15.
[Մաղաքիա
Օրմանեանին]
Կ.
Պոլիս,
20/2
դեկտեմբեր,
1899
Ամենապատիւ
Սրբազան
Հայր,
Վանայ
Վարագայ
Վանուց
սպասաւորներէն
Գասպար
կամ
Գաբրիէլի
մահուան
դատապարտութեան
մասին
Վանայ
Եղեռնադատ
ատեանէն
տրուած
վճռագիրը
եւ
Առաջնորդարանին
խրկած
դիտողագիրը
կարդացի:
Աչքի
զարնող
առջի
բանը
վերոյիշեալ
Ատեանին
առջեւ
ամբաստանեալը
պաշտպանելու
համար
կարգուած
փաստաբանին
իր
պարտքը
կատարած
չըլլալն
է։
Այս
դժբաղդ
վճիռը
պէտք
է
վերագրել
մեծ
մասով
—
եթէ
ոչ
ամբողջովին
—
իր
պարտազանցութեանը:
Դիտողագրին
մէջ
մանրամասն
բացատրուած
պաշտպանութեան
միջոցներէն
եւ
ոչ
մէկը
փաստաբանը
յառաջ
բերած
չէ
իր
պաշտպանութեան
մէջ
եւ
գէթ
թելադրած
չէ
ամբաստանեալին:
Տգիտութեա՞ն
թէ
ուրիշ
բանի
արդիւնքն
է
այս.
չեմ
գիտեր:
Առաջնորդարանին
դիտողութիւնները
ամենամեծ
մասով
օրինաւոր
են,
մանաւանդ
մէֆաս-խիյէթի
օրինական
պայմանաժամին
չի
յարգած
ըլլալուն,
հապճեպով
վճիռ
տրուած
ըլլալուն,
պէտք
եղած
քննութիւնները
կատարած
չըլլալուն
վերաբերող
դիտողութիւնները:
Ասոնց
առաջինը
մանաւանդ
կը
բաւէ
բեկանել
եւ
չեղեալ
նկատել
տալ
վճռագիրը:
Հիմա
որ
թուղթերը
Պոլիս
եկած
ըլլալու
են,
պէտք
է
հոս
գործին
հետապնդել
եւ
Վճռաբեկ
ատեանի
Ընդ.
դատախազութեան
մօտ
ամեն
ձեռնարկ
ընել,
որպէսզի
Ընդ.
Դատախազութիւնն
ալ
իր
կողմէ
բեկանում
պահանջէ.
բան
մը
զոր
ընել
տալ
կարելի
է:
Պէտք
է
շուտով
ուրեմն
գործին
ի՛նչ
թուականով
հոս
խրկուած
ըլլալը
ստուգելով
թուղթերը
փնտռել
եւ
Ընդ.
դատախազին
տալ.
անոր
միւթաալանամին
տալէ
առաջ
որպէսզի
այդ
միւթաալանամեն
ամբաստանեալին
դիտողութեանց
օրինաւոր
ըլլալը
հաստատէ.
այդ
մասին
պէտք
է
բերանացի
դիմումներ
ալ
ընել
Ընդ.
դատախազին:
Վերջապէս,
պէտք
է
գործը
Վճռաբեկ
ատեանին
գացած
եւ
քննութեան
ենթարկուած
ճիշդ
ժամը
գիտնալ
եւ
հո՛ն
ալ
դատաւորներուն
բերանացի
հասկցնել
խնդիրը
եւ
արդարութիւն
խնդրել:
Կարծեմ
այս
կերպ
աշխատութիւնով
մը
բեկանումը
կրնայ
յաջողցուիլ:
Մնամ
խոնարհ
որդի
Ձեր
բարձր
Սրբազնութեան
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