Բ)
ԲԱՆԱԽՕՍԱԿԱՆ
ԵՒ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ
Կրթական
գործունէութեան
կողքին
Շահան
բեղուն
գործունէութիւն
մը
կը
ցուցաբերէ
բանախօսական
եւ
դասախօսական
մարզերու
մէջ։
Դժբախտութիւն
է
որ
իր
բանախօսութիւններն
ու
դասախօսութիւնները
առանձնապէս
որպէս
յօդուած
չեն
տպուած,
այլ
թղթակիցներ
արձագանգ
դարձած
են
անոնց։
1928,
Փետրուար
23-ին
Պէրպէրեան
վարժարանին
մէջ
կը
բանախօսէ
հայ
եկեղեցական
ճարտարապետութեան
մասին։
Նոյն
տարուան
Մարտ
22-ին
կը
դասախօսէ
Կոմիտաս
Վարդապետի
մասին։
Կոմիտաս
Վարդապետի
մասին
կը
բանախօսէ
նաեւ
1932
Մայիս
8-ին՝
երբ
Գահիրէի
մէջ
կը
տօնուի
անոր
ծննդեան
60-ամեակի
յոբելեանը,
նաեւ
կը
ղեկավարէ
Հայ
Գեղարուեստասիրաց
Միութեան
երգչախումբը։
1929,
Յունուար
19-ին
կը
բանախօսէ
Դանիէլ
Վարուժանի
արուեստին
մասին,
Վարուժանի
ծննդեան
40-ամեակին
առիթով։
Հանդիսութեան
ընթացքին
կ՚երգուին
Վարուժանի
«Լուսին»
եւ
«Առաջին
ծիլեր»
քերթուածներուն
վրայ
Շահանի
կատարած
եղանակաւորումները։
1932-ին՝
Գահիրէի
Հայ
Գեղարուեստասիրաց
Միութիւնը
«Մեսրոպեան
բանախօսութիւնք»
անունով
շարք
մը
կը
կազմակերպէ՝
հովանաւորութեամբ
Լ.
Թաշճեանի,
Օննիկ
Պէրպէրեանի,
Շահան
Պէրպէրեանի
եւ
Գրիգոր
Տիւրկէրեանի։
Շ.
Պէրպէրեան
կը
սկսի
դասախօսել
գեղագիտութեան
մասը։
Գեղարուեստասիրացի
«Գրական
ակումբ»ի
հրաւէրով
կը
սկսի
դասախօսութեանց
շարքի
մը
(թիւով
6),
նիւթ
ունենալով
Գրական
արուեստի
ազդակները
(1932,
Փետրուար
18
-
Մարտ
30)։
Նոյն
ակումբի
կազմակերպութեամբ
կու
տայ
դասախօսութեանց
երկրորդ
շարք
մը
(թիւով
7)՝
նիւթ
ունենալով
Արուեստի
պայմանները
(1932
Նոյեմբեր
17
-
Դեկտեմբեր
29)։
1932-ին
մաս
կը
կազմէ
տաղանդաւոր
դերասանուհի
տիկին
Սիրանոյշի
Յիսնամեայ
Յոբելինական
Պատուոյ
Յանձնախումբին։
Նոյն
տարուան
Յունիս
8-ին
կը
խօսի
Տեսաբանական
հարցը
եւ
մենք
նիւթին
շուրջ։
1933-ին՝
Հայ
Գեղարուեստասիրաց
Միութեան
դասախօսութեանց
ընդհանուր
նիւթ
կը
վերցուի
Արդիական
մեծ
դէմքեր
։
Շահան
Պէրպէրեան
Մարտ
30-ին
կը
խօսի
Հանրի
Պերկսոնի՝
իր
ուսուցիչին
մասին։
Նոյն
տարուան
Յունիս
17-ին
կը
տօնուի
Զապէլ
Հ.
Ասատուրի
(Սիպիլի)
յոբելինական
հանդիսութիւնը,
որու
ընթացքին
կը
բանախօսէ
Շահան
նիւթ
ունենալով՝
Սիպիլ
իբրեւ
գրագիտուհի
։
գ)
ԽՄԲԱՎԱՐԱԿԱՆ
Իր
այլ
գործունէութեանց
կողքին
Շահան
կը
նուիրուի
նաեւ
խմբավարական
աշխատանքի։
Կը
ստեղծէ
Պէրպէրեան
վարժարանի
երգչախումբը,
որ
ներքին
հանդիսութեանց
եւ
ամավերջի
հանդէսներուն
ընթացքին
իր
մասնակցութիւնը
կը
բերէ։
1932-34
տարիներու
ընթացքին
կը
ղեկավարէ
Գահիրէի
Հայ
Գեղարուեստից
Միութեան
երգչախումբը,
գլխաւորաբար
ներկայացնելով
Կոմիտասի,
իր
եղբօր՝
Օննիկ
Պէրպէրեանի
եւ
իր
ստեղծագործութիւններէն։
1932-ին
եւ
1934-ին
Գեղարուեստասիրացի
երգչախումբով
կը
մասնակցի
Գահիրէի
մէջ
սարքուած
Ապրիլեան
Սգատօնի
հանդիսութեանց։
1932-ին,
Կոմիտասի
ծննդեան
60-ամեակի
յոբելեանին
կը
բերէ
իր
մասնակցութիւնը
երգչախումբով
միասին։
Շահանի
ղեկավարած
երգչախումբին
համբաւը
կը
տարածուի
եգիպտահայութեան
սահմաններէն
դուրս
եւ
Եգիպտոսի
Երաժշտական
Միութիւնը
Հայ
Գեղարուեստասիրաց
Միութենէն
կը
խնդրէ
համերգ
մը՝
հայ
երաժշտութեան
աւելի
մօտէն
ծանօթանալու
համար։
Համերգը
տեղի
կ՚ունենայ
1932
Մայիս
7-ին՝
Տիգրան
փաշայի
պալատին
մէջ։
[1]
Անահիտ
Կ.
Նաւասարդ
արտայայտուելով
Շահանի
մասին՝
կը
գրէ.
