Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

21. [ԱՆՅԱՅՏԻ]

Կ. Պոլիս, 26 դեկտ., 1901

 

Սիրելի բարեկամս,

Նամակդ առի, աղէկ եմ, թէ որ այս խօսքը կը պատշաճի մէկու մը որ մտքով ու սրտով վայրէջքը սկսած է արդէն. աղէկ եմ, թէ որ իր կատարին մօտենալը աղէկութիւն է, թէ որ կատարը` որ բարձրութիւն մըն է, պարապութիւն մը, ոչնչացում մը չէ իբրեւ իրողութիւն: Ահա այս ձեւով աղէկ եմ:

Կը մաղթեմ որ քու աղէկութիւնդ տարբեր ըլլայ իմինէս, ուրիշները շլացնելէ աւելի զքեզ գոհացնէ` բան մը որ կարելի է քանի որ քու խառնուածքդ իմինիս պէս յաւիտենական դժգոհի խառնուածքը չէ:

Ձգենք ուրեմն զիս ու քեզի նայինք:

 

Գ. ԶՕՀՐԱՊ