ԳԻՏԱԿԱՆ-ՔՆՆԱԿԱՆ
ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ
ՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՕՏԱՐ
ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ
THE
ARMENIAN
LITERATURE
IN
FOREIGN
LANGUAGES
ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԵՒԱՆ,
1971,
375
ԷՋ
Մատենագիտական
աշխատասիրութիւնները
անհրաժեշտ
այն
լուսարձակներն
են,
որոնց
շնորհիւ
մշակոյթի
մը
զանազան
մարզերը
կը
լուսաբանուին
եւ
միտքի
աշխատաւորները
անհրաժեշտ
ուղեցոյցներով
զինուած,
այդ
մշակոյթին
խաւար
անկիւնները
դիւրաւ
մեկնաբանելու
կը
մղուին
եւ
կրնան
նորութիւններ
յայտնաբերել։
Անցեալին՝
հայ
մատենագիտական
կալուածին
մէջ
տքնաջան
աշխատանք
կատարած
են
Վենետիկի
եւ
Վիեննայի
Մխիթարեան
զոյգ
միաբանութիւնները,
որոնք՝
ըլլա՛յ
առանձին
գիրքերով,
ըլլա՛յ
Բազմավէպի
եւ
Հանդէս
ամսօրեայի
էջերուն
մէջ
յօդուածներով,
գնահատելի
աշխատանք
կատարած
են։
Այսօր,
այս
մարզին
մէջ
ջահակիրի
դերը
կը
կատարեն
մայր
Հայրենիքի
մշակութային
հաստատութիւնները,
մանաւանդ
Ալ.
Միասնիկեանի
անուան
Հանրապետական
Գրադարանը։
Հայ
գիրքի,
հայ
մամուլի
եւ
հայ
անհատ
գրողներու
մատենագիտութիւններէն
ետք,
ահաւասիկ
նոյն
հաստատութիւնը
մեզի
կը
հրամցնէ
Հայ
գրականութիւնը
օտար
լեզուներով
մատենագիտական
բաւական
լուրջ
աշխատասիրութիւնը։
Կազմողներ՝
Ա.
Նազիկեան,
Ց.
Խաչատուրեան
եւ
Ա.
Ցիցինեան։
Գործը
խմբագրած
եւ
յառաջաբանը
գրած
է
Ռաֆայէլ
Իշխանեան։
Ներկայ
գործը
կ՚ընդգրկէ
19-20-րդ
դարերու
Հայ
գեղարուեստական
գրականութեան
բնագաւառը,
իր
արեւելահայ
եւ
արեւմտահայ,
խորհրդահայ
եւ
սփիւռքեան
հատուածներով։
Կը
պարփակէ
հայ
գեղարուեստական
գրականութենէն
օտար
լեզուներով
կատարուած
թարգմանութիւնները,
հայ
գրականութեան
նուիրուած
օտար
լեզուներով
աշխատասիրութիւններն
ու
յօդուածները։
Խորհրդային
Միութեան
բաղկացուցիչ
ժողովուրդներուն
լեզուներով
կատարուած
թարգմանութիւնները
չեն
ընդգրկուած
այս
երկին
մէջ։
Խմբագրութիւնը
կը
խոստանայ
առանձին
հատորի
նիւթ
դարձնել
զանոնք։
Իրենց
բառով՝
«արտասահմանեան
լեզուներով»
(թիւով
22-է
աւելի)
կատարուած
թարգմանութիւններուն
մատենագիտութիւնն
է
որ
կը
ներկայացուի։
Ընդգրկուած
լեզուներն
են
-
անգլերէն,
ֆրանսերէն,
գերմաներէն,
սպաներէն,
իտալերէն,
հունգարերէն,
ռումաներէն ,
պուլկարերէն,
յունարէն,
պարսկերէն,
արաբերէն,
չեխերէն,
սլովաքերէն,
սերպախորվաթերէն,
լեհերէն,
չինարէն,
հնդկերէն,
բենկալերէն,
ճապոներէն,
թրքերէն,
շուէտերէն,
ֆիններէն,
եւլն.
