Ա.
-
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
ԳԻԾԵՐ
Շահան
Պէրպէրեանի
մահուան
առիթով
Սիոնի
խմբագրութիւնը
Երուսաղէմ
մնացած
Շահանի
ձեռագիրներուն
մէջէն
կը
գտնէր
«Կեանքիս
բաշխումը»
վերնագրով
ինքնակենսագրական
ուրուագիծ
մը,
որ
1914-ին
գրուած
էր
երբ
ան
զինուոր
երթալու
կամ
աքսորուելու
վախէն
փախստական՝
ապաստանած
է
Պոլսոյ
տուներէն
մէկը։
Պէրպէրեան
ընդունելով
հանդերձ
թէ
կեանքը
ի
ներքոյ
մի
է,
թէ
կեանքի
մը
մէջ
կատարուած
բաժանումները
անհիմն
են,
սակայն
կը
մղուի
իր
կեանքին
բաժանումները
կատարել։
Իր
կողմէ
կատարուած
իր
կեանքին
բաժանումները
որպէս
մեկնակէտ
ունենալով՝
պիտի
փորձենք
իր
ժլատ
տողերը
ընդլայնել
եւ
յարաբերաբար
ամբողջական
գաղափար
մը
կազմել
իր
մասին։
1)
Կեանքին
առաջին
վեց
տարիները
(1891-96)
Շ.
Պէրպէրեան
ծնած
է
1891
Յունուար
1-ին,
Սկիւտար
(Պոլիս),
Պէրպէրեան
վարժարանին
կից,
ճերմակ
քարաշէն
տան
մը
մէջ։
Հայրն
էր՝
իր
ժամանակին
հանրածանօթ
եւ
անուանի
ուսուցչապետ
Ռեթէոս
Պէրպէրեան
(1848-1907),
որ
երկարամեայ
ուսուցչական
պաշտօն
վարելէ
ետք,
Պոլսոյ
Գատըգիւղ
թաղի
Համազասպեան
վարժարանի
հոգաբարձութեան
ատենապետին
հետ
ունեցած
մէկ
միջադէպին
պատճառով՝
անդառնալի
որոշումը
կու
տայ
պաշտօնէն
հրաժարելու։
Իր
գործը
գնահատողներու
նիւթական
եւ
բարոյական
օժանդակութեամբ՝
1876-ին
կը
բանայ
իր
անձնական
երկրորդական
վարժարանը
եւ
ժամանակի
ընթացքին
ազգին
կ՚ընծայէ
որակաւոր
մտաւորականներ,
գրագէտներ
եւ
ազատ
ասպարէզի
մարդիկ։
Մայրը՝
Զարուհի
(ծնեալ
Փանոսեան)
լուրջ
ու
զարգացած
տիկին
մը,
որ
բարոյական
մայր
եղաւ
Պէրպէրեան
վարժարանի
շատ
մը
գիշերօթիկներուն
եւ
զգայուն
մայր
մը
իր
զաւակներուն
համար։
Շահան
ընտանիքին
զաւակներուն
չորրորդն
է.
առաջինը՝
Աննիկ,
որ
երկու
տարեկան
հասակին
կը
մահանայ
1885-ին.
երկրորդը
Մաննիկ,
որ
հետագային
պիտի
դառնայ
գրագիտուհի
եւ
երգչուհի.
երրորդը՝
Օննիկ՝
որ
պիտի
ըլլայ
Շահան
Պէրպէրեանի
գլխաւոր
գործակիցներէն
մէկը
եւ
անուանի
երաժիշտ
եւ
յօրինող.
չորրորդը՝
Շահան
ինք.
իսկ
վերջինը՝
Նուրհան,
միա՛կ
վերապրողը
ներկայիս։
Արուեստագէտ
ընտանիքի
մը
եւ
կրթական
բարձր
միջավայրի
մը
մէջ
է,
որ
հասակ
կը
նետէ
Շահան։
Անհոգ
մանկութիւն
մը
կ՚անցընէ՝
իր
եղբօր
եւ
քրոջ
հետ
տարօրինակ
խաղեր
ընելով,
իր
պաշտելի
ծնողքին
գուրգուրանքը
վայելելով,
նաեւ
կրթական
հաստատութեան
տէր
եւ
տնօրէն
Ռ.
Պէրպէրեանի
զաւակը
ըլլալու
հանգամանքով
եւ
երկար
մազերուն
շնորհիւ՝
հաստատութեան
մեծ
տղոց
հետաքրքրութեան
ու
համակրանքին
առանցքը
կազմելով։
Իր
հաւաստումով՝
այս
շրջանին
կ՚ազդուի
Ովսաննա
տատայի
(ազգականուհի՞
մը,
մեծ
մա՞յր
մը,
սպասուհի՞
մը)
պատմած
պատմութիւններէն
եւ
երգած
երգերէն։
[1]
Մաննիկ
Պէրպէրեան
խօսելով
իր
եղբօր
կեանքի
այս
շրջանին
մասին՝
կը
գրէ.
«Երբ
Շահանը
փոքր
էր,
երեք
բան
կը
յատկանշէին
զինք.
-
նախ
մէյ
մէկ
փոսիկ,
երկու
այտերուն
վրայ։
Երկրորդ,
ոսկեգոյն
մազի
խուրձ
մը,
որ
գլխուն
գագաթէն
սկսելով
կ՚իջնար
շիփ
շիտակ
ճակատին
մէջտեղէն
վար,
երկու
յօնքերուն
մէջտեղ
կանգ
առնելու,
եւ
որուն
մայրս
Թուր
Էյֆէլ
կ՚ըսէր։
Եւ
չորրորդը,
մանաւանդ
ան,
որ
այս
երախային
ձայնը
երբեք
չէր
լսուեր։
Շահանը
իբր
երախայ
չէր
լար.
անիկա
արդէն
փիլիսոփայ
երախայ
մըն
էր
անշուշտ,
լացը
սկիզբէն
անպէտ
նկատելով
այս
աշխարհի
վրայ։
Բայց
կը
ժպտէր
հրաշալի
ժպիտով
մը
շարունակ...
