Ե.
Հ.
Յ.
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԵՏ
ԿԱՊՈՒԱԾ
ՀԱՐՑԵՐ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԲՈՒՐԺՈՒԱԿԱՆ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ,
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
(հ.
6,
էջ
137-138)
–
Յատկացուած
է
2
սիւնակէն
քիչ
մը
պակաս
(149
տող)։
Կը
նշէ
Սէյմը,
Պաթումի
դաշնագիրը,
Հայաստանի
խորհրդարանը,
Մայիսեան
խռովութիւնները,
հայ-ռուսական
բանակցութիւնները,
հայ-թրքական
պատերազմը
եւ
Հայաստանի
խորհրդայնացումը։
Հայաստանի
հանրապետութեան
երկուքուկէս
տարիներու
գոյութիւնը
նուրբ
հարցեր,
դիւանագիտական
շփումներ,
ուղղակի
բախումներ
յառաջացուցած
է
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
եւ
միջազգայնականութեան
լոզունգին
տակ
ծուարած
համայնավարութեան
միջեւ։
Այդ
բախումները
ո՛չ
միայն
իրենց
ազդեցութիւնը
ունեցան
այդ
օրերու
իրենց
յարաբերութեանց
վրայ,
այլեւ
հիմ
ծառայեցին
իրենց
ապագայ
դիրքորոշումներուն։
Հայաստանի
խորհրդայնացման
մէջ
Հ.
Յ.
Դաշնակցութիւնը
տեսաւ
իր
կերտած
անկախութեան
կորուստը,
իսկ
համայնավարութեան
մէջ՝
այն
խորշակը,
որ
պատճառ
դարձաւ
այդ
կորուստին։
Ակնարկին
մէջ
վիճելի,
սխալ
տեղեկութիւններ
բաւական
կան։
Կ՚առնենք
քանի
մը
հատը։
Սկսինք
խորագիրէն։
Պուրժուական
Հանրապետութիւն։
Եթէ
պուրժուական
(քաղքենի)
որակական
ածականը
չգործածեն
Հայաստանի
Հանրապետութեան
կողքին,
կարծէք
գիտականութեան,
ճշգրտութեան
դէմ
մեղանչած
կ՚ըլլան։
Իրենց
մտածումին
մէջ
ներկայ
է
հետեւեալ
տրամաբանութիւնը
–
քանի
Դաշնակցութիւնը
«պուրժուա»
է,
իր
հիմնադրած
հանրապետութիւնն
ալ
«պուրժուական»
պէտք
է
ըլլայ։
Սխալ
նախադրեալէ
սխալ
եզրակացութեան
մը
կը
յանգինք։
1920-ի
Մայիսին,
Հայաստանի
համայնավարները
փորձեցին
խռովութիւններ
առաջացնել
եւ
պետական
ղեկը
ձեռք
ձգել։
Այս
հարցին
առնչութեամբ
գրուած
է.
«1920ի
Մայիսին
Դաշնակցական
տիրապետութեան
դէմ
բռնկեց
հայ
աշխատաւորների
զինուած
ապստամբութիւնը,
որը
դաժանօրէն
զսպուեց»։
Իրողութիւնը
այն
է,
որ
ինչ-ինչ
պատճառներով,
օրուան
կառավարութիւնը
մեղմ
քաղաքականութիւն
որդեգրեց
եւ
ո՛չ
թէ
դաժանօրէն
ճնշեց։
Ղեկավարները
փախուստ
տուին
եւ
ապաստանեցան
Ազրպէյճան,
իսկ
ձերբակալուածները,
մեծ
մասամբ,
թեթեւ
պատիժներու
արժանացան։
Ս.
Վրացեան
կը
գրէ.
«Ապստամբութեան
հաշուեյարդարից
յետոյ՝
Երեւանում,
Ալեքսանդրապոլում...
կազմըւեցին
արտակարգ
դատարաններ,
որոնց
յանձնուեց
ձերբակալուածների
դատը։
Ընդհանուր
առմամբ
այս
դատարանները
գտնուեցին
համբերատար
ու
ներող
եւ
բացառիկ
դէպքերում
միայն
հանեցին
մահապատիժներ,
որոնց
ընդհանուր
թիւը
10
չի
անցնում»։
(Հայաստանի
Հանրապետութիւն,
էջ
400)։
Ակնարկին
վերջաւորութեան
կը
կարդանք.
