Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՂԱՊԱՐՏ ՅԱԿՈԲԻ ՍԱՂՄՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՐՑԸ

Հայ տպագիր գիրքը լոյս տեսած է 1512-ին։ Այսօր, Ռաֆայէլ Իշխանեանի վարկածներուն շնորհիւ, կրնանք ըսել, որ ճիշդ կրնայ ըլլալ իր առաջարկած 1509 թուականը։ [1] Սակայն, մինչեւ 1890 թուականը, մեր առաջին տպագրիչ Մեղապարտ Յակոբի գործունէութիւնը անծանօթ մնացած էր։ Առաջին հայ տպագրիչը կամ հրատարակիչը կը նկատուէր Աբգար Թոխաթցին) (երբեմն գրուած է նաեւ Թոգաթցի)։ Սակայն, հայր Գարեգին Զարբհանէլեանի Հայկական մատենագիտութիւն [2] աշխատասիրութենէն ետք, բանասէրներու մանրակրկիտ պրպտումներուն եւ ստուգումներուն շնորհիւ, կը յայտնուէր Մեղապարտ Յակոբի գոյութիւնը եւ կը ճշդուէր անոր լոյս ընծայած գիրքերը, թիւով հինգ։ Այս հարցերուն՝ մանրամասնօրէն անդրադարձած ենք Հայ տպագրութեան նախակարապետը՝ Մեղապարտ Յակոբ մեր ուսումնասիրութեան մէջ։ [3]

Այս պրպտումներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր Սեբաստիայէն՝ Կարապետ Գաբիկեան, որ Պոլսոյ Բիւզանդիոն օրաթերթին մէջ, 1906-ին, լոյս կ՚ընծայէր «Հայ բժշկութեան շուրջ» [4] վերնագիրով յօդուած մը։ Գրութեան էութիւնը կը կազմէ անդրադարձ բժշկական կարգ մը ձեռագիրներու, որոնց հանդիպած է Սեբաստիոյ մէջ։ Ձեռագիրներու կարգին՝ կը խօսի նաեւ հին տպագրութեանց մասին եւ կը յիշատակէ Աղթարք մը, Ուրբաթագիրք մը եւ Պարզատումար մը, երեքն ալ Մեղապարտ Յակոբի հրատարակութիւններէն։ Աղթարք ի մասին խօսելէ եւ 1512 թուականը ճշդելէ ետք կը հաստատէ. « Սոյն տպագրութեամբ (տառերէն մակաբերելով) Սաղմոս մ՚ալ տեսայ, բայց նա ալ ծայրէ ճոթէ պակսած էր »։ [5]

Գրեթէ այլ վկայութիւն չունինք այսպիսի Սաղմոսարան ի մը մասին, եթէ նկատի չառնենք Հ. Ս. Վ. Ս. ի մէկ աղօտ ակնարկութիւնը. «Բայց այժմ շնորհիւ Մխիթարեան Հարց Վիեննայի գիտենք որ Կեսարիոյ վանքին մէջ կայ սաղմոս մը տպեալ ի Վենետիկ 1512-ին»։ [6]

Ակնարկութիւնը չի կրնար վերաբերիլ Կ. Գաբիկեանի «գիւտ»ին, որովհետեւ յիշատակուած Սաղմոսը անհատի մը սեփականութիւնն էր եւ ո՛չ թէ վանքի մը։ Յետոյ, Կ. Գաբիկեանի «գիւտ»ը կը վերաբերի Սեբաստիոյ, իսկ յօդուածագիր վարդապետին ակնարկութիւնը՝ Կեսարիոյ։ Բայց, տարօրինակ է որ նման Սաղմոս ի մը յիշատակումը կ՚ըլլայ նոյն՝ 1906 տարուան ընթացքին։

Եթէ Կեսարիոյ վանքին . Կարապետ) սեփականութիւնը ըլլար, անոր գոյութիւնը շռնդալից յայտարարութեամբ մը պիտի տար Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանահայր՝ Տրդատ եպս. Պալեանը, որ Բիւրակն ի (Պոլիս), Արեւելեան մամուլ ի (Իզմիր), Բանասէր ի (Փարիզ) եւ Հանդէս ամսօրեայ ի (Վիեննա) մէջ ընդարձակ ցուցակներ լոյս ընծայած է հայկական հին տպագրութեանց մասին։ [7] Պալեան Սրբ. ո՛չ մէկ յիշատակում ունի նման Սաղմոսարան ի մը մասին։ Հ. Ս. Վ. Ս. ուրկէ՞ քաղած է իր տեղեկութիւնը, մեզի համար կը մնայ անյայտ։

