Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐ

Դաշնակցական կարկառուն բազմաթիւ դէմքեր անտեսուած են իսկ նշուածներուն պարագային՝ սիւնակային կամ տողային բաժինը բաւական կարճ է համեմատած այլոց տրուած բաժիններուն։ Անդրադարձները սովորաբար անստորագիր են եւ նկարներ չունին։ Բացառութիւն եղած է Լեւոն Շանթի պարագային։ Շանթ դաշնակցական միակ անձն է, որուն նկարը տրուած է։

Ինչպէս դաշնակցական մամուլի պարագային, հոս ալ մեզի ծանօթ կաղապարները, կնիքը ներկայ է։

Անդրադառնանք նշուածներուն.

 

ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ (հատ. 1, էջ 236) Յատկացուած է 49 տող։ Նկատի առած բացուած կարկինը, տրուած տեղեկութիւնները ճշգրիտ են եւ արդար։

Ունինք երկու դիտողութիւն։ Առաւելաբար կենսագրական տեղեկութիւններ հաղորդուած են։ Գրականութեան վերլուծում չկայ։ Նշուած են հրատարակած գործերէն ոմանք, բայց կը պակսի անոր գրական դիմագիծին ճշդումը։

Աշխատակցած է որոշ թերթերու, որոնցմէ ոմանք նշուած են։ Անոնց փոխարէն պիտի նախընտրէինք, որ նշուէին իր խմբագրած թերթերը։ 1902-1905 Ահարոնեան վարած է Թիֆլիսի Մուրճ ամսագիրին գրական բաժինի խմբագրութիւնը։ 1906-1909 մաս կազմած է Թիֆլիսի Հ. Յ. Դ. ի օրկան Յառաջ օրաթերթին խմբագրական կազմին։

Գրութեան վերջաւորութեան կայ հետեւեալ հաստատումը «Ահարոնեան մինչեւ վերջ էլ մնացել է հակասովետիզմի դիրքերում»։

 

ԱՂԲԱԼԵԱՆ ՆԻԿՈԼ (հատ. 1, էջ 249) Յատկացուած է 39 տող։

Գրողը յայտնի է որ գուրգուրանքով մօտեցած է Աղբալեանին։ Անդրադարձած է անոր ուսուցչական եւ քաղաքական գործունէութեան։ Զայն որակած է «Հայ գրականագէտ, մանկավարժ, դաշնակցական կուսակցութեան ղեկավար գործիչ»։ Յայտնի է, որ ակամայ փամփուշտ մը պարպելու պարտաւորութեան տակ է, երբ կը գրէ. «Լինելով գրականագէտ եւ մանկավարժ՝ Աղբալեան, այնուամենայնիւ, չկարողացաւ ճիշտ կողմնորոշուել հայ ժողովրդի ազգային ազատագրութեան հարցերում՝ շարունակելով պաշտպանել իր կուսակցութեան հակասովետական, ազգայնական դիրքորոշումը»։

Աղբալեանի գործերը կը նշուին, սակայն ո՛չ մէկ ակնարկ անոր խմբագրած թերթերուն։ Խմբագիր եղած է Նոր հոսանքի, Հորիզոնի, Գործի, Հայաստանի աշխատաւորի (իբրեւ անդամ խմբագրութեան) եւ Ազատամարտի (Թիֆլիս)։ Տե՛ս «Ինքնակենսագրութիւն», Հայրենիք տարեգիրք-տօնացոյց, Զ. տարի (1948), Պոսթըն, էջ 205։

 

ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲ (Վարդանեան Սերոբ, հ. 1, էջ 251)։ Հակիրճ, սակայն ճշգրիտ բնութագրում կայ։ Զայն որակած է «հայ ազատագրական շարժման գործիչ, ֆիտայի»։ Կու տայ անոր վարած կռիւներուն մէկ ամփոփ պատկերը։ Գլխաւոր թերին, չի նշեր հերոսին դաշնակցական հանգամանքը։ Աղբիւր Սերոբ դաշնակցական դարձած է 1894-1895-ին, Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքին մէջ, ՀրայրԴժոխքի քարոզչութեան ազդեցութեան տակ։