»։
[2]
Իր
անխառն
երջանկութեան
մէջ
բաժին
ունէր
հօրեղբայրը,
որ
ամէն
գարունի,
իր
այցելութեան
առիթով,
Շահանին
համար
կը
գնէր
գառնուկ
մը,
որուն
հետ
դաշտերն
ու
բլուրները
կը
պտտէր։
Չարագուշակ
օր
մը,
խոշոր
ափսէի
մը
մէջ
կու
գար
համադամ
ճաշ
մը,
զոր
մեծ
ախորժակով
կ՚ուտէր
Շահան՝
անգիտակ՝
որ
իր
սիրելի
գառնուկին
միսն
էր
անիկա։
Յետոյ
կը
վազէր
գտնելու
իր
գառնուկը՝
պտոյտի
մեկնելու
համար։
Սակայն
իրողութեան
տեղեկանալով՝
կ՚ապրէր
իր
առաջին
վիշտերէն
մէկը։
Այս
անհոգութեան
եւ
անխառն
երջանկութեան
վարագոյրը
կը
գոցուի
1896-ին։
Ռեթէոս
Պէրպէրեան
կ՚ուզէ
հեռանալ
Պոլսէն
եւ
հաստատուիլ
Ժընեւ,
հոն
բանալ
կրթական
օրրան
մը
եւ
հաւաքել
այն
հայ
պատանիները,
որոնք
համալսարանական
ուսման
համար
Եւրոպա
կը
մեկնին։
Պէրպէրեան
վարժարանի
հոգատարութիւնը
կը
յանձնէ
ուսուցիչ
Պ.
Կարապետեանի
եւ
ինք
ընտանեօք
1896-ի
Սեպտեմբերի
վերջերը
կը
մեկնի
Ժընեւ։
[3]
2)
Տղայութեան
շրջան
(1896-1898)
Եւրոպան
կը
փոխէ
Շահանի
էութիւնը։
Չկայ
նախկին
անհոգ
վիճակը։
Իր
հոգիին
եւ
միտքին
պրիսմակին
վրայ
իրենց
դրոշմը
կը
դնեն
օտար
միջավայրն
ու
ծնողքին
հոգերը։
Իր
յաճախած
դպրոցը
–
Ժընեւի
Էքոլ
տը
լ՚Աթնէ
-ն,
լեռները,
լիճերը,
թատրոնները,
սրահները
կը
տպաւորեն
զինք։
Սակայն
այս
բոլորը
բաւարար
չեն
ըլլար
մոռցնելու
համար
իր
Սկիւտարը,
ուր
ծնողքին
հետ
կը
վերադառնայ
1898-ի
ամառը։
3)
Պատանութեան
շրջան
(1898-1911)
Կ՚ընդգրկէ
Պէրպէրեան
վարժարանի
մէջ
անցուցած
կեանքը՝
մինչեւ
շրջանաւարտութիւն,
ապա
Փարիզ
մեկնիլը
որպէս
համալսարանական
ուսանող։
Ուշիմ
Շահան
արագ
ընթացքով
կը
փոխէ
վարժարանին
կարգերը,
երբեմն
ցատկելով,
եւ
հայրը
վախնալով
անոր
առողջութենէն
մէկ
տարի
կրկնել
կու
տայ
կրտսերագոյն
կարգը։
[4]
11
տարեկանին
արդէն
գրած
է
թատրերգութիւն
մը,
սկսած
է
թարգմանել
վէպ
մը
Վիքթոր
Հիւկոյէն
[5]
եւ
կը
պտտի
խոշոր
գիրքերով
թեւին
տակ,
ո՛չ
թէ
գերակայութեան
բարդոյթէ
մղուած,
այլ
կանխահաս
հետաքրքրութիւն
մը
ունենալով
դէպի
զարգացումը։
Ռեթէոս
Պէրպէրեան
իր
զաւակները
նկարագրող
քերթուածի
մը
մէջ
սա
տողերով
կ՚արտայայտուի
Շահանին
մասին.
Մայրնմանակ
Շահանս,
փոքրիկ
իմաստուն,
Խորհի,
գըրէ,
ու
կ՚երգէ
ալ
զերդ
թռչուն։
[6]
1899-ին
կը
կորսնցնէ
իր
մայրը
եւ
ասիկա
պատճառ
կ՚ըլլայ
որ
իր
մէջ
ծնի
կրօնական
հակում։
[7]
Շահան
չի
բացատրեր
թէ
կրօնական
հակում
ըսելով
ի՞նչ
կը
հասկնայ
–
կուսակրօնութեան
փափա՞ք,
թէ
ոչ
աստուածավախութեան
կամ
կրօնական
հաւատք։
13
տարեկանին
իր
մէջ
կը
ծնի
քերթող
եւ
գրող
ըլլալու
հակումը,
իսկ
14-ին
Եւրոպա
երթալու
եւ
իմաստասիրութեան
հետեւելու
իր
հակումը։
[8]
1906-ի
Յուլիսին
կ՚աւարտէ
Պէրպէրեան
վարժարանը
15,
5
տարեկանին՝
լսելով
իր
հօր
վերջին
«Հուսկ
բանք»ը
եւ
հրաժեշտի
վերջին
համբոյրը
դրոշմուած
տեսնելով
իր
ճակտին
վրայ։
Շահան
իր
աւարտաճառը
կը
ներկայացնէ
ընկերաբանութեան
մասին
(ֆրանսերէնով)
եւ
Բիւզանդ
Քէչեանի
խնդրանքով
կը
թարգմանէ
զայն,
որ
լոյս
կ՚ընծայուի
1906
Օգոստոս
14-ի
Բիւզանդիոն
ի
թիւին
մէջ։
Շատ
ամփոփ
ուսումնասիրութիւն
մըն
է,
հազիւ
գիրքի
մը
6-7
էջը
լեցնող։
Կրթական
յաջորդ
տարեշրջանին
(1906-1907)
ուսուցիչ
է
Պէրպէրեան
վարժարանին
մէջ,
ուր
կը
դասաւանդէ
գրականութիւն
եւ
գիտութիւններ։
Այդ
տարեշրջանի
գարնան
(Ապրիլ
7,
1907)
կը
մահանայ
հայրը,
որուն
մահը
կը
նկատէ
իր
կեանքին
մեծ
աղէտը։
[9]
Ռեթէոս
Պէրպէրեանի
մահը
ո՛չ
միայն
կը
զրկէր
ընտանիք
մը,
այլ
կը
յարուցանէր
նոյնինքն
Պէրպէրեան
հաստատութեան
գոյատեւման
հարցը։
Պէրպէրեան
հարազատները
բաւարար
տարիքն
ու
փորձառութիւնը
չունէին
նման
հաստատութեան
մը
ղեկավարութիւնը
ստանձնելու։
Այս
տագնապալից
վայրկեանին
իր
հայրական
հոգատարութիւնը
կ՚ընծայէ
վարժարանին
Օրմանեան
Պատրիարք։
[10]
Ինք
կը
դառնայ
պաշտօնական
խնամակալ,
իսկ
տնօրէնութիւնը
կը
յանձնէ
ուսուցիչ
Պետրոս
Կարապետեանին
(1907-1909),
որ
անցեալին
ալ
նոյն
պաշտօնը
կատարած
էր։
Շահան
Պէրպէրեան
հօրը
մահուընէ
քանի
մը
շաբաթ
ետք
կը
ստանձնէ
անոր
իմաստասիրական
դասերը՝
հազիւ
16-ի
սահմանները
թեւակոխած։
Կրթական
յաջորդ
տարեշրջանին
ալ
ուսուցչութեամբ
պարապելէ
ետք՝
1908-ի
Հոկտեմբերին
կը
մեկնի
Փարիզ՝
հետեւելու
Սորպոնի
եւ
Գոլէժ
տը
Ֆրանսի
իմաստասիրական
գիտութեանց,
երաժշտութեան
եւ
այլ
արուեստներու։
Սորպոնի
փիլիսոփայական
ճիւղին
ամէնէն
երիտասարդ
ուսանողն
է
ան.
