Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄՈՒՏՔ

1974-1986, Երեւանի մէջ լոյս տեսան Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի [1] 12 հատորները։ 13-րդը (թիւ չունի) լոյս տեսաւ իբրեւ յաւելուած (1987), ամբողջովին նուիրուած Խորհրդային Հայաստանին։

Ներկայ գրութեան նպատակն է փնտռել եւ գտնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկերը Հանրագիտարանին մէջ։ Այդ պատկերին մէջ կը մտնեն Հ. Յ. Դ. ի գաղափարախօսութիւնը, գործը, մամուլը, դաշնակցական կարկառուն դէմքերը ֆէտայիներ, մտաւորականներ, գրագէտներ, ահաբեկիչներ եւ այլն։

Սակայն, նիւթին անցնելէ առաջ, անհրաժեշտ է հպանցիկ ակնարկ մը նետել Հ. Յ. Դ. ի եւ համայնավարութեան յարաբերութիւններուն վրայ։

Գաղափարականօրէն երկուքն ալ ընկերվարական են, սակայն տրամաբանականօրէն իրարու հակադիր։ Մինչ համայնավարութիւնը միջազգային յեղափոխութեան եւ բռնատիրութեան ճամբով կը կարծէ երջանկութիւն բերել մարդկութեան (կարելի է նաեւ ենթադրել որ Ռուսիոյ ազդեցութեան տարածումն է հիմնական զսպանակն ու նպատակը), Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ խնդիր եւ նպատակ է Հայ Դատի արդար լուծումը, ազգերու եւ մարդկութեան բարօրութիւնը ժողովրդավար պայքարի պայմաններու մէջ։

Գործնական գետնի վրայ այս երկու կուսակցութիւնները ունեցած են հանդիպման կէտեր, աւելի ճիշդը՝ բախումներ, որոնք զիրենք մղած են փոխադարձ հակառակութեան, երբեմն ատելութեան, սպառնալիքի, նոյնիսկ ուրացման (1923-ին, Երեւանի մէջ պաշտօնապէս թաղեցին, աւելի ճիշդը՝ պարտադրեցին, որ նախկին դաշնակցականներ թաղեն Հ. Յ. Դ. ը, դագաղ մը տանելով դէպի գերեզման)։ Այդ բախման կարեւոր դէպքերէն նշենք Անդրկովկասի անջատումը Ցարական Ռուսաստանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, Մայիսեան ապստամբութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացումը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը [տասնամեակներ շարունակ զայն անուանեցին Փետրուարեան ավանտուրա (արկածախնդրութիւն)], Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութիւն, հայապատկան հողերու պահանջ, Սփիւռքի ղեկավարման հարց, ներգաղթ եւ այլն։

Մոսկուայի հլու կամակատար դարձած հայրենի իշխանութիւններուն համար հակադաշնակցական ուղեգիծը հիմնական կեցուածք կը դառնար։ Կոյր ատելութիւնը դէպի Դաշնակցութիւնն ու ազգայնական տրամադրութիւնները զիրենք հասցուցին ցաւագարի աստիճանին։ Հայրենիքի սահմաններէն ներս եւ դուրս փորձեցին արմատախիլ ընել Դաշնակցութիւնը։ Բանադրանքի ենթարկեցին նոյնիսկ Դաշնակցութեան քղանցքին հպող որեւէ երեւոյթ, ոեւէ գրագէտ, արուեստագէտ, խմբագիր եւ այլն։

Իրենց զինապահեստը հարուստ է պիտակներով պուրժուա, դաւաճան, հայրենիքի երդուեալ թշնամի, միջազգային իմպերիալիզմի ակենտ կամ լաքէ, նացիոնալիստական «տենդենց»ներ ունեցող եւ մասամբ նորին։ Շատ հաւանաբար, եթէ իրենք վերստին կարդան այս որակումները, ամօթ զգան իրենց յայտարարութիւններուն համար։