։
*
*
*
Հայ
մշակոյթի
որեւէ
մարզի
մատենագիտութիւնը
կը
բախի
բազմաթիւ
խոչընդոտներու
եւ
դժուարութիւններու։
Այս
վերջինները
կը
բխին
հայ
ժողովուրդին
քաղաքական
վատթար
պայմաններուն
բերումով
եղած
գաղթականական
հոսանքներէն։
ԺԹ.
դարէն
առաջ
գոյութիւն
ունեցող
փոքրաթիւ
գաղութներէն
բացի,
կը
ստեղծըուէին
նորեր,
կամ
հիները
կը
ստուարանային
գաղթականական
նոր
հոսանքներու
պատճառով։
ԺԹ.
դարուն
կը
ստեղծուէին
Ամերիկայի
գաղութները,
կը
ստուարանար
Եգիպտոսի
հին
գաղութը,
մանաւա՛նդ՝
դարուն
վերջաւորութեան։
Յունաստան,
Ռումանիա,
Պուլկարիա,
Ֆրանսա
եւ
Անգլիա
կը
դառնային
հայ
յեղափոխական
գործիչներու
ապաստաններ։
Այս
գաղութները
կը
հիմնէին
իրենց
տպարանները,
լոյս
կը
տեսնէին
թերթեր
ու
ամսաթերթեր,
ուր
լոյս
կ՚ընծայուէին
հայ
մշակոյթին
վերաբերեալ
յօդուածներ,
կ՚ըլլային
թարգմանութիւններ։
Պայմաններու
պարտադրանքով
կը
հիմնուէին
օտարալեզու
թերթեր
եւ
ամսաթերթեր,
ուր
լոյս
կը
տեսնէին
թէ՛
հայութեան
նորահաս
սերունդը
իր
մշակոյթին
կապող
յօդուածներ
եւ
թարգմանութիւններ,
թէ՛
օտար
հանրային
կարծիքը
հայութեան
շուրջ
լուսաբանող
յօդուածներ
եւ
թարգմանութիւններ։
Անկախ
հայ
մամուլէն
եւ
հայոց
կողմէ
լոյս
ընծայուած
օտարալեզու
մամուլէն,
կայ
նաեւ
օտար
մամուլի
պարագան,
որ
ամենամեծ
դժուարութիւնը
կը
յարուցանէ։
Օտարներու
կողմէ,
նո՛յնիսկ
հայ
գրողներու
կողմէ,
տեղական
մամուլին
մէջ
լոյս
տեսած
են
պարագայական
առիթներով,
ինչպէս՝
հայ
գրողի
մը
տուեալ
երկիրը
այցելելու
առիթով,
կամ
յոբելեաններու
եւ
մահուան
առիթով
յօդուածներ,
որոնց
ցուցակագրումը
հսկայական
աշխատանքի
կը
կարօտի։
Դժբախտութիւն
է,
որ
ցարդ
հայ
մամուլի
լիակատար,
ամբողջական
մատենագիտութիւն
չունինք
(կ՚ակնարկենք
թերթերու
անուններուն
ցուցակագրումին
եւ
ո՛չ
թէ
անոնց
բովանդակութեան
մատենագիտութեան։
Իսկական
մատենագիտութիւնը
կ՚ընդգրկէ
մանաւա՛նդ
այս
երկրորդ
մարզը)։
Հայ
գիրքէն
աւելի
հայ
մամուլն
է,
որ
իր
տաք
գիրկին
մէջ
կը
պահէ
հայ
միտքին
ու
հոգիին
գանձերը։
Ցարդ
կատարուած
ճիգերը
հեռու
են
գոհացուցիչ
ըլլալէ։
Կը
շեշտենք
մամուլը,
որովհետեւ
ա՛ն
է
հիմը
մատենագիտական
որեւէ
աշխատանքի։
Ալ.