կը
նստի
առաջին
շարքերուն
վրայ
եւ
կը
լափէ
իր
մեծանուն
ուսուցիչներուն
դասերը,
որոնց
բովանդակութեան
տեղեակ
է
ինք
արդէն։
Կը
հետեւի
Յայտնատեսութեան
(
Էնթուիսիոն
)
հիմնադիր
Պերկսոնի
փիլիսոփայական
եւ
բնազանցական,
Տիւմայի
հոգեբանական
եւ
Տիւրքէյմի
ընկերաբանական
դասընթացքներուն։
Մաննիկ
Պէրպէրեան՝
Շահանի
Սորպոնի
ուսանողական
կեանքէն
կը
պատմէ
մանրավէպ
մը,
զոր
տեղին
կը
նկատենք
ամբողջութեամբ
մէջբերել.
«Կ՚ըսեն
թէ՝
օր
մը,
երբ
Շահանը
կ՚անցնէր
Սորպոնի
բակին
մէջէն,
իր
փոքր
հասակով,
կրելով
գիրքերու
խոշոր
պայուսակը
թեւին
տակ,
իր
ուսուցիչը՝
Տիւման,
պատուհանէն
զինք
տեսնելով
ըսած
է
քովիններուն.
–
«Voilà
un
qui
est
quelqu’un».
–
Ահաւասիկ
մէկը՝
որ
մէ՛կն
է
։
–
Որովհետեւ
Շահան
Պէրպէրեան
«Ուշադրութեան»
նուիրուած
իր
թէզով,
այնքան
ուշագրաւ
դիտողութիւններ
ըրած
էր,
որ
Տիւման,
արդէն
իր
աշակերտին
ըրած
դիտողութիւնները
կը
թուէր
իր
դասերուն
մէջ»։
[11]
Ուսանողութեան
երկրորդ
տարւոյն
վերջը
ախտային
հոգեբանութեան
վրայ
փորձառական
թէզ
մը
ներկայացնելով
կը
ստանայ
Իմաստասիրական
ուսմանց
վկայականը.
յաջորդ
շրջանին
կը
սկսի
պատրաստել
իր
տոքթորայի
թէզը՝
Ախտաբանական
մեթոտը
հոգեբանութեան
մէջ,
զոր
սակայն
առիթը
չ՚ունենար
պաշտպանելու,
պարտաւորուած
ըլլալով
1911-ի
աշնան
վերադառնալ
Պոլիս՝
փոխարինելու
համար
իր
երէց
եղբայրը՝
Օննիկ
Պէրպէրեանը
տնօրէնի
պաշտօնով,
որովհետեւ
վերջինս
կը
պատրաստուէր
վերադառնալ
Եւրոպա
երաժշտական
ուսումը
շարունակելու
համար։
Փարիզի
իր
ուսանողական
շրջանը
լոկ
ուսման
չի
յատկացներ.
իր
հոգին
եւ
միտքը
կը
բանայ
Փարիզի
լաւագոյն
արժէքներուն
եւ
բարիքներուն,
կը
հետեւի
Լոյսի
քաղաք
ի
մտաւորական
կեանքին՝
առանց
մոռնալու
այցելելու
թանգարանները։
4)
Պոլսոյ
Պէրպէրեան
վարժարանի
տնօրէնութեան
շրջան
(1911-1922)
Կարելի
է
երեւակայել
հոգեկան
խռովքը
20-ամեայ
երիտասարդ
Շ.