 

ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ ՌՈՒԲԷՆ . 3, էջ 665-666) Նայած Ռ. Զարդարեանի արժանիքներուն եւ արժէքին, իրեն նուիրուած տողերուն գումարը (44, որոնց 4-ը աղբիւրներու նշում) անբաւարար է։ Չոր անդրադարձ է կենսագրութիւն եւ գործերու թուում, առանց գրական արժէքի դրսեւորման։ Չի նշեր որ խմբագրած է Վառնայի Ռազմիկը եւ Պոլսոյ Ազատամարտը։ Տրուած է նկարը։ Ո՛չ մէկ նշում անոր դաշնակցական ըլլալուն։

 

ԽԱՏԻՍԵԱՆ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ . 5, էջ 35)։ Տրուած են կեանքին եւ քաղաքական գործունէութեան վրայ հակիրճ տեղեկութիւններ, նշուած են քաղաքապետական եւ պետական պաշտօնները, նաեւ դաշնակցական ըլլալու հանգամանքը։ Եւ որովհետեւ դաշնակցական է, պէտք է մրոտ կողմ մը ունենայ։ Եթէ չունենայ իսկ, պէտք է ստեղծել եւ մրոտել։ Հետեւաբար, ակնարկին ետին գրուած է. «Հայաստանում սովետական կարգերի հաստատումից յետոյ՝ սպիտակ վտարանդի. սերտ կապերի մէջ է եղել Գերմանիայի ֆաշիստական պարագլուխների, Վիշիի ֆրանսական կառավարութեան հետ։ Նրա «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» (1930) յուշագրութիւնը ներծծուած է հակասովետիզմով»։

 

ԿԱՆԱՅԵԱՆ ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ, ԴՐՕ . 5, էջ 233) Դրոյի եւ Մուշեղ Իշխանի պարագային, «մաքսանենգում» մը, այլ բառով՝ մատենագիտական անպարկեշտութիւն մը գործուած է։ Հանրութեան մեծամասնութեան համար Դրաստամատ Կանայեան եւ Մուշեղ Ճենտէրէճեան անունները ոչինչ կ՚ըսեն։ Անոնք ծանօթ կրնան ըլլալ զօրավար Դրօ եւ Մուշեղ Իշխան անուններուն։ Նման պարագաներու, գրադարանային եւ բառարանային աւանդութիւնները կու տան ծածկանունները եւ կը յղեն բուն անուն մականուններուն. այսպէս՝ Իշխան Մուշեղ, տե՛ս Ճենտէրէճեան Մուշեղ։

Համաստեղը չեն տուած Կելէնեան Համբարձումին տակ, այլ՝ Համաստեղ անունին տակ։ Երկու դրութիւն չի կրնար որդեգրուիլ։

Դրոյին տրամադրուած է 27 տող։ Հակիրճ ակնարկին մէջ տրուած են կենսագրական գիծեր եւ զինուորական ու պետական գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ կը կարդանք. «Հայաստանում սովետական կարգերի հաստատումից յետոյ նպաստել է դաշնակների 1921ի Փետրուարեան խռովութեան կազմակերպմանը։ Այնուհետեւ՝ սպիտակ վտարանդի։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներին գործակցել է գերմանական ֆաշիստներին»։

Կը հանդիպինք նոյն «սեւացրէք»եան քաղաքականութեան։ Արդեօք ո՞ւր էր Դրօն Փետրուարեան օրերուն։ Հայաստա՞ն կը գտնուէր։ Պատասխանը կը գտնենք Ս. Վրացեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն հատորին մէջ. «Յունուար 10ին Ռուսաստան աքսորուեց Դրօն իր զինակից սպաների հետ» (Պէյրութ, Բ. տիպ, 1958, էջ 511)։

