ԾՆՆԴԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ,
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
ԵՒ
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Դանիէլ
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակին
առիթով՝
Հայրենիքն
ու
Սփիւռքը
յոբելենական
հանդիսութիւններ
կատարեցին։
Մեր
կարողութեան
ներած
չափով
հոս
կը
նշենք
զանոնք։
Մեր
քաղաքական
պայմանները
չեն
ներեր,
որ
Հայրենիքի
եւ
Սփիւռքի
թերթերը
ձեռքի
տակ
ունենանք։
Հետեւաբար,
կրնայ
պատահիլ,
որ
չկրցանք
որոշ
հանդիսութիւններու
տեղեակ
դառնալ։
Հանդիսութեանց
նշումին
մէջ
եղած
ենք
զուսպ։
Նշած
ենք
բանախօսներուն
եւ
բացումն
ու
փակումը
կատարողներուն
անունները։
Գեղարուեստական
յայտագիրներուն
մասնակցողներուն
անունները
զանց
ըրած
ենք։
Հանդիսութիւններ
կատարած
են
նաեւ
Սփիւռքի
կարգ
մը
դպրոցները։
Զանց
ըրինք
անոնց
նշումը։
Մեր
օգտագործած
աղբիւրները
նշեցինք,
որպէսզի
ապագային՝
բանասէրներուն
գործը
դիւրացնենք։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
2
Ապրիլ
1984,
Բիրէայի
(Աթէնքի
նաւահանգիստ)
Տիմոթիքօ
թատրոնին
մէջ,
համագործակցութեամբ
Յոյն
Գրողներու
Միութեան
եւ
«Համազգային»ի։
Բացման
խօսք՝
Յոյն
Գրողներու
Միութեան
ատենապետ՝
Թ.
Նասիուճիք,
դասախօսներ՝
Կիրակոս
Մկրտիչեան
(հայերէն)
եւ
Բեթրոս
Սբենծիս
(յունարէն)։
ՍՈՒՐԻԱ
Չորեքշաբթի,
25
Ապրիլ
1984,
Հալէպի
Հ.
Բ.
Ը.
Մ.
ի
սրահին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
«Համազգային»ի
Հալէպի
Շրջանային
Վարչութեան
եւ
հովանաւորութեամբ
հայ
երեք
համայնքապետերուն։
Բացում՝
Սուրէն
Նազարեան։
Կարճ
խօսքով
հանդէս
եկած
են՝
վեր.
Պարգեւ
Աբարդեան,
Անդրէաս
եպս.
Պետօղլեան
եւ
Սուրէն
արք.
Գաթարոյեան։
Գլխաւոր
դասախօս՝
հայր
Լեւոն
Զէքիեան,
որ
Վենետիկէն
յատուկ
հրաւէրով
ժամանած
է։
Հայր
Զէքիեանի
դասախօութիւնը
լոյս
տեսած
է
Հայրենիք
օրաթերթին
մէջ
(տես
անդրադարձի
բաժինը)։
Աղբ.
՝
Հայրենիք
օրաթ.,
Յունիս
30,
1984,
էջ
6։
Մայիս
8,
1984,
Հայ
Կաթողիկէ
եկեղեցապատկան
սրահը
(Դամասկոս)։
Բացում՝
Սարգիս
Քէշիշեան։
Դասախօսը
ներկայացուցած
է
Հ.
Անտոն
վրդ.
Ադամեան,
դասախօս՝
Հ.
Լեւոն
Զէքիեան։
Փակում՝
Գերպ.
Գէորգ
Թայրոյեան
(Հայրենիք
օրաթ.,
Յուլիս
21,
1984,
էջ
10)։
1985-ի
Փետրուարին,
Դամասկոսի
Հ.
Ե.
Ը.
ի
կազմակերպութեամբ։
Բանախօսած
են
տէր
եւ
տիկին
Ասատուր
Պետեաններ։
Փակումը
կատարած
է
Ոսկան
եպս.
Գալբաքեանը։
Թղթակիցը՝
Գ.
Ասիլեան,
ո՛չ
օրը
եւ
ոչ
ալ
վայրը
կը
նշէ
(Զարթօնք
օրաթ.,
21
Փետրուար
1985,
էջ
3)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Արմէնփրէսի
հաղորդումներուն
մէջ
երբեմն
կը
պակսի
ճշգրտութիւն։
«Այս
օրերուն»,
«Վերջերս»
տարտամ
խօսքերով
կը
գոհանայ,
առանց
ճշգրիտ
ամիս
եւ
օր
նշելու։
Արտասահմանի
մեր
մամուլն
ալ,
որ
կը
տպէ
Արմէնփրէսի
հաղորդագրութիւնները,
չի
նշեր
թուական։
Հետեւաբար,
պարտաւորուած
ենք
երբեմն
ենթադրութիւններու
դիմել։
Երբեմն՝
նոյն
երեւոյթին
դէմ
յանդիման
գտնուած
ենք
արտասահմանի
թղթակցութիւններուն
մէջ։
1984-ի
սկիզբը
Հայաստան
կը
պատրաստուի
տօնելու
Դանիէլ
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակը։
Այս
կապակցութեամբ,
հայրենի
լրագրական
գործակալութիւնը՝
Արմէնփրէս,
կը
յայտնէ
ստեղծուած
յոբելենական
յանձնաժողովին
կազմը,
որ
կը
բաղկանայ
հետեւեալ
գրողներէն,
գրականագէտներէն,
թարգմանիչներէն
եւ
պատասխանատուներէն.
