ՍԱՂՄՈՍԱՐԱՆԻՆ
ՀԱՐՑԸ
Ռաֆայէլ
Իշխանեան՝
իր
բերած
կարգ
մը
նորութիւններու
կարգին՝
կ՚ուզէ
Մեղապարտ
Յակոբին
վերագրել
նոր
գիրքի
մը
տպագրութիւնը՝
յեցած
որոշ
տուեալներու
վրայ։
1)
Հայ
հին
տպագրիչներու
համար
գրեթէ
աւանդութիւն
դարձած
էր
կաթոլիկ
երկիրներու
մէջ
իրենց
տպագրական
գործը
սովորաբար
սկսիլ
Սաղմոսարան
ի
տպագրութեամբ։
Այս
ձեւով
են
սկսած
Աբգար
Դպիր,
Յովհաննէս
Տէրզնցի,
Յովհաննէս
Քարմատանենց,
Յովհաննէս
Անկիւրացի
եւ
Յովհաննէս
Ջուղայեցի։
[1]
Իշխանեան
կը
պատճառաբանէ
թէ
Սաղմոսարան
ի
տպագրութիւնը
խէթ
աչքով
չէր
դիտուեր
կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
խիստ
գրաքննութեան
կողմէ.
առաւել՝
Սաղմոսի
պահանջքը
մեծ
էր։
Եւ
սակայն
եթէ
այլ
անկիւնէ
դիտուի,
ինչպէս
հայր
Գալեմքեարեան
դիտել
տուած
էր
փաստելու
համար
Մեղապարտ
Յակոբի
կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
անդամ
ըլլալը,
Յակոբի
լոյս
ընծայած
գիրքերը
կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
մէջ
ոչի՛նչ
ունին։
Առաւել՝
իրենց
բովանդակութեամբ,
նոյնքան
վաճառուելիք
ապրանք
են
որքան
Սաղմոսարան
ը։
2)
Ռ.
Իշխանեան
իր
վարկածը
զօրացնելու
մտքով
կը
յիշատակէ
Կ.
Գաբիկեանի
մէկ
յօդուածը
լոյս
տեսած
Բիւզանդիոն
օրաթերթին
մէջ,
[2]
ուր
կ՚ըսուի
թէ
ինք
Սեբաստիոյ
մէջ
տեսած
է
հայ
առաջին
տպագրիչ
Յակոբի
Պարզատումար
ին
եւ
Աղթարք
ին
տառերով
տպագրուած
Սաղմոսարան
մը։
Իշխանեան
այս
առթիւ
կը
նշէ.
«Գաբիկեանի
յիշեալ
յօդուածը
ամբողջութեամբ
այնքան
զգոյշ
ու
բարեխղճօրէն
է
կազմուած,
որ
նրա
հաղորդման
վրայ
կասկածելու
որեւէ
հիմք
չունենք»։
[3]
Այս
հաստատումը
կ՚երթայ
յօդուածին
ամբողջութեան,
սակայն
այն
ինչ
որ
կը
վերաբերի
Սաղմոսարան
ին՝
շատ
կարճ
է
յիշեալ
յօդուածին
մէջ
եւ
բաւարար
նկարագրութիւն
չէ
տրուած
Սաղմոսարան
ին
մասին,
որպէսզի
բաղդատականով
մը
կարելի
ըլլար
ստուգել
վաւերականութիւնը։
Անկախ
այս
ենթադրեալ
օրինակէն,
ուրիշ
ո՛չ
մէկ
Սաղմոսարան
գտնուած
է
Յակոբի
անունով,
մինչ
Յակոբի
տպագրած
գիրքերէն
մէկէ
աւելի
օրինակներ
կան
այսօր
աշխարհի
ծագերուն
ցրուած
մատենադարաններու
մէջ։
Մեր
կարծիքով
սխալ
ընթերցումի
կամ
ենթադրութեան
արդիւնք
կրնայ
ըլլալ։
Սաղմոսարան
ի
իր
այս
գիւտով
այնքան
խանդավառուած
է
Իշխանեան,
որ
հայ
տպագրութեան
առաջին
դարու
ցուցակին
գլուխը
դրած
է
զայն
եւ
տուած
1509
թուականը։
[4]
Հայկական
հնագոյն
հրատարակութիւններու
տպագրութեան
յաջորդականութիւնը
կը
դնէ
այսպէս.