Պէրպէրեանի,
որ
կրթական
անցեալ
ունեցող
վարժարանի
մը
տնօրէնութեան
բեռը
իր
ուսերուն
կ՚առնէր,
նաեւ
կեցուածքը
աշակերտութեան՝
հանդէպ
իր
տնօրէնին։
Սակայն
ան
իր
գիտութեամբ
եւ
փիլիսոփայական
ժպիտով
հնազանդութեան
կը
հրաւիրէ
բոլորն
ալ։
Տնօրէնութեան
կողքին
անմասն
չի
մնար
նաեւ
ազգային
այլ
պարտաւորութիւններէ։
Կու
տայ
դասախօսութիւններ
եւ
իր
աշխատակցութիւնը
կը
բերէ
պոլսահայ
մամուլին,
մանաւանդ
Միքայէլ
Շամտանճեանի
Ոստան
պարբերաթերթին։
Վրայ
կը
հասնի
Համաշխարհային
պատերազմը,
որուն
պատճառաւ
դպրոցին
ընթացքը
կը
կասի
եւ
Շահան
զինուոր
երթալու
կամ
աքսորուելու
վախէն
փախստական՝
կ՚ապաստանի
Պոլսոյ
տուներէն
մէկը։
1914-18
քառամեայ
շրջանի
իր
կեանքն
ու
գործունէութիւնը
մեզի
համար
կը
մնայ
անծանօթ։
Գիտենք
որ
չէ
աքսորուած,
սակայն
իր
փախստականի
կեանքը
որքա՛ն
տեւած
է՝
անյայտ
է։
Հաւանաբար
Պէրպէրեան
վարժարանը
դադրած
է
գործելէ,
որովհետեւ
1919-ի
Յունիսին
ամբողջացնելով
1915-ի
բարձրագոյն
կարգի
աշակերտներու
ուսումը՝
շրջանաւարտ
կ՚ընէ
զանոնք։
[12]
1918-ի
Զինադադարը
Պոլսոյ
հայութեան
համար
առիթ
մը
կու
տայ
շունչ
մը
առնելու,
ոգեկոչելու
իր
նահատակները
եւ
վերակազմելու
ազգային
խանգարուած
մեքենան։
1919
Ապրիլ
11-24-ին՝
Մեծ
Եղեռնի
տարեդարձի
օրը՝
Շահան
կը
բանախօսէ
ոգեկոչելով
անհետացած
մտաւորականները։
Պոլսոյ
Հայ
Ուսուցչական
Միութիւնը,
որ
1915
Ապրիլ
18-ին
դադրեցուցած
էր
իր
ժողովները,
1918
Դեկտեմբեր
29-ին
կը
գումարէ
իր
առաջին
ընդհանուր
ժողովը
եւ
կ՚ընտրէ
Կեդրոնական
Վարչութիւնը՝
ատենապետութիւնը
վստահելով
Շահան
Պէրպէրեանի։
[13]
Կեդրոնական
Վարչութիւնը
հետամուտ
կ՚ըլլայ
ընդարձակ
ծրագրի
մը
մշակման,
որուն՝
ատենապետի
իր
հանգամանքով՝
իր
գործօն
մասնակցութիւնը
կը
բերէ։
Կը
ծրագրուի
հրատարակել
օրկան
մը,
որ
միջնորդի
դեր
կատարէ
ուսուցիչներու
միջեւ
եւ
արտայայտիչը
ըլլայ
Միութեան
գաղափարներուն։
Օրկանը
լոյս
կը
տեսնէ
Ճակատամարտ
(մանկավարժական
յաւելուած)
խորագրով։
Օրկանին
ուղղութեան
մշակման
եւ
խմբագրական
մարմնին
մաս
կը
կազմէ
նաեւ
Շ.
Պէրպէրեան։
[14]
Կեդրոնական
Վարչութիւնը
կ՚որոշէ
մանկավարժական
եռամսեայ
դասընթացք
մը
հաստատել
եւ
բարձրագոյն
նախակրթութիւն
ստացած
ու
կրթական
ասպարէզին
նուիրուիլ
փափաքողներուն
մանկավարժական
անհրաժեշտ
ծանօթութիւններ
տալ։
Ծրագրին
պատրաստութեան
մասնախումբին
մաս
կը
կազմէ
ան,
ինչպէս
նաեւ
գործադրութեան
(1919
Ապրիլ
6
-
Յուլիս
6),
դասախօսելով
մանկավարժութեան
պատմութիւն
(10
պահ)։
[15]
1919-ի
Օգոստոսին
կ՚ընտրուի
Պոլսոյ
Կեդրոնական
Ուսումնական
Խորհուրդի
անդամ։
Գործօն
մասնակցութիւն
կը
բերէ
Պոլսոյ
Հայ
Արուեստի
Տան
հիմնադրութեան
եւ
ծրագրի
մշակման։
Կը
ստանձնէ
նաեւ
նոյն
Տան
նախագահութիւնը։
30
տարեկանին՝
իր
կեանքին
մեծ
այոն
արտասանելով
կ՚ամուսնանայ
օր.
Թելլի
Սիրաքեանի
հետ
ունենալով
երկու
մանչ
զաւակ՝
Արտաւազդ
(ծնած
Վառնա,
1923),
որ
պիտի
դառնայ
արուեստագէտ
նկարիչ
մը
(իր
գործերէն
5-ը
այսօր
կը
զարդարեն
Անթիլիասի
Մայր
Տաճարին
որմերը)
եւ
Պարէտ՝
գիտական
խոստմնալից
միտք
մը՝
որ
սակայն
կանխահաս
մահ
մը
պիտի
ունենայ՝
1952-ին
զոհ
կ՚երթալով
մոթէօր
ի
արկածի
(Փարիզ)։
1922-ի
Յունուարին
կը
հիմնէ
Գեղամ
Գավաֆեանի,
Վահան
Թէքէեանի,
Կոստան
Զարեանի
եւ
Յակոբ
Օշականի
հետ
Բարձրավանք
արուեստի
եւ
մտածման
ամսաթերթը,
որուն
մէջ՝
արուեստի
մասին
առանձին
գրութիւններէ
զատ
քրոնիկի
բաժնին
մէջ
կը
բերէ
իր
աշխատակցութիւնը՝
գլխաւորաբար
արձագանգ
ըլլալով
երաժշտական
ստեղծագործութիւններու։
Հազիւ
հինգ
թիւ
լոյս
կ՚ընծայուի
եւ
Պոլիսէն՝
իր,
Յ.
Օշականի
եւ
Վ.
Թէքէեանի
մեկնումով
կը
դադրի
լոյս
տեսնելէ։
Գ.
թիւէն
սկսեալ
դարձած
է
Բարձրավանք
ի
պատասխանատու
տնօրէնը։
Քեմալականներու
յաղթական
մուտքը
Պոլիս
պատճառ
կ՚ըլլայ,
որ
Շահան
շատ
մը
մտաւորականներու
պէս
լքէ
Պոլիսը
եւ
մեկնի
Եւրոպա
(1922
աշուն)։
Կարծէք
ուսման
իր
ծարաւը
տակաւին
իր
յագեցումը
չէ
գտած.
որպէս
յաւերժական
ուսանող
(իր
սիրելի
խօսքերէն
մէկը)
կ՚ուզէ
արուեստէն
ըմպել
այն
ինչ
որ
տակաւին
ան
կրնայ
իրեն
վերապահած
ըլլալ։
Գերմանիոյ
Տռէզտէն
քաղաքին
մօտ
գտնուող
Տալքռօզեան
հաստատութեան
մէջ
կը
հետեւի
պարադրական
արուեստի։
5)
Եգիպտոսի
մէջ
անցուցած
շրջան
(1924-1934)
Շահան
բեղուն
գործունէութիւն
կ՚ունենայ
Գահիրէի
մէջ։
Այդ
գործունէութիւնը
կ՚ընդգրկէ
կրթական,
դասախօսական
եւ
յօրինողական
մարզերը։
Տեղին
կը
նկատենք
կարելի
մանրամասնութեամբ
անդրադառնալ
այդ
մարզերուն։
ա)
ԿՐԹԱԿԱՆ
1924-ի
գարնան
կու
գայ
Գահիրէ,
ուր
իր
եղբօր
Օննիկի
հետ
կը
վերաբանայ
Պէրպէրեան
նոր
վարժարանը,
Պուլագի
հին
թաղին
քովնտի
փողոցներէն
մէկուն
մէջ,
փայտաշէն
հին
տուն
մը
վարձելով։
Վարժարանին
վերաբացման
մէջ
կը
վայելէ
աջակցութիւնը
եգիպտահայ
թեմի
առաջնորդ
Թորգոմ
արքեպս.
