Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ [լրիւ անուանումը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն], հատ. 3, էջ 285։ Ստոր. ՝ Խ. Բարսեղեան։ Յատկացուած է սիւնակէն քիչ մը աւելի (208 տող), որուն 28 տողը՝ աղբիւրներու։ Ամփոփ պատմական մըն է, ուր կը խօսուի հիմնադրութեան, Ծրագիրի փոփոխութեան եւ կուսակցութեան գործունէութեան մասին Կովկասի, Արեւմտահայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։

Կը նշէ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անունները եւ Դրօշակին օրկան ըլլալը։

Կարելի է երկարօրէն պատասխանել արտայայտուած հաստատումներուն, սակայն, կը բաւականանանք մեր դիտողութիւնները կեդրոնացնելով անոնցմէ ոմանց վրայ։

Առաջին տողերուն մէջ, Դաշնակցութիւնը կը կոչէ «բուրժուանացիոնալիստական կուսակցութիւն»։ Դաշնակցութիւնը ազգայնական (նացիոնալիստական) կուսակցութիւն է, ճի՛շդ է, սակայն ո՛չ` պուրժուա (քաղքենի)։

Քանի մը տող վարը, իր մէկ հաստատումով, ինքզինքին կը հակասէ, երբ կը գրէ. «Ծրագրի ագրարային [հողային Ա. Տ. Խ. ] մասում, էսէռների օրինակով, նախատեսւում էր հողը տալ գիւղական համայնքներին»։

Լաւ չէ ուսումնասիրած Դաշնակցութեան Ծրագիրը, այլապէս՝ հոն կրնար մարքսեան արձագանգներ գտնել։ Վահան Նաւասարդեան խօսելով Դաշնակցութեան առաջին Ծրագիրին մասին, կը գրէ. «Մեր անդրանիկ Ծրագրի ընդհանուր տեսութեան վրայ կայ անջնջելի կնիքը այն լաւատեսութեան, որ մարքսեան վարդապետութիւնը ունէր ընկերվարութեան մօտալուտ յաղթանակի մասին» (Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան, 1890-1950, Բոստոն, 1950, էջ 178)։

Մարքսեան այդ լաւատեսութեան արձագանգը կը գտնենք Ծրագիրին հետեւեալ պարբերութեան մէջ, ակնարկելով քաղքենիութեան։ Ծրագիրը կը նախատեսէ. «Տնտեսական այդ չարիքի, տնտեսապէս կեղեքող դասի դէմ էլ կը կռուենք այժմ։ Մենք գործ կը դնենք ամէն միջոց պահպանելու գոյութիւն ունեցող համայնական սկզբունքները, մենք կ՚աշխատենք տարածել համայնական սեփականատիրութիւնը, համայնական աշխատանքը, որպէսզի աւելի պատրաստ գտնուենք անցնելու այն հասարակական կազմակերպութեան, որն այսօր-էգուց կը հաստատուի տնտեսապէս աւելի զարգացած երկրներում ՊՐՈԼԵՏԱՐԻԱՅԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՄԲ» (Անդ)։

Անդրադառնալէ ետք 1917-1918 տարիներու Կովկասի անցուդարձերուն Անդրկովկասի կոմիսարիատ, Սէյմ, կը գրէ. «Օգտուելով Անտանդի պետութիւնների աջակցութիւնից՝ Դաշնակցութիւնը ջանում էր Հայաստանը անջատել Սովետական Ռուսաստանից»։

Բարսեղեան գիտակցաբար կը մեղանչէ ճշմարտութեան դէմ։ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք խորհրդային անհաստատ իշխանութիւնը զինադուլ կը հռչակէր։ Խորհրդային իշխանութիւնը անուղղակիօրէն ինք կը լքէր կամ պատճառ կ՚ըլլար որ լքուի Կովկասը, որուն մէջ՝ Հայաստանը։ Դաշնակցութիւնը դէմ էր ճակատին քայքայումին եւ Կովկասի անջատումին։ Բարսեղեան գիտէ այս բոլորը, սակայն, կը սեւցնէ Դաշնակցութիւնը, հաճելի ըլլալու սիրոյն հայրենի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն։

Ակնարկին վերջաւորութեան՝ կը պարպէ իր մոլուցքը. «Արտասահմանում (... ), մնալով հակասովետիզմի դիրքերում՝ Դաշնակցութիւնը պառակտում է հայ համայնքներն ու եկեղեցին, հանդէս գալիս հայրենադարձութեան դէմ, ձգտում է սփիւռքահայութիւնը կտրել մայր հայրենիքից՝ Սովետական Հայաստանից»։

Բարսեղեան եւ վերին իշխանութիւնները կը շփոթեն Հայրենիք եւ հայրենի իշխանութիւն եզրերը, աւելի ճիշդը՝ կը նոյնացնեն, ինչ որ սխալ է։ Դաշնակցութեան համար Հայրենիքը պատմական հողային տարածութիւն է, այդ տարածութեան վրայ ապրած, պայքարած, մարտնչած, զոհուած եւ տակաւին ապրող ու պայքարող ժողովուրդն է, այդ ժողովուրդին նիւթական մշակոյթն է, բայց ո՛չ վարչակարգի բնոյթը։

Ակնարկին վերջաւորութեան, գրականութիւն բաժինին մէջ նշուած է 14 աղբիւր։ Բոլորն ալ համայնավար հեղինակներու գործեր։ Դաշնակցական ո՛չ մէկ աղբիւր նշուած է։ Գիտականութեան պակասի եւ անբարեխղճութեան մրցանիշ մը հաստատած է։ Պարտաւոր էր նաեւ նշել դաշնակցական աղբիւրներ։ Հարուստ գրականութիւն կայ։ Նշենք քանի մը հեղինակ Միքայէլ Վարանդեան, Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան, Վահան Նաւասարդեան եւ այլն։

