258.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Վիշի,
9
սեպտեմբեր,
1912],
Երկուշաբթի
ցորեկ
Անուշիկ
սիրեկանս,
Դուն
ձգեցիր
գացիր,
ես
ալ
մենակս
քալելով
տընկըլ
մընկըլ
հօթէլս
դարձայ,
սենեակս
ելայ:
Անկիւնը`
քու
պատրաստած
աղուոր
վարդերդ,
որոնք
քու
ներկայութեանդ
պատճառած
ուրախութեան
շարունակութիւնն
են:
Ինքնիրենս
խորհեցայ
թէ
որքան
չնչին
attentionներն
[1]
անգամ
չես
մոռնար
դուն
ինծի
դէմ,
երբոր
ես
եւ
ոչ
մէկ
բանի
մը
կը
մտածիմ:
Անկիւնը
այս
վարդի
bouquetին
[2]
որչափ
նայեցայ`
այնչափ
քու
հեռաւորութեանդ
տրտմութիւնը
մեծցաւ,
մեծցաւ
սրտիս
մէջ.
քիչիկ
մը
լացի,
յետոյ
մտածեցի
որ
անիրաւութիւն
էր
Աստուծոյ
դէմ
ելլել
լալ,
գանգատիլ,
երբոր
դուն
եւ
զաւակներս
ողջ,
հանգիստ
եւ
քովիկս
էք:
Վասնզի
Ժնեւ
սըտեղն
է`
պօռաս
նէ,
կը
լսուին
սուտ
չէ.
կը
բաւէ
երեք
ֆռանքը
աչքէ
հանիլ:
Տղոց
համար
չի
նեղուիս,
բան
մը
հոգդ
չընես
եւ
սիրտդ
չի
հատցընիս:
Ես
ինքզինքս
աղէկ
կը
նայիմ
եւ
շատ
մը
պաչիկներ
…
ընելու
տեղ
կը
խրկիմ
ամենուդ:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