Վարդգէս
Պետրոսեան
(նախագահ),
Սուրէն
Աւետիսեան,
Նորայր
Ատալեան,
Ստեփան
Ալաջաջեան,
Գուրգէն
Առաքելեան,
Գրիգոր
Ասատրեան,
Արամ
Գրիգորեան,
Վահագն
Դաւթեան,
Պերճ
Զէյթունցեան,
Սիլվա
Կապուտիկեան,
Յարութիւն
Կարապետեան,
Լորիս
Կրոյեան,
Նորա
Յակոբեան,
Վարդգէս
Համազասպեան,
Սիմոն
Հախումեան,
Հրաչեայ
Յովհաննիսեան,
Լիւտվիկ
Ղարիբջանեան,
Պորիս
Մկրտչեան,
Գեղամ
Մուզնեցեան,
Ստեփան
Պօղոսեան,
Էտուարտ
Ջրբաշեան,
Համօ
Սահեան,
Ռոպերթ
Վարդանեան։
Յանձնախումբը
կը
ծրագրէ
զանազան
ձեռնարկներ
կազմակերպել։
Ականաւոր
բանաստեղծին
կեանքին
եւ
ստեղծագործութեան
նուիրուած
համատեղ
գիտական
նստաշրջան
մը
պիտի
կազմակերպուի
Հայաստանի
Գիտութեանց
Ակադեմիայի
Գրականութեան
Հիմնարկին
եւ
Հայաստանի
Գրողներու
Միութեան
կողմէ։
Յոբելեանին
լայնօրէն
պիտի
անդրադառնան
հանրապետութեան
թերթերն
ու
ամսագիրները,
հեռատեսիլն
ու
ձայնասփիւռը։
Ընթերցողներու
սեղանին
պիտի
դրուին
հանճարեղ
բանաստեղծին
ստեղծագործութիւններու
ընտրանին՝
թէ՛
հայերէն
եւ
թէ՛
ռուսերէն
լեզուներով,
ինչպէս
նաեւ
անոր
գրական
ժառանգութեան
նուիրուած
գրականագիտական
ուսումնասիրութիւններ։
Իր
հերթին,
Սփիւռքահայութեան
հետ
Մշակութային
Կապի
Կոմիտէն
Դանիէլ
Վարուժանի
կեանքն
ու
գրական
վաստակը
արտացոլացնող
նիւթեր
պիտի
առաքէ
սփիւռքահայ
գաղթօճախներուն։
Մեր
բանաստեղծին
գրականութիւնը
համախորհրդային
մակարդակով
փրոփականտելու
համար,
Յանձնախումբը
երեկոյ
մը
պիտի
կազմակերպէ
Մոսկուայի
մէջ,
Գրողներու
Տունէն
ներս,
հայ,
ռուս,
ուքրայնացի
եւ
ուրիշ
ազգութեանց
պատկանող
գրողներու
ներկայութեան։
Հանդիսութիւնները
իրենց
աւարտին
պիտի
հասնին
յոբելենական
հանդիսաւոր
նիստով
մը,
հայրենի
պետական
աւագանիին
ներկայութեան,
Արամ
Խաչատրեանի
անուան
համերգային
Մեծ
Դահլիճին
մէջ։
Ցուցահանդէս
Ալեքսանդր
Միասնիկեանի
անուան
հանրային
գրադարանին
մէջ
(Երեւան)
սարքուեցաւ
ցուցահանդէս
մը,
Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակին
առիթով։
Ցուցադրուած
են
Պոլսոյ,
Փարիզի,
Վենետիկի,
Երուսաղէմի
եւ
Երեւանի
մէջ
լոյս
տեսած՝
քերթողին
հատորները։
Ցուցադրուած
են
նաեւ
Դ.
Վարուժանի
նուիրուած
մենագրական
եւ
ուսումնասիրական
աշխատանքները։
Ցուցադրութեան
դրուած
են
նաեւ
գիրքեր,
ամսագիրներ
եւ
թերթեր,
որոնց
մէջ
կան
Վարուժանի
գործերէն
օտար
թարգմանութիւններ
(
Ազդակ
օրաթ.,
22
Մայիս,
1984,
էջ
3)։
Աղբիւրը
ամիս
չի
նշեր,
սակայն,
կ՚ենթադրենք
որ
տեղի
ունեցած
ըլլայ
Ապրիլ
ամսուան
ընթացքին։
Հանդիսաւոր
երեկոյ
12
Յունիս
1984-ին՝
Գ.
Սունդուկեանի
անուան
պետական
ակադեմական
թատրոնին
մէջ
(Երեւան)։
Բացում՝
Հայաստանի
Խորհրդային
Գրողներու
Միութեան
վարչութեան
նախագահ
Վարդգէս
Պետրոսեանի
կողմէ։
Գլխաւոր
բանախօս՝
Վահագն
Դաւթեան։
Նաեւ
ելոյթ
ունեցած
են
ակադեմիկոս
Գ.
Բրուտեանը,
ամերիկահայ
հանրային
գործիչ
Երուանդ
Ազատեանը,
Երեւանի
Դ.
Վարուժանի
անուան
դպրոցի
տնօրէն՝
Ա.
Ամիրեանը
եւ
Հայաստանի
Խորհրդային
Գրողներու
Միութեան
վարչութեան
քարտուղար
Պերճ
Զէյթունցեանը
(Զարթօնք
օրաթ.,
20
Յուլիս
1984,
էջ
2)։
Գիտական
նստաշրջան՝
նուիրուած
Դ.
Վարուժանի
Տեղի
ունեցած
է
Երեւանի
մէջ,
նախաձեռնութեամբ՝
ՀՍՍՀ
ԳԱ
Մանուկ
Աբեղեանի
անուան
գրականութեան
հիմնարկին
եւ
Հայաստանի
Գրողներու
Միութեան։
Բացում՝
ՀԳՄ
վարչութեան
քարտուղար
Պերճ
Զէյթունցեանի
կողմէ։
Զեկուցաբերներ
եւ
իրենց
նիւթերը
–
դոկտ.
Սուրէն
Աղաբաբեան,
«Դ.
Վարուժանը
եւ
սովետահայ
պոէզիան»,
Ալբերտ
Շարուրեանի,
«Դ.
Վարուժանի
կեանքի
եւ
ստեղծագործութեան
նորայայտ
էջերը»,
Վ.
Կիրակոսեան,
«Դ.
Վարուժանի
Հացին
երգը»,
Յ.
Պեքմեզեան,
«Դարասկիզբի
հայ
գրական
շարժումը
եւ
Դ.
Վարուժանի
Հեթանոս
երգերը»,
Մ.
Թադէոսեան,
«Դ.
Վարուժանի
պոէզիան
ժամանակի
քննադատական
մտքի
գնահատութեամբ»,
Ա.
Զաքարեան,
«Ե.
Չարենցը
եւ
Դ.
