Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՅԳԱԼՈՅՍԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ

Ա. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ցայգալոյս (արձակ էջեր)։ Մատենաշար Ազդակ, թիւ 4, հրատարակութիւն Արծիւ ժողովրդական գրավաճառանոցի, Կ. Պոլիս, տպագր. Օ. Արզուման, 1910, 231 էջ։

 

Բովանդակութիւն

էջ

Իբր նախամուտ

5

Արձակ էջեր

7 - 228

Աստուածները (քերթուած)

229 - 230

Ցանկ

231

 

Կը պարունակէ 29 արձակ էջեր եւ 1 քերթուած։

Մեծամասնութիւնը նախապէս մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններ են, որոնք առանց իրենց ընդգրկած սեռին (հէքիաթ, նորավէպ, պատկեր եւ այլն) համաձայն դասաւորման՝ մէկտեղուած են։

 

Գրախօսական

 

Մեհեկան (Միքայէլ Շամտանճեան), «Գրական շարժում Ցայգալոյս, Ռ. Զարդարեանի. հրատ. Արծիւ գրավաճառանոցին. Կ. Պոլիս, 1910», Ոստան (եռամսեայ մեծ պարբերագիր), հիմնադիրխմբագիրներ՝ Միքայէլ Շամտանճեան եւ Տիգրան Չէօկիւրեան, Ա. տարի, թ. 4, 1 Հոկտ. 1911, էջ 933-934։

 

«Ռ. Զարդարեան՝ Ցայգալոյս. մատենաշար Ազդակ, Կ. Պոլիս. գրախօս՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, Ազատամարտ շաբաթաթերթ, 1910, էջ 721-724։

 

«Ցայգալոյս», հեղ. Ռ. Զարդարեան, գրախօս՝ Վահան Փափազեան, Ազատամարտ օրաթ., Բ. տարի, թ. 243 (Մարտ 26/8 Ապրիլ, 1910), էջ 1. թ. 244, էջ 1. թ. 245, էջ

 

Հայր Սիմոն Երեմեան (Ատրուշան)՝ Թիֆլիսի Հորիզոն օրաթերթին մէջ Ցայգալոյսի մասին յօդուածաշարք մը (1910)։ Հորիզոնի վերոյիշեալ հաւաքածոն ձեռքի տակ չունենալով՝ չկրցանք թիւերն ու էջերը ճշդել։

 

Բ. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ռուբէն Զարդարեան, Ամբողջական երկեր. Ա. Արձակ էջեր եւ հէքիաթներ, «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշար, թիւ 1, Փարիզ, տպ. Տը Նաւար, 1930, 215 էջ։

 

Բովանդակութիւն

էջ

Ռ. Զարդարեանի նկարը

 

Ռուբէն Զարդարեան

7 - 16

Գեղարուեստական գործեր

19 - 215

 

«Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» (յայտարարութիւն), որպէս յաւելուած տպուած։

Կը պարունակէ 30 արձակ եւ հէքիաթ, որոնցմէ 25-ը առնուած են Ցայգալոյսի Ա. տպագրութենէն։ Դուրս ձգուած կտորներն են՝ Զարդարեանի գրած նախամուտը, «Վա՜խ ես մեռնէի», «Շուն մըն ալ պակաս», «Ցեղին զաւակը» արձակ գրութիւնները եւ «Աստուածները» քերթուածը։ Աւելցուած գրութիւններն են «Ճախարակին քերթուածը», «Բռնաւորին արցունքը»։ «Հայրենական սազը», «Եօթը երգիչները» եւ «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ»։ Վերջին չորս գրութիւնները լոյս տեսած են Ցայգալոյսի Ա. տպագրութենէն ետք։ Զարդարեանի կատարած դասաւորումը այս տպագրութեան մէջ փոփոխութեան ենթարկուած է։

 

Գրախօսական

 

Արշակ Չօպանեան, «Քրոնիկ», Անահիտ, Բ. տարի, թ. 3 (Սեպտ. Հոկտ. 1930), էջ 121-122։ Ա. Չօպանեան այս առիթով կ՚ըսէ. «Զարդարեանի կտորները դասաւորուած են առանց ժամանակագրական կարգին հետեւելու։ Ո՛չ մէկուն առաջին հրատարակման տեղն ու թուականը նշանակուած է։ Այդ գրուածքներէն ո՛չ մէկուն մասին ոեւէ ծանօթագրութիւն կը գտնենք հատորին վերջը. կան տպագրական կարեւոր սխալներ» (էջ 122)։

 

«Ռ. Զարդարեան. Ամբողջական երկեր. Ա., Արձակ էջեր եւ հէքիաթներ». գրախօս՝ Սիոն վարդապետ, Սիոն ամսագիր, նոր շրջան, Դ. տարի, 1930, թիւ 11, Նոյ., էջ 358։

 

«Ռ. Զարդարեանի Ամբողջական երկեր, Ա., Արձակ էջեր եւ հէքիաթներ, Փարիզ», գրախօս՝ հայր Սիմոն Երեմեան, Բազմավէպ, հատոր ՁԹ., թ. 1, Յունուար 1931, էջ 33-34։

