ՄՈՒՏՔ
1984
թուականին
կը
զուգադիպէր
Դանիէլ
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակը։
Հայրենիքն
ու
Սփիւռքը
արժանաւորապէս
նշեցին
այդ
դարադարձը՝
պատշաճ
հանդիսութիւններով,
ցուցահանդէսներով
եւ
մամուլի
մէջ
լայն
անդրադարձով
ու
արձագանգով։
«Համազգային»ի
Լիբանանի
Շրջանային
Վարչութիւնը
կը
յառաջացնէր
«Դ.
Վարուժանի
Յոբելենական
Յանձնախումբ»ը,
որ
մեզի
կը
դիմէր
իր
կազմակերպելիք
հանդիսութեան
կողքին
սարքել
Դ.
Վարուժանի
նուիրուած
ցուցահանդէս
մը։
Այդ
առիթով
մէկտեղեցինք
եւ
ցուցադրեցինք
բաւական
առատ
նիւթ
(320
կտոր)։
Մէկտեղուած
նիւթերուն
հիմամբ
կը
մտադրէինք
պատրաստել
Դ.
Վարուժանի
մատենագիտութիւնը,
երբ
ձեռքի
տակ
ունեցանք
Ալբերտ
Ա.
Շարուրեանի
Դանիէլ
Վարուժանի
կեանքի
եւ
ստեղծագործութեան
տարեգրութիւն
կենսամատենագիտական
հոյակապ
հատորը,
որ
իր
տեսակին
մէջ
աննման
է։
Այս
գործը
պատճառ
կ՚ըլլար՝
որ
մեր
պատրաստելիք
մատենագիտութեան
ծիրը
փոփոխութիւն
կրէ։
Ի՞նչ
կը
պարունակէ
Շարուրեանի
հատորը։
Կ՚ընդգրկէ
Դ.
Վարուժանի
ծնունդէն
մինչեւ
նահատակութիւնը
(21
Ապրիլ
1884
-
26
Օգոստոս
1915),
անոր
կեանքին
ու
գործունէութեան
վերաբերեալ
գրեթէ
բոլոր
տեղեկութիւնները,
այն
ինչ
որ
կրցած
է
ձեռք
ձգել
(ու
պէտք
է
ըսել,
որ
բաւական
առատ
նիւթ
ձեռք
ձգած
է),
օգտագործելով
Դ.
Վարուժանի
արխիւը,
մեր
մամուլը
եւ
տպագիր
գիրքերը։
Մէջբերենք
իր
հաստատումը։
«Ջանացել
ենք
ամենայն
բծախնդրութեամբ
ուսումնասիրել
Վարուժանի
արխիւում
իւրաքանչիւր
միաւոր՝
լինի
ինքնագիր,
ստացած
նամակ,
վաւերագիր,
գիրք
թէ
լուսանկար։
Կենսագրական
ու
ստեղծագործական
հետաքրքրութիւն
ներկայացնող
փաստեր
հայթայթելու
նպատակով
պեղել
ենք
թերթերն
ու
հանդէսները,
պարբերական
այլ
հրատարակութիւնները,
այդ
թւում
արեւմտահայ
գաւառական
մամուլը,
գրականութեան
դասագրքերն
ու
զանազան
ժողովածուները,
դիմել
ենք
ժամանակակիցների
յիշողութիւններին
եւ
վկայութիւններին»։
(էջ
7)
1915-էն
ետք
ալ,
ի՛նչ
որ
գտած
է,
որ
կրնայ
Դ.
Վարուժանի
կեանքին
ու
գործին
համար
լուսաբանութեան
դեր
կատարել,
ներմուծած
է
իր
գործին
մէջ։
Նշենք
այստեղ,
որ
ո՛չ
միայն
աղբիւրներ
յիշատակած
է,
նաեւ՝
անհրաժեշտ
պարագային,
անոնցմէ
մէջբերումներ
կատարած։
Մեր
պատրաստած
մատենագիտութիւնը
պիտի
փորձէ
լրացնել
1915-էն
ետք
եղած
նիւթերը,
որոնք
չեն
ընդգծուած
վերոյիշեալ
գործին
մէջ։
Յայտնենք
այստեղ,
որ
մատենագիտական
որեւէ
գործ
չի
կրնար
ամբողջական
ըլլալ։
Հետեւաբար՝
մեր
պատրաստած
գործը
անխուսափելիօրէն
թերի
պիտի
ըլլայ։
Սակայն,
կ՚ենթադրենք,
որ
հաւաքուած
նիւթերը
կրնան
իրենց
օգտակարութիւնը
ունենալ
Դ.
