Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

12. [ԱՐՍԷՆ ԱՅՏԸՆԵԱՆԻՆ]

Կ. Պոլիս, 30/11 փետրուար

Մեծանուն եւ համայն հայ գրականութեան պարծանք Հայր,

Ներողամիտ եղէք եթէ Ձեր անգին վայրկեաններէն մաս մը ուզեմ երկտող պատասխան մը խնդրելու համար Մասիսի երկրորդ թիւին մէջ գրաբար լեզուի վրայ առաջարկուած հարցումին։

Ձեր հոյակապ Քերականութեան հրատարակումէն ի վեր ոչ ոք կրցած է նորութիւն մը ըսել այն բոլոր հարցերուն վրայ զորս քննած ու լուսաբանած էք եւ Ձեր կարծիքը՝ մեր հարցումին ի պատասխան, այս անգամ յայտնուելով նորէն վերջնական վճիռի մը պէս գերակշիռ է։

Համբուրելով Ձեր ձեռքը մնամ խոնարհ որդի

Խմբագրապետ Մասիսի

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