216.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Լոնտոն],
13
սեպտ.
[1911],
Չորեքշաբթի
առտուն,
ժամը
6
Անուշիկ
սիրականս,
Ժամուկէս
է
որ
արթուն
եմ.
մութին
հետ
ելայ:
Սա
ըսեմ
որ
շոգեկառքերը,
electric
train
wayները
[1]
մինչեւ
լոյս
բանեցան
կեցան
ցորեկուան
պէս.
ձայներնին
բոլոր
գիշերը
ո՛չ
դադրեցաւ,
ո՛չ
ալ
պակսեցաւ:
Երէկուան
տաքը
եւ
արեւը
չի
տեւեց,
գիշերը`
անձրեւ
եւ
մշուշ.
ասիկա
Լոնտոնի
սովորական
թուալէթն
է.
արեւը
եւ
տաքը
ինծի
ընդունելութիւն
է
եղեր:
Երէկ
միջոց
մը
Հերմինս
առի
պանդոկս
բերի.
սենեակին
վրայ
հիացաւ
մնաց:
Վերջէն
դէմ
դէմի
նստեցանք,
ֆայֆ
օքլօք
թէյ
մը
առինք:
Ես
5ին
բաժնուեցայ
եւ
զինքը
օթօով
մը
իր
օթէլը
խրկեցի:
6
1
/
2
նորէն
գացի,
զինքը
եւ
Արաքսին
առի,
օթօով
պտոյտ
մը
ընել
տուի
եւ
ճաշին
մօտ
բաժնուեցանք:
Ես
չի
ճաշեցի.
ախորժակ
չունէի:
Բայց
վաղը`
restaurant
[2]
շիք
եւ
խոշորացոյց
բան.
ամբողջ
Լոնտոնի
հարուստները
հոս
կուգան
ճաշելու.
սքանչելի
musiqué
եւ
décolletéներ
[3]
ամեն
մարդ
habit
[4]
կամ
smoking
[5]:
Ես
չիջայ
կոր.
կանուխկեկ
սենեակս
քաշուեցայ,
Ազատամարտին
կիրակի
օրուայ
համար
յօդուածս
գրեցի
լմնցուցի
եւ
բօսթային
յանձնեցի
եւ
անկողին
մտայ:
Այդ
միջոցին
վերջին
նամակդ
Վիսպատէնէն
հոս
ինծի
խրկեցին:
Կարդացի,
քիչիկ
մը
քեզի
խօսեցայ
եւ
քնացայ:
Արաքսիին
նուէր
մը
առնելու
միտք
ունիմ.
ի՞նչ,
չեմ
գիտեր,
բայց
Հերմինիս
համար
ըրած
ծախքին
մօտ
բան
մը:
Թէյի
համար
(1
ա.
ֆր.
)
service
[6]
մը
կ՚ուզէ
եղեր.
Հերմինը
ըսաւ:
Տեսնինք
կամ
ատիկա
կամ
ուրիշ
բան
մը
պիտի
առնիմ:
Հերմինս
եւ
Արաքսին
ասկէ
կարծեմ
շաբաթ
կը
մեկնին,
ես`
ե՞րբ,
չեմ
գիտեր.
գործերս
դժուարացան:
Եթէ
հետերնին
չի
կրնամ
մեկնիլ,
եւ
այդպէս
կ՚երեւայ
կոր,
ապրսպրեցի
որ
Lenkerէն
Հերմինին
չափը
առնել
տան,
այսինքն
coupeով
[7]
ես
շինուելիք
ֆիստանը
կ՚ապսպրեմ:
Մէյ
մըն
ալ
ապսպրեցի
որ
rhumatismeին
համար
professeur
մը
ցուցնեմ:
Արաքսին
յանձն
առաւ:
Արաքսիին
Հերմինին
համար
ըրածները,
քաշածները
չեն
մոռցուիր.
անոր
համեմատ
գրէ
իրեն:
Հերմինին
մատը
աղէկ
է:
Այսօր
նորէն
պիտի
պտըտցնեմ:
Իմ
Լոնտրա
գտնուիլս
մարդու
մի՛
ըսէք:
Տունիներուն
բոլորին
բարեւ
ինէ:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Մոռցայ.
Վիսպատէնէն
մեկնած
վերջին
ժամուն
այնտեղ
տեսնելիք
professeurին
կրցայ
երթալ:
Բայց
բերան
բերնի
trainը
3,
15ին
կը
մեկնէր:
Ես
3,
5ին
դեռ
professeurին
տունն
էի.
եւ
այնպէս
որ
օթէլ
չի
հանդիպելով,
ուղղակի
gare
[8]
գացի
եւ
bagageներս
[9]
professeurին
տունէն
téléphoner
[10]
ընելով
gare
խրկել
տուի:
Peofesseurը
նոր
բան
մը
չաւելցուց
գիտցածներուս
վրայ,
նոր
տեսակը
մը
կօշիկ
պատուիրեց
եւ
առտուները
սենեակին
մէջ
gymnastique
[11],
փորիս
կազերուն
համար
ալ
դեղ
մը
տուաւ:
Բայց
շատ
շնորքով
մարդ
էր:
Գալ
տարի,
Աստուած
ուզէ
նէ,
Հերմինիս
ասոր
ալ
պիտի
քննել
եւ
աղուոր
cure
[12]
մը
պիտի
անել
տամ:
Գ.
Զ.