Գուշակեանի,
որ
իր
վրայ
հիացողներէն
էր,
իսկ
նիւթական
օժանդակութիւնը
վսեմ.
Արմենակ
պէյ
Կամսարականի,
ինչպէս
նաեւ
պ.
պ.
Տիգրան
Հաճընլեանի,
Գրիգորեանի
եւ
Իզմիրլեանի։
Թորգոմ
արք.
քաղաքավարական
ձեւակերպութեան
որպէս
արդիւնք
չէր
որ
քաջալեր
կը
հանդիսանար
Պէրպէրեան
վարժարանի
վերաբացման,
այլ
ունէր
հաստատ
համոզումներ
Պէրպէրեան
վարժարանի
վերաբացման
համար։
Ուսուցչապետ
Ռեթէոս
Պէրպէրեանի
բարի
համբաւը,
եգիպտահայ
գաղութին
համար
հայկական
երկրորդական
վարժարանի
մը
անհրաժեշտութիւնը,
մանաւանդ
Շահան
եւ
Օննիկ
Ռ.
Պէրպէրեաններու
անձերուն
ու
կարողութիւններուն
հանդէպ
իր
տածած
խորունկ
յարգանքը
միախառնուելով
զինք
կը
մղեն
հոգիով
կապուելու
Պէրպէրեան
վերաբացուած
վարժարանին։
Կը
նախագահէ
եւ
կը
հովանաւորէ
Պէրպէրեան
վարժարանի
ձեռնարկները,
մամուլի
մէջ
զօրավիգ
կը
կանգնի
այդ
հաստատութեան,
եւ
նիւթական
ամուր
կռուաններու
վրայ
զայն
հաստատելու
համար
իր
նախաձեռնութեամբ
1928-ին
կը
յառաջացնէ
խնամակալ
մարմին
մը
Պէրպէրեան
վարժարանի
գործելով
զբաղելու
համար։
Այդ
մարմինին
մէջ
մաս
կ՚առնեն
Հրանդ
Նասիպեան
(ատենապետ),
Յովհաննէս
Սէքսէնեան,
Կարապետ
Սէֆէրեան
եւ
ուրիշներ։
Ի՞նչ
էր
դպրոցին
ծրագիրը։
Տնօրէնութեան
կողմէ
վարժարանին
վերաբացման
առիթներով
տրուած
յայտարարութիւններէն
կատարուած
մէջբերումներ
լաւագոյնս
կրնան
ցոյց
տալ
այդ
նպատակներն
ու
իրագործումները։
«Պէրպէրեան
վարժարանը
կու
տայ
10
տարուան
ընթացքով
նախնական
եւ
երկրորդական
աստիճանի
ամբողջական
կրթութիւն
մը։
Խնամքով
եւ
հիմնովին
կ՚ուսուցանուին
գիտութեանց
հետ
հայերէն,
ֆրանսերէն,
անգլերէն
եւ
արաբերէն
լեզուները։ ...
Վերին
կարգերը
կը
բաժնուին
դպրութեանց,
գիտութեանց
եւ
առեւտրական
ուսմանց
հատուածներու,
որոնք
կ՚առաջնորդեն
համապատասխան
պաքալօրէաներուն»։
[16]
Իսկ
1932-33
կրթական
տարեշրջանի
յայտարարութեան
մէջ
գրուած
է.
«Պէրպէրեան
վարժարանը
հայ
եւ
օտար
համալսարանականներէ
բաղկացեալ
ուսուցչական
ձեռնհաս
խումբի
մը
միջոցաւ
կու
տայ
ֆրանսական
լիսէներու
եւ
անկլօ-սաքսոն
քոլէժներու
համահաւասար
աստիճանի
ծրագրով
երկրորդական
կրթութիւն։
Վարժարանի
տիփլոմը
վաղուց
ընկալեալ
իրաւունքներու
շնորհիւ
կ՚ընդունուի
առհասարակ
Եւրոպայի
եւ
Ամերիկայի
համալսարաններէն
իբր
համարժէք
եւրոպական
պաքալօրէայի,
վայելելով
այս
վերջնոյն
դիւրութիւնները
համալսարաններու
մուտքին
համար»։
[17]
Վարժարանը
իրապէ՞ս
ունէր
«հայ
եւ
օտար
համալսարանականներէ
բաղկացեալ
ուսուցչական
ձեռնհաս
խումբը
»,
որուն
կ՚ակնարկուի
տնօրէնութեան
յայտարարութեան
մէջ,
թէ
ոչ
շուկայիկ
մտահոգութիւններով
աժան
եւ
անյատակ
հաստատում
մըն
է։
Բարեբախտութիւն
է
որ
Գահիրէի
Արեւ
օրաթերթին
մէջ
լոյս
ընծայուած
է
1931-32
կրթական
տարեշրջանի
ուսուցչական
կազմին
ամբողջական
ցանկը,
զոր
ամբողջութեամբ
կը
մէջբերենք։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Օ.
Ռ.
Պէրպէրեան՝
վկ.
Լօզանի
համալսարանին
գիտ.
ֆաքիւլթէէն
Մաթեմաթիք
Շ.
Ռ.
Պէրպէրեան՝
վկ.
Փարիզի
համալսարանին
դպր.
Ֆաքիւլթէէն
Փիլիսոփայութիւն
եւ
բարոյական
ու
գեղարուեստական
կրթութիւն
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ-ՈՒՍՈՒՑԻՉ
Ն.
Կէվրէկեան՝
վկ.
Կ.
Պոլսոյ
արուեստից
վարժարանէն
(ընդհ.
հսկող)
ուսողութիւն
եւ
ֆիզիքական
կրթութիւն
Վ.
Ծերունեան՝
վկ.
Պէյրութի
Ամերիկեան
համալսարանի
մանկավարժական
ճիւղէն
Անգլերէն
եւ
աշխարհագրութիւն
Հ.
