Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ

Հայ տպագիր գիրքի անցեալը պեղելու մասնաւոր գրգիռ կը հանդիսանար հայր Գարեգին Զարբհանալեանի Հայկական մատենագիտութիւն աշխատասիրութիւնը, որ կը փորձէր ցուցակագրել (բառարանային կամ աւելի ճիշդ է ըսել՝ այբուբենական ձեւով) 1565-1883 լոյս տեսած հայ գիրքերն ու թերթերը։

Հայր Զարբհանալեան 1565-էն առաջ տպուած կը յիշատակէ Աղթարք եւ Կիպրիանոս անունով գիրքեր, սակայն առանց տպագրութեան տարեթիւ, վայր եւ տպագրիչի անուն յիշատակելու։

Արդէն հայր Ղեւոնդ Ալիշան, իր Յուշիկք հայրենեաց գործին մէջ (հատոր Բ., էջ 521), ձեռքի տակ ունենալով Աղթարք գիրքը, այն վարկածը կը յայտնէր, յենելով նոյն գիրքին լուսանցքի մը մէջ գրչագրեալ ՌԱ (1552) թուականին, թէ այդ գիրքը լոյս տեսած ըլլալու է Աբգար Դպիրի տպած Սաղմոսարան էն առաջ, այսինքն 1565-էն առաջ. սակայն, որո՛ւն ձեռքով, ե՛րբ եւ ո՛ւր, իրեն համար անյայտ էին այս հարցերը։

Հայր Զարբհանալեանի գործին հրատարակութենէն ետք՝ տենդոտ աշխատանքի կը լծուէին որոշ բանասէրներ եւ մօտաւորապէս չորս դարերէ ի վեր անծանօթ մնացած հարցեր իրենց մասնակի լուծումը կը գտնէին չորս տարուան ընթացքին։ Մատենադարաններէ ներս մասնաւոր աշխատանքներ եւ պրպտումներ տեղի կ՚ունենային եւ սրբագրելով Զարբհանալեանի գործը՝ երեւան կ՚ելլէին հայ տպագրութեան երախայրիք գործերը։

1888-ին՝ հայ տպագրութեան երախայրիք մը գտած ըլլալու ուրախութիւնը հայ բանասիրական աշխարհին կը փոխանցէր հայր Գ. Գովրիկեան, որ Կերլայի հայոց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գրադարանին մէջ գտած էր գրքոյկ մը որ ճակատ կամ անուանաթերթ չունէր եւ սակայն գրքին 19-րդ էջին վրայ տպագրուած երկատողի մը տուած իր մեկնաբանութենէն՝ կը կարծէր, թէ տպուած ըլլայ Աբգար Դպիրի փորձէն առաջ։ Գրուած էր հետեւեալը. «թվին. ՌԺ. Է յունիս ա գրեցաւ. ձեռամբ ֆարմանիս»։ Է գիրը կ՚ուզէր անջատել ՌԺ -էն եւ կապել յունիս ամսուն. ըստ որուն կը ստացուէր 1561 յունիս [1]

Սխալ մեկնաբանութեան արդիւնք էր եղածը։ Կարճ ատենէն պիտի հասկցուէր որ խնդրոյ առարկայ գրքոյկը այն Տաղարան ն էր, զոր լոյս ընծայած էր Աբգար Դպիր, Պոլիս, 1568-ին։

Հայր Գովրիկեան 1889-ին կը յայտնէր Պարզատումար ի [2] գիւտը։ Գիրքը յիշատակարան չունէր, սակայն առաջին երեսին գրուած էր «Այս է պարզայտումար հայոց», իսկ երկրորդ էջին՝ «Ինն հարիւր. ու վաթսուն ու մէկն. գիրն նուն է. եւ տանուտէրն ի վերեւն կարիճն է»։  Ասկէ մեկնելով հայր Գովրիկեան կ՚եզրակացնէր. «Յայտնի է ուրեմն, որ առաջիկայ մատեանը տպուած է կա՛մ այն տարին, զոր կը ցուցնէ թուականը, այսինքն՝ 961=1512, եւ կամ քանի մը ամիս, եւ գուցէ նոյնիսկ տարի մը յառաջ սկսած է, որպէսզի նշանակուած 961 տարւոյն համար տումարը պատրաստ ու գործածելի ըլլայ»։ [3]