 

«Նոր գիրքեր. Ռ. Զարդարեանի Ամբողջական գործը», գրախօս՝ Հրանդ Բալուեան, Զուարթնոց, պարբերաթերթ գրականութեան եւ գեղարուեստի, խմբագիր Հրանդ Բալուեան, Փարիզ, Բ. տարի, թ. 1, Յունուար 1931, էջ 32-35։

 

Ազատեան Դարեհ, «Ամբողջական երկեր» . Զարդարեան), Հայրենիք ամսագիր, Թ. տարի, թ. 3 (Յունուար 1931), էջ 46-47։ Ազատեան կ՚անդրադառնայ Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներու լոյս ընծայած հատորին եւ կ՚ըսէ. «Ամբողջական երկերու այս շարքը անփոխարինելի հարստութիւն մը պիտի ըլլար մեզի համար, եթէ ձեռնարկողները ծանօթագրութիւններով ու անհրաժեշտ բացատրութիւններով ջանային փրկել ինչ որ ժամանակը կը սպառնայ ջնջել կամ շեղեցնել մեր յիշողութենէն»։

 

«Գիրքեր ու դէմքեր. Արձակ էջեր եւ հէքիաթներ», Կեանք եւ արուեստ տարեգ., խմբագրութիւն՝ Մերուժան եւ Մկրտիչ Պարսամեաններ, Բ. տարի, 1932, էջ 156-157։ Ստորագրութիւն չունի յօդուածը, բայց շատ հաւանաբար Մկրտիչ Պարսամեանի գրիչին կը պատկանի։

 

Ն. Ս. (Նիկողոս Սարաֆեան), «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ, Ա. հատոր. Արձակ էջեր եւ հէքիաթներ», Մենք, Փարիզ, Ա. թիւ. 1931, էջ 52-53։

 

«Ամբողջական երկեր, Ա. Արձակ ու հէքիաթներ», գրախօս՝ Յովհաննէս Աւագեան, Հայաստանի կոչնակ, ԼԱ. տարի, 1931, թ. 21, էջ 661-662։

 

Ծաղկեփունջ . Զարդարեան), հրատարակութիւն Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան, Հալէպ, տպ. Նայիրի, 1954, 12 էջ։ Տրուած են կենսագրական ակնարկ մը եւ Ռ. Զարդարեանի գրութիւններէն «Քարացածները», «Բագինին փառաբանութիւնը», «Հայրենական սազը» եւ «Բռնաւորին արցունքը» կտորները։

 

Գ. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ռ. Զարդարեան. Ցայգալոյս (հատուածներ), Գրական ցոլքեր, թ. 10, 1959, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 105 էջ։

Հայր Մեսրոպ Ճանաշեան,      «Ռ. Զարդարեան» (1874-1915), էջ 5-10։

 

Բովանդակութիւն

էջ

Իբր նախամուտ

11

Արձակներ (թիւով 15)

13 - 89

 

Գրութիւնները առնուած են Ցայգալոյսի Ա. եւ Բ. տպագրութիւններէն։

 

Դ. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ցայգալոյս, կազմեցին, ծանօթագրեցին եւ խմբագրեցին՝ Վաղարշակ Նորենց եւ Սողոմոն Տարօնցի. Երեւան, Հայպետհրատ, 1959, 603 էջ։

 

Բովանդակութիւն

էջ

Իբր նախամուտ

11

Արձակներ (թիւով 15)

13 - 89

Հէքիաթներ եւ լեգենդներ

167 - 239

Արձակ քերթուածներ եւ պատկերներ

240 - 348

Բանաստեղծութիւններ

351 - 368

Թարգմանութիւններ

371 - 455

Գրական յօդուածներ

459 - 538

Յուշագրութիւն Առիւծին ժանիքէն

541 - 580

Ծանօթագրութիւններ

583 - 587

Բառարան

589 - 599

Բովանդակութիւն

601 - 603

 

Ցայգալոյսի ցարդ կատարուած հրատարակութիւններուն ամէնէն ընդարձակն ու գիտականն է։

 

Գրախօսական

«Ցայգալոյս» . Զարդարեանի), գրախօս՝ Արշաւիր Գապպէնճեան, Նայիրի շաբաթաթերթ, Է. տարի (ԺԸ. ), թ. 42 (Կիրակի, 21 Փետր. 1960), էջ 1, Նոյն թիւին մէջ խմբագրութիւնը կ՚անդրադառնայ Հայպետհրատի լոյս ընծայած Ռ. Զարդարեանի հատորին եւ լոյս կ՚ընծայէ Զարդարեանի «Հայրենիքս կ՚ուզեմ ես» պատմուածքը (էջ 6)՝ խորհելով որ Պետհրատի հրատարակութենէն դուրս ձգուած է. մինչ իրականութիւնը այն է՝ որ հաւաքածոյին մէջ ներառեալ է (էջ 46-51)։ Կան Զարդարեանի նկարն ու ստորագրութիւնը։

Ազդարար օրաթերթը 1954-ին որպէս թերթօն լոյս ընծայած է Ցայգալոյսը . 15, Պէյրութ)։