Վարուժանը»։
Փակումը
կատարած
է
Մանուկ
Աբեղեանի
անուան
հիմնարկի
տնօրէն
Եդուարդ
Ջրբաշեանը
(Զարթօնք
օրաթ.,
20
Յուլիս
1984,
էջ
2)։
Չէ
նշուած
ամիսն
ու
օրը։
Բայց
կ՚ենթադրենք
որ
տեղի
ունեցած
ըլլայ
Յունիսի
ընթացքին։
Դ.
Վարուժանի
նուիրուած
երեկոյ,
որ
տեղի
ունեցաւ
Հայաստանի
Գրողներու
Տան
մեծ
դահլիճին
մէջ
(Երեւան),
հաւանաբար
կազմակերպուած
Գրողներու
Միութեան
վարչութեան
կողմէ։
Ելոյթ
ունեցած
են
Ստեփան
Թոփչեան,
Արշալոյս
Մարգարեան,
երաժիշտ
Երուանդ
Երկանեան
եւ
Դ.
Վարուժանի
որդին՝
Հայկ
Վարուժանը
(Ազդակ
օրաթաթերթ,
14
Նոյեմբեր
1984,
էջ
3
եւ
Զարթօնք
օրաթերթ,
14
Հոկտեմբեր
1984,
էջ
3)։
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ
ԱՄԵՐԻԿԱ
Շաբաթ,
8
Սեպտեմբեր
1984,
Տիթրոյթի
Հայ
Կեդրոնի
ժողովասրահին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
Տիթրոյթի
Համազգայինի
Հայ
Մշակութային
եւ
Կրթական
ընկերակցութեան։
Յայտագիրը
վարած
է
Յովակիմ
Մանուկեան։
Դասախօս՝
Յակոբ
Կարապենց։
Դասախօսը
ներկայացուցած
է
Զարեհ
Մելքոնեանը
(Հայրենիք
օրաթերթ,
22
Սեպտեմբեր
1984,
էջ
10)։
Դասախօսութիւնը
տպուած
է
Հայրենիք
օրաթերթին
մէջ։
Տես
Արձագանգի
բաժինը։
6
Հոկտեմբեր
1984,
Նիւ
Ճըրզի
(Մ.
Նահանգներ),
«Համազգայինի
9-րդ
համախմբումին
առիթով
կազմակերպուած
գրական-գեղարուեստական
յայտագիր,
որուն
առաջին
մասը
յատկացուած
է
Դ.
Վարուժանի։
Բանախօսուհի՝
Գոհար
Թէօլէօլեան
(Հայրենիք
օրաթերթ,
[Պոսթըն],
Հոկտեմբեր
20
եւ
27,
էջ
6)։
Բանախօսութիւնը
ամբողջապէս
տպուած
է
Հայրենիքի
մէջ։
Տեսնել
անդրադարձի
բաժինը։
7
Հոկտեմբեր
1984,
Նիւ
Եորքի
«Էսսեքս
Հաուզ»
հիւրանոցի
սրահին
մէջ,
նախաձեռնութեամբ
Մ.
Նահանգներու
եւ
Գանատայի
Հայ
Կաթողիկէ
Առաջնորդութեան։
Բանախօսներ՝
քոյր
Արուսեակ
Սաճոնեան
(անգլ.
),
Վեհանոյշ
Թեքեան
(հայ.
),
Մինաս
Թէօլէօլեան
(հայ.
)
եւ
դոկտ.
Գէորգ
Պարտագճեան
(անգլ.
)։
Տես՝
Հայրենիք
օրաթերթ,
2
Նոյեմբեր
1984,
էջ
4։
Վեհանոյշ
Թեքեանի
խօսքը
լոյս
տեսած
է
Գրական
հորիզոնի
բացառիկին
մէջ։
Մ.
Թէօլէօլեանի
խօսքը
տպուած
է
իբրեւ
յօդուած
(տես
անդրադարձի
բաժինը)։
Ուրբաթ,
19
Հոկտեմբեր
1984-ին,
Տիթրոյթի
Ս.
ՅովհաննուՄկրտիչ
եկեղեցւոյ
Երիտասարդական
կեդրոնին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
Տիթրոյթի
Թէքէեան
Մշակութային
Միութեան
եւ
Հ.
Բ.
Ը.
Մ.
ի
Արանց
մասնաճիւղի
վարչութիւններուն։
Բացում
եւ
փակում՝
Արմէն
Յովհաննէսեանի
կողմէ։
Գլխաւոր
բանախօսներ՝
Տիգրան
Թումաճան
եւ
Երուանդ
Ազատեան։
Հակիրճ
պատգամ
մը
տուած
է
հայր
Յովհաննէս
Դերձակեանը
(Զարթօնք
օրաթերթ,
13
Նոյեմբեր
1984,
էջ
3)։
ԼԻԲԱՆԱՆ
Կիրակի,
21
Հոկտեմբեր
1984-ին,
Պէյրութի
Թէքէեան
Կեդրոնի
սրահին
մէջ
(Ժըմէյզէ),
Պէյրութի
Թէքէեան
Մշակութային
Միութեան
կողմէ։
Բացում՝
Յովհաննէս
Թապագեանի
կողմէ։
Բանախօսներ՝
Արմէն
Դարեան
եւ
Սիմոն
Սիմոնեան։
Հակիրճ
պատգամ՝
Վահէ-Վահեանի
կողմէ
(Զարթօնք
օրաթերթ,
31
Հոկտեմբեր
1984,
էջ
3-4)։
Շաբաթ,
17
Նոյեմբեր
1984,
կ.
ե.
«Ազատամարտ»
ակումբի
հանդիսասրահին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
Լիբանանահայ
Օգնութեան
Խաչի
Էշրէֆիէի
մասնաճիւղին։
Ձեռնարկը
ունեցած
է
երկու
մաս.
1)
Դասախօսութիւն։
Բացում՝
տիկին
Սեդա
Խտշեանի
կողմէ։
Դասախօս՝
հայր
Նշան
Քեհէեան։
2)
Արտասանական
մրցում,
չորս
վարժարաններու
մասնակցութեամբ
(Ազդակ
օրաթերթ,
22
Նոյեմբեր
1984,
էջ
3)։
Հաղորդագրութիւն
«Համազգային»ի
Դ.
