Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

259. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Վիշի, 9 սեպտեմբեր, 1912], Երկուշաբթի իրիկուն

Անուշիկս,

Իրիկունը սենեակս դարձայ, անկիւնի ծաղիկները քու տեղդ ինծի հետ խօսեցան, երեսիս խնդացին:

Օդը յանկարծ շատ աւրուեցաւ. դուն գացիր, աղուոր օդն ալ մէկտեղ տարիր. ասանկ ցուրտ ընէ նէ` հոս կենալը կարծեմ կարելի չի պիտի ըլլայ:

 

Գ. ԶՕՀՐԱՊ