ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Ջանացինք
Շ.
Պէրպէրեանի
ամբողջական
մատենագիտութիւնը
կազմել։
Սակայն
այն
վստահութիւնը
չունինք
որ
յաջողած
ենք
մեր
մտադրութեան
մէջ։
Մեր
ժողովուրդին
տարտղնուած
ըլլալը
եւ
մեր
մամուլին՝
աշխարհի
չորս
ծագերուն
մէջ
տպուիլը,
բաւարար
պատճառներ
են,
որոնք
մեզ
կը
մղեն
կասկածելու
որ
մեզի
համար
անյայտ
մնացած
գրութիւններ
կրնան
ըլլալ։
Սակայն
հաւաքուած
բերքն
ալ
կը
բաւէ
որ
ուրախացնէ
մեզ,
նաեւ
Շահան
Պէրպէրեանի
անձով
եւ
գործով
հետաքրքրուողները։
Հակառակ
մեր
պրպտումներուն,
որոշ
հարցեր
տակաւին
լուսաբանութեան
կը
կարօտին։
Օրինակ՝
Մաննիկ
Պէրպէրեան
կը
հաւաստէ
որ
1947-ին
Երեւանի
մէջ
«Արեւմտահայ
փիլիսոփան՝
Շահան
Պէրպէրեան»
վերնագրով
աւարտաճառ
մը
ներկայացուած
է։
Հաւանաբար
Շահանի
աշակերտներէն
մէկն
է
(ներգաղթող
մը)
որ
փիլիսոփայական
ուսմանց
որպէս
աւարտաճառ
վերցուցած
է
իր
ուսուցիչին
հայեացքները։
Ո՞վ
է
ներկայացնողը,
չկրցանք
ստուգել։
Ուրիշ
հարց
մը
–
Յ.
Օշականի
հետ
գրած
է
քնարախաղ
մը։
Ի՞նչ
է
վերնագիրը,
չկրցանք
ստուգել։
Մեր
նպատակը
չէ
եղած
Շ.
Պէրպէրեանի
գործին
արժեւորումը
կատարել,
այլ
դիւրացնել
այդ
արժեւորման
աշխատանքը։
Որովհետեւ
կը
հաւատանք,
որ
անձի
մը
ըստ
արժանւոյն
գնահատանքը
կատարելու
համար,
նախ
պէտք
է
անոր
հրատարակած
բոլոր
գործերուն
ցուցակագրումը,
կամ
գիտական
բառով
մը
մատենագիտութիւնը
պատրաստել։
Շ.
Պէրպէրեանի
մատենագիտութեան
պատրաստութեամբ
պիտի
դիւրանայ
անոր
բազմապիսի
դիմագիծին
ուսումնասիրական
աշխատանքը։
Սակայն
պէտք
է
գիտնալ
որ
այդ
ճիգը
վեր
է
մէկ
հոգիի
ուժերէն։
Գեղագէտը
պիտի
ուսումնասիրէ
անոր
գեղագիտական
հայեացքները.
իմաստասիրութեան
էութեան
եւ
պատմութեան
մասնագէտը՝
անոր
իմաստասիրական
հայեացքները.
երաժշտութեան
տեսաբանը՝
անոր
երաժշտական
յօրինումները
եւ
խմբավարական
կարողութիւնները.
իսկ
պարադրութեան
կամ
թատերապարի
մասնագէտը՝
անոր
պարադրական
յօրինումները։
Եթէ
ընթերցող
հասարակութիւնը
քաջալեր
հանդիսանայ
մեզի,
ծրագիր
ունինք
հետզհետէ
տպագրել
Շահանի
գործերը,
առաջին
հերթին
անոր
գեղագիտական
հայեացքները։
Եթէ
չյաջողինք
մեր
մտադրութեան
մէջ,
ներկայ
մատենագիտութիւնը
ինքնին
արդէն
յարգանքի
տուրք
մըն
է
Շահանի
յիշատակին
եւ
դիւրացած
միջոց
մը
անոր
գործը
ուսումնասիրելուն
համար։