Վարուժանի
Յոբելենական
Յանձնախումբի»,
Ազդակ
օրաթերթ
(Պէյրութ),
5
Յունուար
1985,
էջ
3։
Սանդուխտ
Պերթիզլեան,
«Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակ»,
Ազդակ
օրաթերթ,
19
Յունուար
1985,
էջ
3։
Համազգային
Յոբելենական
Յանձնախումբ,
Դ.
Վարուժանի
100-ամեակի
հանդիսութիւն
(Պէյրութ,
1985),
40
էջ։
Բովանդակութիւն.
Համազգայինի
Դ.
Վարուժան
100-ամեակի
Յանձնախումբ,
«Մեր
խօսքը»,
էջ
3-4։
«Դ.
Վարուժան
(կեանքն
ու
գործը)»,
էջ
5-7։
Մէջբերումներ
օրուան
բանախօսութիւններէն
-
Յ.
Գեղարդ,
«Վարուժան՝
մարդը»,
էջ
8-9.
Յարութիւն
Պէրպէրեան,
«Վարուժան՝
գրագէտը»,
էջ
9-10։
Դ.
Վարուժանէն
քերթուածներ,
էջ
11-12,
14-15,
18-20,
24։
Դ.
Վարուժանէն
արձակներ
–
«Վարուժանի
նամակը՝
Լեւոն
Էսաճանեանին»,
էջ
13։
«Վեհաճաշը»,
էջ
16-17։
«Մտածումներ
Վարուժանէն»,
էջ
21-22։
«Ըղեղներ»,
էջ
23։
«Հատուածներ
Դ.
Վարուժանի
դամբանականէն՝
արտասանուած
Ս.
Զաւարեանի
մահուան
առթիւ»,
էջ
25։
«Վկայութիւններ
Վարուժանի
մասին»,
էջ
12,
20,
24,
26-32։
«Օտարներ՝
Վարուժանի
մասին»,
էջ
33։
Կարապետ
Փոլատեան,
«Կանտի
համալսարանի
փառաշուք
տօնակատարութիւնը»,
էջ
34-35։
Արտաշէս
Տէր
Խաչատուրեան,
«Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակին
նուիրուած
ցուցահանդէսին
առիթով»,
էջ
36.
«Մատենագիտութիւն
(գիրքերու
նշում)»,
էջ
37-39։
20
Յունուար
1985,
Պուրճ
Համուտի
(Պէյրութ)
Յակոբ
Տէր
Մելքոնեան
թատերասրահին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
«Համազգային»ի
Դ.
Վարուժանի
Յոբելենական
Յանձնախումբի։
Հանդիսութիւնը
ունէր
երկու
բաժին
-
1)
Ցուցահանդէս՝
գործակցութեամբ
Արտաշէս
Տէր
Խաչատուրեանի
(արխիւներ)
եւ
Թաթուլ
Այնէճեանի
(նկարներ).
2)
Բանախօսական
բաժին
–
բանախօսներ՝
տոքթ.
Յարութիւն
Գազանճեան
(տոքթ.
Յ.
Գեղարդ)
եւ
Յարութիւն
Պէրպէրեան։
Բանախօսներու
խօսքերը
տեսնել
Բագինի՝
Դ.
Վարուժանի
նուիրուած
բացառիկին
մէջ։
Ինչե՞ր
կը
համախմբէր
ցուցահանդէսը.
1.
Դ.
Վարուժանի
գրական
նախափորձերէն
նմոյշներ
-
Քաղկեդոնի
Մխիթարեան
վարժարանի
եւ
Վենետիկի
Մուրատ-Ռափայէլեան
վարժարանի
աշակերտական
թերթերուն
մէջ
լոյս
տեսած։
2.
Ան
լայն
աշխատակցութիւն
բերած
է
Գեղունիի,
Բազմավէպի,
Անահիտի,
Ազդակի,
Շանթի,
Ազատամարտի,
Հայ
գրականութիւն
հանդէսին,
Թէոդիկի
Ամենուն
տարեցոյցըին
եւ
այլ
թերթերու։
Այս
չափածոյ
եւ
արձակ
վաստակին
80%
տոկոսը
կարելի
եղած
է
գտնել
եւ
ցուցադրել։
Զանց
առնուած
է
առօրեայ
մամուլը։
3.
Առանձին
հատորներն
ու
վերհրատարակութիւնները
–
Կ.
Պոլիս,
Երուսաղէմ
եւ
Երեւան։
4.
Նամակները
-
անջատաբար
թէ
առանձին
հատորներով
լոյս
ընծայուած։
5.
Դ.
Վարուժանի
գործերուն
վերաբերեալ
գրախօսականներ,
իրեն
նուիրուած
մամուլի
բացառիկներ
եւ
անդրադարձներ։
Այս
հինգ
բաժիններուն
մէջ
ցուցադրուած
էին
151
կտոր։
6.
Գրականութեան,
պատմութեան
եւ
գրականութեան
դասագիրքերու
ակնարկներ
եւ
անդրադարձներ
(40
նիւթ)։
7.
Մենագրութիւններ
(12
գործ)։
8.
Իր
կատարած
թարգմանութիւններէն
նմոյշներ.
նաեւ
իր
գործերուն
օտար
թարգմանութիւններէն
-
ֆրանսերէն,
անգլերէն,
արաբերէն
եւ
սպաներէն
(54
կտոր)։
9.
Իր
ծննդեան
100-ամեակին
առթիւ
եղած
անդրադարձներ
(63
կտոր)։
Ընդհանուր
գումար
320
նիւթ։
Թղթակցութիւն
«Լիբանանահայութիւնը
ոգեպնդուեցաւ
Դ.
Վարուժանի
լոյսով»,
Ազդակ
օրաթերթ
(23
Յունուար
1985),
էջ
3։
Պ.
[Նորա
Պարութճեան],
«Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակին
նուիրուած
հանդիսութիւն»,
Զարթօնք
օրաթերթ
(26
Յունուար
1985),
էջ
3։
Սանդուխտ
Պերթիզլեան
(Շահանդուխտ),
«Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակի
ցուցահանդէսը»,
Ազդակ
օրաթերթ
(7
Փետրուար
1985),
էջ
3։
Հարցազրոյց՝
արխիւային
բաժինը
հաւաքող
եւ
ցուցադրող
Արտաշէս
Տէր
Խաչատուրեանի
հետ։
Յասմիկ
Ճամուսեան,
«Տպաւորութիւններ՝
Դ.