Բացի իրմէ, Վիեննական ո՛չ մէկ այլ վարդապետ անդրադարձած է

Կեսարիոյ վանքին Սաղմոսարան ին։ Եթէ նման գիրքի մը գոյութիւնը փաստած ըլլային, այդ ուրախ լուրը սեփականութիւնը պիտի դարձնէին Հանդէս ամսօրեայ ի ընթերցողներուն։ Հանդէսին հետագայ թիւերուն մէջ չկայ նման յիշատակում մը։

* * *

1912-13 թուականներուն, համազգային չափանիշով կը տօնակատարուէին հայ այբուբենի գիւտին 1500-ամեակը եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակը։ Դասախօսութիւններ, բանախօսութիւններ եւ զանազան այլ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենային ի սփիւռս աշխարհի, ուր հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունէր։ Գիրքեր լոյս կ՚ընծայուէին եւ մամուլի բացառիկ թիւեր կը նուիրուէին այս զոյգ դարադարձներուն։

Այս առիթով, հայր Գրիգորիս Գալէմքեարեան, Վիեննական Միաբանութենէն, Հանդէս ամսօրեայ ի մէջ լոյս կ՚ընծայէր բաւական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն մը՝ «1513-ի հայ տպագրին գիւտին պատմութիւնը եւ նոր լուսաւորութիւններ»։ [8]

Հայր Գալէմքեարեանի նշումը Սաղմոս ի մը մասին (որ վարկած մըն էր) հաւաստի ընդունելով Մեղապարտ Յակոբի լոյս ընծայած գիրքերու շարքին . 3) կը յիշատակէ Սաղմոս ը։ [9] Մինչ միւս հինգ գիրքերու պարագային՝ կու տայ անոնց գտնուած վայրերուն անունները եւ օրինակներուն թիւը, Սաղմոս ի պարագային՝ կը գրէ. « 1 օրինակ (պակասաւոր) ի Սեբաստիա »։ [10]

Եթէ հայր Գալէմքեարեան, Բիւզանդիոն ի էջերէն առնելով չյիշատակէր Կ. Գաբիկեանի «վկայութիւն»ը, հաւանաբար՝ երկար ժամանակ հայ բանասիրութեան համար անծանօթ կրնար մնալ Գաբիկեանի յիշատակումը։

Այս հաստատումին կը մղուինք այն իրողութեամբ, որ Գալէմքեարեանի մահէն (1916) ետք, շուրջ կէս դար, լուրջ ուսումնասիրութեան եւ վերարժեւորումի չենթարկուեցաւ Մեղապարտ Յակոբի գործը։ Պարագայական անդրադարձներ եղան եւ յօդուածներ լոյս տեսան, սակայն, առանց նորութիւն բերելու։

1962-էն սկսեալ, հայրենի բանասէր եւ մատենագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեանն է, որ յօդուածներով [11] եւ գիրքերով ամբողջովին յեղաշրջեց Մեղապարտ Յակոբի մասին ցարդ ընդունուած կարծիքները։ Մինչեւ 1966 կատարած իր լուրջ ուսումնասիրութիւններուն անդրադարձած ենք Հասկ ի մէջ [12] եւ հոս կրկնելը աւելորդ կը նկատենք։

Նոյն ուսումնասիրութեան մէջ կ՚արձանագրէինք մեր դիտողութիւնները [13] Մեղապարտ Յակոբի անձին եւ գործունէութեան շուրջ Ռ. Իշխանեանի վարկածներուն, ապա կ՚անդրադառնայինք Մեղապարտ Յակոբի Սաղմոսարան ին։ Ռ. Իշխանեան՝ Կ. Գաբիկեանի հաղորդումը կասկածէ վեր նկատելով, կը գրէր. « Գաբիկեանի յիշեալ յօդուածը ամբողջութեամբ այնքան զգոյշ ու բարեխղճօրէն է կազմուած, որ նրա հաղորդման վրայ կասկածելու որեւէ հիմք չունինք »։ [14]