Միասնիկեանի
անուան
Հանրապետական
Գրադարանի
օտար
լեզուներով
գրականութեան
բաժինի
գիտաշխատողները
կ՚ենթադրենք,
որ
գտնուած
են
այս
դժուարութիւններուն
առջեւ։
Թէեւ
գրադարանը
այսօր
ունի
7
միլիոնէ
աւելի
գիրք
եւ
մամուլ,
սակայն,
իր
զոյգ
հաւաքածոներն
ալ
թերի
են
(հոս
տեղին
չէ
անդրադառնալ
այս
երեւոյթին
պատճառներուն)։
Արտասահմանի
մեր
գրադարաններն
ալ,
նո՛յնիսկ
Վենետիկինն
ու
Վիեննայինը,
գոհացուցիչ
վիճակ
չեն
ներկայացներ։
Այս
պայմաններուն
մէջ
տուեալ
մատենագիտական
գործը
չի
կրնար
անթերի
ըլլալ,
մանաւանդ
եթէ
նկատի
ունենանք
որ
տուեալ
մարզին
մէջ
գրեթէ
առաջին
փորձն
է։
Ռ.
Իշխանեան
գիտակից
է
այս
կացութեան
(էջ
7)։
Հրամցուած
գործը
իր
ներկա՛յ
վիճակին
մէջ
իսկ
պատուաբեր
է
եւ
գնահատանքի
արժանի։
Որեւէ
այլ
հաստատութիւն՝
այսքանն
ալ
պիտի
չկարենայ
հրամցնել։
Խմբագրութիւնը
կը
յայտնէ,
թէ
գրադարանին
պատկան
բաժինը
(Օտար
Լեզուներով
Գրականութեան
Բաժին)
կը
շարունակէ
նիւթերու
որոնումն
ու
հաւաքումը,
ըստ
երեւոյթին,
հետագային
լրացուցիչ
պրակ
մը
լոյս
ընծայելու
(էջ
7)։
Լրացուցիչ
առանձին
պրակի
մը
փոխարէն,
պիտի
թելադրենք
որ
գործը
վերահրատարակուի
եւ
այս
անգամ
լաւորակ
թուղթի
վրայ,
երբ
նկատի
ունենանք
որ
այս
ուղեցոյցը
պիտի
օգտագործուի
նաեւ
օտար
գրադարաններու
մէջ։
Մինչեւ
վերահրատարակութիւնը,
կը
թելադրենք
Գրադարանի
տնօրէնութեան,
որ
մէկէ
աւելի
օրինակներ
ուղարկէ
արտասահմանի
հայ
եւ
օտար
գրադարաններուն,
խնդրելով
որ
անոնց
պատասխանատուները
(օտար
կարեւոր
գրադարաններ
ունին
հայկական
բաժինի
պատասխանատուներ),
հայ
մշակոյթի
սիրոյն,
անհրաժեշտ
բծախնդրութեամբ
պրպտեն
իրենց
ձեռքին
տակ
գտնուող
գիրքերն
ու
թերթերը։
Մոռցուած
կամ
անծանօթ
մնացած
գիրքերն
ու
յօդուածները
նշելով՝
փոխանցեն
Միասնիկեանի
Գրադարանի
պատկան
բաժինին,
ապագային
աւելի
կատարեալ
մատենագիտութիւն
մը
ունենալու
համար։
Ներկայ
մատենագիտութիւնը
ունի՞
ներքին
բաժանում
մը։
Այո՛։
Նախ
յիշատակուած
են
ժողովածուները
(էջ
31-55),
օր.
՝
Պլաքսուէլի,
Ա.
Չօպանեանի,
Մ.
Չերազի,
եւլն.,
որոնք
կը
պարունակեն
հայ
գրականութենէն
կատարուած
ծաղկաքաղներ։
Իւրաքանչիւրին
տակ
նշուած
են
գրախօսականները,
եթէ
նման
փորձ
կատարուած
է։
Ժողովածուներուն
ընդգրկած
նիւթերը
յիշատակուած
են,
սակայն
աւելի
ամբողջական
ընելու
համար,
լաւ
պիտի
ըլլար
նաեւ
յիշատակել
նիւթերուն
էջաթիւերը։
Ժողովածուներուն
մէջ
չեն
յիշատակուած
Սարգիս
Սրենցի,
տոքթ.
Ասթարճեանի
եւ
Սարգիս
Աշճեանի
կատարած
թարգմանութիւնները։
Այս
բաժինին
մէջ
պէտք
է
յիշատակուէր
Սովետական
գրականութիւն
ամսաթերթի
(հրատ.
Խորհրդային
Միութեան
Գրողներու
Միութեան,
Մոսկուա),
1966-ի
Գ.