«Երգչախումբը՝
իր
Պէրպէրեան
Շահանով։
«Անոր
արուեստը
կարենալ
ըմբռնելու,
սիրելու
համար,
պէտք
է
իրեն
հետ
ըլլալ
դէմ
դէմի,
աչք
աչքի,
սիրտ
սրտի։
«Տեսնել
միմիայն
անոր
անսպա՜ռ
բազուկներուն
մէջ
բռնուած
վիթխարի
աշխարհը
–
կեանքով
բաբախուն
–
որ
մերթ
հսկայ
ալիքի
մը
պէս
կ՚ուռի
ու
կ՚իջնէ,
եւ
յաճախ
բարի
աչք
մը
կ՚ըլլայ
բացուող
ու
գոցուող։
«Հետեւիլ
անոր
մատներուն
ուղիին,
երթալ
հանգչելու
հո՛ն,
ուր
եղերականօրէն
կը
հալին
լքուած
սիրոյ
մը
անէծքին
վերջին
շունչերը»։
[2]
1933-ին՝
իր
տարեկան
ձեռնարկէն
զատ,
Գահիրէի
Օփերայի
Արքայական
թատրոնին
մէջ
կու
տայ
գեղարուեստական
մեծ
ցերեկոյթ
մը,
բարձր
հովանաւորութեամբ
կրթական
նախարար
Ն.
Վ.
Հիլմի
Իսա
փաշայի
(9
Ապրիլ)։
Յայտագիրը
բացառապէս
ճոխ
եւ
յանկուցիչ,
իր
առաջին
մասին
մէջ
կը
պարունակէ
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
պատարագէն
կարեւոր
մաս
մը
6
ձայնով,
որ
առաջին
անգամ
ըլլալով
Գահիրէի
մէջ
է
որ
կ՚երգուի։
Յայտագրին
երկրորդ
մասը
կը
բաղկանայ
ամբողջութեամբ
պարային
եւ
եռամասնեայ
քերթուածէ
մը՝
Բանաստեղծին
խորհուրդը,
որ
կը
պարուի
վարժարանին
պարախումբին
կողմէ,
լարաւոր
գործիքներու
նուագախումբի
մը
ընկերակցութեամբ։
Այս
գործը
որ
բոլորովին
նոր
ներշնչում
եւ
կառուցուածք
մը
ունի,
կը
յառաջացնէ
գեղարուեստական
ճշմարիտ
հրճուանք
մը։
Երաժշտական
քննադատ՝
Ռոպէր
Պլում
Գահիրէի
Սավուար
ֆրանսական
թերթին
մէջ
Լը
կալա
Պէրպէրեան
ա
լ՚օբէրա
վերնագիրին
տակ
հետեւեալ
դրուատալից
տողերը
կը
նուիրէ
այս
ձեռնարկին.
«Դադարէն
վերջ
մեզի
տրուեցաւ
ներկայ
ըլլալ
ամենահետաքրքրական
պարային
գործողութեան
մը։
«Եռերգութիւն
քերթողին»,
երաժշտութիւն
Օ.
Ռ.
Պէրպէրեանի,
պարադրութիւն
Շ.
Պէրպէրեանի,
նախերգանք
Վահան
Թէքէեանի
եւ
Կ.
Զարեանի։
Պէտք
էր
սիւնակներ
յատկացնել
այս
գործին՝
որ
ճշմարիտ
նորաստեղծում
մըն
է
Եգիպտոսի
համար։
Արտասանողը՝
Պ.
Ա.
Գարաճեան
հիացում
պատճառեց
իր
տաք
ձայնովը,
գեղեցիկ
առոգանութեամբը,
մինչդեռ
արտասանող
խումբերը
եւ
պարողներու
ձեւափոխուած
աշակերտները՝
ամենավայելուչ
կերպով
կը
գործակցէին
երգին
յաջողութեան։
[3]
1934
Ապրիլ
22-ին
կու
տայ
իր
տարեկան
մեծ
համերգը,
յայտագրին
մէջ
դնելով
իր
յօրինումներէն
չորս
գործ։
Իսկ
Սեպտեմբեր
21ին,
Գահիրէէն
բաժնուելէ
քանի
մը
օր
առաջ,
պետական
ռատիոյի
կայանէն
կու
տայ
հայ
երաժշտութեան
նուիրուած
լուրջ
համերգ
մը
մէկուկէս
ժամ
տեւող
յայտագրով։
Սկիզբը՝
Շ.
Պէրպէրեան
ֆրանսերէն
լեզուով
կ՚ընէ
հակիրճ՝
սակայն
գեղեցիկ
տեսութիւն
մը
հայ
երաժշտութեան
մասին,
անոր
ծագումէն
մինչեւ
1934
թուականը։
Ապա
տեղի
կ՚ունենայ
համերգը,
որ
բաղկացած
կ՚ըլլայ
հինգ
մասէ.
ա.
Եկեղեցիներու
երաժշտութիւն
բ.
եւ
դ.
Սիրերգ
գ.
եւ
ե.
Ժողովրդական
երգեր։
Համերգի
աւարտումէն
ետք
Գեղարուեստասիրաց
Միութեան
սրահին
մէջ
երգիչ
խումբին
եւ
անոր
վարիչ
Շ.
Պէրպէրեանին
ի
պատիւ
կը
տրուի
գարեջրասեղան
մը։
Այս
յարգանքի
երեկոն
կը
վերածուի
ողջերթի
սեղանի
մը,
որովհետեւ
Շահան
մօտ
օրէն
պիտի
մեկնէր
Երուսաղէմ՝
իր
նոր
պաշտօնին։
Խօսք
կ՚առնեն
Ա.
Սարաֆեան՝
Միութեան
Վարչութեան
ատենապետ,
Յովհաննէս
Պօղոսեան,
Ալ.
Սարուխան,
Վահան
Զարդարեան,
Օննիկ
Աւետիսեան,
օր.
Անահիտ
Նաւասարդ,
Սահակ
Թիւրապեան՝
ի
դիմաց
Գեղարուեստասիրացի
Վարչութեան,
Յովհաննէս
Սէքսէնեան՝
Պէրպէրեան
վարժարանի
անդրանիկ
խնամակալութեան
անդամներէն
մէկը։
Բոլորն
ալ
կը
գնահատեն
Շահանի
գործունէութեան
եւ
անձին
զանազան
երեսները՝
մասնաւորաբար
անդրադառնալով
անոր
խմբավարական
գործունէութեան։
Խօսք
կ՚առնէ
նաեւ
Շ.
Պէրպէրեան։
Թղթակիցին
գրութենէն
կը
մէջբերենք
Շահանին
խօսքերը.
«Վերջին
խօսք
առնողը
եղաւ
պր.