Եւ նկատի ունենալով որ Մեղապարտ Յակոբի մեր յաջորդ տպագրիչները իրենց տպագրութիւնները սկսած են Սաղմոս ի տպագրութեամբ, Մեղապարտ Յակոբին կը վերագրէր Սաղմոսարան ի մը տպագրութիւնը եւ իր առաջարկած նոր շարքին գլուխը կը դնէր Սաղմոսարան ին տպագրութիւնը, որպէս տպագրութեան թուական տալով 1509 (պարոյկով մը) [15] ։

Ռ. Իշխանեանի՝ Կ. Գաբիկեանի յօդուածին առնչութեամբ մէջբերուած հատուածին մասին կը գրէինք. « Այս հաստատումը կ՚երթայ յօդուածին ամբողջութեան, սակայն, այն ինչ որ կը վերաբերի Սաղմոսարանին՝ շատ կարճ է յիշեալ յօդուածին մէջ եւ բաւարար նկարագրութիւն չէ տրուած Սաղմոսարանին մասին, որպէսզի բաղդատականով մը կարելի ըլլար ստուգել վաւերականութիւնը։ Անկախ այս ենթադրեալ օրինակէն, ուրիշ ո՛չ մէկ Սաղմոսարան գտնուած է Յակոբի անունով, մինչ Յակոբի տպագրած գիրքերէն մէկէ աւելի օրինակներ կան այսօր՝ աշխարհի ծագերուն ցրուած մատենադարաններու մէջ։ Մեր կարծիքով, սխալ ընթերցումի կամ ենթադրութեան արդիւնք կրնայ [եղած] ըլլալ »։ [16]

Ռ. Իշխանեան անդրադառնալով մեր դիտողութիւններուն եւ վարկածներուն, կը գրէր. « Հասկ հանդէսի 1966-ի բացառիկում (Մարտ-Մայիս) Ա. Տէր Խաչատուրեանը իր շատ հետաքրքրական “Հայ տպագրութեան նախակարապետը՝ Մեղապարտ Յակոբ” յօդուածում այն կարծիքն է յայտնում, որ մեր մի շարք դրոյթները Յակոբ Մեղապարտի տպագրութիւնների վերաբերեալ լրացուցիչ փաստման կարիք ունեն ։ Մենք պէտք է փորձենք նոյն հարցին նորից անդրադառնալ՝ այն գիտական աւելի վստահելի հիմքի վրայ դնելու նպատակով »։ [17]

Բանասէրի իր գիտական կոչումին գիտակից Ռ. Իշխանեանը, իր խոստումը յարգելով, հայ գիրքի պատմութեան նուիրուած իր ընդարձակ մէկ նոր աշխատասիրութեան մէջ՝ լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Կ. Գաբիկեանի յօդուածին եւ մեր կատարած դիտողութիւններուն, [18] ընդունելով Կ. Գաբիկեանի հաղորդումը ճիշդ։

Յակոբ Անասեան, մեր մեծագոյն մատենագէտը, Գաբիկեանի նշումը կ՚ընդունի հաւաստի եւ միանալով հայր Գալէմքեարեանի, կը գրէ. « Գր. Գալէմքեարեանը, զբաղուելով Յակոբ Մեղապարտի ձեռքով հրատարակուած գրքերի հարցով [... ], գտնում էր, որ Գաբիկեանի կողմից մատնանշուած թերութաւոր Սաղմոսարանը հայ տպագրութեանց երախայրիքներից էր, Յակոբ Մեղապարտի հրատարակութիւններից մէկը ։ Սաղմոսարանի այդ թերի օրինակի հետքերը եւ կամ նոյն հրատարակութեան պատկանող մի որեւէ ուրիշ օրինակ մինչեւ հիմա չեն յայտնաբերուել, սակայն Գաբիկեանի միջոցով ստացուած տեղեկութիւնն այդպիսի մի տպագրութեան գոյութեան մասին՝ ինչպէս Գալէմքեարեանի, նոյնպէս եւ մեր կարծիքով հաւաստի է ։ Սաղմոսարանի այս տպագրութիւնը հնագոյնն է հանդիսանում Աստուածաշնչի առանձին գրքերի տպագրութիւնների շարքում »։ [19]

Դիտմամբ մանրամասնօրէն անդրադարձանք այս մութ հարցին պատմութեան եղափոխութեան, ցոյց տալու համար որ անծանօթ մնացած վկայութիւն մը կամ յօդուած մը, ի՞նչ վարկածներու դուռ կրնայ բանալ եւ յումպէտս ժամանակ վատնել։