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակի
ցուցահանդէսէն»,
անդ։
ԱՆԳԼԻԱ
Ուրբաթ,
7
Դեկտեմբեր,
1984,
Լոնտոնի
Հեմըրսմիթ
Թաունհօլ
սրահին
մէջ։
Հանդիսավար՝
Յակոբ
Փալամուտեան,
բանախօսներ՝
Կարպիս
Եղիայեան
եւ
հայր
Լեւոն
Զէքիեան
(Ազատ
օր
[Աթէնք]
11
Յունուար,
1985,
էջ
3
եւ
Զարթօնք
օրաթերթ
[Պէյրութ],
11
Յունուար
1985,
էջ
3)։
ԳԱՆԱՏԱ
9
Դեկտեմբեր
1984,
Համազգայինի
Վանքուվըրի
մասնաճիւղին
կողմէ։
ՖՐԱՆՍԱ
13
Դեկտեմբեր,
1984,
Փարիզի
Ս.
Մեսրոպ
Մշակութային
կեդրոնին
մէջ
ցուցահանդէս։
Խօսած
են
հայր
Լեւոն
Զէքիեան
եւ
Շարլ
Տէտէեան
(Ազատ
օր)։
Լիոնի
հայ
առաքելական
եկեղեցւոյ
սրահին
մէջ,
Լիոնի
Հայ
Մշակութային
Միութեան
նախաձեռնութեամբ։
Նախագահ՝
հայր
Յարութիւն
Պզտիկեան,
բանախօս՝
Զուլալ
Գազանճեան։
Նիսի
մէջ՝
բանախօսներ՝
Յովհաննէս
Չիլինկիրեան,
Կարօ
Յովսէփեան
եւ
Ժիրայր
Միրիճեան։
Թղթակիցը,
որ
մեզի
կը
փոխանցէ
վերոյիշեալ
երկու
հանդիսութիւնները,
կը
յայտնէ
թէ
Փարիզի
եւ
Մարսէյլի
մէջ
ալ
հանդիսութիւններ
կատարուած
են։
Բայց
չի
նշեր
ճշգրիտ
թուական
եւ
վայր
(Ազդակ
օրաթերթ,
5
Նոյեմբեր
1984,
էջ
3)։
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ
ԱՄԵՐԻԿԱ
«Preparativos
para
la
evocacion
del
centenario
del
nacimiento
de
Taniel
Varuyan»,
Արմենիա
22
Փետրուար
1984,
էջ
4։
Ուրբաթ,
28
Դեկտեմբեր
1984,
Պուէնոս
Այրէսի
«Արմենիա»
թատերասրահին
մէջ,
կազմակերպութեամբ
Արմենիա
Մշակութային
Միութեան։
Բացում՝
Պետրոս
Հաճեան,
բանախօսներ՝
Կարպիս
Մանուկեան
եւ
Յակոբ
վրդ.
Գլընճեան
(Ազդակ
օրաթերթ
[Պէյրութ],
5
Փետրուար
1985,
էջ
3)։
«Le
centenario
de
Taniel
Varuyan,
Recordado
en
significalivo
acto»,
Արմենիա,
10
Յունուար
1985,
էջ
4։
ՄԱՄՈՒԼ
«Հզօր
երգ՝
նուիրուած
մարդկութեան»
խորագիրին
տակ՝
Արմէնփրէս
կ՚անդրադառնայ
Հայաստանի
թերթերուն
մէջ
լոյս
տեսած՝
Դ.
Վարուժանի
նուիրուած
գրութեանց։
Կը
նշէ
թերթերը,
առանց
թուահամար,
ամիս
եւ
օր
տալու։
Կը
նշէ
յօդուածագիրներուն
անունները,
երբեմն
մոռնալով
տալու
յօդուածին
վերնագիրը։
Ի՛նչ
որ
կրցանք
քաղել՝
կ՚արձանագրենք
հոս։
Մեզի
աղբիւր
ծառայած
են
Ազդակ
օրաթերթը
(26
Յունիս
1984,
էջ
3)
եւ
Զարթօնք
օրաթերթը
(10
Յուլիս
1984,
էջ
3։
ԱՒԱՆԳԱՐԴ
Արսէն
Գլըճեան,
«Հոգու
դաստիարակների
ճանապարհը»։
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ
Վազգէն
Գաբրիէլեան,
«Յաւերժ
բաբախող
սիրտ»։
Լիւտվիկ
Դուրեան,
Հենրիկ
Մամեան
(Հարճը
պոէմի՝
իր
կողմէ
կատարուած
նկարազարդումի
լուսանկարներ),
Գուժ
Մանուկեան,
Աշոտ
Ամիրեան
եւ
Ստեփան
Թոփչեան։
ԿՈՄՈՒՆԻՍՏ
(ռուսերէն)
Սիլվա
Կապուտիկեան,
Ա.
Շչերպաքով,
Ե.
Սոլոնովիչ
եւ
Սերգէ
Շերվինսքի։
ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Եդուարդ
Ջրբաշեան,
Տիգրան
Մանսուրեան,
«Մեղեդու
ծնունդը»
եւ
Գէորգ
Էմին։
ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
(Երեւան),
1984,
թ
6.
Վլադիմիր
Կիրակոսեան,
«Բանաստեղծութեան
ասպետը»,
էջ
99-107։
Լիա
Բալագեան,
«Դ.
Վարուժանը՝
խաղաղութեան
երգիչ»,
էջ
107-109։
Ռազմիկ
Տօնեան,
«Բրգնիկի
լոյսը»,
էջ
109-110։
Հրայր
Մովսիսեան,
«Դ.
Վարուժանը
պարսկերէն»,
էջ
110-111։
ԳԱՐՈՒՆ
ամսագիրը
(Երեւան)
Դ.
Վարուժանի
նուիրեց
շուրջ
30
էջ
(թ.