Դրոյի պարագային անպայման պէտք է նշել իր յեղափոխականի իրաւ մկրտութիւնը հազիւ 20 տարեկան, դեռափթիթ երիտասարդ, ահաբեկեց զինուորական նահանգապետ Նակաշիձէն, որ թաթարներու ձեռքով կազմակերպած էր Պաքուի հայոց կոտորածը։

 

ՀԱՄԱՍՏԵՂ . 6, էջ 104)։ Կարծէք թէ ամօթէ մղուած տեղ տրուած է Համաստեղի։ Յատկացուած տողերուն թիւը շատ չնչին է (18 տող) բաղդատած Համաստեղի գրական մեծ արժէքին։ Գրեթէ ոչինչ ըսուած է. պարզ թուում մը անոր հրատարակած գիրքերուն։

Նշուած է դաշնակցական ըլլալը։ Գրական վերլուծման եւ արժեւորման փոխարէն կը գտնենք հետեւեալ հաստատումը. «Ունեցել է յոռետեսական եւ միստիկ տրամադրութիւններ»։ Միստիկին հիմը կրնայ ըլլալ Համաստեղի Աղօթարան հատորը, իսկ այս յոռետեսականը ի՞նչ հիմամբ տրուած է, չենք կրնար գիտնալ։

Ակնարկը ստորագրութիւն չի կրեր եւ չի տար Համաստեղի նկարը։ Ընդվզեցուցիչ է երեւոյթը, երբ բաղդատենք Գառնիկ Ադդարեանի յատկացուած տողերու գումարին եւ մասնաւոր գուրգուրանքին (25 տող, նկարը եւ Ս[տեփան] Կուրտիկեանի ստորագրութիւնը), նոյնպէս Վահէ-Վահեանին (54 տող, նկարը եւ Գ[րիգոր] Գույումճեանի ստորագրութիւնը)։

 

ՃԵՆՏԷՐԷՃԵԱՆ ՄՈՒՇԵՂ, ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ . 7, էջ 96)

Խմբագրուած է ճի՛շդ Համաստեղի ակնարկին նման, նոյն խորքով եւ ձեւով։ Տարբերութիւնը այն է, որ Իշխանին յատկացուած է 22 տող եւ կը կրէ ստորագրութիւն Գ[եղամ] Սեւան։

Համաստեղի առիթով մեր կատարած դիտողութիւնները ամբողջութեամբ կը յարմարին նաեւ Մ. Իշխանի պարագային։

 

ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՐԱՄ (ԱՐԱՄ ՓԱՇԱ) . 7, էջ 254) Տրուած է 21 տող։ Ի՞նչ կարելի է ըսել 21 տողի մէջ. պարզապէս հպանցիկ ակնարկութիւններ։ Չի խորանար եւ չի մանրամասներ։ Կը գրէ. «Մեծ Եղեռնի ժամանակ մասնակցել է Վանի ինքնապաշտպանութեանը»։ Ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ մաս կազմած է «Վանի հայ ինքնապաշտպանութեան զինուորական մարմին»ին, ինչպէս նշուած է հատ. 11-ի «Վանի հերոսամարտ» բաժինին մէջ (էջ 272)։ Կը նշէ 4 ամսուան Վասպուրականի նահանգապետութեան շրջանը։

Ակնարկին վերջաւորութեան գրուած է. «Եղել է Հայաստանի բուրժ. հանրապետութեան ներքին նախարար»։ Պէտք է աւելցնել նաեւ պարենաւորման նախարար։

Սովորաբար, Արամ Մանուկեանի կը վերագրուի «Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր»ի հանգամանքը։ Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն այս հատուածին մէջ։

Սիմոն Վրացեանէն բերենք հատուած մը. «1917ին Ազգային Խորհրդի կողմից, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, ուղարկուեց Երեւանի նահանգը, ուր նրան վիճակուեց պատմական դեր, Դրոյի հետ միասին, հայութեան պաշտպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման գործում։ Այս շրջանում էր, որ առանձնապէս երեւան եկաւ նրա արտակարգ կարողութիւնը, յեղափոխական, կազմակերպական եւ պետական տաղանդը։ Ի զուր չէ, որ հանրային կարծիքը նրան է համարում Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր» (Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1890-1950, Բոստոն, 1950, էջ 467)։