Տ.
Յակոբեան՝
վկ.
Պէյրութի
Ամերիկեան
համալսարանի
առեւտրական
բարձրագոյն
ճիւղէն
Անգլերէն,
առեւտրական
թղթակցութիւն
Սուրէն
Զարիֆեան՝
վկ.
Պէրպէրեան
վարժարանէն
Հայերէն
եւ
ֆիզիքական
կրթութիւն
ՄՆԱՅՈՒՆ
ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ
Ժան
Տիւբէռթիւի՝
վկ.
Փարիզի
համալսարանին
կրթական
ֆաքիւլթէէն
Ֆրանսական
լեզու
եւ
մատենագիտութիւն
եւ
ընդհանուր
պատմութիւն
Քերովբէ
Կոստանդեան՝
վկ.
Փարիզի
համալսարանին
օրէնսգիտական
ֆաքիւլթէէն։
Հայկական
լեզու
եւ
մատենագրութիւն
եւ
հայկ.
պատմութիւն
Գեղամ
Երամեան՝
վկ.
Փարիզի
համալսարանին
գիտական
ֆաքիւլթէէն
Բնական
գիտութիւնք
ԱՅՑԵԼՈՒ
ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ
Մէթր
Գ.
Տիւրկէրեան՝
վկ.
Լօզանի
համալսարանին
օրէնսգիտական
ֆաքիւլթէէն
Ընդհանուր
եւ
առեւտրական
օրէնսգիտութիւն
Իպրահիմ
Նակկար՝
վկ.
Եգիպտական
կրթական
նախարարութենէն
Արաբական
լեզու
եւ
մատենագրութիւն
Ամին
Աւատ՝
վկ.
Եգիպտական
կրթ.
նախարարութենէն
Արաբերէն
Ժօրժ
Մայ՝
վկ.
Օքսֆորտի
համալսարանէն
Անգլիական
լեզու
եւ
մատենագրութիւն
Ժան
Տիւֆօ՝
վկ.
Նանսիի
վարժապետանոցէն
Ֆրանսերէն
Յ.
Քումրուեան՝
վկ.
Թորինոյի
առեւտրական
բարձրագոյն
հաստատութենէն
Առեւտրական
ուսմունք
Յակոբ
Պ.
Գալէմքեարեան՝
նախկին
սան
Կ.
Թ.
Գօլէճի
Անգլերէն,
սղագրութիւն
եւ
մեքենագրութիւն
Օննիկ
Աւետիսեան՝
վկ.
Հռոմի
գեղարուեստական
բարձրագոյն
վարժարանէն
Գծագրութիւն
եւ
նկարչութիւն
Մարտիրոս
Պալայեան
Գեղագրութիւն
Լեւոն
Թնկրեան՝
վկ.
Պրիւքսէլի
երաժշտանոցէն
Ջութակ
Ալ.
Չէրնիավսքի՝
վկ.
Բեթրոկրատի
երաժշտանոցէն
Դաշնակ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
ԿԱԶՄ
Տոքթ.
Համօ
Օհանջանեան՝
այցելու
բժիշկ
վարժարանին։
Տիկին
Է.
Գրալեան՝
խնամակալուհի
գիշերօթիկ
աշակերտաց։
(
Արեւ,
ԺԷ.
տարի,
թ.
3842
(Կիրակի,
Սեպտեմբեր
13,
1931),
էջ
3)։
Պէրպէրեան
վարժարանը
չի
հետամտիր
լոկ
չոր
կրթութեան
ուսուցման։
Վարժարանը
կը
դառնայ
կարծէք
ընկերութեան
մը
բազմապիսի
պահանջքները
գոհացնելու
ձգտող
հաստատութիւն
մը։
Գեղարուեստը
իր
այլազան
երեսներով
հոն
իր
արձագանգը
եւ
խնամոտ
հոգածութիւնը
կը
գտնէ։
Գրական,
երաժշտական
եւ
պարադրական
հանդիսութիւններ
կը
սարքուին
թէ՛
աշակերտութեան
եւ
թէ՛
Գահիրէի
հայութեան
համար։
Ասոնցմէ
մասնաւոր
յիշատակութեան
արժանի
է
Պէրպէրեան
վարժարանի
«Նաւասարդեան
օր»ը,
որուն
առանձինն
կ՚անդրադառնանք։
Սկաուտիզմը
եւ
մարզական
զանազան
խաղերը
իրենց
պարարտ
հողը
կը
գտնեն
աճելու
համար։
Կը
կազմուի
վարժարանին
երգչախումբը,
որուն
ղեկավարութիւնը
հաւանաբար
ստանձնած
ըլլայ
Շահան
ինք։
Ի՞նչ
է
«Նաւասարդեան
օր»ը,
որուն
ակնարկեցինք։
Ասոր
մասին
ճշգրիտ
գաղափար
ունենալու
համար,
պէտք
է
գիտնալ
Շ.
Պէրպէրեանի
կենսիմացութիւնը
կամ
աշխարհահայեացքը։
Շ.
Պէրպէրեան
շեփորահարն
էր
հին
Յունաստանի
լաւագոյն
աւանդութիւններուն։
Արդ
ո՞վ
էր
իրաւ
մարդը
ըստ
յունական
քաղաքակրթութեան
դատումին։
Ան
որ
կրցած
էր
իրագործել
առողջ
միտք
մը՝
առողջ
մարմինի
մէջ
։
Ծայրայեղութիւններէն
խուսափելով՝
ստեղծել
Ոսկեայ
Միջինը
։
Ինք
ջերմօրէն
հաւատացողն
էր
այդ
իտէալին
եւ
ահաւասիկ
Գահիրէի
Պէրպէրեան
վարժարանին
մէջ
հաստատուած
էր
«Նաւասարդեան
օր»ը,
որուն
ընթացքին
մրցումներ
տեղի
կ՚ունենային
ո՛չ
միայն
մարմնին
յաղթանակը
ողջունելու
կամ
փառաբանելու
համար,
այլ
նաեւ
միաժամանակ
միտքին
յաղթանակը։
Նախընթաց
օր
յատկացուած
կ՚ըլլար
ոգեկան
մրցումներու,
այսինքն
արտասանութեան,
ատենախօսութեան
եւ
գրականութեան,
իսկ
բուն
օրը՝
յաջորդ
օր՝
մարզական
եւ
պարային
մրցումներու,
որոնց
կը
յաջորդէր
խորհուրդի
մը
հանդիսադրութիւնը,
գործ
Շահան
Պէրպէրեանի։
Այս
«խորհուրդ»ներուն
պիտի
անդրադառնանք
Շ.