Ի՞նչ է իրականութիւնը - կա՞յ թէ չկայ Մեղապարտ Յակոբի անունով յիշուող Սաղմոսարան մը։ Ըստ Կարապետ Գաբիկեանի մէկ նոր հաւաստիացումին եւ ըստ մեր կարծիքներուն, նման Սաղմոսարան գոյութիւն չունի (գոնէ մինչեւ նոր գիւտ մը)։ Բարեբախտութիւն է որ կայ Կարապետ Գաբիկեանի գրիչին պատկանող ընդարձակ լուսաբանութիւն մը (բանասիրական աշխարհին անծանօթ մնացած), որ այս կնճռոտ հարցին շուրջ լոյս կը սփռէ եւ կը հաստատէ մեր ենթադրութիւնները։ Այլապէս՝ այս Սաղմոսարան ը անհետացած պիտի կարծէինք Եղեռնի բազմաթիւ աւերներու կարգին եւ պիտի շարունակէինք այդ անգոյ Սաղմոսարան ը՝ գոյ նկատել, ինչպէս ընդունած են հ. Գալէմքեարեան, Ռ. Իշխանեան եւ Յ. Անասեան։

Ի՞նչ կ՚ըսէ Կարապետ Գաբիկեան։ Կը մէջբերենք յօդուածին առաջին պարբերութիւնը, որ ամբողջութեամբ կապ ունի Սաղմոսարանի հարցին հետ. « Հանդէս ամսօրեայի 1912 [20] Դեկտեմբերի թուոյն մէջ հ. Գալէմքեարեան հայերէն առաջին տպագրեալ գրքերու մասին խօսելու ատեն, մէջ բերած էր նաեւ Բիւզանդիոնի 2962 թուոյն մէջ իմ ալ տուած մէկ տեղեկութիւնս, որուն մէջ հիմակ կը տեսնեմ թէ սխալում մը ունեցեր եմ, եւ այդ հրատարակութենէն իմ ունեցած օրինակիս վրայ խօսելու ատեն ըսեր էի որ գրերու քիչ շատ նմանութենէն ու գրքին հնութենէն հետեւցուցեր էի թէ այս ալ Մեղաւոր Յակոբի հրատարակութիւններէն կրնայ ըլլալ։ Այս Սաղմոսը որ այժմ իմ սեփականութիւնս է, Զարդարեան եղբարց Յիշատակարանէն եւ Թէոդիկի Տիպ ու տառէն յայտնի եղաւ որ Աբգար Դպրի Սաղմոսարանն է, ուստի եւ Մեղաւոր Յակոբի պրոշիւրներէն չէ։ Ուղղելով այս սխալս, ներողութիւն պիտի խնդրէի Գեր. Հօրմէն »։ [21]

Այս յօդուածը արժէքաւոր է Մեղապարտ Յակոբի անձին եւ գործին ուսումնասիրութեան նպատակով։ Յօդուածագիրը հակադըրուելով հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, Յակոբի լոյս ընծայած գիրքերուն արժէքին շուրջ նոր մօտեցում մը կ՚որդեգրէ, մօտեցում մը, որ կը նոյնանայ Ռ. Իշխանեանի տեսակէտներուն հետ։

Ինչպէս Կ. Գաբիկեան կը հաղորդէ, գրած է հայր Գալէմքեարեանի, որպէսզի անհրաժեշտ սրբագրութիւնները կատարէ։ Արդեօք ան ստացա՞ւ այդ նամակը։ Չենք գիտեր։ Ի՛նչ ալ ըլլայ իրականութիւնը, հայր Գալէմքեարեանի գրիչին պատկանող որեւէ ճշդումի կամ հերքումի չհանդիպեցանք Հանդէս ամսօրեայ ի հետագայ տարիներու թիւերուն մէջ։ Արդէն Գալէմքեարեան կը մահանար 1916-ին։

Կ. Գաբիկեանի այս արժէքաւոր յօդուածին անծանօթ մնացած ըլլալը մեզ կը մղէ յայտարարելու, որ մեր մամուլը տակաւին կը մնայ չպեղուած գանձ մը կամ հանք մը։ Փորձ մը եղած է պատրաստելու հայ տպագրութեան մատենագիտութիւնը, [22] սակայն, անծանօթ մնացած ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ կան, ինչպէս Գաբիկեանի վերոյիշեալ յօդուածը, որոնք կրնան նոր լոյս մը սփռել տուեալ հարց մը վրայ։