Շահան
Պէրպէրեան,
որ
յուզուած
շեշտով
շնորհակալութիւն
յայտնեց
եղած
պատուասիրութեան
եւ
արտայայտութեանց
համար
եւ
աւելցուց,
թէ
երգչախումբը
կատարած
է
երաժշտական
գործիքի
դեր
մը
իրեն
համար
եւ
իր
ամբողջ
արժանիքը
եղած
է
այդ
գործիքէն
կարենալ
հանել
հայ
երաժշտութեան
համար
լաւագոյն
արտայայտութիւնները։
[4]
Խմբավարական
այս
բաժինը
փակելէ
առաջ
ըսենք,
որ
Շահանի
համերգներուն
իրենց
մասնակցութիւնը
բերած
են
Եգիպտոսի
մէջ
ծանօթ
հայ
եւ
օտար
արուեստագէտներ,
ինչպէս
օր.
Ժէռմէն
Պաքալեան,
Ա.
Վահէ,
Ա.
Գարաճեան,
Ա.
Օգոստինոսեան,
Ե.
Սիմոնոֆ,
Է.
Չէրնիավսքի,
եւ
այլն։
Հայ
Գեղարուեստասիրաց
Միութեան
երգչախումբը
1934-ին
ունեցած
է
25
անդամ,
14
աղջիկ
եւ
11
մանչ։
Խմբանկարը
լոյս
տեսած
է
Արեւ
ի
մէջ։
[5]
Գահիրէի
մէջ
Շահանի
ունեցած
պարադրական
եւ
յօրինողական
ստեղծագործութիւններուն
պիտի
անդրադառնանք
մատենագիտութեան
բաժինին
մէջ։
Շահան
կը
մեկնի
Գահիրէէն,
սակայն
իր
կատարած
գործը
միշտ
ալ
կը
յիշուի։
Գահիրէի
իր
աշակերտները
կ՚որոշեն
տօնել
անոր
յոբելեանը
(1947-ին),
որուն
պիտի
անդրադառնանք։
6)
Սաղիմական
շրջան
(1934-1944)
Վարժարանին
փակումէն
ետք
հրաւէր
կը
ստանայ
Երուսաղէմի
Պատրիարք
Ամենապատիւ
Թորգոմ
Սրբազանէն
Երուսաղէմ
փոխադրուելու
եւ
ստանձնելու
ընծայարանին
իմաստասիրական
ամպիոնը։
Խելացի
կարգադրութիւն
մը,
որուն
համար
գնահատելի
է
Թորգոմ
Պատրիարք։
Ստեղծագործական
բեղուն
շրջան
մը
կը
բոլորէ
Շահան
այս
միջավայրին
մէջ։
Իր
միսթիք
հոգին
կարծէք
կը
գտնէ
իր
բնական
աւազանը։
Վանական
խաղաղ
մթնոլորտը,
տնօրէնութեան
տաղտկալից
եւ
մաշեցնող
պաշտօնէն
զերծ
ըլլալը,
Յ.
Օշականի
հետ
պաշտօնակցութիւնը,
Սիոն
ամսաթերթին
ներկայութիւնը
եւ
իր
տարիքին
լիութիւնը
դաշնակցելով
զինք
կը
մղեն
ստեղծագործական
աշխատանքի։
Իր
լոյս
ընծայած
ուսումնասիրութիւններուն
եւ
յօդուածներուն
մեծ
մասը
այս
շրջանէն
կու
գայ։
Կ՚աշխատակցի
Սիոն
ին
եւ
Հրանդ
Բալուեանի
Զուարթնոց
ին։
Դուրեան
Սրբազանի,
Յակոբ
Օշականի
եւ
Վ.
Թէքէեանի
որոշ
գործերուն
վրայ
յօրինումներ
կը
կատարէ։
Իր
նախաձեռնութեամբ
Երուսաղէմի
մէջ
կը
հիմնէ
Հայ
Երաժշտական
Միութիւնը,
յառաջացնելով
մօտ
յիսուն
անդամներէ
բաղկացեալ
երգչախումբ
մը։
Միութեան
նպատակը
կ՚ըլլայ
երգահանդէսներ
սարքել
հայոց,
մասնաւորաբար
օտարներուն
համար,
նպատակ
ունենալով
հայ
երգին
ծանօթացումը
եւ
տարածումը
այլ
շրջանակներու
մէջ։
[6]
Միութեան
առաջին
գործը
կ՚ըլլայ
սգահանդէս
մը
սարքել
Կոմիտասի
մահուան
առիթով,
որ
տեղի
կ՚ունենայ
1935
Նոյեմբեր
17-ին,
օրուան
բանախօս
ունենալով
Շահան
Պէրպէրեան
ինք։
Կարելի
չէ
խօսիլ
Շահանի
սաղիմական
կեանքին
եւ
գործունէութեան
մասին,
առանց
անդրադառնալու
Երուսաղէմի
Հայ
Մշակութեան
Միութեան,
որուն
հիմնումին
եւ
գործունէութեան
ոգին
եղած
են
Յ.
Օշական
եւ
Շ.
Պէրպէրեան։
Մեր
պատմութեան
մէջ
որեւէ
մշակութային
միութիւն
այնքան
եռուն
եւ
դրական
գործունէութիւն
չէ
ցուցաբերած
որքան
այս
միութիւնը
(նկատի
առած
միութեան
գոյութեան
շրջանը,
հազիւ
7
տարի,
1940-1947)։
Միութեան
նպատակները
բանաձեւող
հաղորդագրութենէ
մը
քաղելով
կը
մէջբերենք.
«Միութիւնս
նպատակ
ունի
օտար
դաստիարակութամբ
կազմուած
հայ
երիտասարդ-երիտասարդուհիները
բերել
մեր
մշակոյթին,
խանդավառել
անով,
ժառանգորդը
ընել
այս
հաստատութեան,
եւ
առաջնորդել
զանոնք
այդ
ժառանգութեան
վրայ
բան
մը
աւելցնելու
ճամբուն
մէջ»։
[7]
Գործածուած
միջոցնե՞րը
–
դասախօսութիւններ
եւ
«աշխատարաններ»՝
միութեան
շրջագիծէն
ներս,
նաեւ
հանրային
դասախօսութիւններ։
Դասախօսներ՝
գլխաւորաբար
Յ.
Օշական
եւ
Շ.
Պէրպէրեան.
որոշ
շրջանի
մը
Եղիշէ
վրդ.
Տէրտէրեան
(Եղիվարդ)։
Կը
կեդրոնանանք
Շահանի
գործունէութեան
վրայ։
Անոր
դասախօսութեանց
ընդհանուր
խորագիրն
է
Դասընթացք
ընդհանուր
մշակոյթի,
որուն
Ա.