 

ՇԱՆԹ ԼԵՒՈՆ . 8, էջ 448-449) Դաշնակցական մտաւորականներէն եւ գրագէտներէն միակն է (եթէ չհաշուենք Վարուժանն ու Սիամանթօն), որ լուրջ վերաբերումի արժանացած է։ Ակնարկը կը կրէ Է[դուարդ] Ջրբաշեանի ստորագրութիւնը։ Ջրբաշեան յարգարժան անձնաւորութիւն մը եւ յայտնի դէմք մըն է հայրենի մտաւորականութեան մէջ։ Գրականագէտ, դասագիրքի եւ այլ գիրքերու հեղինակ, համալսարանի դասախօս եւ Մանուկ Աբեղեան Հիմնարկի տնօրէն։ Իր ակնարկին լրջութեամբ Շանթին չափ մեծարած կ՚ըլլայ նաեւ ինքզինք։ Իր լուրջ մօտեցումը բարձրացուցած է իր վարկը, մտաւորականի պարկեշտութիւնը։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ ինքզինք յարգող իւրաքանչիւր մտաւորականի, գրագէտի եւ հրապարակագիրի պարտականութիւնը։

Շանթի յատկացուցած է 2 սիւնակէն աւելի (147 տող)։ Բաւական մանրամասնութեամբ եւ համոզիչ ճշգրտութեամբ տրուած են կեանքին ու գեղարուեստական գրականութեան ուղին։ Կը զգաք, որ ջերմ համակրանքով կը վերլուծէ Շանթը, անդրադառնալով բանաստեղծին, վիպագիրին եւ թատերագիրին։ Կը նշէ նաեւ Շանթի դասագիրքերն ու թարգմանական գործերը։

Դաշնակցական միակ գրագէտն է, որուն նուիրուած ակնարկին կցուած է մատենագիտական բաժին։ Կը նշուին Շանթի ամբողջական գործերուն շարքը (9 հատոր), նաեւ անոր նուիրուած մենագրական աշխատանքներէն ու ներգրքային անդրադարձներէն ոմանք (թիւով 6)։ Հոս նկատի առնուած եւ նշուած է մեր մէկ համեստ գործը՝ Մատենագիտութիւն Լեւոն Շանթի (Պէյրութ, 1969)։ Արդար պիտի ըլլար նշել Գրիգոր Շահինեանի մենագրութիւնը՝ Ձիւներն ի վեր (Պէյրութ, 1967)։

Դաշնակցական միակ գրագէտն է, որուն նկարը տրուած է (եթէ զանց ընենք Սիամանթօն եւ Դ. Վարուժանը)։

 

ՎՐԱՑԵԱՆ ՍԻՄՈՆ . 11, էջ 531) Յատկացուած է 28 տող։

Տրուածը շատ ամփոփ է, բան մը չփոխանցելու չափ։ Քաղաքական մարզի մէջ Վրացեանի ստանձնած պաշտօններուն թուումը բաւական ճշգրիտ է։ Կը նշէ դաշնակցական ըլլալը. «Հայ քաղաքական գործիչ, Դաշնակցութեան պարագլուխներից»։ Չի նշեր անոր կրթական գործունէութիւնը։ Վրացեան ստանձնեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը (1951-1969)։

Ս. Վրացեանի հրատարակած գործերէն ո՛չ մէկը նշուած է։

Կ՚ակնկալէինք առնուազն որ նշուէր Հայաստանի Հանրապետութիւն ծաւալուն եւ կոթողական գործը, որ արժանացած է երկու հրատարակութեան (Փարիզ, 1928. Պէյրութ, 1958)։ 10-էն աւելի երկեր ունի, որոնց ամբողջականի մօտեցող ցուցակը տրուած է վերոյիշեալ գիրքին վերջաւորութեան (էջ 683-684)։