Անմիջապէս պիտի հարցուէր անշուշտ թէ որո՛ւն կողմէ տպուած է եւ ո՛ր տպարանին մէջ։ Գիրքը ունէր նշանադրոշմ մը կարելի է ըսել նաեւ գաղտնագիր, որուն լուծումը կամ մեկնաբանութիւնը ցարդ կը մնայ հաւանական ենթադրութեանց սահմաններու մէջ։ Նշանադրոշմին մէջ կային D. I. Z. A. գիրերը։




Հայր Գովրիկեան յօդուածը կը վերջացնէր եզրակացնելով «թէ Պարզատումար ը տպուած է Եւրոպա, թէ վերոյիշեալ գիրերը՝ տպագրապետին կամ տպարանին տիրոջ անուան առաջին գիրերն էին»։ [4]

Նշանադրոշմին լուծման համար հայր Գովրիկեան կը դիմէր Ֆրեդ. Ռօդչէլդէրի (գերման գիտնական) տպագրական նշանադրոշմներու եւ մենագիրներու (monogramme) նուիրուած գործին, որ լոյս տեսած էր 1730-ին՝ Նիւրէմպերկ եւ կ՚ընդգրկէր 1470-1730 տարիներու ընթացքին՝ Եւրոպայի տպագրական կեանքին հետ կապ ունեցող քաղաքներու մէջ տպուած գիրքերու նշանադրոշմները՝ թիւով 500։ Անոնցմէ միայն մէկը մօտաւոր նմանութիւն ունէր վերոյիշեալ նշանադրոշմին հետ, սակայն տարբերութիւնները աւելի էին։

Հայր Ա. Տիրոյեան, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն, անդրադառնալով հայր Գովրիկեանի կատարած յայտնութեան՝ Պարզատումար ին, զոր սխալմամբ Տօնացոյց կ՚անուանէ, [5] կանգ կ՚առնէ մանրամասնօրէն Վենետիկի Մխիթարեան վանքին մէջ գտնուող Աղթարք ին (որուն ակնարկած էր նաեւ հայր Ալիշան) եւ Ուրբաթագիրք ին [6] վրայ։

Աղթարք ը անթուական եւ առանց յիշատակարանի գրքոյկ մըն էր։ Միաբանութեան ունեցած օրինակին էջ 23-ի լուսանցքին մէջ՝ անվարժ գրչագիր մը դրոշմած էր. «թիվին ՌԱ. բար(ի) կենւօք +Խօճայ. տապան թովաթխանան»։ [7] Հայր Տիրոյեան եզրակացնելով կ՚ըսէ «որ է ամն Քրիստոսի 1452»։ [8] Գումարումի կամ տպագրական սխալի արդիւնք է. պէտք է ըլլայ 1552։

1552-ը գիրքին տպագրութեան թուականը չէր անշուշտ, այլ գըրչագիրին կողմէ արձանագրութեան յիշատակութեան տարին։

Հայր Տիրոյեան կը խօսէր նաեւ Ուրբաթագիրք ի մասին։ Թէ՛ Աղթարք ը եւ թէ Ուրբաթագիրք ը յիշատակարան չունէին, սակայն ունէին ճիշդ այն նշանադրոշմը, որ կար Հանդէս ամսօրեայ ի կողմէ նկարագրուած Պարզատումար ին մէջ։ Ուրեմն այլեւս դիւրին էր եզրակացնել, թէ այդ գիրքերը նոյն տպարանէն լոյս տեսած էին։ Հայր Տիրոյեանի միտքին մէջ կը հասուննար այն գաղափարը, որ Պարզատումար ն ու Աղթարք ը նոյն գիրքերն էին։ Խօսքը տանք իրեն. «Մենք ձեռքերնիս ունեցած չենք Տօնացոյց ը, բայց այս երկու էջերու տառից եւ նիւթոց բաղդատութենէն միայն կրնանք հետեւցընել՝ որ Տօնացոյց ն կա՛մ մի եւ նոյն Աղթարք գրոց տարբեր տպագրութիւն է, կա՛մ փոքր ինչ աւելի կամ պակաս նմանութեամբ ի մի հաւաքուած նիւթեր՝ ըստ որում Աղթարք ն, եւ Տօնացոյց կոչման ներքեւ հրատարակուած, եթէ յիրաւի այդ կոչումն վերաբերի ընդհանուր գրքին եւ ոչ գուցէ միոյ մասին։ Բայց թէ արդեօք այս երկուքէն ո՛րն յառաջագոյն տպագրուած լինի, չկայ հաւաստի ապացոյց մի որոշելու. գուցէ հաւանական ենթադրութիւնք յառաջ բերուին՝ եթէ ոք երկուքն ի մասին աչքին առջեւ ունենալով՝ մանր բաղդատութեանց առնու»։ [9]