«1920ի
Նոյեմբեր
29ին
Հայաստանի
ապստամբ
բանուորներն
ու
գիւղացիները
ՀԿ(բ)Կ
ղեկավարութեամբ
եւ
ՌՍՖՍՀ-ի
եղբայրական
օգնութեամբ
տապալեցին
դաշնակցականների
հակաժողովրդական
իշխանութիւնը»։
Հարց
կարելի
է
տալ,
1920-ի
Մայիսին
դաժանօրէն
ճնշուած
Հայաստանի
Համայնավար
կուսակցութիւնը,
6
ամիս
ետք,
1920-ի
Նոյեմբերին
ուրկէ՞
կրցաւ
այդքան
ոյժ
հաւաքել
եւ
ղեկավարել
«Հայաստանի
ապստամբ
բանուորներն
ու
գիւղացիները»։
Եթէ
փոխանակենք
իր
գործածած
ղեկավարութեամբ
եւ
օգնութեամբ
բառերը,
այլ
խօսքով
դերերու
շրջում
կատարենք
եւ
կարդանք
իր
հաստատումը,
այն
ատեն
ճիշդ
կ՚ըլլայ.
«Ռուսական
Կարմիր
բանակի
ղեկավարութեամբ
եւ
Հայաստանի
Համայնավար
կուսակցութեան
օգնութեամբ
եւ
այլն»
տապալեցին
Հայաստանի
Հանրապետութեան
իշխանութիւնը։
Պէտք
չէ
զարմանալ
եթէ
մօտիկ
ապագային
օգնութեամբ
բառին
փոխարէն
գրուի
մեղսակցութեամբ։
Օրերը
յղի
են։
Որ
կեցցէ,
նա
տեսցէ
եւ
լուիցէ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ
ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆ,
1921
(հ.
12,
էջ
334)
–
Տասնամեակներ
շարունակ
զայն
Փետրուարեան
ավանտուրա
(արկածախնդրութիւն)
անուանելէ
ետք,
փոփոխութիւն
մը
կատարելու
սիրոյն
(թեթեւ
ձիւնհալի
օրերուն)
զայն
որակեցին
Փետրուարեան
խռովութիւն
(Հանրագիտարանին
մէջ
բոլոր
ակնարկումներն
ալ
այսպէս
են)։
Չարամտութեան
մը
կամ
արժեզրկման
փորձի
մը
առջեւն
ենք։
Կը
խուսափին
զայն
ճշգրտօրէն
Փետրուարեան
ապստամբութիւն,
աւելի
ճիշդը՝
Փետրուարեան
տարերային
կամ
համաժողովրդային
ապստամբութիւն
կոչելէ։
Ապստամբութիւն
բառը
իր
մէջ
կը
պարփակէ
արդար
ընդվզումի
գաղափարը
կամ
իմաստը։
Իրենք
կ՚ուզեն
շարժումը
զրկել
իր
արդարութենէն։
Իսկ
խռովութիւն
բառը,
քաղաքական
իմաստով,
կը
նշանակէ
հաստատուած
կարգապահութիւնը,
կարգ
ու
կանոնը
խանգարելու
փորձ։
Կ՚ուզեն
շարժումին
տարողութիւնը
փոքրացնել,
իսկ
ոգին՝
նսեմացնել,
արժեզրկել։
Փետրուարեան
ապստամբութեան
վերաբերեալ
հիմնական
հարցումը,
որ
կ՚ուղղուի
միշտ՝
հետեւեալն
է
–
ան
արդիւնքն
է
Յեղկոմի
սխալ
քաղաքականութեա՞ն,
թէ
ոչ
Հ.
Յ.
Դ.
ի
կողմէ
կորսուած
իշխանութեան
վերատիրացման
կանխորոշուած
ծրագիրի
գործադրումի։
Այլ
խօսքով,
Հ.
Յ.
Դ.
ը
ակամա՞յ
յանձնած
էր
իշխանութիւնը
եւ
անմիջապէս
լծուած
էր
ընդյատակեայ
աշխատանքի՝
ժողովուրդը
ապստամբութեան
պատրաստելու,
թէ
ոչ
Յեղկոմի
սխալ
քաղաքականութիւնը
եւ
բռնութիւնները
ժողովուրդին
մէջ
ընդհանուր
դժգոհութիւն
յառաջացուցած
էին
եւ
ապստամբութեան
տրամադրութիւններ
ու
շարժումներ
ստեղծած։
Հ.
Յ.
Դ.
