Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

134. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ


[Պերլին, 4 հոկտ. 1909], Երկուշաբթի իրիկուն,
ժամը ը. [ստ] ե. [ւրոպացւոց] 9

Սիրելի կինս,

Այս վայրկեանիս Պերլին հասանք: Անցեալ տարի շատ տրտմութեամբ քանի մը օր անցուցած այս օթէլը եկայ այս անգամ ուրախութեամբ: Արամը ճամբան ընկեր մը գտաւ խօսակցութեան. միշտ զուարճալի բաներ կը գտնէ խօսելու: Ես գլխարկ չունիմ, աւելի աւազակի դէմք ունիմ, քան թէ députéի [1] մը: Խանութները գոց են: Բայց քիչ մը նորէն պիտի պտըտինք:

Շատ շատ պաչիկներ քեզի, Տօլլիիս, Հերմինիս եւ շատ մը բարեւներ զիս հարցնողներուն:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Երեսփոխան, պատգամաւոր