Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

283. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Գոնիա, 23 մայիս [5 յունիս],
1915 շաբաթ ցորեկ

 

Սիրական կնիկս,

Այս վայրկեանիս իմացուցին մեզի թէ զմեզ Տիարպէքիր պիտի խրկեն. հոն քննութիւն մը կը կատարուի կոր եղեր. այդտեղէն ուզեր են զիս եւ Վարդգէսը:

Ի՞նչ է Տիարպէքիրի մէջ կատարուած թահգիգաթը. չեմ գիտեր. ինչո՞ւ համար զիս եւ Վարդգէսը ատոր կը խառնեն կոր. այդ ալ չեմ գիտեր. ի՞նչ մասնակցութիւն մեզի կը վերագրեն կոր. դարձեալ չեմ գիտեր. չեմ գիտեր. կա՛մ զրպարտութիւն մը կայ, կա՛մ Տիարպէքիրի մէջ քննութիւն կատարող ոստիկանութեան կամ Տիւանը Հարպին մէկ սխալ ըմբռնումը:

Օրէնքը եւ արդարութիւնը կը պահանջեն որ եթէ ո եւ է յանցանքի համար զմեզ Տիարպէքիրէն ուզեցին, զմեզ իսկոյն հոն խրկելէն առաջ` հոս քննութիւն մը կատարէին, մեզի վերագրուածը մեզի յայտնէին եւ բացատրութիւն պահանջէին. եթէ գոնէ մինչեւ մէկ աստիճան ամբաստանութիւնը հաւանական կամ խելքի մօտ թուէր, այն ատեն միայն զմեզ դատաստանի ենթարկէին կամ Պոլիս եւ կամ Տիարպէքիր խրկէին:

Ասոնց եւ ոչ մէկը ըրին, այլ անմիջապէս զմեզ ճամբայ հանեցին: Երբոր Վարդգէսը բռներ էին` թէեւ Տիարպէքիր ուզուիլը քիչ մը հասկցուցեր էին, բայց անիկա չէր հաւտացեր, ես ալ բնաւ չի հաւտացի. բայց հիմա ճիշդ կ՚ելլէ կոր:

Թէ՛ ճամբան, թէ՛ Տիարպէքիրի մէջ մեծ վտանգներ կ՚սպասուեն մեզի, դող մի՛ ելլեր. ճակատագիր է աս. քաջութիւնդ ձեռքդ առ եւ Վարդգէսին կնոջը հետ միասին բոլոր ծանօթներու եւ անծանօթներու քով իսկ աշխատէ որ զմեզ ետ դարձնել տաս, պնդելով սա կէտին վրայ թէ առանց Պոլսոյ մէջ քննութիւն մը կատարելու (Պոլսոյ մէջ` ուր զմեզ արդարացնելու ամեն դիւրութիւն ու կարելիութիւն ունինք) զմեզ Տիարպէքիր խրկելը ապօրէն է:

Թէ որ զմեզ Պոլիս դարձնելը հնար չըլլայ, աշխատեցէք որ զմեզ այստեղ Գոնիա վար դնել տաք:

Թէ որ այդ ալ հնար չըլլայ, Տիարպէքիր խրկուինք, հոն գոնէ մեզի անարդարութիւն չըլլուելու համար այնտեղի զինուորական եւ քաղաքական իշխանութեանց Տիւանը Հարպի նախագահին եւ Իթթիհատի [մուրրախասին] համար յանձնարարութիւններ խրկել տա[ք]:

Զմեզ հոս բերող բօլիսներէն Ըրաղճի էֆէնտի անունով բօլիսի մը երկու նամակ յանձնեցի տաճկերէն գրուած. մին Շէյխ իւլ Իսլամին, միւսը Թալաթ պէյին ուղղուած. եթէ այդ նամակները ստանաս (պատուոյ խօսք տուաւ որ անպատճառ քեզի պիտի յանձնէ, արդէն այստեղի կառավարութիւնն ալ հաճութիւն տուաւ)` այդ նամակները դուն, աղջիկներս ալ միասին առնելով, գնա յանձնէ եւ աղաչէ:

Այս գործին մէջ զինուորական նախարար Էնվէր փաշան մեծ օգնութիւն կրնայ ընել. Էքշեան եւ Հալաճեան էֆէնտիները տեսիր եւ խորհուրդ ու օգնութիւն ուզէ իրենցմէ: Նէճմէտտին Մօլլային ալ տեսիր եւ Շէյխ իւլ Իսլամին խրկէ: Խալիլ պէյին իմ վիճակս իմացնելու, շուտով իմացնելու համար ինչ որ պէտք է ըրէ: Փաստաբան Սաաէտիին Ֆէրիտ պէյն ալ կանչէ. ան ալ օրէնքէ կը հասկնայ եւ Պէտրի պէյին շատ մտերիմն է. անիկա կրնայ հասկնալ թէ մեր վրայ ինչ ամբաստանութիւն կայ. Տիարպէքիրի Տիւանը Հարպն է զմեզ ուզողը. ի՞նչ ապացոյց կայ:

