ԺԷ.
ԴԱՐ
ԺԷ.
դարը
կը
բացուի
Յովհաննէս
Երէց
Քարմատանենցի
տպարանով։
Ցարդ
կատարուած
հրատարակութիւնները
տեղի
ունեցած
էին
օտար
տպարաններու
մէջ։
Յովհաննէս
Երէց
հայկական
առաջին
տպարանը
կը
բանայ
Լեհաստանի
(Բոլոնիա)
Լվով
կամ
Լեմպերկ
քաղաքին
մէջ
1616-ին
եւ
կը
տպէ
Սաղմոսարան
մը
(478
էջով)
եւ
այլ
գիրքեր։
Այս
դարուն
ալ,
ինչպէս
ԺԶ.
դարուն,
Միլանոյի
եւ
Հռոմի
մէջ
օտարներու
կողմէ
կը
տպուին
քերականական,
լեզուաբանական,
դաւանաբանական
գործեր,
որոնց
մէջ
տեղ
կը
տրուի
հայկական
տառերու։
Այս
բոլոր
հրատարակութիւններն
ալ
տեղի
ունեցած
են
օտար
հողի
վրայ։
Հիմա
պիտի
գանք
գաղութի
մը,
որ
հայրենիքին
մօտ
է
–
Նոր
Ջուղա։
Հոս
տեղի
ունեցածը
իրապէս
որ
զարմացուցիչ
է։
Նոր
Ջուղայի
Ս.
Ամենափրկիչ
վանքին
մէջ
Խաչատուր
վրդ.
Կեսարացին
կը
հիմնէ
«համալսարան»,
գրադարան
եւ
կը
ձեռնարկէ
հայ
տպարանի
մը
սարքաւորման։
Ինք
անտեղեակ
եղած
է
տպագրական
արուեստին,
սակայն
տքնաջան
աշխատանքով
տառեր
ձուլած
է,
տեղւոյն
վրայ
մելան
եւ
թուղթ
պատրաստած
ու
նոյնիսկ
տպագրական
մամուլ
մը
շինած։
Խաչատուր
վարդապետ
Եւրոպա
ճամբորդած
մարդ
էր
եւ
տեսած
էր
հոն
կատարուած
յառաջդիմութիւնը։
1641-ին
տպեց
«Հարանց
վարք»ը։
Տեղեակ
ըլլալով
իր
գործին
թերութեան,
1639-ին
Եւրոպա
ուղարկեց
Յովհաննէս
վրդ.
Ջուղայեցին։
Վերջինս
հինգ
տարի
մնաց
հոն
եւ
դժուարութիւններու
բախեցաւ
տպագրական
կազմածներ
հայրենիք
փոխադրելու
համար։
Այս
դժուարութիւններուն
մէջ
բաժին
ունէին
Պապն
ու
տպագրիչներու
շահը։
Պապը
չէր
ուզեր,
որ
Արեւելքի
մէջ
տպարան
գոյութիւն
ունենայ
եւ
գիրք
տարածուի
քրիստոնեաներուն
մէջ։
Պապականութիւնը
արդէն
հիմնած
էր
Ուրբանոսեան
տպարանը
եւ
լոյս
ընծայած
գիրքերը
պիտի
տարածէր
Արեւելքի
քրիստոնեաներուն
մէջ։
Տպագրիչները
չէին
ուզեր
որ
իրենց
արհեստը
օգտագործուի
ուրիշ
երկիրներու
մէջ,
վախնալով
որ
իրենց
շահը
անկում
կրնայ
արձանագրել։
Ի
վերջոյ
Յովհաննէս
վրդ.