5,
1984)։
Կը
պարունակէ
հետեւեալ
մասերը
–
«Գարուն»ին
պատասխանում
են
երիտասարդ
գրողները»,
Արմէն
Մարտիրոսեան,
«Դէպ
ի
աղբիւրը
լոյսին»,
էջ
55։
Յովհաննէս
Գրիգորեան,
«Ընդամէնը
մի
կեանք»,
56-57։
Յակոբ
Մովսէս,
«”...
Մեծութեան
եւ
զոհագործումին
համար”»,
էջ
57-58։
Իգնատ
Մամեան,
«Սօսեաց
անտառների
ձայնը»,
էջ
58։
Աշոտ
Աւդալեան,
«Ժողովրդի
ցաւով»,
էջ
59-60։
Աղուան
Վարդանեան,
«Նրա
թողած
ճանապարհը»,
էջ
60։
Ալբերտ
Շարուրեան,
«Երկու
հանդիպում
(Դանիէլ
Վարուժանի
նորայայտ
յօդուածներից)»,
էջ
61-
63։
Դ.
Վարուժան,
«Վեհաճաշը»,
էջ
64-65։
Պերճ
Զէյթունցեան,
«Մեծ
լռութիւն»
(դրամա
երկու
մասից,
վերջաբանով)»,
էջ
66-84։
ԱԶԴԱԿ
օրաթ.
(Պէյրութ),
19
Նոյեմբեր
1984,
էջ
4-5։
Մովսէս
Ս.
Հերկելեան,
«Հարճը՝
գրիչով
եւ
վրձինով»,
էջ
4։
Արտատպուած
Սփիւռքի
այլ
թերթերէ։
Կարապետ
Փօլատեան,
«Կանտի
համալսարանի
փառաշուք
տօնակատարութիւնը»,
էջ
4։
Կանտի
համալսարանի
հանդիսութեան
նուիրուած
յուշագիրքէն
արտատպուած։
Յ.
Օշական,
«Դ.
Վարուժան»,
էջ
4։
Արտաշէս
Տէր
Խաչատուրեան,
«Դ.
Վարուժանի
գրական
վաստակը»,
էջ
5։
Մեր
յօդուածաշարքին
երրորդն
ու
վերջինը։
Արտատպուած
Սփիւռքի
այլ
թերթերէ։
Դ.
Վարուժանէն
4
քերթուած։
ԱԶԴԱԿ
օրաթերթ
(Պէյրութ),
թ.
219
(26
Նոյեմբեր
1984),
էջ
4։
Մովսէս
Ծիրանի
[Մովսէս
Ս.
Հերկելեան],
«Ցորեանի
դաշտեր,
Ցորեանի
ծովեր»։
Սերգէյ
Գորդեցկի,
«Սեբաստացի
գեղջուկը»։
Սիլվա
Կապուտիկեան,
«Հպարտութեան
անսպառելի
ակունքը։
ԱԶԴԱԿ
օրաթերթ
(19
Յունուար
1985),
էջ
4-5։
Բացի
մէկ
յօդուածէն՝
միւսները
արտատպում։
Սարգիս
Կիրակոսեան,
«Ցեղին
սիրտը»,
էջ
4։
Դ.
Վարուժանէն
երկու
արձակ
եւ
չորս
քերթուած։
Վկայութիւններ
իր
մասին
16
գրողէ։
ԱՐՄԷՆԻԱ
(Պ.
Այրէս),
54-րդ
տարի,
թ.
11,
016
(24
Հոկտեմբեր
1984),
էջ
1-8։
Մեծ
մասամբ
արտատպում
է։
«Դ.
Վարուժան»,
Յուշապատում
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
հատորէն,
էջ
1,
75
Յ.
Օշական,
«Դ.
Վարուժան»
(հատուած),
էջ
2։
Պարոյր
Սեւակ,
«Ազգայինից
դէպի
միջազգայինը»,
էջ
2։
Յակոբ
Կարապենց,
«Դ.
Վարուժան՝
հացի
եւ
լոյսի
երգիչը»,
էջ
45,
7։
Սիլվա
Կապուտիկեան,
«Հպարտութեան
անսպառելի
ակունքը»,
էջ
6։
Առաքել
Պատրիկ,
«Վերջին
հայեացքը»,
էջ
6։
«Վարուժան՝
թարգմանիչի
ակնոցով»,
էջ
7։
Տրուած
է
Լիւք
Անտրէ
Մարսէլի
հաստատումներէն
հատուած
մը։
Դ.
Վարուժանէն
10
քերթուած
եւ
կարգ
մը
մտածումներ։
Վկայութիւններ
Դ.
Վարուժանի
մասին՝
Ա.
Չօպանեանէ,
Յ.
Օշականէ
եւ
Մ.
Թէօլէօլեանէ։
ԱՐՄԷՆԻԱ,
54-րդ
տարի,
թ.
11,
061
(22
Դեկտեմբեր
1984),
4
էջ։
Մեծ
մասամբ
արտատպում։
«Մեծարանք
հանճարեղ
եւ
նահատակ
բանաստեղծին»,
էջ
1։
Մովսէս
Ծիրանի
[Մովսէս
Ս.
Հերկելեան],
«Ցորեանի
դաշտեր»,
«Ցորեանի
ծովեր»,
էջ
2։
Նոյն,
«Հարճը՝
գրիչով
եւ
վրձինով»,
էջ
2։
Արտաշէս
Տէր
Խաչատուրեան,
«Դ.
Վարուժանի
գրական
վաստակը»,
էջ
3։
Դ.
Վարուժանէն
4
քերթուած
եւ
«Հերոսը»
արձակը,
էջ
4։
ԳՐԱԿԱՆ-ՀՈՐԻԶՈՆ,
մշակութային
ամսական
յաւելուած
(Մոնթրէալ),
բացառիկ
թիւ
(Դեկտ.
1984),
16
էջ։
«Դ.
Վարուժան»,
գծանկար՝
Արթօ
Չաքմաքեանի,
էջ
1։
«Այս
նոր
քայլը»,
խմբ.,
էջ
2։
Վահէ
Օշական,
«Դ.
Վարուժան
եւ
ուրիշ
բաներ»,
էջ
3-7։
Վեհանոյշ
Թեքեան,
«Իբրեւ
որդի
եւ
նախահայր»,
էջ
10-12։
«Դ.
