Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ. ԴԱՐ

ԺԸ. դարու սկիզբը մինչեւ 1717, Ամսթերտամի տպարանը գործունէութեան մէջ էր։ Այս շրջանին կը տպէ 17 գիրք։ Այս դարուն ալ իտալական տպարաններ կը շարունակեն հայ գիրք տպել։ Այս տպարանատէրներէն ամէնէն անուանին է Անտոն Բորտոլին, որուն տպարանին մէջ տպուած են Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գործերը, մինչեւ որ իրաւունք ստացած են սեփական տպարան հիմնել։ Այս տպարանէն լոյս տեսած են Աստուածաշունչի երրորդ տպագրութիւնը (1733) եւ Մխիթար Աբբահօր «Բառգիրք հայկազեան լեզուի»ն (1749-1769)։

Այս դարուն Պոլսոյ մէջ կը գործեն մէկէ աւելի տպարաններ։ Հո՛ն է Գրիգոր Մարզուանցին, որ արդէն նախորդ դարու վերջաւորութեան կը գործէր։ Հո՛ն է Աստուածատուր Ապուչեխցին, որ 1700-ին հիմնադիրը կը դառնայ մէկուկէս դար տեւող տպարանի մը եւ ձուլարանի մը։ Իր ժառանգորդները կը շարունակեն իր գործը եւ մեզի կու տան անուանի տպագրիչներ։ Այս սերունդէն է Պօղոս Արապեանը։

Տպարանները հետզհետէ կը բազմանան եւ դժուար է անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալ։ Այս գրութեան վերջաւորութեան պիտի տանք ցուցակ մը, որ կը ցոլացնէ հայկական տպարաններու հիմնումը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

* * *

Հայրենի հողին վրայ առաջին տպարանը կը բացուի Էջմիածնի մէջ 1771-ին, ձեռամբ Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցիի եւ մեկենասութեամբ հնդկահայ Գրիգոր Խոջաջանեանի (Չաքիկեան)։ Տպարանին երախայրիքը անյաջող ըլլալով գիրքը չի տարածուիր։ 1772-ին կը տպուի «Զբօսարան հոգեւոր»ը, որ Կաթողիկոսին հեղինակութիւնն էր։ Նոյն Կաթողիկոսին ժրաջանութեան շնորհիւ կը բացուի թուղթի գործարան մը Էջմիածնի մէջ 1776-ին, որ կը գործէ մինչեւ 1881։

Հնդկահայ առաջին տպարանը բացուած է 1772-ին Մատրասի մէջ Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ։ Այս տպարանէն լոյս կը տեսնեն հինգ գիրքեր, որոնց մէջ Մովսէս Բաղրամեանի «Յորդորակ»ը եւ Յակոբ Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց»ը, որոնք կը կազմեն մեր քաղաքական մտածողութեան երախայրիքը։

Նոյն քաղաքին մէջ երկրորդ տպարանը բացած է շիրազեցի Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանը, որ գիրքերու կողքին լոյս ընծայած է մեր առաջին հայ թերթը (1794-1796)։ Իսկ Կալկաթայի մէջ հայ տպարան բացած է Յովսէփ քհնյ. Կիրակոսեանը։

Ինչպէս յիշեցինք նախապէս՝ Մխիթարեան զոյգ Միաբանութիւններն ալ սկզբնական շրջանին չեն ունեցած իրենց սեփական տպարանները. սակայն ժամանակի ընթացքին կրցան արտօնութիւն ստանալ։ Վիեննայի Միաբանութիւնը բացաւ իր տպարանը 1776-ին Թրիէստի մէջ։ Այս տպարանը 1812-ին Միաբանութեան Վիեննա հաստատումով պիտի փոխադրուէր հոն։ Իսկ Ս. Ղազարու Միաբանութիւնը ունեցած է իր սեփական տպարանը 1789-ին։ Զոյգ Միաբանութիւններն ալ ջանք չեն խնայած հայ կեանքի բոլոր խորշերն ալ պեղելու։ Թէեւ կղզիացած հայ իրականութենէն, սակայն դարձան անոր մշակութային յառաջամարտիկները։ Իրենց գլխաւոր ճիգը եղաւ տպագրութիւնը։ Հրատարակած են գրեթէ մեր բոլոր մատենագիրները։ Զոյգ Միաբանութեանց հրատարակութեանց թիւը մինչեւ 1882 եղած է 1105 գիրք։

Այս դարուն վերջաւորութեան նոր տպարաններ կը բացուին։ 1780-ին Լոնտոնի մէջ նոր ջուղայեցի Գրիգոր Խալդարեանց կը տպէ «Դաւանութիւն հաւատոյ» գիրքը։ Յետոյ իր տպարանով միասին կը փոխադրուի Փեթերսպուրկ եւ կը ծանօթանայ Ռուսաստանի առաջնորդ Յովսէփ եպս. Արղութեանի հետ։ Անոր օգնութեամբ կը տպէ քանի մը գիրք եւ 1787-ին կը մեռնի։ Արղութեան եպս. տպարանը նախ կը փոխադրէ Նոր Նախիջեւան, ապա Աստրախան։

