Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

170. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Ասթօրիա հօթէլ
[Պրիւքսէլ] 21 Օգոստոս, 1910, կիւրակէ

Անուշիկ հոգիս,

Երէկ գիշեր ինքզինքս շատ անհանգիստ զգացի. կերակուրս կերայ չի կերայ, անկողին մտայ. իմ դողս գիտես. ժամ մը. յետոյ անցաւ։

Այս առտու առողջ եմ. օդն ալ աղւոր է, թէեւ ցուրտ հով մը կայ։

Աչքս բացի չի բացի անուշիկ կնկանս պաչիկ մը եւ բարեւ մը խրկեմ ըսի։ Ինչ որ կ՚ընեմ այս քառթովս։

Գ. ԶՕՀՐԱՊ