Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

63. ԱՐԱՔՍԻ ԳՐՄԸԶԻՆ

  Կ. Պոլիս, 5/18 ապրիլ, 1908

Սիրելի Արաքսիս,

Ներփակեալ նամակը կարդայ, որպէսզի գործը հասկնաս եւ մէջի բոլոր թուղթերովը մէկտեղ գոցելով Արթիւրին յանձնես: Խնդրէ իրմէն, որ այդ թուղթերը, երկու certificats [1] եւ մէկ նամակ չի կորսուին:

Ըսէ նաեւ, որ հոդ փաստաբան մը կայ` Mr. K. (Khircor) Zohrab, ծանօթս ու բարեկամս է: Եթէ օգուտ մը կրնայ ունենալ` անոր ալ ըսէ պէտք եղածը:

Կը համբուրեմ քեզի եւ էրիկդ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Վկայական