շարքը
վերնագրուած
է
Գեղագիտական
հարցերու
դասընթացք,
Բ.
ը՝
Արուեստներու
ընդհանուր
պատմութիւն,
իսկ
Գ.
ը՝
Իմացական
մշակոյթ
։
Եղած
է
վարիչ
ատենախօսական,
արտասանողական
եւ
թատերադրական
«աշխատարաններու»։
Չենք
լայննար
աւելի
տեղեկութիւններ
տալու
համար,
որովհետեւ
մեր
նպատակը
չէ
այս
միութեան
պատմութիւնը
տալ,
այլ
խօսիլ
այն
երեւոյթներուն
մասին,
որոնք
կրնան
նպաստ
մը
բերել
Շ.
Պէրպէրեանի
կեանքն
ու
գործունէութիւնը
աւելի
լաւ
ըմբռնելու
համար։
Այս
գնահատելի
աշխատանքին
կողքին
միութիւնը
ծափահարելի
մտածումը
ունեցած
է
հրատարակելու
տրուած
դասախօսութեանց
համառօտագրութիւնները,
որոնք
իրենց
սեղմ
վիճակին
մէջ
իսկ
մեծ
նպաստ
մը
կը
բերեն
Շահանի
գեղագիտական
իմացումը
գոյացնելու
եւ
յստակացնելու
համար։
Այս
համառօտագրութիւնները
լոյս
տեսած
են
Տեղեկաբեր
պրակ
ներու
մէջ
(4
թիւ)։
7)
Անթիլիասական
շրջան
(1944-1956)
Տասը
տարի
Երուսաղէմի
դպրեվանքին
մէջ
պաշտօնավարելէ
ետք
1944-45
կրթական
տարեշրջանին
կ՚անցնի
Անթիլիասի
դպրեվանքը՝
ստանձնելով
գլխաւորաբար
իմաստասիրական
նիւթերու
դասաւանդութիւնը։
Հազիւ
ժամանած
կը
հրաւիրուի
դասախօսութեանց
շարքի
մը
Ներածական
արուեստներ
ու
ընդհանուր
խորագիրին
տակ,
որ
կ՚ընդգրկէ
ութ
դասախօսութիւն
(1944
Նոյեմբեր-
1945
Մարտ)
տրուած
Պէյրութի
Զարեհ
Նուպար
ակումբին
մէջ։
Անթիլիասի
մէջ
իր
անցուցած
կեանքը
մէկ
նմանակն
է
իր
սաղիմական
կեանքին,
սակայն
ստեղծագործական
անկիւնէն
դիտուած
նուազ
արգասաբեր։
Կը
դասախօսէ
դպրեվանքին
մէջ,
նոր
տարուան
եւ
այլ
տօնական
առիթներով
թատերադրական
ներկայացումներ
կը
կազմակերպէ,
երաժշտական
յօրինումներ
կը
կատարէ,
գեղարուեստական
զանազան
յանձնախումբերու
մաս
կը
կազմէ,
Պէյրութի
մէջ
դասախօսութիւններ
կը
սարքէ,
կը
ճամբորդէ
զանազան
երկիրներ
որոշ
առիթներով
իր
պաշտօնական
խօսքը
յայտնելու,
սակայն
այս
բոլորէն
աւելի
իր
ժամանակը
կ՚անցընէ
իր
խուցին
մէջ
եւ
երգեհոնին
առջեւ,
շատ
քիչ
անգամ
այցելութիւններ
տալով
իր
ազգականներուն
եւ
բարեկամներուն։
Անթիլիասի
մէջ
անցուցած
իր
կեանքին
ականատեսն
ենք
եղած
մեր
ուսանողութեան
շրջանին
(1945-1949)
եւ
իրմէ
կրած
մեր
տպաւորութիւնները
կը
վերապահենք
Շահանի
կենսագրութեան
վերջաւորութեան՝
մինչ
այդ
շարունակելով
անոր
կեանքին
գիծը։
1946-ին
մաս
կը
կազմէ
Գարեգին
Կաթողիկոսի
Յոբելինական
Գեղարուեստական
Յանձնախումբին
եւ
1947
Յունուար
12-ին
Պէյրութի,
Մարտ
16-ին
Հալէպի,
իսկ
Մայիս
4-ին
Դամասկոսի
մէջ
յոբելինական
հանդիսութեանց
ատեն
կը
վերլուծէ
յոբելեարին
կեանքն
ու
գործը։
Նոյն
տարւոյն
Յուլիս
20-ին
մաս
կը
կազմէ
Առժամեայ
Կեդրոնական
Ուսումնական
Խորհուրդին,
որուն
առաջին
նպատակն
էր
փութով
կազմակերպել
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
թեմերու
ազգային
վարժարաններու
Ա.
համագումարը։
[8]
Համագումարի
բացման
պր.
Վահէ
Սէթեանի
առաջարկով՝
բաց
քուէով
կ՚ընտրուի
ժողովին
պատուոյ
նախագահ։
[9]
Վերակազմեալ
Կեդրոնական
Ուսումնական
Խորհուրդին
մէջ
կը
շարունակէ
իր
անդամակցութիւնը
նաեւ
1947
տարուան
ընթացքին։
1947-ին՝
Պէրպէրեան
վարժարանի
նախկին
սաները
Գահիրէի
մէջ
կը
կազմեն
Շահան
Պէրպէրեանի
Յոբելինական
Կեդրոնական
Յանձնախումբ
մը,
որ
1947
տարին
կը
հռչակէ
Շ.
Պէրպէրեանի
քառասնամեայ
յոբելինական
տարի
եւ
կ՚առաջադրէ
«յոբելեար
վարպետի
բոլոր
աշակերտներու
եւ
գնահատողներու
մասնակցութեամբը
իրեն
ընծայաբերել
հիմնագումար
մը՝
իր
գրական
եւ
երաժշտական
անտիպ
գործերու
տպագրութեան
եւ
կամ
թերաւարտ
կամ
պատրաստութեան
վրայ
գործին
աւարտման
եւ
հրատարակութեան,
ինչ
որ
կը
հաւատայ
թէ
արժէքաւոր
նպաստ
մը
պիտի
ըլլայ
մեր
ազգային
մշակոյթին»։
[10]
1947
Մայիս
11-ին
Գահիրէի
Լիսէ
Ֆրանսէի
սրահին
մէջ
տեղի
կ՚ունենայ
յոբելինական
առաջին
հանդիսութիւնը,
որուն
անձամբ
ներկայ
կ՚ըլլայ
յոբելեարը՝
մէկ
օր
առաջ
Գահիրէ
ժամանած
ըլլալով։
Յայտագիրը
կազմած
էին
Պէրպէրեանի
նախկին
սաները։
Նկարիչ
Օննիկ
Աւետիսեան
կը
կատարէ
հանդէսին
բացումը,
որմէ
ետք
կը
բանախօսէ
պր.
