ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
(ԹՌՈՒՑԻԿ
ԱԿՆԱՐԿ)
Նախընտրեցինք
պատմութիւն
հայ
տպագրութեան
տարազը
քան
թէ
հայ
գիրք,
որովհետեւ
ներկայ
գրութիւնը
ի
մտի
ունի
ներկայացնել
հայ
տպագիր
գիրքին
պատմութիւնը,
քան
թէ
հայ
գիրքին։
Հայ
գիրք
տարազը,
իր
լայն
առումով,
իր
մէջ
կը
պարունակէ
նաեւ
տպագրութենէն
առաջ
գոյութիւն
ունեցող
մատեանները,
զորս
ներկայիս
սովոր
ենք
ձեռագիր
անուանել։
ՄԵՂԱՊԱՐՏ
ՅԱԿՈԲ
Այս
առումով
մեր
առաջին
գիրքը
տպուած
է
1512-ին։
Սակայն
ներկայիս
կան
վարկածներ,
որոնք
կ՚ուզեն
աւելի
կանուխ
թուականի
մը՝
1509-ին
տանիլ
հայ
տպագրութեան
սկզբնաւորութիւնը։
Այս
հարցին
եւ
ընդհանուր
առմամբ
մեր
առաջին
տպագրիչը՝
Մեղապարտ
Յակոբի
անձին
եւ
գործունէութեան
շուրջ
լայնօրէն
անդրադարձած
ենք
մեր
կողմէ
լոյս
ընծայուած
Հայ
տպագրութեան
նախակարապետը՝
Մեղապարտ
Յակոբ
գրքոյկին
մէջ
(1966,
Անթիլիաս)։
Հոս
պիտի
ջանանք
հպանցիկ
ակնարկի
մը
պահանջքներու
սահմաններուն
մէջ
վերստին
յիշատակել
զանոնք։
Մինչեւ
1889
հայ
բանասիրութեան
անծանօթ
էր
Մեղապարտ
Յակոբի
գոյութիւնը
եւ
առաջին
հայ
տպագրիչը
կը
ներկայացուէր
Աբգար
Դպիրը
(Թոխաթցի)։
Տարտամ
կարծիքներ
կային
թէ
Աբգար
Դպիրի
տպագրական
աշխատանքի
սկսելէն
(1565)
առաջ
կրնայ
տպագրութիւն
եղած
ըլլալ,
սակայն
հաստատ
փաստեր
գոյութիւն
չունէին։
Վիեննայի
Մխիթարեան
հայրերէն
հայր
Գովրիկեան,
առաջին
անգամ
ըլալլով
բանասիրական
աշխարհին
կը
ներկայացնէր
«Պարզատոմար»
գիրքին
գիւտը։
Գիրքը
թէեւ
յիշատակարան
չունէր,
սակայն
օրացոյցը
պատրաստուած
էր
1512
տարուան
համար։
Կարճ
ժամանակուան
ընթացքին՝
հայ
բանասիրական
աշխարհին
համար
յայտնի
կը
դառնար,
որ
Մեղապարտ
Յակոբի
կողմէ
լոյս
ընծայուած
է
հինգ
գիրք,
1512-1513
տարիներուն։
Այդ
գիրքերն
են.
1.
Այս
է
Պարզատումար
Հայոց
2.
Պատարագատետր
3.
Անուն
Գրոյս
է
Սուրբ
Ուրբաթագիրք
4.
Տաղարան
է
սայ
Հոգոյ
եւ
Մարմնոյ
5.
Աղթարք
Հայաստանի
Ձեռագրատան
հնատիպ
գիրքի
բաժնի
պատասխանատու
եւ
լուրջ
բանասէր
Ռաֆայէլ
Իշխանեան
որոշ
վարկածներու
վրայ
յենելով
ո՛չ
միայն
տպուած
գիրքերուն
կարգն
ու
թիւը
կը
փոխէ,
այլ
նաեւ
հայ
տպագրութեան
տարեթիւը։
Իր
գլխաւոր
փաստարկութիւնը
տարեթիւի
փոփոխութեան՝
յեցած
կամ
խարսխուած
է
այն
ատենուան
տպագրութեան
արագութեան
վրայ։
Այս
հիմամբ
1509
կու
տայ
որպէս
հայ
տպագրութեան
սկիզբ
եւ
տպուած
գիրքերու
շարքն
ալ
հետեւեալ
կերպով.
1.
Սաղմոսարան,
1509
(՞)
2.
Ուրբաթագիրք,
1509
(՞)
3.
Աղթարք,
1510
(՞)
4.
Պարզատումար,
1512
5.