Պէրպէրեանի
մատենագիտութեան
Յօրինողական
բաժինին
մէջ։
Ոգեկան
մրցումներուն
սկսելէ
առաջ
Շ.
Պէրպէրեան
սովորութիւն
ունէր
բացատրական
քանի
մը
հաստատումներ
ընել
անոնց
միտք
բանիին
համար,
ընդհանրապէս
նիւթ
ունենալով
ամբողջական
մարզիկը
(աթլէթ
քոմփլէ)
։
Կը
մէջբերենք
այդ
մասին
հաստատում
մը.
«Պ.
Պէրպէրեանի
ըմբռնումով
եւ
ամէնուս
մտքին
մէջ,
ամբողջական
մարզիկը
ան
է,
որ
հաւասար
խնամքով
մշակած
է
ու
զարգացուցած
իր
բոլոր
ընդունակութիւնները,
ոգեկան
եւ
ֆիզիքական։
Ան
է
ամբողջական
մարզիկը,
որուն
բոլոր
արտայայտութիւնները,
ոգեկան
եւ
ֆիզիքական,
կիրթ
են,
վայելուչ
եւ
ուժեղ»։
[18]
Պէրպէրեան
վարժարանը
իր
ուսումնական
ծրագրի
կողքին
կատարած
այս
գործունէութիւններով
հետզհետէ
եգիպտահայ
իրականութեան
մէջ
իր
դիրքը
կը
շինէր,
1928-ին
կը
փոխադրուէր
ընդարձակ
եւ
հովանուտ
պարտէզներով
շրջապատուած
խոշոր
ապարանք
մը՝
Շուպրա
(Գահիրէ),
օժտուած
մարզադաշտով
մը։
Հակառակ
իր
այս
այլազան
գործունէութիւններուն,
Պէրպէրեան
վարժարանը
ունեցաւ
սահմանափակ
թիւով
աշակերտներ։
1932
տարուան
աշակերտներուն
թիւն
էր
մօտ
հարիւր,
[19]
որոնցմէ
գիշերօթիկները
չնչին
մաս
մը
կը
կազմէին։
Տարեկան
մուտքն
էր
500
(հինգ
հարիւր)
եգիպտական
ոսկի,
որ
անբաւարար
էր
ուսուցչական
կազմին
վճարումները
եւ
դպրոցական
շէնքին
վարձքը
գոցելու
համար։
Պէրպէրեան
եղբայրներու
անհատական
ճիգերով
եւ
նիւթական
նեղ
միջոցներով
կրթական
հաստատութիւն
մը
ոտքի
պահելը
անկարելի
էր։
Եգիպտահայ
գաղութին
պարագայական
նուիրատուութիւններն
ալ
չէին
կրնար
կանգուն
պահել
այս
հաստատութիւնը։
1932-ին
արդէն
շշուկներ
կը
շրջէին
թէ
Պէրպէրեան
վարժարանը
նիւթական
անձուկ
վիճակի
մէջ
է
եւ
փակուելու
վտանգին
տակ
կը
գտնուի։
Զօրաւոր
խնամակալ
մարմին
մը
կը
ստեղծուի,
որ
կը
ստանձնէ
վարժարանին
տիրութիւնն
ու
պատասխանատուութիւնը։
Խնամակալութեան
պատուակալ
նախագահ
կ՚ըլլայ
Երուսաղէմի
Ամեն.
Ս.
Պատրիարք
Հայր՝
Տ.
Թորգոմ
արք.
Գուշակեան,
իսկ
նախագահ՝
Եգիպտոսի
առաջնորդական
փոխանորդ,
Տ.
Մամբրէ
ծ.
վրդ.
Սիրունեան։
Խնամակալութեան
անդամներ՝
Հրանդ
Նասիպեան
(ատենապետ),
Յարութիւն
Ամիրայեան,
Էօժէն
Բաբազեան,
Նշան
Եագուպեան,
Լեւոն
Կոկանեան,
Տիգրան
Հաճընլեան,
Արամ
Տրենց
Մարգարեան,
Լ.
Շալճեան,
Գէորգ
Չագըճեան,
Օննիկ
Պլըքտանեան,
Ա.
Պօղիկեան,
Խաչիկ
Միսքէթեան
եւ
Գարեգին
Տիւրկէրեան։
Խնամակալութիւնը
1932-33
կրթական
տարեշրջանին
համար
վարժարանին
վարչական
տնօրէն
եւ
խնամակալութեան
լիազօր
ներկայացուցիչ
կը
կարգէ
պր.
Գարեգին
Տիւրկէրեանը
(որ
արդէն
ուսուցչական
կազմին
անդամ
էր)։
Նոյնպէս
նոյն
տարեշրջանին
համար
վարժարանին
տնօրէնութեան
պաշտօնին
կը
կոչէ
Օննիկ
եւ
Շահան
Պէրպէրեանները,
որոնք
պիտի
վարեն
վարժարանին
ուսումնական
եւ
կրթական
գործը
խորհրդակցութեամբ։
[20]
Ըստ
երեւոյթին
այս
խնամակալութիւնն
ալ
չի
կրնար
հիմնական
դարման
մը
բերել
Պէրպէրեան
վարժարանի
նիւթական
կացութեան
եւ
1934-1935
կրթական
տարեշրջանին
չի
վերաբացուիր
դպրոցը։
Օննիկ
Պէրպէրեան
կը
մեկնի
Պուքրէշ՝
որպէս
նոյն
քաղաքի
Ազգային
վարժարանի
տնօրէն,
իսկ
Շ.
Պէպէրեան
1934
Սեպտեմբեր
26-ին
կ՚երթայ
Երուսաղէմ՝
Ժառանգաւորաց
վարժարանի
ուսուցչութեան։
Շահանի
հոգիին
վրայ
խորապէս
կ՚ազդէր
իր
շատ
սիրելի
դպրոցին
փակումը։
Գահիրէէն
իր
մեկնումին
առիթով
կազմակերպուած
հրաժեշտի
սեղանին՝
կ՚անդրադառնայ
այս
հարցին։
Թղթակիցը
կը
գրէ.
«Ակնարկելով
այն
դժուարութեանց
որոնց
հետ
ստիպուած
էր
պայքարիլ
եւ
Պէրպէրեան
վարժարանին
փակումին,
պր.