Քերովբէ
Կոստանդեան՝
Պէրպէրեան
վարժարանի
նախկին
սան
եւ
նախկին
ուսուցիչ,
որ
ընդարձակ
ուսումնասիրութեամբ
մը
կը
ներկայացնէ
յոբելեարը
իր
շրջապատին
եւ
ժամանակին
մէջ։
Կ՚արտասանուի
նախկին
սան
Ժագ
Ս.
Յակոբեանի
«Ընծայական»
քերթուածը՝
գրուած
այս
յոբելեանին
առիթով։
Գեղարուեստական
յայտագրին
գործադրութենէն
ետք,
որ
բաղկացած
կ՚ըլլայ
երգչախումբի
եւ
մեներգողներու
ելոյթով,
կը
կարդացուի
Պէրպէրեան
վարժարանի
նախկին
սաներու
ուղերձը,
ապա
խօսք
կ՚առնէ
յոբելեարը
ինք։
Կը
մէջբերենք
եղած
թղթակցութենէն
յոբելեարին
խօսքը.
«Ան
յայտնեց
թէ
չափազանց
յուզուած
էր
խօսք
առնելու
համար։
Իր
շնորհակալութիւնը
յայտնեց
Գահիրէի
հայ
գաղութին,
որ
տասնամեակ
մը
(1924-1934)
Պէրպէրեան
վարժարանին
հանդէպ
գուրգուրոտ
վերաբերում
ունենալէ
ետք,
այսօր
կու
գար
պատուել
զինք,
պատիւ
մը՝
որուն
մէջ
իր
բաժինը
պիտի
ըլլար
փոքր,
վասնզի
ինք
ուրիշ
բան
չէր
ըրած
եթէ
ոչ
փոխանցել
ինչ
որ
իր
քաղցր
մայրը,
իր
իմաստասէր
հայրը,
իր
հարուստ
ցեղը
տուեր
էին
իրեն։
Եւ
իրեն
տրուած
շնորհին
փոխանցումը
ուրիշներուն
եղեր
էր
իր
մեծագոյն
հաճոյքը.
եւ
ինք
երջանիկ
էր
եղած՝
որ
իր
դէմ
գտած
էր
ունկնդիրներ,
պատանիներ
որոնք
արձագանգ
էին
եղեր
իր
խօսքերուն,
իր
ուսուցումին։
«Այդ
պատճառաւ
է
որ՝
մինչ
տարիքն
ու
կեանքը
իրենց
դառնութիւնը
կը
պարտադրէին
իրեն՝
ինք
կրնար
մեծ
բանաստեղծին՝
Վահան
Թէքէեանի
հետ
ըսել.
«Կեանքէն
ինծի
՞նչ
մնաց...
«–
Ինչ
որ
տուի
ուրիշին,
տարօրինա՜կ,
ա՛յն
միայն»։
[11]
Յոբելինական
Կեդրոնական
Յանձնախումբը
կոչ
կ՚ուղղէր
յոբելինական
հանդիսութիւններ
սարքել
հայաշատ
կեդրոններու
մէջ,
ուր
Պէրպէրեանականներ
կը
գտնուէին,
սակայն
կոչը
անհրաժեշտ
արձագանգը
չէր
գտներ։
Յոբելենական
հանդիսութիւններ
կը
սարքուին
նաեւ
Անթիլիասի,
Նիւ
Եորքի,
Ֆիլատելֆիոյ
եւ
Տիթրոյիտի
մէջ։
1954
Մարտ
21-ին
(Կիրակի),
Պէյրութի
Շէհրազատ
շարժանկարի
սրահին
մէջ
կը
տօնուի՝
խումբ
մը
հայ
վաստակաւոր
ուսուցիչներու
25-ամեայ
պաշտօնավարութեան
առիթով
Պէյրութի
Հայ
Ուսուցչաց
Միութեան
կազմակերպութեամբ
յոբելինական
հանդիսութիւն
մը։
Այս
վաստակաւոր
յոբելեարներու
շարքին
կայ
Շ.
Պէրպէրեանը։
Այս
յոբելեանին
առիթով
լոյս
ընծայուած
Յարգանք
Հայ
Ուսուցիչին
գրքոյկին
մէջ
հրատարակուած
է
Շահանի
կենսագրականը։
Շահան
երկու
առիթով
կը
մեկնի
Հալէպ.
առաջինը՝
ինչպէս
յիշեցինք՝
Գարեգին
Կաթողիկոսի
յոբելինական
հանդիսութեան
առիթով.
իսկ
երկրորդը՝
1948
Փետրուար
20-ին
իր
շատ
սիրելի
բարեկամ
եւ
երբեմնի
գործակից
ու
պաշտօնակից
Յ.