Պատարագատետր,
1513
6.
Տաղարան,
1513
(՞)
Վերոյիշեալ
գիրքերը
որպէս
բովանդակութիւն
մեծ
արժէք
մը
չեն
ներկայացներ։
Ընդհանուր
առմամբ
կը
շօշափեն
սնոտիապաշտական
նիւթեր։
Ամէնէն
օգտակարը
Տաղարան
ն
է,
որ
կը
պարունակէ
տաղեր
Ֆրիկէն,
Յովհաննէս
Թլկուրանցիէն,
Մկրտիչ
Նաղաշէն
եւ
քառեակներ՝
Ներսէս
Շնորհալիէն։
Բայց
արժէքը
պէտք
չէ
փնտռել
այս
գիրքերուն
բովանդակութեան,
այլ
պարզուած
երեւոյթին
մէջ։
Այս
գիրքերուն
հրատարակութեան
մէջ
պէտք
է
տեսնել
հայ
ժողովուրդի
ուսումնատենչութեան,
լոյսի
ծարաւին
մէկ
նոր
փաստը։
Իր
քաղաքական
անկախութիւնը
կորսնցուցած
մեր
ժողովուրդը,
փորձեց
կառչիլ
մշակութային
արժէքներու՝
իր
ազգային
դիմագիծը
պահպանելու
համար։
Իսկ
գալով
Մեղապարտ
Յակոբի
տարտամ
դիմագիծին,
պէտք
է
յստակացնել
զայն
եւ
ճշդել
անոր
տեղը
մեր
տպագրութեան
պատմութեան
մէջ։
Ինքզինք
համեստօրէն
Մեղապարտ
անուանող
այս
մարդը
հայ
տպագրութիւն
առաջարկողի
եւ
դրամ
հայթայթողի
դերէն
պէտք
է
բարձրացնել
եւ
անոր
տալ
հայ
տպագրութիւն
ձեռնարկողի,
տպագրական
տառերը
ձուլողի,
տառատեսակները
ապսպրողի
եւ
տպագրութեան
փորձերը
սրբագրողի
դերը
։
Եթէ
նոյնիսկ
ընդունինք
որ
Մեղապարտ
Յակոբ
վաճառական
մըն
էր
եւ
այդ
հանգամանքով
ալ
Վենետիկ
կը
գտնուէր,
պէտք
է
ըլլար
բանիմաց,
գրասէր
եւ
քիչ
թէ
շատ
գիրի
եւ
գրականութեան
ծանօթ
մէկը։
Մեր
առաջին
տպագրիչին
նկարը
գոյութիւն
չունի։
Այն
ինչ
որ
որպէս
այդպիսին
կը
ներկայացուի՝
«Յիշատակարան»ներ
շարքին
Աբգար
Դպիր
Սուլթանշահ
(Ա.
Դպիրի
որդին)
հեղինակ
Վահան
Զարդարեանի
նախաձեռնութեան
արդիւնքն
է։
1912-ին
երբ
կը
տօնուէր
հայ
տպագրութեան
400-ամեակը,
ան
ուզած
էր
պատուել
հայ
տպագրութեան
նախահայրը
եւ
ձեռք
ձգելով
400
տարուան
հնութիւն
ունեցող
պղինձէ
փորագրութեան
նկար
մը,
պատրաստել
տուած
էր
այդ
նկարը։
Մեղապարտ
Յակոբէն
մինչեւ
Աբգար
Դպիրի
գործունէութիւնը
կը
հանդիպինք
այլ
հրատարակութեանց
կատարուած
օտարներու
կողմէ։
1537-ին
Փարիզի
մէջ
լոյս
տեսած
է
քերականութեան
գիրք
մը՝
Փոստել
անունով
ֆրանսացիի
մը
կողմէ։
Այս
գիրքին
մէջ
այլ
այբուբեններու
կարգին
կան
նաեւ
հայերէն
տառեր՝
քանի
մը
էջ։
Իտալացի
Թեսէոս
Ամբրոսիոս
լեզուաբանը
1539-ին
հրատարակած
է
քերականութեան
գիրք
մը
40
այբուբեններ
օգտագործելով,
որոնց
կարգին
նաեւ
հայկականը։
Գիրքին
խորագիրն
է
«Ներածութիւն
ի
քաղդէական,
ասորական
հայերէն
եւ
յայլ
տասը
լեզուս»։
Ասոր
մէջ
կան
քանի
մը
էջ
հայերէն
տառերով
տրուած
նախադասութիւններ։
Գիրքէն
օրինակ
մը
կը
գտնուի
Վիեննայի
Մխիթարեանց
Մատենադարանին
մէջ։