թիւը,
որ
նուիրուած
է
Խորհրդային
Հայաստանի
արուեստին
եւ
գրականութեան։
Չորս
լեզուով
լոյս
տեսնող
-
անգլերէն,
գերմաներէն,
լեհերէն
եւ
սպաներէն
-
ամսաթերթին
սպաներէնի
թարգմանութիւններէն
արտատպած
է
Պ.
Այրէսի
Համազգային
կիսամսեայ
թերթը՝
առանց
աղբիւրը
յիշատակելու։
Արտատպած
է
Հռիփսիմէ
Պօղոսեանի,
Գ.
Սարեանի,
Պ.
Սեւակի,
Գ.
Էմինի,
Վ.
Դաւթեանի,
Մ.
Մարգարեանի
եւ
Գ.
Սարեանի
քերթուածները
(Բ.
տարի,
թ
48
[20
Նոյեմբեր
1966],
էջ
11-14)։
Կ՚ենթադրենք,
որ
մատենաշարներն
ալ
առանձին
յիշատակութեան
արժանի
են։
Եւ
ժողովածուներու
այս
բաժինին
մէջ
ամէնէն
յարմար
տեղն
է։
Թէեւ
այդ
մատենաշարները
կրնան
առանձին
հեղինակներու
գործերը
ընդգրկած
ըլլալ,
բայց
յարմար
է
որ
անոնց
ամբողջական
շարքը
տեղ
մը
յիշատակուի։
Կ՚ակնարկենք
օրինակ՝
Ֆրետերիք
Մաքլէրի
հովանաւորութեամբ
լոյս
տեսած
Petite
Bibliothèque
Arménienne
մատենաշարին
եւ
ուրիշներու։
Ներկայ
մատենագիտութիւնը
թէեւ
տպուած
է
1971-ին,
սակայն,
յանձնուած
է
արտադրութեան՝
1969-ին։
Մեր
յաւելումներուն
ու
դիտողութիւններուն
հիմ
ընտրած
ենք
1969
թուականը։
Առանձին
հեղինակներ
(էջ
59-283,
305-315),
այբուբենական
կարգով
տրուած,
նախ
անոնցմէ
կատարուած
թարգմանութիւնները
(լեզուներու
որոշ
յաջորդականութեամբ),
ապա
իրենց
մասին
գրուած
յօդուածները։
Այս
բաժինը
հիմնական
մասն
է
մատենագիտութեան
եւ
մեր
դիտողութիւններն
ու
յաւելումները
պիտի
կեդրոնական
այս
մասին
վրայ։
Կրճատուած
անունները
ստուգել
եւ
ամբողջացնել.
օր.
՝
Բ.
Չաթոյեան
=
Բարսեղ
Չաթոյեան,
E.
Colandji
=
Եդուարդ
Գօլանճեան,
Ա.
Սալմասլեան
=
Արմենակ
Սալմասլեան։
Ծածկանունները
ճշդել.
օր.
՝
Serge
d’Herminy
=
Մելիք
Սերժ
Դաւիթ
Պէկ։
Լեւոն
Ռուբէնլի
=
Աբգար
Յովհաննիսեանց։
Տուեալ
գրողի
մը
հատորով
լոյս
ընծայուած
թարգմանութիւններուն
նիւթերը
եւ
անոնց
էջաթիւերը
յիշատակել։
Հայ
գրականութեան
պատմութիւն
եւ
գրաքննադատութիւն
(էջ
287-299,
316-320)։
Աղբիւրներ,
էջ
300-301։
Ամէնէն
աղքատ
մասը։
Գիրքին
մէջ
օգտագործուած
աղբիւրները,
զորս
կազմողները
պարտաւոր
էին
հոս
յիշատակել։
Կը
յիշատակենք
անոնցմէ
մէկը
-
Հայր
Պ.
վրդ.
Ֆէրհաթեան,
«Ցուցակ
եւրոպական-հայկական
հրատարակութեանց
1896-1910»,
Հանդէս
ամսօրեայ,
ԻԵ.
տարի,
թ.
1
(Յունուար,
1911)
-
ԻԸ.
տարի,
թ.
12
(Դեկտ.