Հայր Տիրոյեան յստակօրէն չէր եզրակացներ, սակայն ընթերցողին կը հասկցնէր թէ Աղթարք ն ալ Պարզատումար ին պէս տպուած ըլլալու է 1512-ական թուականներուն։

Սահակ եպս. Խապայեան, հետագային Կիլիկիոյ Աթոռի Կաթողիկոս, ցարդ կատարուած յայտնութիւններէն լաւագոյնը կը հրամցընէր բանասիրական աշխարհին, նկարագրելով Խորհրդատետր կամ Պատարագատետր գիրքը, որ ունէր թանկագին յիշատակարան մը. «Տպագրեցաւ սուրբ տառս ի ՋՀԲ (= 1523 - 24) ի աստուածապահ քաղաքս ի Վէնէժ, որ ի Վենետիկ, ֆռանկստան. ձեռամբ մեղապարտ Յակոբին. որք կարդայք՝ մեղաց թողութիւն խնդրեցէք»։ [10]

Այս յայտնութեամբ կը լուծուէին տպագրութեան վայրն ու տպել տուողը։ Կը մնար տպարանի հարցը։

Խորհրդատետր ի յիշատակարանին ընթերցումին մէջ սխալ մը սպրդած էր. թերեւս էջը մաշած էր կամ հապճեպ ընթերցումով կատարուած էր։ Այդ սրբագրութիւնը պիտի կատարէր Տրդատ վրդ. Պալեան, Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի վանահայրը, որ ի բնէ ուսումնասէր վանական մը ըլլալով, հետամուտ եղած էր վանքին մատենադարանը կարգաւորելու եւ արժէքաւոր գիրքեր փնտռելու՝ իր թեմին մէջ։ 1894-ին՝ իր թեմին Պալասի գիւղին ծերունի քահանային տան մէջէն՝ փոշիներու տակ մնացած՝ կը գտնուէր կազմուած հատոր մը, որուն մէջ տեղ գտած էին Պատարագամատոյց ը, Ուրբաթագիրք ը եւ Տաղարան ը։ Այս յայտնութեան նորութիւնն էր Պատարագամատոյց ին տպագրութեան թուականը։ 44-րդ թուղթին առաջին երեսին տպուած էր յիշատակարանը. «Գրեցաւ սուրբ տառս. Ի. Ջ. ԿԲ. ի ածապահ քաղաքս ի Վէնէժ որ է Վէնէտիկ ֆռանկստեան. ձեռամբ մէղապարտ յակոբին. ով որ կարդայք մեղաց թողութիւն խնրէցէք այ. »։ [11]

Սահակ եպս. Խապայեանի եւ Տրդատ վրդ. Պալեանի լոյս ընծայած յիշատակարաններուն գլխաւոր տարբերութիւնը տպագրութեան տարեթիւին սխալն էր։ Սահակ եպս. ի ընթերցումը՝ ՋՀԲ տասը տարիով ետ կը տանէր հայ տպագրութիւնը։ Ճիշդ էր Պալեանի ընթերցումը՝ 1513։



Տրդատ վրդ. Պալեան իր յօդուածին մէջ մանրամանօրէն կը նկարագրէր Պատարագամատոյց ը, Ուրբաթագիրք ն ու Տաղարան ը։ Յօդուածին վերջաւորութեան կը դասաւորէր հայ առաջին հրատարակութիւնները։ Այդ դասաւորումը անհրաժեշտ կը նկատենք հոս յիշատակել, որովհետեւ ցարդ իր ոյժը կը պահէ.

Մեղապարտ Յակոբի յիշատակարանը պարունակող՝

Պատարագատետրի վերջին էջը

1) Պարզատոմար, 1512, Վենետիկ.