Օշականի
մահուան
առիթով
որպէս
դամբանախօս։
1948-ի
Հոկտեմբեր
25-ին
կ՚ընտրուի
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
Հնագիտական
եւ
Հայ
Արուեստի
Ցուցահանդէսի
Յանձնախումբի
անդամ։
Իր
գործօն
մասնակցութիւնը
կը
բերէ
ցուցահանդէսին
յաջողութեան
համար։
Դեկտեմբեր
5-ին,
Պէյրութի
ռատիոյի
հայկական
ժամուն,
կը
խօսի
ցուցահանդէսին
մասին,
իսկ
Դեկտեմբեր
9-ին
ԻՒՆԵՍՔՕ-ի
պատուիրակներուն
ու
լիբանանցի
անձնաւորութեանց
կու
տայ
անհրաժեշտ
տեղեկութիւնները
(ֆրանսերէնով)։
1951-ին
մաս
կը
կազմէ
Գարեգին
Կաթողիկոսի
կողմէ
կազմուած
Անթիլիասի
Մայր
Տաճարի
նկարազարդման
յանձնախումբին
եւ
իր
արուեստագէտ
զաւակին՝
Արտաւազդ
Պէրպէրեանի
կը
յանձնուի
Մայր
Տաճարը
նկարազարդելու
գործը։
1956-ի
Յունիսին
կ՚աւարտին
այդ
նկարները
(թիւով
5)
եւ
կը
զետեղուին
առ
որ
անկ
է։
1952-ին
Փարիզի
մէջ
մոթէօրի
արկածի
մը
զոհը
կը
դառնայ
իր
երկրորդ
մանչ
զաւակը,
գիտական
մեծ
կարելիութիւններու
տէր
մէկը,
որուն
անժամանակ
մահը
խորապէս
կ՚ազդէ
Շահանի
վրայ,
հակառակ
իմաստասէրի
իր
հանգամանքին։
1952-ի
ընթացքին
իր
Պարէտ
զաւկին
կորուստը
նաեւ
անհանգստութիւնը
պատճառ
կ՚ըլլան,
որ
1952-1953
կրթական
տարեշրջանին
բացակայի
Անթիլիասի
դպրեվանքէն։
Իր
կեանքի
վերջին
տարիներուն
գրեթէ
ամէն
ամառ
կ՚երթայ
Փարիզ
իր
ընտանեկան
անդամներուն,
եղբայրներուն
եւ
քրոջ
հետ
ըլլալու։
Այդ
առիթով
Փարիզի
մէջ
Պէրպէրեան
վարժարանը
բանալու
երազը
կը
փայփայէ։
1951-ին
նոյնի՛սկ
յանձնախումբ
մը
կը
կազմուի՝
Փարիզի
մէջ
մօտակայ
տեղ
մը
ընդարձակ
գետինով
դղեակ
մը
գնելու,
սակայն
այդ
ծրագիրը
չ՚իրականանար,
որովհետեւ
իր
յոյսը
դրած
էր
նախկին
Պէրպէրեանականներու
վրայ,
սակայն
անոնց
թիւը
սահմանափակ
էր
Ֆրանսայի
մէջ։
Անթիլիասի
մէջ
իր
պաշտօնավարութեան
շրջանին
կը
վայելէ
դպրեվանքի
տեսուչ՝
Դերենիկ
եպս.
Փոլատեանի
բարոյական,
մանաւանդ
նիւթական
օժանդակութիւնը։
8)
Մահը
եւ
յուղարկաւորութիւնը
1956-ի
ամառը,
ինչպէս
նախորդ
տարիներուն,
կը
մեկնի
Փարիզ,
իր
ընտանիքին
հետ
ըլլալու,
վերջերս
յայտնուած
սրտի
տկարութիւնը
դարմանելու
եւ
Հոկտեմբերին
վերադառնալով
ստանձնելու
իր
իմաստասիրական
ամպիոնի
դասախօսի
աթոռը։
Սակայն
այս
մեկնումը
կ՚ըլլայ
անվերադարձ։
Մահը
տեղի
կ՚ունենայ
Հոկտեմբեր
9-ին,
Երեքշաբթի,
սրտի
տագնապի
հետեւանքով։
Յուղարկաւորութիւնը՝
Հոկտեմբեր
13-ին՝
Շաբաթ,
կէսօրէ
ետք
ժամը
4:
15-ին,
Փարիզի
Ս.
Յովհաննէս
Մկրտիչ
եկեղեցիին
մէջ,
ընտանեկան
պարագաներու,
մտաւորական
բարեկամներու
եւ
Պէրպէրեան
վարժարանի
նախկին
սաներու
ներկայութեան։
Օրեր
առաջ
դագաղը
կը
բերուի
եկեղեցի,
կը
շրջապատուի
բազմաթիւ
աշտանակներով,
նաեւ
շքեղ
ծաղկեպսակով
մը՝
նուիրուած
Պէրպէրեանականներու
կողմէ։
Փարիզի
հայ
մտաւորական
ընտրանին
անխտիր՝
ներկայ
է
վերջին
յարգանքը
մատուցանելու
դաստիարակ
ու
արուեստագէտ
տարաբախտ
հանգուցեալին։
Ներկայ
են
Շաւարշ
Միսաքեան,
Աստուածատուր
Հարենց,
Բիւզանդ
Թօփալեան,
Գեղամ
Քէրէսթէճեան,
Շաւարշ
Սեւյօնքեան,
Արշաւիր
Խանէտանեան,
Վ.
Իչքալացեան,
Յովհաննէս
Պօղոսեան,
տիկին
Բուդաղեան,
տիկին
Հուրի
Իփէքեան,
օր.
Հայկանոյշ
Թորոսեան,
փրոֆ.
Ֆրետերիք
Ֆէյտի,
Հրանդ
Բալուեան,
Յ.
Տէր
Յակոբեան,
Վ.
Մելիքեան,
Աշոտ
Պատմագրեան,
Օհան
Տուրեան,
Զարեհ
Որբունի,
Ակօնայեան,
Ե.
Ասլանեան,
Վ.
Թէրզեան,
Օ.
Թօփաքեան,
Գ.
Պահրի,
տիկին
Զ.
Համբարձումեան,
օր.
Առաքելեան,
օր.
Բերբերեան,
Ա.
Ազնաւուր,
Ռ.
Թադէոսեան,
Ն.
Սերգորեան
եւ
ուրիշներ։
[12]
Եկեղեցական
արարողութեան
կը
նախագահէ
Կաթողիկոսական
պատուիրակ
եւ
Փարիզի
հայոց
առաջնորդ
Տ.
Սերովբէ
եպս.
Մանուկեան,
որ
բնաբան
վերցնելով
Ռ.
Պէրպէրեանի
մէկ
երգը՝
«Փա՜ռք
քեզ
դպրոց,
լուսոյ
վառարան»,
կը
գովէ
փիլիսոփայ,
գեղագէտ
եւ
ուսուցիչ
Շ.
Պէրպէրեանը։
Եկեղեցական
արարողութիւններէն
ետք
դամբանական
կը
խօսին՝
Վրոյր
Հալէպլեան՝
Պէրպէրեան
վարժարանի
նախկին
սաներու
անունով,
Հրանդ
Սամուէլ՝
Փարիզի
հայ
մտաւորականներու
անունով,
իսկ
Մկրտիչ
Պարսամեան՝Փարիզի
Կրթական
մարմինին
անունով։
Ապա
դագաղը
կը
փոխադրուի
Պանիէօ
Փարիզիէն
գերեզմանատունը,
ամփոփուելու
համար
Հ.
Բ.
Ը.