Այս դարուն կը տպուի 787 գիրք։ [1]

Կ՚ուզենք հայ տպագրութեան ժամանակագրական պատմութիւնը հոս կեցնել, որովհետեւ դժուար է այլեւս հետեւիլ անոր ընթացքին։ Ան այլեւս միակ քաղաքի մը կամ քանի մը քաղաքներու մէջ չէ սահմանափակուած. յորդած է եւ ողողած ամբողջ աշխարհը, ուր հայ գաղութ մը գոյութիւն ունի։ Յատկանշական երեւոյթ մը նշմարելի է մինչ նախորդ դարերուն ընդհանրապէս հոգեւորականներն էին հրատարակիչներն ու տպագրիչները, ԺԹ. դարուն այս դերը մեծ մասամբ կը փոխանցուի աշխարհականներուն։ Եւ ասոր պատճառը մեծ մասամբ ուսման տարածումն է, նաեւ տպագրական արուեստին շահաբեր կալուած մը ըլլալուն հանգամանքը։

Կարելի չէ այս թռուցիկ ակնարկը վերջացնել առանց յիշատակելու Խրիմեանի հաստատած տպարանը Վարագայ վանքին մէջ (1858)։ Այս տպարանէն շարունակեց լոյս տեսնել Արծուի Վասպուրական ը. նաեւ նոյն տպարանէն լոյս կը տեսնէր Արծուիկ Տարօնոյ հանդէսը։

Հոս կ՚արտատպենք Գարեգին Լեւոնեանի Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը գործէն ցուցակ մը, որ կը ցոլացնէ հայ տպարաններու հիմնումին ժամանակագրական կարգը.

Հայկական տպագրութիւնները ժամանակագրական կարգով մինչեւ 19-րդ դարի վերջը սկիզբ են առել հետեւեալ քաղաքներում

 


Վենետիկ

1512

Կ. Պոլիս

1567

Հռոմ

1584

Լվով

1616

Միլան

1621

Փարիզ

1633

Ամսթերտամ

1660

Մարսէյլ

1673

Նոր Ջուղա

1641

Լիվոռնօ

1643

Իզմիր

1676

Լայփցիկ

1680

Փատուա

1690

Լոնտոն

1736

Էջմիածին

1771

Մատրաս

1772

Թրիէստ

1776

Փեթերսպուրկ

1781

Նոր Նախիջեւան

1786

Աստրախան

1796

Կալկաթա

1796

Պոմպէյ

1810

Վիեննա

1812

Մոսկուա

1820

Թիֆլիս

  1823

Շուշի

1828

Երուսաղէմ

1833

Պարտիզակ

1848

Շամախի

1856

Նիւ Եորք

1857

Վան

1858

Թէոդոսիա

1859

Մանչեսթըր

1863

Մուշ

1863

Գահիրէ

1865

Սեբաստիա

1871

Պաքու

1872

Գանձակ

1874

Ռոստով

1875

Երեւան

1876

Ալեքսանդրապոլ

1876

Ֆոքշան

1877

Եւդոկիա

1883

Վառնա

1884

Աղեքսանդրիա

1888

Ախալցխա

1888

Թաւրիզ

1889

Նոր Պայազիտ

1890

Ժընեւ

1891

Ռուսճուգ

1891

Աթէնք

1892

Թեհրան

1894

Պոսթըն

1899


 

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը իր բերած ազատութեան յոյսերով պատճառ կը դառնայ տպարանական աշխոյժ գործունէութեան մը Թուրքիոյ հայաբնակ գաւառներուն մէջ Վան, Կարին, Սեբաստիա, Երզնկա, եւայլն։ Կը սկսէին լոյս տեսնել գիրքեր, մանաւանդ թերթեր։ Այս գործունէութիւնը երկար կեանք պիտի չունենար։ 1915-ը պիտի գերեզմանէր զայն։

1912-ին կը տօնուէր հայ գիրերու գիւտին 1500-ամեակը եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակը։ Այս տօնակատարութեանց կեդրոնը կը դառնար Պոլիսը, ուր լոյս կը տեսնէին զանազան հրատարակութիւններ եւ տեղի կ՚ունենային հանդիսութիւններ։ Այս հրատարակութիւններէն մէկն է Թէոդիկի հոյակապ Տիպ ու տառ ը։



[1]            Այս տրուած թիւերը չեն կրնար վերջնական նկատուիլ, որովհետեւ հայ տպագրութեան պատմութիւնը տակաւին անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ չէ ուսումնասիրուած։ Վերջին տարիներուն կատարուած բանասիրական պրպտումներու շնորհիւ կը գտնուին կամ երեւան կը հանուին այնպիսի՛ հրատարակութիւններ, որոնք ցարդ մատենագիտական որեւէ գործի մէջ չեն յիշատակուած։ Պիտի անդրադառնանք նաեւ այդ աշխատանքին։