Վարուժան»
(կենսագրական),
էջ
15։
«Նոր
գրքեր»
բաժինին
մէջ
(էջ
16)
կը
խօսուի
Դ.
Վարուժանի
երեւանեան
եռահատոր
ծրագրուած
հրատարակութեան
եւ
Հացին
երգըի
Պոսթընի
նոր
հրատարակութեան
մասին։
Դ.
Վարուժանէն
5
քերթուած
եւ
իր
մասին
վկայութիւններ՝
Վահագն
Դաւթեանէն,
Պերճ
Զէյթունցեանէն,
Յակոբ
Մովսէսէն,
Արմէն
Մարտիրոսեանէն,
Հ.
Լեւոն
Զէքիեանէն,
դոկտ.
Սուրէն
Բ.
Աղաբաբեանէն։
ԲԱԳԻՆ,
ամսագիր
գրականութեան
եւ
արուեստի
(Պէյրութ),
ԻԴ.
տարի,
թ.
4-5
(Ապրիլ
-
Մայիս
1985),
144
+
1
էջ։
[Խմբ.
],
«Վարուժանի
ընծան,
մեր
փառքը»,
էջ
1-2։
«Դ.
Վարուժան,
թուականներով
եւ
թիւերով»,
էջ
3-28։
Տուեալները
առնուած
են,
մեծ
մասամբ,
Ալբերտ
Շարուրեանի
Դ.
Վարուժանի
կեանքի
եւ
ստեղծագործութեան
տարեգրութիւն
գործին։
Մուշեղ
Իշխան,
«“Լոյսը”»,
էջ
29-30։
Յարութիւն
Գեղարդ,
«Դ.
Վարուժան-հայ
լեզուի
եւ
ոգիի
բիւրեղացումը»,
էջ
33-46։
«Կարգ
մը
քերթուածներու
ծննդոցը»,
էջ
48-49։
Սեդա
Պարսումեան-Տատոյեան,
«Դ.
Վարուժան,
իմացական-գեղագիտական
դրոյթը
իբրեւ
հակաթէզ
համայնապաշտութեան»
(հատուած),
էջ
51-57։
Ն.
Դիմաքսեան,
«Ազգայի՞ն
մշակոյթ
թէ
մշակութային
ազգ
(Վարուժանի
խորհրդապաշտութիւնը
ընդմէջ
վիպապաշտութեան
եւ
իրապաշտութեան)»,
էջ
61-70։
«Դ.
Վ.
էն
ձեռագիր
նմոյշ
մը»,
էջ
71։
Յակոբ
Կարապենց,
«Հացի
եւ
լոյսի
երգիչը»,
էջ
79-82։
Փանոս
Ճերանեան,
«Երգին
արձագանգը»,
էջ
86։
Յակոբ
Մանուկեան,
«Կնոջական
դիմապատկերը
Վարուժանի
քերթողութեան
մէջ»,
էջ
91-97։
Վեհանոյշ
Թեքեան,
«Իբրեւ
որդի
եւ
նախահայր»,
էջ
101-104։
Մովսէս
Ս.
Հերկելեան,
«Հեթանոսաբար»,
էջ
111-113։
Յարութիւն
Պէրպէրեան,
«Վարուժան՝
մեր
դասականը»,
էջ
125139։
Արտատպուած
են
Դ.
Վ.
էն
քերթուածներ,
իր
քերթուածներու
թարգմանութիւններէն
նմոյշներ
(զանազան
լեզուներով)։
Խմբագրութիւնը
կատարած
է
ճշդումներ,
հաստատումներ
եւ
մտածումներ։
Դ.
Վ.
ի
նուիրուած
քերթուածներ
եւ
վկայութիւններ
արտատըպած
է։
ՇԻՐԱԿ
գրականութեան
եւ
արուեստներու
ամսագիր
(Պէյրութ),
ԻԸ.
տարի,
Թ.
11-12
(Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր
1984),
96
էջ։
Խմբ.,
«100-ամեակ
–
Դ.
Վարուժան»,
էջ
1-2։
Երուանդ
Ազատեան,
«Դ.
Վարուժան»,
էջ
3-7։
Սմբատ
Տէրունեան,
«Դ.
Վարուժան,
գեղջուկը
որ
տեղաց
“աստղերու
ասպետներ”
ու
տարածեց
“երկրի
վրայ
արշալոյսի
ծիրանին”»,
էջ
10-44։
Պերճ
Զէյթունցեան,
«Մեծ
լռութիւն
(դրամա
երեք
մասից,
վերջաբանով)»,
էջ
50-73։
Գէորգ
Գազանճեան,
«Դ.
Վարուժան,
100-ամեակի
առթիւ
իբրեւ
յարգանքի
տուրք»,
էջ
79
-
86։
Արամ
Սեփեթճեան.
«“Հացին
երգը”
վարուժանեան
անաւարտ
համանուագը»,
էջ
90-93։
Ահմէտ
Ղուլապի,
«Դ.
Վարուժան...
անշիրիմ
բանաստեղծը»,
թարգմանութիւն
Ռ.
Ալեմեան,
էջ
94-95։
Արաբերէն
բնագիրը
լոյս
տեսած
է
Հալէպի
Ալ-քիֆահ
էլ-արապի
թիւ
322-ին
մէջ
(10-16
Սեպտեմբեր
1984)։
Դ.
Վ.
է
9
քերթուածի
եւ
մէկ
հուսկ
բանքի
արտատպում։
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Աբգարեան,
Գ.,
«Դ.
Վարուժան
եւ
Ֆրանց
Վերֆել»,
Բագին
ամս.,
ԻԴ.
տարի,
թ.
9
(Սեպտ.
1985),
էջ
45-48։
Աղաբաբեան
Սուրէն,
«Վարուժանի
աւանդները
գործողութեան
մէջ»,
Բագին
ամս.,
թ.
11
(Նոյ.
1985),
էջ
56-61։
Արտատպուած
է
Գրական
թերթէն
(Երեւան)։
Նոյն,
«Դ.
Վարուժան»,
Հայրենիք
օրաթերթը
(Պոսթըն),
Մայիս
12,
1984,
էջ
5-8։
Ուղարկուած
է
Մշակութային
Կապի
Կոմիտէին
կողմէ։
Նոյն,
«Դ.