Զարմանալի է, որ Թէոդիկի Ամէնուն տարեցոյցը ին պէս ծանօթ գործ մը, որ լոյս տեսած է 1907-1929 (19 հատոր) եւ խմբագիրին կողմէ կոչուած՝ ազատ Հայուն պզտիկ համայնագիտարանը, եւ իրապէս համայնագիտարանի նիւթ պարունակող գործ մըն է, անհրաժեշտ պրպտումի ենթարկուած չըլլայ մեր բանասէրներուն կողմէ։ [23]

Ժամանակն է, որ լուրջ աշխատանքի լծուինք մատենագիտական գետնի վրայ։ Այլապէս՝ կրնանք ենթադրութիւններու բաւիղին մէջ կորսուիլ եւ սխալ դատումներու առաջնորդուիլ, նաեւ սխալ դատումներու առաջնորդել ուրիշներ։



[1]            «Ո՞րն է առաջին հայ տպագիր գիրքը», Գրական թերթ, 31-րդ տարի, թ. 22 (1963, Մայիս 22), էջ

[2]            Այբուբենական ցուցակ տպագրութեան գիւտէն մինչեւ առ մեզ եղած հայերէն հրատարակութեանց (Վենետիկ, 1883)։

[3]            Հասկ ամսագիր, ԼԵ. տարի, թ. 3-5 (1966, Մարտ-Մայիս), էջ 124-127։ Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է նաեւ որպէս առանձնատիպ (Անթիլիաս, 1966)։ Տես անդ, էջ 4-8։

[4]            Ժ. տարի, թ. 2962-63։

[5]            Նոյն, թ. 2963, Բ. մաս, էջ

[6]            «Նորագոյն լուսաւորութիւններ Աբգար Դպրի մասին», Հանդէս ամսօրեայ, Ի. տարի, թ. 11 (1906, Նոյեմբեր), էջ 325։

[7]            Յօդուածներն ու յօդուածաշարքերը կը խուսափինք հոս յիշատակելէ։ Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Մատենագիտութիւն հայկական մատենագիտութեան (ուղեցոյց), խմբ. եւ առաջաբան՝ Ռաֆայէլ Իշխանեանի (Երեւան, 1963), էջ 53, թ. 49-52 եւ 258, թ. 1213։

[8]            ԻԷ. տարի, թ. 12 (1913, Դեկտեմբեր), էջ 709-718։

[9]            Նոյն, էջ 712։

[10]          Նոյն, էջ 717։

[11]          Հասկ, նշ. աշխ., էջ 138։

[12]          Նոյն, էջ 132-133։ Առանձնատիպ, էջ 13-15։

[13]          Նոյն, էջ 133-135։ Առանձնատիպ, էջ 15-17։

[14]          «Հայկական տպագրութիւնը 16-րդ դարում», Տեղեկագիր, հասարակական գիտութիւններ, 1963, թ. 12, էջ 88-89։

[15]          Նոյն տեղը։

[16]          Առանձնատիպ, էջ 19։

[17]          Հայ մատենագիտութեան պատմութիւն, պրակ Բ., 1800-1920 (Երեւան, 1968), էջ 200-201։

[18]          Հայ գրքի պատմութիւն, հատ. 1, հայ տպագիր գիրքը 16-17-րդ դարերում (Երեւան, 1977), էջ 40-44։

[19]          Հայկական մատենագիտութիւն . -ԺԸ, դդ. ) հատ. Բ. (Երեւան, 1976), էջ 382։

[20]          Ճիշդը՝ 1913։

[21]          «Տեղեկութիւններ հայերէն Ա. տպագրութեան մասին», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 9-րդ տարի (Պոլիս, 1915), էջ 24։ Յօդուածը կը գրաւէ 24-30 էջերը։

[22]          Ռաֆայէլ Իշխանեան, Մատենագիտութիւն հայկական մատենագիտութեան (ուղեցոյց), [Երեւան, 1963], էջ 52-54, 247-262։

[23]          1966 թուականին, երբ կը գրէինք Մեղապարտ Յակոբի մասին մեր ուսումնասիրութիւնը, մեր հաւաքածոյէն կը պակսէր Թէոդիկի Ամէնուն տարեցոյցըին 1915-ի տարին։ Հազուագիւտ է 1915-ի հատորը, որովհետեւ լոյս ընծայուած է ջարդի նախօրեակին։