Հռոմի
մէջ
կը
յաջողի
տառեր
ձուլել
եւ
ապա
անցնիլ
Լիվոռնօ։
Հոն
կը
տպէ
«Սաղմոս»
մը
եւ
իր
կազմածներով
կը
փոխադրուի
Նոր
Ջուղա։
Իր
ուսուցիչը
մեռած
էր
եւ
ինք
սառն
ընդունելութեան
կ՚արժանանայ։
1647-ին
կը
տպէ
«Պարզատումար»ը։
Կը
փորձէ
տպել
Աստուածաշունչը,
սակայն
կը
հարկադրուի
Էջմիածին
փախչիլ։
Աստուածաշունչին
տպագրութիւնը
պիտի
վիճակուէր
Ոսկան
վրդ.
Երեւանցիին։
Վենետիկի
մէջ
1642-ին
Յովհաննէս
վրդ.
Անկիւրացին
կը
տպէ
«Սաղմոս
ի
Դաւիթ»ը,
յաջորդ
տարին
Ներսէս
Շնորհալիի
«Յիսուս
Որդին»։
Նոյն
քաղաքին
մէջ
1686-ին
Թադէոս
քհնյ.
Համազասպեանը
կը
տպէ
«Խորհրդատետր»ը,
ապա
«Ճաշոց»-ը
(երկու
հատորով)։
Ագուլեցի
Խոջա
Նահապետ
Գուլնազար
1687-ին
նորէն
նոյն
քաղաքին
մէջ
ագուլեցի
Խոջա
Նահապետ
Գուլնազարը
լոյս
կ՚ընծայէ
840
էջնոց
«Պարզաբանութիւն
Սաղմոսաց»
գիրքը։
Աշխարհաբար
լեզուով
տպուած
առաջին
գիրքը։
Գիրքին
սկիզբը
կայ
հրատարակիչին
նկարը։
Կրկնութենէ
խուսափելու
համար
այս
շրջանին
Վենետիկի
մէջ
լոյս
ընծայուած
հրատարակութիւնները
միացուցինք,
եւ
այս
ձեւով
կատարեցինք
ժամանակագրական
խախտում
մը։
Կու
գանք
անդրադառնալ
տպագրական
աշխատանքի
մը,
որ
մեր
տպագրութեան
պատմութեան
մէջ
իր
արժանի
տեղը
ունի.
այդ
ալ
Ոսկան
վրդ.
Երեւանցիի
ճիգն
է։
Յակոբ
Ջուղայեցի
Կաթողիկոսը՝
որ
Խաչատուր
վրդ.
Կեսարացիի
աշակերտներէն
էր
եւ
մեր
ազատագրական
շարժման
ռահվիրաներէն
մէկը,
ուզեց
հակազդել
կաթողիկէ
հաւատածաւալական
շարժման
եւ
Եւրոպա
ուղարկեց
(1656)
իր
քարտուղարը՝
Մատթէոս
Ծարեցին,
որպէսզի
հոն
տպարան
մը
հիմնէ։
Հռոմի
եւ
Վենետիկի
մէջ
դժուարութեանց
բախելով՝
անցաւ
բողոքական
Հոլանտա
(Ամըսթերտամ)
եւ
աշխատանքի
լծուեցաւ։
Մտադրած
էր
տպել
Աստուածաշունչը,
սակայն
պէտք
եղած
տառերը
պատրաստ
չըլլալով,
ձեռնարկեց
տպելու
«Յիսուս
Որդի»
գիրքը։
Հիւանդանալով՝
գործի
ընկեր
ըրաւ
Աւետիս
Ղլիճենց
անունով
հայ
վաճառական
մը։
Երբ
Ծարեցին
մեռաւ,
Աւետիս՝
համբակ
տպագրական
գործի
մէջ,
Էջմիածինէն
բերել
տուաւ
իր
եղբայրը՝
Ոսկան
վարդապետը։
Անոր
փոխանցեց
տպարանը
եւ
ինք
հայրենիք
վերադարձաւ։
Ոսկան
վարդապետի
գլխաւոր
ջանքը
եղաւ
տպագրել
Աստուածաշունչը։
Անհրաժեշտ
նիւթական
օժանդակութիւնը
ստանալով,
գործի
ձեռնարկեց
1666-ին
եւ
զայն
լոյս
ընծայեց
1668-ին։
[1]
Հոյակապ
հրատարակութիւն
մը,
որ
պատիւ
կը
բերէ
իր
հրատարակիչին։
Խնամեալ
եւ
պատկերազարդ
առաջին
հրատարակութիւնն
է
մեր
տպագրական
կեանքին
մէջ։
Նոյն
տարին
տպեց
Խորենացիի
«Աշխարհագրութիւն»ը։
[2]
Խորենացին
մեր
մատենագիրներէն
առաջինն
էր,
որ
տպագրութեան
կ՚արժանանար։
1669-ին
տպեց
Առաքել
Դաւրիժեցիի
«Գիրք
պատմութեանց»ը,
որուն
մէջ
կը
տրուի
Շահ
Աբբասի
կատարած
բռնի
գաղթին
պատմութիւնը։
Առաքել
Դաւրիժեցի
հայ
իրականութեան
մէջ
այն
բախտաւոր
անձն
էր,
որուն
գործը
իր
ողջութեան
լոյս
կ՚ընծայուէր։
Ան
կը
վախճանէր
յաջորդ
տարին։
Ոսկան
վրդ.
