Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

17. [ՍԻՄՈՆ ՉԷՕՄԼԷՔՃԵԱՆԻՆ]

Կ. Պոլիս, 23 դեկտ., 1900

 

Մեծապատիւ Տէր,

Ուշադրութեամբ կարդացի Առաջնորդ վաճառականաց անունով ձեր պատրաստած գրքին երկու Տետրերը, զոր ինծի խրկելու պատիւը ըրեր էիք:

Առանց վերապահութեան կրնամ ըսել որ այս աստիճան գործնական ըմբռնումով յղացուած գիրք մը չէի տեսեր դեռ: Բուն առեւտրական կեանքն է որ կը տեսնուի հոն, տեսակ մը անկանոնութեան մէջ, որ սակայն անոր իսկութիւնն է:

Հետեւապէս, ասանկ հրատարակութիւններու մասին պահանջող ու դժուարահաճ ըլլալուս չափ զձեզ կը շնորհաւորեմ: Եւ որպէսզի գործով ալ ցուցուցած ըլլամ թէ ո՛րչափ գնահատեցի ձեր աշխատութիւնը, սիրով կ՚ընդունիմ Բառագիրքներուդ համար «Անանուն ընկերութեան» բառին իմաստն ու բացատրութիւնը գրելու մասին ինծի ըրած առաջարկութիւննիդ:

Անանուն ընկերութիւնը որ ամեն օր այլափոխուելու, բարեփոխուելու վրայ է եւ Եւրոպայի մէջ, նոյնիսկ դրամագլխի պատմութիւնն է ինքնին, անհունապէս մեծին արտադրումը` անհունապէս փոքրին, ճիշդ` տիեզերքին կազմութեանը պէս: Անոր mécanique-ը [1] կ՚ուզէք ինէ եւ անձուկ սահմանի մը ներածին չափ. պատրաստ եմ ատիկա բացատրելու:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] մեխանիզմ, կառուցուածք