Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐԶՆՑԻ

Մեր տպագրիչներու երրորդ խումբը կը կազմեն Յովհաննէս Տէրզնցին եւ իր Խաչատուր որդին։ Անոնք 1583-ին  Տիգրանակերտէն կը մեկնին Հռոմ եւ յաջորդ տարին՝ Դպիրի որդւոյն Սուլթանշահի հետ, որ բարձր դիրքի տիրացած էր, կը տպեն Գրիգոր ԺԳ. Պապի «Տօմար Գրիգորեան»ը։ Յովհաննէս Տէրզնցին կ՚ուզէ հայրենիք վերադառնալ, սակայն կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի։ Կարճ ատենէն կ՚ազատի եւ Վենետիկ անցնելով՝ 1587ին կը տպէ Սաղմոսարան մը՝ ջուղայեցի վաճառականներու օժանդակութեամբ։ Այս Սաղմոսարանին սկիզբը կայ իր՝ եւ որդւոյն պատկերը։

Հոս վերջ կը գտնէ ԺԶ. դարու տպագրական վաստակը։ Այս դարը մեզի տուած է 15 հրատարակութիւն 14 գիրք եւ 1 օրացոյց։