզէն հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է անոնց հանդէպ, նամակ մը ուղղելով Զօհրապ Կարօնի։ Գործնական ի՞նչ արդիւնք տուած է այս դիմումը, մեզի համար կը մնայ անյայտ։

Ռ. Զարդարեանի ստացած եւ փրկուած նամակներէն մեզի յայտնի են երեք նամակներ ։ Ա. ը՝ Դ. Վարուժանէն, իսկ միւսները՝ Ռուբէն Որբերեանէն ։

Դանիէլ Վարուժանի նամակը ուղղուած Ռ. Զարդարեանի ։ Կանտ, 1907, Յունիս 14 . Ազնաւուրեան, «Դ. Վարուժան, նամականի», էջ 107-108) ։

Դանիէլ Վարուժանի արխիւին մէջ մնացած են իր ուղարկած նամակներուն սեւագրութիւնները, որոնց շնորհիւ փրկուած են բազմաթիւ նամակներ։ Ռ. Զարդարեանի պարագան անոնցմէ մէկն է։

Նոյնն է պարագան Ռ. Զարդարեանի ուղղուած Բ. նամակին։ Նամակագիրը՝ այս պարագային Ռուբէն Որբերեան ինք է որ իր արխիւէն վերցնելով լոյս ընծայած է Ռ. Զարդարեանի ուղղուած իր երկու նամակները։ Ա. ը՝ Ճիպութի, 12 Մայիս, 1912 . Որբերեան, նոյն, էջ 144-146), Բ. ը՝ Ճիպութի, 6 Յուլիս, 1913 . Որբերեան, նոյն, էջ 150-152)։

Հետզհետէ նոր նամակներ կրնան երեւան ելլել։ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան թանգարանի արխիւային բաժինը հետամուտ է հաւաքելու հայ մտաւորականներու արխիւները։ Ցարդ երախտապարտ աշխատանք կատարուած է այդ մարզին մէջ։ Վերոյիշեալ թանգարանին դիւաններու վարիչը՝ Գոհար Ազնաւուրեան վերջերս գտնուած է Միացեալ Նահանգներ եւ վերադարձած է Երեւան դիւանային փաստաթուղթերով բեռնաւոր։ Իր հետ բերած է Ռ. Զարդարեանի նամակներէն։ Լրատուութեան մէջ կը կարդանք. «Պոսթընի մէջ Գոհար Ազնաւուրեան հանդիպած է Վահան Թօփալեանի, որ Երեւանի թանգարանին նուիրած է Թլկատինցիի, Լեւոն Բաշալեանի, Արամ Անտոնեանի եւ Ռուբէն Զարդարեանի 23 նամակներ» ( Ազդակ օրաթերթ, 50րդ տարի, թ. 277 (Կիրակի, 23 Յունուար, 1977), էջ 3)։ Կարճ տեղեկատուութիւնը չի յայտներ, թէ վերոյիշեալ 23 նամակներէն քանի՛ն կը պատկանին Ռ. Զարդարեանին եւ որո՛նց ուղղուած են անոնք։

Եթէ Արամ Անտոնեանի արխիւը հրաշքով մը փրկուած է (կ՚ըսենք հրաշքով, որովհետեւ Անտոնեան 1915-ի աքսորեալներէն էր, որ բախտի բերումով վերապրեցաւ), ան պէտք է պարունակէ Ռ. Զարդարեանէն բազմաթիւ նամակներ։ Ռ. Զարդարեան 1898-1905 աշխատակցած է Ա. Անտոնեանի խմբագրած թերթերուն եւ ժամանակի ընթացքին մտերմութիւն մը հաստատուած է երկուքին միջեւ։

Այդ արխիւէն է, որ վերցուելով լոյս ընծայուած է Շանթ շաբաթաթերթին մէջ «Պահապան դիցուհին»ի բնագիրը . տարի, թ. 8 (Շաբաթ, 4 Յունուար, 1919), էջ 93)։