Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

234. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊ

[Բարիզ], 27 սեպ. [1911], չորեքշաբթի իրիկուն, ժամը 7

Անուշիկ հոգիս,

Հիմա սենեակս էի: Կիրակի օրուան նամակդ առի, բայց չեմ գիտեր ի՞նչու recommander [1] ընել կուտաս. մէջը ստա՞կ կայ (1 ա. ֆր. ) կայ:

Ցորեկը Արաքսիին հետ ճաշեցի. խեղճը կերակուր չուտեր, պտուղ չուտեր, glace [2] չուտեր, գինի եւ շամբանիա չի խմեր, մեծ restaurant [3] չի գացինք, Duvalին կերանք:

Խօսքի մէջ իմացայ որ տղաքը նորէն զքեզ շատ կը չարչարին կոր. թէքնէդ հաներ ես, բայց ալ անոնք տղայ չեն, մարդ են. Տօլլին խոճաման աղջիկ է. անկէ վերջը ամօթ է մինչեւ իրիկուն տանը մէջը քոյր եղբայր, աղջիկ մայր եւլն կռիւ ընել:

Ես հոս ինքզինքս չեմ մտածեր. անոնց հաճելի ըլլալու համար, է՛ն մեծէն է՛ն պզտիկը քէյֆերնին ընելու համար կը յոգնիմ. անոնք` հէմ զքեզ չեն յարգեր, հէմ զիս. որովհետեւ ի՞նչպէս կ՚ուզես որ ես հոս հանգիս ըլլամ երբոր գիտենամ որ բոլոր տունը տակնուվրայ է: Ասոնք կատղեր են. ցաւալի բան է որ թէեւ քիչ մը բան սորվեցան (ան ալ մեծ բան մը չէ եա), բայց կրթութիւն, քաղաքավարութիւն ըսուած բաներուն հոգը անգամ չառին. մանաւանդ տունին մէջը:

Հէ՛մ Տօլիին, հէ՛մ չորսին մէկէն մէյմէկ նամակ գրեցի. անանկ անկիրթ եւ ճանաւարի ձեւով տունին մէջ եւ մօրերնուն դէմ վարուելուն ասկէ վերջը աչք չի պիտի գոցեմը ըսի իրենց եւ իրաւ ալ անանկ պիտի ընեմ:

Աս նամակները գրելէ ետքը դուրս ելայ միջոց մը. նոր լուսին ելեր էր. սովորութիւնս է որ կարելի է 10-20 տարիէ ի վեր երբ նոր լուսնին ձեր քովը չ՚ըլլամ` աչքս կը գոցեմ եւ նախ քեզի, անուշիկ հոգիս, աչքիս առջեւ կը բերեմ. յետոյ զաւակներս, կարգով, չորսն ալ եւ ամենքնիդ ալ կը համբուրեմ մտքովս:

Այս իրիկուն նորէն լուսնին դէմ քեզի աչքիս առջեւը բերի. բայց կը հաւտա՞ս, ան չորս անպիտաններուն դէմքերը տեսնել չուզեցի. ան աստիճան զզուեցայ ասոնց կոպիտ ընթացքէն ինծի դէմ չէ, քեզի դէմ, եւ տանը մէջ ամենքն իրեն գլխուն շարժելէն. իբրեւ թէ մեր տունը hôtel եւ restaurant [4] է միայն. ո՛չ կրթութիւն եւ ոչ ալ սէր ընտանիքի:

Երբ այս վայրկեանիս սրտիդ մէջ ուրիշ ցաւ մը, մտքիդ մէջ ուրիշ մտմտուք մը ունիս տէյի հարցունես նէ` չունիմ. ես եւ դուն ասոնց է՛ն մեծէն է՛ն պզտիկ capriceնին [5] անգամ ընենք` անոնք շարունակ անկիրթ եւ անհնազանդ ըլլան: Շիտակը, ասոնց երեսէն շատ դժբաղդ եմ:

Կիրակի օրուան նամակիդ մէջ երկու աղջիկներուդ հետ Պէօիւքտէրէ պտոյտի երթալդ գրեր ես. կ՚երեւայ թէ princesse [6] Dolly-ն իրեն բարձրութենէն խոնարհեր է եւ քեզի հետ դուրս ելլելու բարեհաճեր է հանըմ էֆէնտին: Գրած բաներդ` չարշաֆ, nappe [7], գուլպայ եւլն կ՚առնիմ. Արամին կէճելիք` կը մտածեմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Պաչիկները չի մոռնանք.

Գ. Զ.



[1] Պատուիրուած

[2] Պաղպաղակ

[3] Ռեստորան

[4] Հիւրանոց եւ ռեստորան

[5] Քմահաճոյք

[6] Իշխանադուստր, արքայադուստր

[7] Սփռոց