Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԲԳԱՐ ԴՊԻՐ

Մեր երկրորդ տպագրիչն է Աբգար Դպիր Եւդոկիացին կամ Թոխաթցին։ Ինք ալ տպագրութեան կը ձեռնարկէր նոյն քաղաքին մէջ։

Ինք Հռոմ ուղարկուած էր քաղաքական ծրագիրներով։ 1562-ին՝

Միքայէլ Կաթողիկոսը՝ իր հայրենի Սեբաստիա քաղաքին մէջ ժողով մը գումարելով պատուիրակութիւն մը կ՚ուղարկէր Հռոմ՝ Պապին մօտ, հայ ազգին ազատագրութեան համար անոր օժանդակութիւնը խնդրելով։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Աբգար կամ Սաֆար Դպիր, իր Սուլթանշահ որդին եւ Աղեքսանդր անունով քահանայ մը։ 1564-ին կը հասնի Հռոմ եւ Պապին ներկայանալով սիրալիր ընդունելութեան մը կ՚արժանանայ։ Պապը կ՚ուզէ Հայոց Կաթողիկոսին հետ տեսակցիլ եւ խօսակցիլ Հռոմի մէջ։ Աբգար Դպիր՝ կաթոլիկ եպիսկոպոսի մը ընկերակցութեամբ կ՚ուզէ Էջմիածին վերադառնալ։ Վենետիկ հասնելով, եպիսկոպոսը ճամբայ կը հանէ, սակայն ինք կը յամենայ Վենետիկի իշխաններուն հետ տեսակցելու համար։ Բանագնաց եպիսկոպոսը Կիպրոսի մէջ կը վախճանի, իսկ Աբգար ստիպուած կը մնայ Վենետիկ։ Լսելով որ Օսմանեան կառավարութիւնը տեղեկացած է իր քաղաքական առաքելութեան, կ՚ուզէ նուիրուիլ տպագրական արուեստին եւ Պոլիս վերադառնալ, ցոյց տալու համար թէ Եւրոպա մեկնած է տպագրական արուեստին նուիրուելու համար։ 1565-ին լոյս կ՚ընծայէ մէկ էջէ բաղկացեալ օրացոյց մը «Խառնափնթոր տումարի, պիտանի եւ գեղեցիկ» վերնագրով։ Իրապէս որ խառնակոյտ մը կը ներկայացնէ։

Այս օրացոյցը իր սկզբնաւորութեան երկու անկիւններուն մէջ ունի նկարներ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ Աբգարի եւ որդւոյն ընդունումը Պիոս Դ. ի կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Վենետիկի թագաւոր Երելեմոն Թուճի կողմէ։ Հետագային այս նկարները օգտագործուած են մշակելու համար Աբգարի եւ իր զաւկին դիմանկարները։

Նոյն տարին կը տպէ Սաղմոս մը եւ տեսնելով որ հաւատաքննութեան կողմէ հետապնդումները կը սաստկանան եւ ինք անկարելիութեան առջեւ կը գտնուի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գիրքեր լոյս ընծայել, իր տպարանով միասին կ՚անցնի Պոլիս (1567)` զաւակը Հռոմ ձգելով։ Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուի, սակայն շուտով ազատ կ՚արձակուի։ Օրուան Յակոբ Պատրիարքի հաւանութեամբ՝ իրեն կը տրամադրուի Պոլսոյ Ս. Նիկողայոս եկեղեցիին կից շէնք մը՝ Գում Գաբու թաղամասին մէջ։

1567-1569 Աբգար Դպիր՝ Խորվիրապցի Առաքել վարդապետին հետ լոյս ընծայած է վեց գիրք։ 1567-ին՝ «Փոքր քերականութիւն կամ այբբենարան», 1568-ին՝ «Ժամագիրք եւ Պատարագամատոյց» «Պարզատումար», «Տաղարան», «Տօնացոյց», իսկ 1569-ին՝ «Մաշտոց»։ Վերջին հրատարակութենէն ետք Աբգար Դպիրի հետքը կորսուած է։ Վարկած մը կայ թէ իր տպարանով միասին անցած է Էջմիածին՝ Միքայէլ Կաթողիկոսին մօտ, սակայն տակաւին չէ փաստուած։

1583-ին Պերլին տպուած քերականական աշխատասիրութեան մը մէջ կան հայ տառերու նմոյշներ եւ հայերէնի վանկակազմական աղիւսակներ։