Վարուժանով
զբաղողներուն
համար։
Պարտաւորուած
ենք
որոշ
նիւթեր
կրկնել.
1)
Նախափորձերը,
որոնք
հազուագիւտ
թերթերու
մէջ
են
(խմորատիպ
կամ
տպագիր)
եւ
արտատպուած
են
այլ
տեղ։
2)
Դ.
Վարուժանի
ողջութեան
տպուած
առանձին
հատորները
եւ
անոնց
նուիրուած
գրախօսականները
(որոնք
արտատպուած
են
այլ
տեղ)։
Ասոնցմէ
դուրս,
միւս
բոլորը,
լրացում
են,
այսինքն՝
չկան
Շարուրեանի
գործին
մէջ։
Ընդհանուր
առմամբ
մեր
հաւաքած
նիւթերը
տուած
ենք
ժամանակագրական
կարգով։
Հիմնական
նպատակ
մը
հետապնդած
ենք,
որպէսզի
ուսումնասիրողը
առիթ
ունենայ
ճշդորոշելու
Վարուժանի
վերաբերեալ
արտայայտութեանց
առաջնութեան
եւ
եղափոխութեան
կարգը։
Անդրադարձի
բաժինները
տուած
ենք
յօդուածագիրներու
եւ
հեղինակներու
մականուններու
այբուբենական
կարգով։
Թարգմանութեանց
բաժինին
մէջ,
բացի
ֆրանսերէնէն
եւ
անգլերէնէն
(որոնք
բաւական
ծանօթ
լեզուներ
են
մեր
մօտ),
միւսներուն
պարագային՝
անկիւնաւոր
փակագիծերու
մէջ
տուած
ենք
Վարուժանի
հայերէն
բնագիրներուն
խորագիրները
(եթէ
կրցած
ենք
գտնել
այդ
լեզուներուն
ծանօթ
անձեր)։
Ռուսերէնով
(օր.
՝
Վալերի
Բրիւսովի
թարգմանութիւնները)
եւ
Խորհրդային
Միութեան
բաղկացուցիչ
անդամ-պետութիւններու
լեզուներով
հաւանաբար
թարգմանութիւններ
տեղի
ունեցած
են,
սակայն,
գրեթէ
անծանօթ
ենք
անոնց։
Հատուկենտ
տեղեկութիւններ
ունինք։
Սակայն,
իրենց
այբուբենին
եւ
լեզուներուն
անծանօթ
ըլլալով՝
խուսափեցանք
մեզի
ծանօթ
քիչն
ալ
նշելէ։
Փորձած
ենք
դիմել
յօդուածի
մը
կամ
գիրքի
մը
աղբիւրին,
այլ
խօսքով՝
ո՛ւր
լոյս
տեսած
է
առաջին
անգամ։
Երբեմն
կարելի
չեղաւ
ատիկա.
պարտաւորուեցանք
երկրորդ
աղբիւրը
օգտագործել։
Վարուժանի
ծննդեան
100-ամեակին
առթիւ
շատ
բան
գրուեցաւ,
բայց
քիչ
նորութիւն
բերաւ։
Ինքնագիր,
նոր
յօդուածները
քիչ
են.
այդ
քիչն
ալ
արտատպուեցաւ
արտասահմանի
մեր
մամուլին
զանազան
ներկայացուցիչներուն
կողմէ։
Ծննդեան
100-ամեակի
հանդիսութեանց
պարագային,
դասաւորումը
կատարած
ենք
հիմ
ունենալով
տուեալ
երկրի
մը
մէջ
առաջին
հանդիսութեան
թուականը։
Ապա
նշած՝
նոյն
երկրին
միւս
ձեռնարկները,
ժամանակագրական
կարգով։