Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԹԵՐԱՒԱՐՏ ԿԱՄ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԵՂՈՂ ԳՈՐԾԵՐ

1. ԸՆԹԱՑՔ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆՑ . Հոգեբանութիւն, բ. Ընկերաբանութիւն, գ. Իմաստասիրութեան պատմութիւն, դ. Բնազանցութիւն, ե. Գեղագիտութիւն, զ. Տրամաբանութիւն, է. Բարոյագիտութիւն).

Այս նիւթերու մասին ո՛չ մէկ ձեռագիր կայ իրմէ։ Իր դասախօսութիւններուն ընթացքին՝ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ աշակերտներ նոթագրութիւններ առած են, որոնք համադրուելով կրնան տպուիլ. եթէ ոչ առանձին հատորներով, գոնէ Հասկ ի մէջ։

Գեղագիտութեան մասը լոյս տեսած է Երուսաղէմի Տեղեկաբեր պրակներուն մէջ։

2. ԵՕԹԸ ՏՕՆ՝ ԵՕԹԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴ (Սաղիմական տրամախօսութիւններ)։

Ասոնցմէ վեցը լոյս տեսած են Սիոնի մէջ (տեսնել զանոնք Մատենագիտութեան Իմաստասիրական բաժինին մէջ)։

3. ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎՐԻՊԱՊԱՏՈՒՄ (Փորձ մը գեղագիտական դատաստաններու տրամաբանութեան մը)։

4. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ (Փորձ էաբանական գեղագիտութեան)։

Առ ի չգոյէ ձեռագրին՝ կրնայ որոշ գաղափար մը տալ Զուարթնոց տարեգիրքին մէջ լոյս տեսած «Կայացումը եւ վերակայացումը արուեստի մէջ» յօդուածը, կամ՝ «Արուեստ եւ իրականութիւն» վերնագրով դասախօսութիւնը՝ տրուած Պէյրութի մէջ 1945-ին եւ թերեւս ալ «Իմաստ եւ իրականութիւն» յօդուածը, լոյս տեսած Սիոն ի մէջ։

5. ՍԷՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ

6. ԶՐՈՅՑ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

7. ՆԻՒԹԸ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

8. ՀԱՄԱԿԱՐԳԵԱԼ ԳԻԾԵՐՈՎ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

9. ՍՏՈՐԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹԸ

10. ՊԱՐԸ ՈՐՊԷՍ ՄԵԾ ԱՐՈՒԵՍՏ

11. ԻՄԱՍՏԱՍԻՐԱԿԱՆ ԻՆՆԵԱԿ

12. ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻ։

Յոբելինական կոչին մէջ չի յիշատակուիր, սակայն Շ. Պէրպէրեան ծրագրած էր պատրաստել իմաստասիրական բառարան մը եւ արտայայտուած է անձերու թէ հասած է արդէն մինչեւ Դ. գիրը։ Ո՛չ մէկ հետք իր այս գործէն։

Հարազատօրէն արձանագրեցինք Շ. Պէրպէրեանի Յոբելինական Կեդրոնական Յանձնախումբի պատրաստած Շահանի գործերու ցուցակին, այն հաստատ հաւատքով, որ այդ ցուցակը հաւանաբար խմբագրած ըլլայ ինք՝ յոբելեարը։

Կը սկսինք ցուցակագրել այն ուսումնասիրութիւններն ու գրութիւնները, որոնք հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած են եւ որոնց ստուգումը մենք անձնապէս կատարած ենք։