Վարուժան»,
Պատմա-բանասիրական
հանդէս
(Երեւան),
թ.
2
(1984),
էջ
3-17։
Աֆարեան
Գրիգոր,
«Զուգակշիռ
Վիկտոր
Հիւկոյի
եւ
Դ.
Վարուժանի»,
Հայրենիք
օրաթերթ,
4
Հոկտեմբեր
1984,
էջ
4-5.
5
Հոկտեմբեր,
էջ
5,
8։
Դաւթեան
Վահագն,
«Խօսք
Դ.
Վարուժանի
մասին»,
Արեւ
օրաթերթ
(Գահիրէ),
17
Հոկտեմբեր
1984,
էջ
1։
Յօդուածին
տակ
գրուած
է
(շար.
4)։
Կրնայ
արտատպուած
ըլլալ
Գրական
թերթէն
(Երեւան)։
Նոյն,
«Դէպի
աղբիւրը
լոյսի»
Հայրենիք
օրաթերթ
(Պոսթըն),
Մայիս
5,
1984,
էջ
6,
10։
Ուղարկուած
է
Մշակութային
Կապի
Կոմիտէին
կողմէ։
Զէյթունցեան
Պերճ,
«“Առիւծների
զարմից”
սերուած»,
Սովետական
Հայաստան,
12
Յունիս,
1984։
Զէքիեան
Հայր
Լեւոն,
«Վարուժանի
բանաստեղծութեան
նկարագիրը
եւ
արուեստին
կազմաւորումը»,
Հայրենիք
օրաթերթ
(Պոսթըն),
Յունիս
30,
1984,
էջ
6-7,
12.
Յուլիս
3,
էջ
6-7։
Թէօլէօլեան
Գոհար,
«Դ.
Վարուժան»,
Հայրենիք
օրաթերթ
(Պոսթըն),
Հոկտեմբեր
27,
էջ
6-7,
Հոկտեմբեր
30,
1984,
էջ
5,
7։
Թէօլէօլեան
Մինաս,
«Վարուժան՝
գեղապաշտը»,
Հայրենիք
օրաթերթ,
2
Նոյեմբեր
1984,
էջ
4-5։
Թոփչեան
Ստեփան,
«Դանիէլ
Վարուժանի
Հացին
երգը»,
Անդաստան
(Փարիզ),
թ.
18
(1969),
էջ
121-132։
Խաչատրեան
Աւագ,
«Հայրենի
վշտի
եւ
պայծառ
գալիքի
երգիչը
(Դ.
Վ.
ի
ծննդեան
100-ամեակին
առթիւ)»,
Լրաբեր
հասարակական
գիտութիւնների,
թ.
5
(Մայիս,
1984),
էջ
12-22։
Կարապենց
Յակոբ,
«Դ.
Վարուժան
-
լոյսի
եւ
հացի
երգիչը»,
Հայրենիք
օրաթերթ
(Պոսթըն),
22
Սեպտեմբեր
1984,
էջ
4-5,
9։
Կիրակոսեան
Սարգիս,
«Ցեղին
հարազատ
եւ
ամբողջական
ձայնը»,
Բագին,
ԻԴ.
տարի,
թ.
6
(Յունիս,
1985),
էջ
31-36։
Հաճեան
Պետրոս,
«Դ.
Վարուժան»,
Արմենիա
(Պ.
Այրէս),
27
Դեկտեմբեր
1984,
էջ
1։
Հիւսեան
Մինաս,
«Վարուժանի
Հացին
երգը»,
Հայրենիք
օրաթերթ
(Պոսթըն),
Յուլիս
7,
1984,
էջ
6։
Արտ.
Հայրենիքի
ձայնէն։
Հրազդան
(Պարգեւ
Շիրինեան),
«Պայքարի
հանճարեղ
երգիչը՝
Դ.
Վարուժան»,
Ասպարէզ,
(Կլենտէյլ),
20
Հոկտեմբեր
1984,
էջ
6։
Մանճիկեան
Յակոբ,
«Հայ
քերթողութեան
հեթանոս
քուրմը,
Դ.
Վարուժան»,
Ասպարէզ
(Կլենտէյլ),
Հոկտեմբեր
20,
1984,
էջ
8-9։
Պըլտեան
Գրիգոր,
«Դ.
Վարուժան
կամ
փոխաբերութեան
խաղը»,
Ահեկան
(Պէյրութ),
թ.
4
(1970),
էջ
47-68։
Ջանիկեան
Գրիգոր,
«Որդին,
որ
ուխտի
էր
եկել
հօր
արձանին»,
Սովետական
Հայաստան
ամս.
(Երեւան)։
Դ.
Վարուժանի
որդիներէն
Հայկ
Վարուժանի՝
Հայաստան
այցին
առթիւ։
Արտատպած
է
Բագին
ամսագիրը
(թ.
12
Դեկտեմբեր
1985,
էջ
40-47)։
Տէր
Խաչատուրեան
Արտաշէս,
«Գիծեր՝
Դ.
Վարուժանի
կեանքէն»,
Ազդակ
օրաթերթ,
5
Դեկտեմբեր
1984,
էջ
3։
Արտատպեց
Հայրենիք
օրաթերթը
(29
Նոյեմբեր
1984,
էջ
3,
7)։
Նոյն,
«Դ.
Վարուժան
իբրեւ
ուսուցիչ,
ամուսին
եւ
հայր»,
Ազդակ
օրաթերթ
(12
Նոյեմբեր
1984),
էջ
4,
6։
Նոյն,
«Դ.
Վարուժանի
գրական
վաստակը»,
Ազդակ
օրաթերթ
(19
Նոյեմբեր
1984),
էջ
5։
Արտատպեցին
Հայրենիք,
Ալիք
եւ
Արմէնիա
օրաթերթերը։
Քէհէեան
Նշան
վրդ.,
«Հաւատացեալ
բանաստեղծը»,
Աւետիք,
պաշտօնաթերթ
Հայ
Կաթողիկէ
Պատրիարքարանի
(Պէյրութ),
Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր
1984,
թ.
10-12,
էջ
468-474։