1914)։
2594
գիրքի
եւ
յօդուածի
յիշատակում։
Կազմողները
օգտագործած
են
այս
աղբիւրը
եւ
տեղ-տեղ
մէջբերումներ
կատարած
անկէ։
Այս
բաժինին
մէջ
առանձին
յիշատակութեան
արժանի
էր
այս
քրտնաջան
եւ
լուրջ
մատենագիտութիւնը։
Կազմողները
ձեռքի
տակ
ունեցած
են
Արմենակ
Սալմասլեանի
Bibliographie
de
l’Arménie
գործին
Ա.
տպագրութիւնը
(Փարիզ,
1946,
195
էջ,
փոքրադիր)։
Բ.
տպագրութիւնը
տեղի
ունեցաւ
Երեւանի
մէջ
1969-ին
(471
մեծադիր
էջ)։
Առատ
նիւթ
կը
պարունակէ
այս
մատենագիտութեան
մէջ
օգտագործուելու
համար։
Կազմողները
կրնային
օգտուիլ
այս
գործէն,
եթէ
նկատի
ունենանք,
որ
գիրքը
արտադրութեան
յանձնուելէ
ետք
յաւելումներ
եղած
են
(Բ.
եւ
Գ.
մասերուն
մէջ,
էջ
305-315,
316-320)։
Օգտակար
աշխատանք
մը
պիտի
ըլլար
եթէ
թարգմանութիւններուն
վերնագիրներուն
հայերէնը
տրուէր
փակագիծի
մէջ,
որպէսզի
տուեալ
լեզուն
չգիտցող
ուսումնասիրողը
գիտնար
թէ
գրողին
ո՛ր
գործին
թարգմանութիւնն
է։
Մենք
այդ
փորձն
ալ
կատարած
ենք՝
եթէ
գիտցած
ենք
վերնագիրը։
Ֆրանսերէնի
եւ
անգլերէնի
պարագային
զանց
ըրած
ենք
այդ
ճշդումը։
Կազմողներուն
համար
դժբախտութիւն
է,
որ
ձեռքի
տակ
չեն
ունեցած
Armenian
Review
(Boston)
եռամսեային
հաւաքածոն։
Տեղեակ
եղած
են
անոր
գոյութեան
եւ
նոյնիսկ
անոր
11
տարուան
նիւթերու
ցանկին
(տես՝
էջ
300,
կազմող՝
Samuel
Ryder
-
կազմողին
անունը
ուղղագրական
սխալով
մը
յիշատակուած.
փոխանակ
Samuelի՝
Samual).
Arm.
Reviewի
մէջ
կատարուած
թարգմանութիւններէն
կը
յիշատակուին,
սակայն
մեծ
մասամբ
Armenian
Weeklyի
արտատպումներէն,
ինչպէս
օրինակ՝
թիւ
820։
Եռամսեան
սկսաւ
1948-ին
եւ
ցարդ
կը
շարունակուի
(էջերու
նուազումով)։
Խմբագրապետն
էր
Ռուբէն
Դարբինեան,
խմբագիրը՝
Ճէյմս
Ճ.
Մանտալեան,
ունենալով
օժանդակ
եւ
այլ
տեսակի
խմբագիրներ։
Կատարած
է
բազմաթիւ
թարգմանութիւններ,
մեծ
մասամբ
Ճէյմս
Մանտալեանի
գրիչով։
Երեք
անգամ
կատարած
է
իր
նիւթերուն
ցանկագրումը։
Ա.
ը՝
1952-ին,
Բ.
ը՝
1955-ին,
Գ.
ը՝
1959-ին
(թիւ
44-ին
մէջ,
էջ
135-160)։
Մեր
յաւելումներուն
գրեթէ
քառորդը
կը
պատկանի
Arm.
Rev.
ի
թարգմանութիւններուն։
Ե.