Շահան
Պէրպէրեան
ըսաւ,
թէ
չ՚ուզեր
անդրադառնալ
այդ
մասին
եղած
արտայայտութեանց՝
լռութիւնը
լաւագոյն
համարելով
իբրեւ
արտայայտութիւն
իր
զգացումներուն»։
[21]
Շահան
Պէրպէրեանի
կրթական
գործունէութիւնը
փակելէ
առաջ,
անհրաժեշտ
կը
նկատենք
կարգ
մը
ծանօթութիւններ
ալ
աւելցնել
Գահիրէի
Պէրպէրեան
վարժարանին
մասին։
1934-ին
ունեցած
է
10
շրջանաւարտ։
Իր
գոյութեան
10-ամեայ
շրջանին
ընթացաւարտներուն
թիւը
կը
հասնի
50-ին։
Իսկ
թերաւարտ
աշակերտներուն
թիւը
շուրջ
500-ի։
[22]
Մեր
իրականութեան
մէջ
գրեթէ
աննախընթաց
երեւոյթի
մը
կը
հանդիպինք
Պէրպէրեան
վարժարանի
պարագային։
Ինչպէս
Պոլսոյ
մէջ,
այնպէս
ալ
Գահիրէի
վերաբացուած
վարժարանին
մէջ,
ընթացաւարտ
աշակերտներէն
կը
պահանջուէր
աւարտաճառ,
որուն
պաշտպանութենէն
ետք
կը
յանձնուէր
համապատասխան
Պսակաւորի
աստիճանը։
Թէեւ
Օննիկ
եւ
Շահան
Պէրպէրեան
եղբայրները
կը
յիշատակուին
որպէս
տնօրէններ,
սակայն
իւրաքանչիւրը
ունէր
իր
ուրոյն
գործը։
Օննիկ
ստանձնած
էր
վարժարանին
վարչական
հոգը,
իսկ
Շահան՝
բարոյական-դաստիարակչական
հոգը։
Ամավերջի
հանդէսներուն
Օննիկ
Պէրպէրեան
հանրութեան
կը
ներկայացնէր
տարեկան
տեղեկագիրը,
իսկ
«Հուսկ
բանք»ի
բաժինը՝
Շահան
Պէրպէրեան։
1933-34
կրթական
տարեշրջանին
համար
եղած
նուիրատուութեանց
ցանկով
կ՚ուզենք
փակել
այս
բաժինը։
Ամենայն
Հայոց
Վեհ.
Ս.
Կաթողիկոս՝
50
անգլ.
ոսկի։
Հ.
Բ.
Ը.
Մ.
՝
50
եգիպտական
ոսկի։
Դաւիթ
Միսիրեան՝
50
անգլ.
ոսկի։
Վսեմ.
Անդրանիկ
պէյ
Կամսարական՝
25
եգիպտ.
։
Ֆրանսական
դեսպանատուն՝
23.
40
եգիպտական
ոսկի։
Պուրս
Էժիբսիէն՝
20
եգիպտական
ոսկի։
Պր.
Տրենց
Մարգարեան՝
4
եգիպտական
ոսկի։
Պր.
Մերկեր
Մերկերեան՝
2
անգլիական
ոսկի։
Ընդհանուր
գումար՝
221.
59
եգիպտական
ոսկի։
[23]
[1]
Սիոն,
Լ.
տարի,
թիւ
10-11
(Հոկտ.
-Նոյ.
1956),
էջ
288։
[2]
«Փիլիսոփայ
եղբայրս՝
Շ.
Պէրպէրեան»,
Երիտասարդ
հայուհի,
Բ.
տարի,
թ.
4
(Սեպտ.
1948),
էջ
5։
[3]
Պետրոս
Կարապետեան,
Ռեթէոս
Յ.
Պէրպէրեան
(Պոլիս,
1933),
էջ
129։
[4]
Մաննիկ
Պէրպէրեան,
նոյն,
էջ
6։
[5]
Վահան
Տ.
Սիւնի,
որ
Շահան
Պէրպէրեանի
աշակերտած
է
Պոլսոյ
Պէրպէրեան
վարժարանին
մէջ,
ակնարկելով
այս
շրջանի
Շահանի
գործունէութեան,
կը
գրէ.
«Տասներկու
տարեկանին
ան
Վիքթոր
Հիւկոյի
մէկ
կենսագրութիւնը
թարգմանած
էր,
եւ
երկու
տարի
վերջ
գրած
էր
քննադատական
ուսումնասիրութիւն
մը
Հերպըրթ
Սփէնսըրի
փիլիսոփայութեան
մասին»
(Հայաստանի
կոչնակ,
ԾԶ.
տարի,
թ.
45
(Նոյ.
10,
1956),
էջ
1063)։
Մեզի
այլ
աղբիւրէ
անծանօթ
է
Հերպըրթ
Սփէնսըրի
փիլիսոփայութեան
մասին
գրած
ուսումնասիրութիւնը։
[6]
Խոհք
եւ
յուշք
(Վիեննա,
1904),
էջ
25։
[7]
«Կեանքիս
բաշխումը»,
Սիոն,
Անդ,
էջ
289։
[10]
Պետրոս
Կարապետեան,
նոյն,
էջ
187։
[11]
Երիտասարդ
հայուհի,
նոյն,
էջ
7։
[12]
Ճակատամարտ
(մանկավարժական
յաւելուած),
Ա.
տարի,
թ.
4-5
(Հոկտ.
-Նոյ.,
1919),
էջ
29։
[16]
Արեւ,
ԺԵ.
տարի,
թ.
2896
(Ուրբաթ,
Օգոսոտոս
17,
1928),
էջ
3։
[17]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4110
(Գշ.,
Յուլիս
26,
1932)։
[18]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4070
(Եշ.,
Յունիս
9,
1932),
էջ
2։
[19]
Նոյն,
ԺԷ.
տարի,
թ.
4095
(Ուրբաթ,
Յունիս
8,
1932),
էջ
2։
[21]
Նոյն,
ԺԹ.
տարի,
թ.
4777
(Գշ,,
Սեպտեմբեր
25,
1934),
էջ
2։
[22]
Նոյն,
ԺԹ.
տարի,
թ.
4701
(Դշ,,
Յունիս
27,
1934),
էջ
3։
[23]
Նոյն,
ԺԹ.
տարի,
թ.
4694
(Գշ,,
Յունիս
19,
1934),
էջ
3։