Նշուած է. «1911-13ին ԱՄՆում խմբագրել է Հայրենիք օրաթերթը»։ Չարամիտ չենք այս հաստատումին մէջ խմբագիրին յետին նպատակներ վերագրելու։ Թերեւս մտադրութիւն կայ խորհրդահայ ընթերցողին մէջ, Մ. Նահանգներու անուան նշումով, Ս. Վրացեանի դէմ հակակրանք մը ստեղծելու։ Արդարեւ, Վրացեան խմբագրած է 12 թերթ եւ 1 տարեգիրք (Հայրենիք, 1943-1948, 6 տարի)։ Եթէ Վրացեանի խմբագրական աշխատանքներուն ակնարկութիւն մը պիտի ըլլար (պէտք է ըլլայ), ամէնէն աւելի պէտք է նշուին Դրօշակը . շրջան, Փարիզ, 1925-1933) եւ Վէմը (Փարիզ, 1933-1938)։

Մա՛նաւանդ այս վերջինը, որուն հիմնադրումն ու խմբագրումը բացառապէս իրն են։ Իր խմբագրած ժողովածուներուն, տարեգիրքին եւ թերթերուն ամբողջական ցանկը կը գտնուին նոյն տեղը։

Ակնարկին վերջին մասին մէջ կը տրուի Վրացեանի կեանքին ու գործին գնահատականը։ Մէջբերենք. «Անհաշտ պայքար է մղել սովետական իշխանութեան դէմ, գլխաւորել դաշնակցականների 1921-ի փետրուարեան խռովութիւնը, որի ջախջախումից յետոյ վտարանդել է արտասահման եւ շարունակել հակասովետական գործունէութիւնը։ Նրա գրքերին յատուկ են հակասովետիզմը եւ հակակոմունիզմը, պատմական փաստերի աղաւաղումը»։

Աղաւաղում մը, խեղաթիւրում մը կայ, բայց ո՞ւր։ Վրացեանի՞ մօտ, թէ ոչ խմբագրողին։

Ակնարկը չէ ստորագրուած։ Անծանօթ է խմբագրողը։ Բայց այն հաստատ հաւատքը եւ համոզումը ունինք, որ եթէ խմբագրողը կրցած է ձեռք ձգել Վրացեանի Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործէն օրինակ մը, զայն դարձուցած է իր գրադարանին զարդը եւ անոր ընթերցումը իր առօրեայ ներշնչումին աղբիւրը։ Բայց իր դատո՞ւմը։ Պարզապէս վերին իշխանութիւններուն պարտադրանքին արդիւնքը, կամ անոնց հաճելի ըլլալու ծառայամտութեան ձեւ մը։

Նկատի առնելով ընդգրկուած եւ նշուած մտաւորականները, գրագէտները եւ քաղաքական դէմքերը, անկարելի է ընդվզումը զսպել ի տես դաշնակցական եւ միաժամանակ ազգային նկատուող կարկառուն դէմքերու անտեսումին։ Նկատի չէ առնուած Հ. Յ. Դ. ի հիմնադիր երրորդութիւնը Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան եւ Ռոստոմ Զօրեան (թէեւ անոնք իբրեւ հիմնադիր նշուած են Հ. Յ. Դ. ի յատկացուած ակնարկին մէջ)։

Նշենք կարգ մը դէմքեր, որոնք պէտք է մուտք գործած ըլլային համայնագիտարանին մէջ Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Ռուբէն Դարբինեան, Հրայր Դժոխք, Նիկոլ Դուման, Գասպար Իփէկեան, Շաւարշ Միսաքեան, Վահան Նաւասարդեան, Յարութիւն Շահրիկեան, Գէորգ Չաւուշ, Արշակ Ջամալեան, Միքայէլ Վարանդեան, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Վահան Փափազեան (Կոմս), Համօ Օհանջանեան։ Եւ դեռ կարելի է նշել շատեր։

Հայկական «Նիւրեմպերկ»ը կազմակերպողներն ալ անտեսուած են Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլագեան, Ստեփան Ծաղիկեան եւ այլն։