2) Պատարագամատոյց, 1513-14, Վենետիկ

3) Ուրբաթագիրք, 1513, Վենետիկ

4) Տաղարան, 1513-14, Վենետիկ

5) Աղթարք, 1513-14, Վենետիկ

6) Կիպրիանոս, 1513, Վենետիկ [12]

Տրդատ վրդ. Պալեան սխալած էր միայն Կիպրիանոս ի պարագային, զայն նկատելով առանձին գիրք, մինչ իրողութիւնը այն է, որ Ուրբաթագիրքին երկրորդ մասն է։

* * *

Այս յայտնութիւնները կատարուած էին, սակայն բազմաթիւ կէտեր կը մնային աղօտ եւ շփոթ։ Եւ կարելի է ըսել որ անոնցմէ ոմանք ցարդ կը պահեն իրենց խորհուրդը՝ սպասելով յարմար լուծումի մը։

Որո՞նք են այդ հարցերը։ Այս հինգ գիրքերէն առաջ հայկական տպագրութիւն տեղի ունեցա՞ծ է։ Գիրքերէն ոմանք թուական ունին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ. ինչո՞ւ այս երկուութիւնը։ Այս գիրքերուն տպագրութեան կարգը. ո՞ր գիրքը նախ լոյս տեսած է եւ ո՞ր գիրքը ապա։ Ո՞վ է այս Մեղապարտ Յակոբը։ Աշխարհակա՞ն է թէ ոչ եկեղեցական։ Հայաստանեա՞յց Եկեղեցւոյ զաւակ թէ ոչ Կաթողիկէ։ Ունեցա՞ծ է իր սեփական տպարանը թէ ոչ օգտագործած է ուրիշի մը տպարանը։ Հայաստանի ո՞ր գաւառէն է եւ ի՛նչ գործ ունի Վենետիկի մէջ։ Ո՞վ է գիրքերուն մէջ գործածուած նշանադրոշմին ետին պահուող անձը։

Հայ տպագրութեան պատմութեամբ զբաղող անձեր եւ բանասէրներ տուած են այլազան վարկածներ, սակայն առ ի չգոյէ հաստատուն կռուաններու եւ փաստերու, մեր առաջին տպագրիչին անձն ու գործը տակաւին կը մնայ հաւանական ենթադրութեանց սահմաններուն մէջ։



[1]            «Հայ տպագրութեան նորագիւտ երախայրիք», Հանդէս ամսօրեայ, Բ. տարի, 1888, թ. 8, էջ 140։

[2]            Այս գիրքը ձեռագիրներու տրցակի մը մէջէն գտնուած էր։ Ուղարկուած էր Կարինէն 1875-ին՝ հայր Համազասպի կողմէ։ Հայր Արսէն Այտընեան հայր Գալէմքեարեանի առաջարկած էր աչքէ անցընել այդ տրցակը, որուն մէջ՝ ըստ իրեն՝ տպագիր գիրք մը կար։ Կը ստուգուէր տպագիր ըլլալը եւ 1888-ին կը փոխադրուէր մատենադարանի տպագրուած գիրքերու բաժինը։ 1889-ի ամրան՝ երբ հայր Գովրիկեան Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքը կը գտնուէր, հայր Գալէմքեարեան գիրքը կը յանձնէր հայր Գովրիկեանի, որպէսզի յօդուածով մը անդրադառնայ անոր («1513-ի հայ տպագրական գիւտին պատմականը եւ նոր լուսաւորութիւններ», Հանդէս ամսօրեայ, ԻԷ. տարի, 1913, թ. 12, Դեկտեմբեր, էջ 709)։

[3]            «Հայ տպագրութեանց ամենահին երախայրիքը», Հանդէս ամսօրեայ, Գ. տարի, 1889, թ. 10, էջ 210։

[4]            Նոյն, էջ 211։

[5]            «Առաջին դար հայկական տպագրութեան», Բազմավէպ հանդիսարան, ԽԸ. տարի, 1890, թ. 3, էջ 90։

[6]            Այս գիրքը՝ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մատենադարանին նուէր ուղարկած էր Պոլսէն՝ Սերովբէ էֆ. Մ. Ալիշան։

[7]            Նոյն, էջ 92։

[8]            Նոյն տեղը։

[9]            Նոյն, էջ 101։

[10]          Արեւելք օրաթ., Պոլիս, 1890, Հոկտեմբեր 29, թ. 2036։ Տես նաեւ «Վենետահայ», Բազմավէպ, հատոր Ծ., 1892, էջ 193։

[11]          «Հայ տպագրութեան ամենահին երախայրիք մ՚ալ», Հանդէս ամսօրեայ, Ը. տարի, 1894, թ. 12, Դեկտեմբեր, էջ 359։

[12]          Նոյն, էջ 361։