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւն . 6, էջ 87-88)։

Ստոր. ՝ Յ[ովհաննէս] Թօփուզեան։

Անծանօթ մը չէ գրողը։ Պէյրութահայութեան հին սերունդը կը ճանչնայ զայն։ 1940-1950-ական թուականներուն Ազդարար շաբաթաթերթն ու օրաթերթը խմբագրած Օննիկ Թօփուզեանն է, որ ճեմարանական է։ Մօտէն ծանօթ է «Համազգային»ի գործունէութեան։ Յատկացուցած է 17 տող, ինչ որ անբաւարար է այս համազգային եւ համասփիւռքեան ընկերակցութեան պատկերը ցոլացնելու։ Կը նշէ հիմնադրութեան տարին, հիմնադիրներէն հինգը, նպատակները,

Ճեմարանը, թատերախումբը եւ տպարանը։ Կը վերջացնէ հետեւեալ հաստատումով. «Հ. Մ. Մ. տնօրինում է Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը»։

Դիտողութիւններ։ Հոս պէտք է նշուէր Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան պաշտօնաթերթը՝ Ակօսը (1944-1960)։ Ընթերցողին ուղղութիւն տալու համար պէտք է նշուէր իբրեւ աղբիւր՝ Համազգայինի եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի 25-ամեակ (1929-1954) գիրքը, ուր ընդարձակ եւ սպառիչ տեղեկութիւններ կան Միութեան հիմնադրութեան եւ բազմազան գործունէութեանց շուրջ (Պէյրութ, 1954, 255 էջ)։

 

ՀԱՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ստոր. Հ. Մուշոյեան . 6, էջ 127-128)։ Հ. Մ. Ը. Մ. ի հիմնադրութեան մասին եւ անկէ մինչեւ անոր լուծարքը՝ 1922 (Քեմալական շարժման զօրացում), կու տայ ճշգրիտ եւ անաչառ տեղեկութիւններ։ Անկէ ետք կը սկսի խարխափել եւ խեղաթիւրել։ Հ. Մ. Ը. Մ. ի գործունէութեան մասին կու տայ կցկտուր տեղեկութիւններ եւ այլ կազմակերպութեան մը՝ Հ. Մ. Մ. ի մասին կը գրէ. «1921ի Նոյեմբերին (Հալէպ, Դամասկոս) Լիբանանում հիմնուել է Հայ մարմնամարզական միութիւն (ՀՄՄ «Հոմենմեն»), որը Մերձաւոր Արեւելքում կազմաւորուած ամենագործունեայ մարզական միութիւնն է»։

Տանք երկու միութեանց մասնաճիւղերու թուական պատկերը Հ. Մ. Ը. Մ. այսօր ունի ամբողջ Սփիւռքի տարածքին 62 մասնաճիւղ, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ 13 մասնաճիւղ։ Հ. Մ. Մ. ունի ամբողջ Սփիւռքի մէջ 27 մասնաճիւղ, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ 10 մասնաճիւղ։ Ո՞վ կրնայ ըլլալ «ամենագործունեայ մարզական միութիւնը»։

Իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները զանց ընելով եւ կողմնակալ դատումներ կատարելով՝ միութիւնները իրենց արժէքէն եւ արժանիքներէն բան չեն կորսնցներ։ Գրուածը ճիշդ պիտի ըլլար եթէ Հ. Մ. Մ. ի փոխարէն գրէր Հ. Մ. Ը. Մ. ։ Արդէն իր նշած գիրքերէն (գրականութիւն բաժնին տակ) երկուքը կը վերաբերին Հ. Մ. Ը. Մ. ի գործունէութեան։

 

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀՕՄ), ստոր. ՝ Պ. Մարտիրոսեան . 6, էջ 129) Ամփոփ (25 տող), սակայն ճշգրիտ տեղեկութիւններ կու տայ։ Կը նշէ հիմնադրութեան տարին, Միութեան հոլովոյթը, անոր մասնաճիւղերուն թիւը (1980-ին՝ 136 մասնաճիւղ)։

Կու տայ Միութեան պաշտօնաթերթին անունները Հայ Կարմիր Խաչ, Հայ օգնութեան միութիւն, Հայ սիրտ։

Քիչ մը տարօրինակ կը գտնենք, որ Միութեան պաշտօնաթերթին՝ Հայ սիրտի բաժինը, պատրաստուած Գ[րիգոր] Գույումճեանի կողմէ (էջ 128-129, 33 տող), աւելի ընդարձակ է քան զայն հրատարակող Միութեան բաժինը։

 

ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ գլուխին տակ . 6, էջ 130-133) կը նշուին հայագիտութեան զանազան բնագաւառները, նաեւ հայագիտական դասընթացք ունեցող հաստատութիւնները։ Լիբանանի բաժինին մէջ (էջ 133) չեն նշուած Համազգայինի ձեռնարկները։ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ՝ 1953-1954 կրթական տարեշըրջանին հաստատուած է հայագիտական դասընթացք՝ երկամեայ ծրագիրով։

1974-1975 կրթական տարեշրջանին սկսած է գործել Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, որ մէկ տարի գործելէ ետք՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կը դադրի եւ կը վերաբացուի 1979-1980 կրթական տարեշրջանին։

Ցարդ կը գործէ։ Ունի քառամեայ դասընթացք պատմագիտական եւ գրական բաժանմունքներով։