Միութեան
կողմէ
հանգուցեալ
մտաւորականներու
համար
պատրաստուած
մասնաւոր
դամբարանին
մէջ։
Շ.
Պէրպէրեան
կ՚ըլլայ
առաջինը
որ
կը
դրուի
այդ
դամբարանին
մէջ։
Շ.
Պէրպէրեանի
մահը
առիթ
մը
կ՚ըլլայ
որ
հայ
մտաւորականներ
եւ
ի
սփիւռս
աշխարհի
ցրուած
իր
աշակերտները
անդրադառնան
անոր
կորուստին
եւ
հայ
մամուլին
մէջ
ոգեկոչեն
անոր
յիշատակը՝
կենսագրական
գիծեր,
յուշեր
եւ
գնահատումներ
ընելով։
Այս
գրութեանց
գրեթէ
մէկ
ամբողջական
ցանկը
կը
գտնէք
մատենագիտութեան
բաժինին
վերջը։
9)
Անձնական
տպաւորութիւններ
եւ
դատումներ
Ինչպէս
առիթ
ունեցանք
յիշել՝
զինք
վայելած
ենք
Անթիլիասի
դպրեվանքին
մէջ
1945-1949
տարիներու
ընթացքին։
Մեր
հայերէնի
եւ
գրականութեան
ուսուցիչն
էր,
իսկ
ընծայարանի
բաժնին
կը
դասաւանդէր
իմաստասիրութեան
ճիւղերը։
Իր
իսկական
արժէքը
կը
յայտնաբերուէր
իր
դասախօսութեանց
ընթացքին։
Ունկնդրութեան
պահերուն
կը
զգայինք
որ
դէմ
յանդիման
կը
գտնուինք
դասախօսի
մը,
որ
տէրն
է
իր
նիւթին։
Տեղեակ
էր
իր
ունկնդիրները
կախարդելու
գաղտնիքին։
Պէտք
չկար
արուեստակեալ
ճիգի
հոն
հասնելու
համար.
իր
տիրապետութիւնը
դասաւանդուած
նիւթին՝
կը
բաւէր
աշակերտը
իրեն
կապելու։
Տարիներու
իր
դասաւանդումը
զինք
ձերբազատած
էր
ձեռագիրներու
գերութենէն
ու
դասաւանդած
նիւթը
դարձուցած
իր
արեան
մէկ
մասնիկը։
Գիտէր
գրական
դէմքերու
վերլուծումը
համեմել
իր
անձնական
յուշերով
այդ
գրողներու
կեանքին
հետ
կապուած։
Պէտք
է
խոստովանիլ
որ
իրեն
կը
պարտինք
ո՛չ
միայն
մեր
սէրը,
այլ
նաեւ
հայ
գրականութեան
եւ
մեկնաբանման
մեր
ձեւը։
Չենք
կարծեր
որ
ոեւէ
ուսուցիչ
այնքան
խոր
ազդեցութիւն
ձգած
ըլլայ
իր
աշակերտներուն
վրայ,
որքան
իր
պարագային։
Հոս
կարելի
է
յիշել
իր
ազնուական
մէկ
բարեկամին
պարագան՝
Յ.
Օշական,
որ
հանգիտութեան
եզրեր
ունի
իր
հետ։
Սակայն
մինչ
Օշական
բախտաւոր
եղաւ
գրական
սերունդներ
հասցնելով,
Շահան
Պէրպէրեան
իր
մեծ
իմացականութեամբ
չունեցաւ
իր
արժանաւոր
յաջորդները,
որոնք
մեր
արդի
իմաստասիրութեան
գրեթէ
խոպան
արտը
կարենային
հերկել։
Անվարան
եւ
առանց
խղճահարութեան
կրնանք
յայտարարել
որ
մենք
մեր
համալսարանական
ուսման
շրջանի՛ն
իսկ
չկրցանք
գտնել
իր
հմտութիւնը
ունեցող
ուսուցիչ
մը։
Ասիկա
ձրի
կամ
աժան
հաստատում
մը
չէ
ուղղուած
յարգելի
ուսուցիչի
մը
յիշատակին
իր
մէկ
աշակերտին
կողմէ,
այլ
բացարձակ
իրականութիւն։
Ինք
կոչուած
էր
հայկական
համալսարանի
մը
գլխաւոր
զարդը
կազմելու,
սակայն
երկրորդական
վարժարաններու
մէջ
անցուց
իր
կեանքը։
Բացառիկ
դէմք
մըն
էր։
Իր
ունեցած
ձիրքերէն
միայն
մէկը
պիտի
բաւէր
անմահութեան
տանելու
ուրիշ
մը։
Գրական
քննադատ,
արուեստի
տեսաբան,
իմաստասէր,
յօրինող,
եւլն.
։
Եւ
այս
բոլորին
մէջ
ո՛չ
թէ
մտքի
հասարակ
աշխատաւոր
մը,
այլ
տաղանդ
մը։
Ամէնէն
աւելի
սակայն
անոր
մէջ
կը
շեշտուէին
իմաստասէրն
ու
գեղագէտը։
Հմուտ
էր
բառին
իսկական
առումով։
Տեղեակ
էր
հոգեբանութեան,
ընկերաբանութեան,
բնազանցութեան,
տրամաբանութեան,
բարոյագիտութեան
եւլն.