մասը
անուանացանկեր
են։
Հեղինակներու
(գրողներ,
գրականագէտներ),
թարգմանիչներու,
կազմողներու,
խմբագիրներու,
նկարիչներու
անուանացանկ
(էջ
321-332)։
Զանազան
լեզուներով
կատարուած
թարգմանութիւններու
ցանկ
(հեղինակներէն
կատարուած
թարգմանութիւններ
եւ
թարգմանողներ)
[էջ
332-364]։
Բովանդակութիւն՝
հայերէն
եւ
անգլերէն
լեզուներով
(էջ
365-375)։
*
*
*
Ներկայ
գրախօսականը
պատրաստելու
ատեն՝
չենք
ուզած
սահմանափակուիլ
գրախօսական
բառին
աւանդական
ըմբռնումին
մէջ։
Ամիսներով
հետեւողական
աշխատանք
կատարած
ենք՝
որ
տուեալ
գործը
մանրամասն
քննութեան
ենթարկենք,
ո՛չ
թէ
անոր
թերիները
ճշդելու
համար,
այլ՝
թէ
ի՛նչ
յաւելում
կրնանք
ընել։
Մեր
յառաջադրած
առաջարկը,
որ
հայ
եւ
օտար
գրադարաններու
պատասխանատուները
անհրաժեշտ
բծախնդրութեամբ
տուեալ
գործը
բաղդատեն
իրենց
ձեռքին
տակ
գտնուող
նիւթերուն
հետ,
անձնապէս
գործադրած
ենք
մենք՝
հակառակ
որ
գրադարանի
մը
պատասխանատու
չենք
մենք։
Ճշդումները
եւ
յաւելումները
կատարած
ենք
օգտագործելով
մեր
գիրքերը,
ճոխ
մամուլը
(օրաթերթերէն
մինչեւ
տարեգիրք,
որոնց
մէջ
կան
երբեմն՝
թիւեր,
երբեմն՝
տարեկան
հաւաքածոներ),
200-է
աւելի
գրացուցակները,
եւլն.
։
Անձնական
հանդիպում
ունեցանք
Բարսեղ
Չաթոյեանի
եւ
Յովհաննէս
Աղպաշեանի
հետ,
տեղեակ
ըլլալու
համար
հայ
գրականութենէն
արաբերէնի
կատարած
իրենց
թարգմանութիւններուն։
Նոյն
ձեւի
հանդիպում
չկրցանք
կատարել
տոքթ.
Գ.
Ասթարճեանի
հետ՝
Լիբանանի
քաղաքական
վերջին
իրադարձութիւններուն
պատճառով։
Սակայն,
իր
աշխատակցած
թերթերուն
անունները
յիշատակեցինք
իր
ժողովածոյին
անդրադարձի
ատեն։
Երբեմն
չենք
կրցած
էջաթիւ
յիշատակել,
որովհետեւ
ձեռքի
տակ
չենք
ունեցած
տուեալ
թերթին
այդ
թիւը։
Ամէն
ճշդում
եւ
յաւելում
չէ
որ
պիտի
յիշատակենք։
Երբեմն՝
տարեթիւ,
տպարանի,
հրատարակչութեան,
էջաթիւի
մեր
սրբագրութիւնները
զանց
առած
ենք,
չխճողելու
համար
այս
գիտականքննական
գրախօսականը,
որ
արդէն
գլեց
անցաւ
գրախօսականի
մը
բնական
սահմանները։
Մտադիր
ենք
այդ
փոքր
ճշդումներուն
ամբողջութիւնը
ուղարկել
Միասնիկեանի
գրադարանի
պատկան
բաժնին,
որ
օգտագործէ
վերհրատարակութեան
մը
պարագային։
Տուեալ
մատենագիտութեան
մէջ
յիշատակուած
են
1755
գիրք
եւ
յօդուած։
Թուագրումէն
ետք
գտնուած
եւ
աւելցուած
յօդուածներ
կան,
որոնք
չեն
թուագրուած,
կ՚ունենանք
շուրջ
1850
գիրք
ու
յօդուած։
Զարմանալի
թող
չթուի
եթէ
ըսենք,
որ
նոյնքան
եւ
աւելի
անծանօթ
մնացած
յօդուածներ
եւ
թարգմանութիւններ
կան,
մանաւանդ
օտար
մամուլին
մէջ
թագնուած։
Որպէսզի
աժան
եւ
անհիմն
չթուի
մեր
վերոյիշեալ
հաստատումը,
մենք
մեր
միջոցներով
ահաւասիկ
կը
ներկայացնենք
շուրջ
250
աղբիւր
(240+12)։
Մեր
ճշդումներն
ու
յաւելումները
կը
հետեւին
մատենագիտական
տուեալ
երկին
ներքին
բաժանումին։