Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԿԱՐԱՊԵՏԸ՝ ՄԵՂԱՊԱՐՏ ՅԱԿՈԲ

Մարդկութիւնը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին կատարած է շատ հրաշալիքներ եւ գիւտեր, որոնք լուսաւորած են զինք եւ դիւրացուցած իր կեցութիւնը. սակայն անոնց մէջ իր մասնաւոր տեղը ունի տպագրութեան գիւտը, որովհետեւ կապ ունի ան մարդկային ամէնէն աւելի թանկագին արժանիքին՝ մարդուն միտքին հետ։

Արդարեւ մարդկութեան առջեւ նոր դարաշրջան մը կը բանար գերման Կիւթենպերկ 1450-ական թուականներուն իր հաստատած տպարանով։ Ու կոյր պատահարի պէտք չէ վերագրել, երբ ան տեղի կ՚ունենար ԺԵ. դարուն, ա՛յն դարուն, երբ տեղի կ՚ունենային Կ. Պոլսոյ առումը (1453) եւ Ամերիկայի գիւտը (1492), կամ նոր աշխարհներու որոնումը։ Մարդկային միտքը, որ դարերով ներամփոփ վիճակ մը ունէր, կը պոռթկար, իր շղթաները կը փշրէր եւ նորին տագնապը կ՚ապրէր։ Տպագրութիւնը միաժամանակ ծնունդն ու պատճառն էր այս նոր եռանդին։

Տպագրութեան գիւտին իրաւ արժեւորումով ու նաեւ մարդկային միտքի գնահատման հեռանկարով, կարելի է եւ պէտք է նոր դարերու սկիզբը նկատել 1450-ական թուականը։

Կարճ ժամանակէն տպագրութեան գիւտը իր արագ աճումը կ՚ունենար եւ Վենետիկ կը գրաւէր մասնաւոր տեղ մը այդ ասպարէզին մէջ։ Լոյսի ծարաւ հայը, որուն ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրում մը եղած է այդ լոյսէն եկող ջերմութեան, բնականաբար պիտի ըլլար առաջիններէն՝ օգտուելու համար այս նոր գիւտէն։ Ու արդարեւ, Կիւթենպերկի գիւտէն հազիւ 57 տարի ետք՝ Վենետիկի մէջ՝ 1512-ին լոյս կ՚ընծայուէր «Պարզատումար» վերնագիրով գիրք մը, ինքզինք համեստօրէն ՄԵՂԱՊԱՐՏ ՅԱԿՈԲ կոչող անձի մը կողմէ։

Մինչեւ 1890 թուականը՝ Մեղապարտ Յակոբի գործունէութիւնը անծանօթ մնացած էր։ Հայ առաջին տպագրութիւնը կը նկատուէր 1565-ին՝ Վենետիկի մէջ լոյս տեսած Սաղմոսարան ը, իսկ հայ առաջին տպագրիչը՝ Աբգար Դպիր Թոգաթցին, որ այդ օրերուն ուղեւորուած էր Հռոմ՝ հայ ազատագրական դատի կապակցութեամբ Հռոմի Պապին հետ տեսակցելու։ Սակայն հետագայ պրպտումները եկան շրջելու այս տեսակէտը, թէեւ յամառողներ մնացին։ [1]

Ի՞նչ էր պատճառը որ հայ տպագրութենէն անցած էր 378 տարի եւ սակայն հայ ժողովուրդը անտեղեակ էր տակաւին՝ Մեղապարտ Յակոբի գործունէութեան։ Հայ ժողովուրդի քաղաքական վիճակը գլխաւոր պատճառն էր այս տխուր երեւոյթին։ Անկախ պետականութեան չգոյութիւնը եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան կռիւը կլանած էին հայ մարդուն ամբողջ ուշքը եւ յարմար մթնոլորտը կը պակսէր իրեն՝ իր մշակութային անցեալին որոնումին մղուելու համար։ ԺԹ. դարու կէսէն ետք ի յայտ եկող մեր զարթօնքը՝ բերրի, յարմար ենթահողը պիտի ստեղծէր այդ ժառանգին տէրը կանգնելու համար։



[1]            Մեր ակնարկութիւնը կ՚երթայ հայր Տիրոյեանի, որ անարժէք գործեր կը նկատէր Մեղապարտ Յակոբի հրատարակութիւնները եւ կը յայտարարէր. «Հայկական տպագրութիւնն իւր փառաւոր ծագումն պիտի մատնանիշ առնէ միշտ յանձին Աբգար Դպրի՝ հայ Գուտտեմբէրկի, որոյ ձեռնարկն ոչ միայն նիւթոյն կարեւորութեամբ (Սաղմոսաց տպագրութիւն) օգտակար եւ սրբազան է, այլ եւ իւր հետ միացեալ կրէ Հայաստանեայց Կաթողիկոսական եւ Հռովմայ կեդրոնական մեծամեծ գահուց հանդիսաւոր օրհնութիւնն ճիգն եւ աջակցութիւնն, ինչպէս եւ Վենետիկի վսեմափայլ Դքսին վաւերացումն» («Առաջին դար հայկական տպագրութեանց», Բազմավէպ, հատոր ԽԸ., 1890, Մարտ, էջ 102-103)։