։
Եւ
տակաւին
տեղեակ
էր
աւագ
արուեստի
վեց
ճիւղերուն
–
երաժշտութիւն,
քանդակագործութիւն,
պարարուեստ
կամ
թատերապար,
գրականութիւն
(մասնաւորաբար
հայ
եւ
ֆրանսական
գրականութիւն),
ճարտարապետութիւն
եւ
նկարչութիւն։
Կրցած
էր
ամբարել
ո՛չ
միայն
տեսական
ծանօթութիւններ,
այլ
նաեւ
օժտուած
էր
զանոնք
գործնականապէս
բեմադրելու,
արտասանելու
եւ
յօրինելու
ձիրքերով։
Զարմանալի
պարագայ
մեր
ներկայ
դարուն,
երբ
գիտութիւններն
ու
արուեստները
այնքան
ընդարձակած
են
իրենց
սահմանները,
գտնել
տակաւին
մարդ
մը,
որ
կարենայ
յաջող
կերպով
համադրել
զանոնք՝
առանց
մակերեսայնութեան։
Եթէ
ուզենք
զայն
նմանցնել
հին
դարերէն
դէմքի
մը,
անվարան
այդ
պիտի
ըլլար
Արիստոտէլը։
Անոր
պէս
կը
նմանէր
մարդկային
քալող
համայնագիտարանի
մը։
Երբ
այս
է
իրականութիւնը,
ո՞ւր
է
այն
վաստակը,
որ
անհրաժեշտ
հիմնաքարը
պիտի
դառնայ
ապագայ
սերունդներուն
ձեռքը,
նոյնիսկ
ներկայիս,
ըստ
արժանւոյն
գնահատուելու
համար
իրեն
չաշակերտած
կամ
ոչ-ծանօթ
անձերու
կողմէ։
Շահանի
վաստակին
վտիտ
կամ
նիհար
հանգամանքը
կը
զարմացնէ
իր
կարողութիւններուն
մօտէն
ծանօթ
եղողները։
Իրեն
պակսողը
ո՛չ
թէ
նիւթն
էր
(ինչպէս
յիշեցինք,
համայնական
ծանօթութիւն
ունէր
արուեստի
եւ
իմաստասիրութեան
էութեան
եւ
պատմութեան
մասին),
ո՛չ
ոճը
եւ
ոչ
ալ
լեզուն։
(Բիւրեղացած
լեզու
մը
ունէր՝
իմաստասիրական
եւ
գեղագիտական
խրթին
եւ
նրբին
իմաստները
ունկնդրող
աշակերտութեան
եւ
հասարակութեան
հասկնալի
դարձնելու
համար։
Իմաստասիրական
եւ
գեղագիտական
եզրերու
հայադրոշմ
կնիք
մը,
որուն
կազմութեան
մէջ
իր
անձնական
ճիգը
անուրանալի
է)։
Թերեւս
գիրի
հանդէպ
իր
արհամարհանքը,
ծուլութիւնը
կամ
իր
դասաւանդած
կամ
դասախօսած
նիւթերուն՝
հանրութեան
մեծամասնութեան
կողմէ
անմարսելիութիւնը,
եւ
թերեւս
ալ
այլ
պատճառներ
իրենց
դերը
խաղացած
են
այս
երեւոյթին
մէջ։
Իր
վաստակին
կապակցութեամբ
հետեւեալ
երեւոյթը
նշմարելի
է,
որ
ան
մեծ
մասամբ
արդիւնքն
է
«պարագայական
պարտադրանք»ի,
կ՚ակնարկենք
հոս
ու
հոն
կատարած
դասախօսութեանց
եւ
բանախօսութեանց,
որոնք
ապա
լոյս
տեսած
են
մամուլի
մէջ,
եւ
կամ
մամուլը
արձագանգած
է
անոնց։
Բայց
ինչ
որ
լոյս
տեսած
է
իր
կողմէ՝
զանցառելի
քանակ
եւ
որակ
չէ
(մեր
կողմէ
պատրաստուած
եւ
այս
կենսագրական
ակնարկին
կցուած
ցուցակը
կը
փաստէ
այդ
եւ
ուրախութիւն
պիտի
պատճառէ
իրմով
շահագրգռուող
անձերուն
համար)։
Բայց
շատ
թեթեւ
կը
կշռէ
իր
իմացումը
եւ
կարողութիւնը
ունեցող
անձի
մը
քով։
Կը
սիրէր
առանձնակեացի
կեանքը։
Անթիլիասի
մէջ
երեք
տեղ
կը
կազմէին
իր
առօրեայ
կեանքին
առանցքը
–
դասարանը,
սենեակը
(որուն
վրայ
երբեմն
կախուած
թերթիկ
մը
կը
յայտնէր
իր
անդորրութիւնը
չխանգարել)
եւ
հին
վեհարանին
մէջ
դրուած
երգեհոնը։
Եսապաշտ
եւ
եսակեդրոն
մարդ
չէր.
ընդհակառակը
այլասէր
էր,
սակայն
կը
նախընտրէր
մարդոց
հաւաքականութենէն
հեռու
ապրիլ։
Ու
շատ
հաւանաբար
այս
ձգտումն
է
որ
զինք
մղած
է
նախընտրելու
վանքերու
միսթիք
մթնոլորտը,
հեռու
քաղաքներու
աղմուկէն։
Առանձնացած
իր
սենեակին
մէջ,
ընկերակցութեամբը
իր
անբաժան
ծխամորճին,
կը
պեղէր
իր
ներաշխարհը։
Իր
այս
սէրն
է
որ
զինք
մղած
է
հեռու
մնալ
հանրային
կեանքէ։
Զանազան
յանձնախումբերու
իր
մասնակցութիւնը
կարծէք
արկածի
արդիւնք
է.
անմիջապէս
որ
վերջ
գտած
են
այդ
գործունէութիւնները,
նորէն
դարձած
է
իր
խուցին
մարդը։
[1]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4043
(Բշ,,
Մայիս
9,
1932),
էջ
1։
[2]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4048
(Շաբաթ,
Մայիս
14,
1932),
էջ
2։
[3]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4338
(Շաբաթ,
Ապրիլ
22,
1933),
էջ
3։
[4]
Նոյն,
ԺԹ.
տարի,
թ.
4777
(Գշ,,
Սեպտեմբեր
25,
1934),
էջ
2։
[5]
Նոյն,
ԺԹ.
տարի,
թ.
4798
(Ուրբաթ,
Հոկտեմբեր
19,
1934),
էջ
3։
[6]
Լեւոն
Երէց,
Զուարթնոց,
Ա.
տարի,
թ.
2
(Դեկտեմբեր
1,
1937),
էջ
15։
[7]
Տեղեկաբեր
պրակ,
Գ.
-
Դ.
(Յունուար
-
Յունիս,
1941,
էջ
4
(174)։
[8]
Հասկ,
ԺԵ.
տարի,
թ.
9-10
(Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր,
1946,
էջ
290։
[10]
«Քառասնամեայ
յոբելեան
Շ.
Պէրպէրեանի
կրթական
ու
մտաւորական
գործունէութեան»,
Անի,
թ.
12
(Մարտ,
1947),
էջ
673։
[11]
«Շ.
Պէրպէրեանի
յոբելինական
հանդէսը»,
Ս.
Պ.,
Արեւ,
ԼԳ.
տարի,
թ.
8637
(Եշ.,
Մայիս,
15,
1947),
էջ
2։
[12]
«Յուղարկաւորութիւնը»,
Նայիրի,
(շաբաթ.
),
Ե.
տարի,
թ.
7
(Կիրակի,
Հոկտեմբեր
28,
1956),
էջ
5։