Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱԿՈԲԻ ՆԿԱՐԸ



Մեղապարտ Յակոբ

1912-1913 թուականին երբ պիտի տօնուէր հայ տպագրութեան 400-ամեակը, Վահան Զարդարեան միտքը կը յղանար ներկայացնելու նկար մը, որ ենթադրել տար տիպարը առաջին տպագրիչին։ Զարդարեան կը գրէ. «Ատոր համար տարիներով հետամուտ եղանք եւ վերջապէս փորագրիչ պ. Նշան Կարապետանի քով գտանք 400 տարուան հնութիւն ունեցող պղինձէ փորագրութեան նկար մը, որու փառաւոր երեւոյթը եւ հայկական քիթը, մեզ համոզում գոյացուցին թէ կրնայ ներկայանալ իբր Մեղապարտ Յակոբ։

«Սոյն պղինձէ փորագրութիւնը յանձնելով ծանօթ նկարիչ պ. Երուանդ Տէմիրճեանի, որ գծեց փոքրիկ փոփոխութիւններով եւ կը կարծենք թէ այսօր նուիրագործուած է»։ [1]



[1]            Յիշատակարան, նոյն, էջ 7-8։