125.
ԱՐՇԱԿ
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ
Կ.
Պոլիս,
11
սեպտ.
1908
Սիրելի
բարեկամս,
Ստացայ
5
սեպտ.
նամակդ,
բայց
յաւելուածիդ
երեսը
չի
տեսայ,
ոչ
ալ
հինգ
օրինակները
Poémesներուդ.
հարկաւ
մէկ
երկու
օրէն
վերջապէս
ձեռքս
կուգան:
Յօդուածիդ
թուրքերէն
թարգմանութիւնն
ես
անձամբ
կ՚ընեմ
սիրայօժար
եւ
թուրք
թերթերու
մէջ
հրատարակել
կուտամ:
Poémesի
միւս
հատորները
ֆրանսերէն
թերթերուն
կը
բաժնեմ
այն
խիստ
պատուաբեր
գնահատումներուն
հետ
որոնց
գործդ
լիովին
արժանի
է
եւ
զորս
[աւելորդ]
է
ըսել,
իմ
թերթիս
մէջ
ալ
պիտ
հրատարակեմ:
Դաշնակցականներու
եւ
Հնչակեաններու
միացումը
իմ
ամենէն
անկեղծ
փափաքներէն
մէկն
է:
Մէկ
կողմէ
ինչպէս
միւսին
խօսեցայ
այս
[նպա]տակով
անհամաձայնութեան
պատճառ
չի
կայ.
բայց
(2
ա.
)
եւ
ատոնցմէ
աւելի
կայ.
Հնչակեաններուն
բաժանումները
(1
ա.
)
զորս
մէկտեղ
բերիլ
միացնել
անհնար
կ՚ըլլայ
կոր.
պզտիկ
ցրուած
part
[1]
մը
որ
իր
ոյժերը
ամփոփելու
մէջ
կը
թերանայ
կոր
ըստ
իս:
Դաշնակցականներուն
հետ
խօսելէ
առաջ
Հնչակեաններն
իրարու
հետ
խօսելու
են
եւ
զիրար
հասկնալու
են:
Ասոնք
առանց
զինուորի
զօրապետներու
տպաւորութիւնը
թողուցին
վրաս:
Մօմենտը,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
յուսահատ
է,
այնքան
վճռական
է,
որ
չեմ
կարծեր
որ
այս
մարդիկ
վէճ
ու
կռիւ
յարուցանելու
չափ
անմտութիւն
կամ
ազգադաւութիւն
ցոյց
տան:
Այսուհանդերձ
ամեն
բանի
մէջ
նոյն
իսկ
առանց
վէճի
իրարմէ
տարբեր
ձեւով
շարժիլն
ալ
մեր
ուժասպառ
ազգին
համար
մեծ
վնաս
է:
Բայց
ո՞ւր
գտնել
անձնաւորութիւն,
ոչ
ան
որ
հռչակով
մը
վարձատրուի,
այլ
ան
որ
անծանօթ
մնալու
սահմանուած
է:
Իմ
թերթիս
գալով
կարելի
է
կամ
8
օրէն
լոյս
տեսնայ
կամ
երկուքուկէս
ամիսէն:
Ազատութեան
երգերդ
կ՚սպասեմ
այն
անհամբերութեամբ,
որով
քու
տաղանդիդ
ամեն
արտադրութիւնները
ես
միշտ
ողջունած
եմ:
Թէ
որ
թերթիս
հրատարակուելն
ուշանայ`
զայն
զատ
պռօշիւրի
ձեւով
հրատարակելու
կամքդ
գործադրել
կուտամ:
Տիկին
Եսայեանի
մեկնելուն
լուրը
զիս
շատ
ուրախացուց.
իմ
կարծիքով
Զապէլ
երկրորդ
Զապէլ
առաջինէն
շատ
գերազանց
է
եւ
իբրեւ
culture
[2]
իրեն
հաւասարող
չեմ
տեսներ
մեր
հայերուս
մէջ:
Իսկ
քու
բաղձանքդ`
ամենէն
հաճելի
անակնկալը
զոր
գաղտնի
պիտի
պահեմ
զքեզ
սիրողներուն
յանկարծական
ուրախութիւնը
խաթարած
չըլլալու
համար:
Ասկէ
առաջ
խրկած
գործերուդ
փոխարէնը
—
չեմ
գիտեր
աղէկ
մը
որ
հազիւ
ճիշդ
է
—
կը
խրկեմ
ներփակեալ
mandatով
[3]
եւ
կը
համբուրեմ
զքեզ:
Ալփիարէն
լուր
չունիմ,
ո՞ւր
է:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