Մեծ վտանգի մէջ ենք. Աստուած մեզի օգնութեան հասնի. զքեզ եւ զաւակներս կարօտով, լալով կը համբուրեմ. չեմ գիտեր թէ մէյ մըն ալ պիտի տեսնի՞մ զձեզ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Շաբաթ իրիկուն

Այս նամակը լմնցնելէս վերջը ահա ինչ պատահեցաւ: Երբոր կառավարութեան խօնախին մէջ Տիարպէքիր պիտի երթանք ըսին, կ՚երեւի թէ հոն քիչ մը հիւանդացեր եմ. բժիշկ բերեր են, caféine injéction [1] ըրեր են. իրօք բաւական տկարութիւն զգացի: Դժբաղդաբար այս միջոցիս բացակայ եղող վալի Ազմի պէյին հեռագիր մը տուի թէ այս վիճակիս մէջ զիս Տիարպէքիր ճամբայ հանելը` զիս սպաննել է. ասոր վրայ հիմա հեռագիր մը եկաւ վալիէն ուր կ՚ըսուի որ թէ ստուգիւ հիւանդ եմ` մէկ երկու օր դարմանուիմ. նորէն պաշտօնական բժիշկ մը եկաւ, սըհէլէյի միւտիրը, ազնիւ տղայ մը, զիս քննեց եւ իրօք ճամբորդելու անկարող ըլլալս հաստատեց. դեղեր տուաւ. այս պատճառով 5-6 օր, գուցէ շատ շատ 8 օր, ճամբայ ելլելնիս յապաղի. ասով քիչ մը ատեն շահած կ՚ըլլանք. տաճկերէն առածը կ՚ըսէ` քահր տիւշէնտէն լութֆ [2]. ես ալ ահա հիւանդութեանս պատճառով պզտիկ աղէկութեան օգուտ մը կը տեսնեմ. տկարութիւնս անցած է, հոգ մի՛ ըներ, քաջութիւնդ, պաղարիւնութիւնդ մի՛ կորսնցներ եւ աշխատէ:

Հիմա զմեզ Գոնիայի stationը [3] գտնուող Պաղտատ հօթէլը փոխադրեցին. ի՜նչ դիպուած. հօթէլը բռնողը մեր բիանօի վարժուհին չըլլա՞յ մի. տիկին Soulier լալով քովս վազեց, «Հօթէլը քուկդ է», ըսաւ: Ո եւ է մէկ միջոցով մը այս նամակը ձեռքդ հասցնելու յոյսը ունիմ. բայց որ օրը պիտի հասնի` չեմ գիտեր:

Վարդգէսը Թալաթ պէյին հեռագիր մը խրկեց. չենք գիտեր կոր ձեռքը հասա՞ւ. յետոյ մտերմական նամակ մըն ալ գրեց, զոր հոստեղի ոստիկանութիւնը Թալաթ պէյին խրկելու խօսք տուաւ. հետապնդեցէք, որովհետեւ 8, կարելի է 10 օր հոս պիտի մնանք. կ՚ուզէինք գիտնալ թէ նախ ոստիկան Սապրի էֆէնտին եկա՞ւ եւ իմ գրած երկու նամակներս (Շէյխ իւլ Իսլամին եւ Թալաթ պէյին) քեզի յանձնեց մի. եթէ հասան ձեռքդ` Թօքաթլեանին տնօրէնը եղող անձէն այս Պաղտատ հօթէլին տնօրէնուհի տիկին Soulierին հեռագիր մը խրկել տուր թե` 10 օխա իւղ կ՚ուզէ. եթէ դիմումներուդ մէջ յուսատու բան մը տեսնես, նոյն տնօրէնը նոյն ձեւով` 5 օխա իւղ եւս կ՚ուզէ:

Նորէն կը համբուրեմ զձեզ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Եթէ 10 օրէն աւելի մնալու միջոցը գտնենք, քանի օր որ աւելի պիտի կենանք նէ անիկա 5ով բազմապատկելով գումարին չափ ոսկի խրկէ. տիկին Soulier Velto Մետեվիչին հեռագիր պիտի տայ որ դուք հասկնաք: Օրինակ, եթէ 10 օրէն ետքը 3 օր ալ կենալու հրաման առնինք` Envoyez 15 livres pour achat beurre [4]. եթէ 5 օր աւելիի հրաման առնենք` Envoyez 25 livres pour achat beurre [5] եւլն տէյի հեռագիրը տայ: Եթէ Թօքաթլեանին` Beurre pour achat beurre [6], ըսել է որ մենք դեռ հոս ենք:



[1] Կօֆէինի ներարկում

[2] Չկայ չարիք, առանց բարիքի։

[3] Կայարան

[4] Ուղարկէք 15 լիւր՝ կարագ գնելու համար։

[5] Ուղարկէք 25 լիւր՝ կարագ գնելու համար։

[6] Կարագը էժան է։