Սաղմոսարան,
Վենետիկ,
1509(՞)
Ուրբաթագիրք,
Վենետիկ,
1509(՞)
Աղթարք,
Վենետիկ,
1510(՞)
Պարզատումար,
Վենետիկ,
1512
Պատարագատետր,
Վենետիկ,
1513
Տաղարան,
Վենետիկ,
1509(՞)։
[5]
Ապագան
ի՛նչ
ալ
վերապահած
ըլլայ
Ռ.
Իշխանեանի
բերած
նորութիւններուն,
այսքանը
որոշ
է
որ
իր
ճիգը
ողջունելի
է։
Իր
մէջ
գիտնականն
ու
ազգասէր
անձը
համերաշխ
գործակցութեան
մէջ
են
եւ
նոյն
այդ
երեւոյթը
փոխադրուած
է
իր
բանասիրական
աշխատանքին։
Իշխանեանի
բերած
վարկածները
կամայականութեան
արդիւնք
չեն,
այլ
յագեցած
են
պատմական
եւ
տրամաբանական
տուեալներու
բարիքով։
Իշխանեանի
վարկածները
վերջին
խօսքը
չեն
հայ
առաջին
տպագրութեան
մասին,
սակայն
իրենց
նպաստը
պիտի
բերեն
այդ
վերջին
խօսքի
ձեւաւորման
համար։
*
*
*
Այսքան
երկարօրէն
անդրադառնալէ
ետք
Մեղապարտ
Յակոբի
անձին
ու
գործին,
տակաւին
շատ
բան
կը
մնայ
լուսաբանութեան
կարօտ։
Տենդագին
աշխատանքի
պէտք
է
լծուիլ
եւ
ուսումնասիրել
ԺԶ.
դարու
հայկական
ձեռագիրներու
յիշատակարանները.
պէտք
է
աչքէ
անցընել
Էջմիածնի
Կաթողիկոսութեան
դիւանաթուղթերը։
Այս
փաստաթուղթերը
անկարելի
է
որ
ակնարկութիւններ
չպարունակեն
հայկական
առաջին
տպագրութիւններու
մասին։
Կարելի
չէ
երեւակայել՝
որ
տպագրական
աշխատանք
կատարուէր
եւ
տպագրուած
գիրքերէն
օրինակներ
ղրկուած
չըլլային
Էջմիածին։
Փորձ
եղած
է
պրպտումներ
կատարել
Վենետիկի
հանրապետութեան
դիւանաթուղթերուն
մէջ,
ինչպէս
նաեւ
եւրոպական
տպագրութեանց
պատմութեան
նուիրուած
հատորներուն
մէջ։
Նոր
եւ
աւելի
խորազնին
պրպտումներ
պէտք
է
որ
կատարուին՝
յստակացնելու
համար
Մեղապարտ
Յակոբի
անունին
տակ
ծուարած
այս
Լուսաւորիչ
մարդուն
անձը։
Արժանի
է
այս
ուշադրութեան,
որովհետեւ
իր
կատարած
գործով՝
ան
դափնեպսակ
մը
աւելցուցած
է
մեր
գլխուն
եւ
տպագրութեան
ճամբով
մեզի
ապահոված
է
պատուաւոր
տեղ
մը
քաղաքակըրթութեան
ծարաւովը
տոչորող
մարդկութեան
շքերթին
մէջ։
Ինչ
որ
ալ
եղած
ըլլան
Մեղապարտ
Յակոբի
լոյս
ընծայած
գիրքերուն
բովանդակութիւնը,
նաեւ
անոնց
լոյս
ընծայման
հեռանկարները,
ան
արժանի
է
մեր
անսահման
գնահատանքին։
[3]
«Հայկական
տպագրութիւնը
16-րդ
դարում»,
Տեղեկագիր,
հասարակական
գիտութիւններ.
1962.
թ.
12,
էջ
88-9։