1960-ական թուականներէն, աւելի ճիշդը՝ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով, 1965-էն սկսեալ թեթեւ ձիւնհալի մը նշանները նշմարելի դարձան։ Դաշնակցական ուսուցիչներ եւ գրագէտներ ուսուցչական խմբակներու հետ Հայաստան այցելելու առիթ ունեցան։ Դաշնակցական գրողներ Ռուբէն Զարդարեանի (1959) եւ Լ. Շանթի (1968) գործերէն հատընտիրներ լոյս տեսան։ [2]

Ակներեւ ձիւնհալը սկսաւ երկու տարի առաջ, երբ մէջտեղ եկաւ Արցախեան պահանջատիրութիւնը, իսկ տարի մը առաջ պատահած ցաւալի երկրաշարժը աւելի արագացուց այդ ձիւնհալը։

Հողային գետնի վրայ իրաւազրկուած հայութիւնը զգաց, որ նաեւ խաբուած է հայոց պատմութեան մա՛նաւանդ վերջին երկու դարերու իրական պատկերէն։ Եթէ ինք այսօր խնդրագիրներով եւ ցոյցերով Արցախի պահանջատիրութեան կրակով կ՚այրի, իրմէ առաջ, իր նախորդները, ղեկավարութեամբ Հ. Յ. Դ. ի, զէնքի ուժով փորձած են տէր կանգնիլ նոյն հողաշերտին։

Խորարմատ յեղափոխութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ, ո՛չ թէ քաղաքական, այլ հոգիներու եւ միտքերու մէջ։ Ազգային եւ ազգայնական զարթօնք մը։ Արժեչափերու եւ կշիռքի փոփոխութիւն մը։ Մօտաւոր անցեալի դէպքերն ու դէմքերը դնել ո՛չ թէ համայնավարութեան կշիռքին, այլ՝ ազգային կշիռքին մէջ։ Այս հիմամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ ո՛չ թէ պուրժուա հանրապետութիւն մը, այլ 600 տարուան ստրկութենէ ետք հայոց պետականութեան վերականգնում ։ Նոյն այդ հանրապետութեան դրօշակը՝ ազգային հպարտութեան, արժանապատուութեան եւ անկախութեան խորհրդանիշ։

Սկիզբն ենք երկանց։ Ուշ կամ կանուխ այս պիտի պատահէր։ Աւելի լաւ է ուշ քան երբեք։ Հետզհետէ արհամարհանքի եւ մոռացութեան փոշիներուն տակէն պիտի հանուին եւ իրենց արժանի պատուանդանին վրայ դրուին Աղբալեանները, Աւետիք Սահակեանները (Հայր Աբրահամ), Համօ Օհանջանեանները, Աբրահամ Գիւլխանդանեանները եւ այլն։ Անոնք ծնան հայութեան ծոցէն, սնան, դաստիարակուեցան եւ գործեցին Հ. Յ. Դ. ի տեսլականով եւ իրենց լուման նետեցին Հ. Յ. Դ. ի ճամբով՝ հայութեան գանձանակին մէջ։ Հետեւաբար անոնք կը պատկանին երկուքին ալ իրենց մօր՝ հայ ժողովուրդին, եւ իրենց հօր՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։

Այս առիթով տեղին է նշել բանաստեղծին իմաստալից հետեւեալ տողերը.

Եւ ո՞վ է կարող ժամանակների վճիռը եղծել,

Եւ դիւցազնաշունչ կապոյտ երկնքում

Շողացող աստղին վարագոյր քաշել։



[1]            Սփիւռքի մէջ մենք ընդհանրապէս կը գործածենք համայնագիտարան եզրը, որ ծնած է համայն եւ գիտարան բառերէն։ Հայաստանի մէջ համայն բառին փոխարէն գործածած են հանուրը եւ զայն կոչած՝ հանրագիտարան։

[2]            Երկուքին ալ պարագային, տպագրուած օրինակները ամիսներով-տարիներով պահեստանոցներու մէջ ննջեցին, վերջին վայրկեանին շարքային «հոտառու» համայնավարի մը մէկ ժուռնալին պատճառով։ Ազդու միջամտութիւններու շնորհիւ՝ յետագային հրապարակ հանուեցան։