ն
ալ
վերջին
օրերուն
կամ
վայրկեանին,
յանձին
Հայրենիքի
Փրկութեան
Կոմիտէին,
պիտի
գլխաւորէր
եւ
հունաւորէր
ապստամբական
տրամադրութիւնները։
Խմբագրողը,
առաջին
տողերով
իսկ
կը
պատրաստէ
հողը,
որ
«խռովութիւնը»
գործն
է
Հ.
Յ.
Դ.
ի։
Մէջբերենք.
«Հայաստանում
սովետական
իշխանութեան
դէմ
ուղղուած
հակայեղափոխական
զինուած
ելոյթ։
Դաշնակցութեան
կենտր.
մարմնի՝
պիւրոյի,
1920ի
Նոյեմբեր
30ի
որոշման
համաձայն,
Ս.
Վրացեանի
գլխաւորութեամբ
Դեկտեմբերին
Երեւանում
ստեղծուել
է
գաղտնի
կոմիտէ,
որը
պէտք
է
նախապատրաստէր
խռովութիւնը»։
Խմբագրողը
պէտք
է
գիտնար,
որ
ծանրակշիռ
հարցի
մը
հետ
գործ
ունի,
երկար
բանավէճերու
նիւթ
դարձած։
Պէտք
է
բառացի
մէջբերէր
Նոյեմբեր
30-ի
որոշման
հիմնական
մասը,
կամ
նշէր
թէ
ո՞ւր
կը
գտնուի
այդ
փաստաթուղթը։
Իբրեւ
պատմաբան,
պատրաստ
ենք
զանց
առնելու
Սիմոն
Վրացեանի,
Ալեքսանդր
Խատիսեանի,
Յակոբ
Իրազեկի,
Կարօ
Սասունիի
եւ
այլոց
պատումներն
ու
հաստատումները,
եթէ
խմբագրողը
մեզի
ցոյց
տայ
վերոնշեալ
վաւերագիրը։
Մինչեւ
այդ
վաւերագիրին
երեւան
գալը,
մենք
կը
հետեւինք
դէպքերէն
հանուած
տրամաբանական
պատասխանի
մը։
Թէ,
Դաշնակցութիւնը
վերջին
վայրկեանին
գլխաւորեց
ապստամբութիւնը։
Ի՞նչ
էին
մեզ
հետաքրքրող
դէպքերը։
Նշենք
զանոնք։
Դեկտեմբեր
1-ին,
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
Բիւրօն
կ՚որոշէ,
որ
քաղաքացիական
բարդութիւններու
առիթ
չտալու
համար,
Բիւրոյի
անդամները
հեռանան
Հայաստանէն
եւ
հոն
մնայ
միայն
Ս.
Վրացեանը։
Նոյն
որոշման
համաձայն,
նաեւ
պէտք
է
հեռանային
նախկին
շարք
մը
նախարարներ
եւ
պատասխանատու
գործիչներ։
Դեկտեմբեր
1-ին
արդէն
հեռացան
անոնցմէ
շատեր։
Ոմանք
կրցան
հասնիլ
Թիֆլիս,
իսկ
ուրիշներ
ձերբակալուելով՝
Երեւան
բերուեցան
եւ
բանտարկուեցան։
1921
Յունուար
10-ին,
Դրօն՝
իր
լաւագոյն
սպաներուն
հետ
հեռացուեցաւ
Հայաստանէն։
Աւելի
ետք
հանրապետութեան
բանակի
1200
զինուորականներ
Հայաստանէն
աքսորուեցան։
Ս.
Վրացեան,
ակնարկելով
այս
դէպքերուն,
կը
գրէ.
«Դաշնակցութիւնը
ի
վիճակի
էր
բոլշեւիկեան
այդ
արարքների
մեծ
մասի
առաջը
առնելու,
նոյնիսկ
զէնքի
ուժի
դիմելով.
բայց
նա
խուսափում
էր
նման
քայլերից,
զգուշանալով՝
որ
երկիրը
քաղաքացիական
կռիւների
ասպարէզ
չդառնայ»
(Հայաստանի
Հանրապետութիւն,
էջ
525)։
Պատրաստ
ենք
Վրացեանի
հաստատումներուն
հաւատք
չընծայելու,
եթէ
լոյս
ընծայէք
վերոնշեալ
որոշման
փաստաթուղթը։
Արդեօք
գոյութիւն
ունի՞
այդ
փաստաթուղթը։
Չենք
անդրադառնար
ակնարկին
այլ
մասերուն,
որոնք
մանրամասնութիւններ
են։