նոյն
տարին
տպեց
նաեւ
առաջին
«Ձայնքաղ
շարական»ը
(հայկական
խազերով)։
Հրատարակած
է
նաեւ
այլ
գիրքեր։
Ոսկան
վարդապետ
1672-ին
անցաւ
Մարսէյլ
եւ
ձեռնարկեց
տպել
«Նարեկ»ը,
սակայն
մահը
վրայ
հասաւ
(1674)
եւ
գործը
կիսատ
մնաց։
Ոսկան
վարդապետի
գործին
շարունակողներէն
եղաւ
իր
գրաշարներէն
մէկը՝
Մատթէոս
Վանանդեցին,
որ
նոյն
քաղաքին
մէջ,
1685-ին
տպարան
մը
բացաւ։
Հայրենիք
վերադառնալով
Մարսէյլ
փոխադրեց
իր
ազգականներէն
երկու
հոգի,
որոնք
կրնային
իրեն
օգտակար
ըլլալ
տպագրութեան
գործին
մէջ։
Անոնց
աջակցութեամբ
1695-ին
տպեց
հայ
առաջին
քարտէսը՝
«Համատարած
աշխարհցոյց»,
ապա
առաջին
անգամ
ըլլալով
Խորենացիի
«Հայոց
պատմութիւնը»ը
(1695)։
Պոլսոյ
մէջ
տեսանք
որ
ԺԶ.
դարուն
առաջին
տպարանը
բացած
էր
Աբգար
Դպիրը։
Երկրորդ
տպարանը
կը
բանայ
ԺԷ.
դարուն
վերջին
տասնամեակին՝
Երեմիա
Չէլէպի
Քէօմիւրճեանը,
որ
բանիմաց
եւ
բազմաշխատ
հանրային
գործիչ
մըն
էր։
Տպած
է
երկու
գիրք,
ապա
իր
տպարանին
կազմածները
ծախած
է
Գրիգոր
Մարզուանցիին։
ԺԷ.
դարու
ընթացքին
տպուած
են
թիւով
160
գիրք։
[1]
Հակառակ
որ
Աստուածաշունչը
լոյս
տեսած
է
1668-ին,
տպագրութեան
ձեռնարկման
թուականը
(1666)
հիմ
ունենալով
1966-ին
նշուեցաւ
300-ամեակը
Աստուածաշունչի
տպագրութեան։
[2]
Խորենացիի
անունով
տպուած
այս
«Աշխարհագրութիւնը»ը՝
բանասիրական
բազմաթիւ
հետազօտութեանց
ենթարկուած
է
եւ
այսօր
փրոֆ.
Աշոտ
Աբրահամեանի
համոզիչ
փաստերուն
լոյսին
տակ՝
կը
վերագրուի
Է.
դարու
հայ
թուաբանագէտ՝
Անանիա
Շիրակացիին։